Աղբիւր մի Մըզրայ լեռը,
Ջուրն ուռուն տակը կու վազէ.
Օլուխն արծըթէն դըրին,
Ջուրն ոսկուն թասը կու վազէ։
Երկու թուխ ւ’ աղուոր աղջիկ
Նօշըպովն ի ջուրն ’ին եկեր.
Երկու բէհլիվան կըյիճ
Ձին հեծեր ու սէյր ’ին ելեր։
— Աղջի՛կ, աղբօրտ արևուն,
Նօշըպէն պըտիկ մի ջուր տուր։
— Ջուրըս տաք է, չէ՛ պաղեր,
Մեր սիրուն շատ մարդ է մեռեր։
— Թո՛ղ խըմենք ու թո՛ղ մեռնինք.
Հաշուիմ թը մարըս չէ՛ բերեր։