Աղջկան Մը Յիշատակարանը

ԱՂՋԿԱՆ ՄԸ ՅԻՇԱՏԱԿԱՐԱՆԸ



Ա.

1887 օգոստոսին, Բժշկական դպրոցին արձակուրդէն օգուտ քաղելով, զբօսական ճամբորդութիւն մը ընելու նպատակաւ, Պոլսոյ մօտակայ քաղաքներէն մէկ քանին այցելեցի:

Այս ճամբորդութիւնը, խանգարուած առողջութիւնս դարմանելու համար կենսական պԷտք մը դարձած էր. տարեկան քննութիւններուս չարաչար աշխատելէ եւ քննութիւններս անցնելէ վերջը, տկարացած մարմինս կազդուրեեւու մեծ պէտք մը ունէի. հոգւով ու մարմնով ուժաթափ եղած էի։

Բժշկական վկայականս ստանալու համար, դպրոցական շրջան մը եւս ունէի, յաջորդ տարին աւելի եռանդով աշխատելու համար․ մարմնական կորովի բացարձակ պէտքը զգալի էր ըստ անուրանալի սա ճշմարտութեան առողջ միտք, առողջ մարմնի մէջ։

Դպրոցին արձակուրդը չորս ամիսէն աւելի պիտի տեւէր. առաջին ամիսը առանց աշխատութեան անցուցի. բայց միայն տէրը գիտէ այս անգործութենէս զգացած տաղտուկս ու ձանձրոյթս: Այս ձանձրալի վիճակիս վերջ մը տալ ուզեցի, քանի որ մտաւոր ու մարմնաւոր յոգնութիւնս՝ բոլորովին լուրջ եւ գիտական աշխատութեամբ զբաղելու չէր ներեր:

Այդ միջոցներուն գրեթԷ նոր սկսեր էի մանր մունր յօդուածներ գրելով, ուսանողական պարապ ժամերս հանրային օգտին ծառայեցնելու: Ուրեմն աշխատութեանս ձեւը փոխելով՝ վիպական գործ մը արտադրելը աւելի յարմար սեպեցի, որով արձակուրդիս երկրոդ ամիսը սկսայ գրել Մարիա՞ թէ Հայկանոյշ վէպը։

Կը խորհէի թէ այս աշխատութիւնը առանց ինձ յոգնութիւն պատճաոելու՝ ձանձրոյթս պիտի փարատէր. յուսախաբուեր էի. այս գործին զոհած երկու ամսուան աշխատութիւնս զիս բոլորովին խոնջեցուց:

Արդ, չորրորդ ամսուն, զբօսական պտոյտ մը անհրաժեշտ դարձած էր. վէպիս հրատարակութիւնը Հայրենիքի խմբագիր Մ. Մէլիքեան էֆէնտիի յանձնելով՝ ճամբայ ելայ։

Ճամբուս վրայ Ն... քաղաքը հանդիպեցայ, ուր կ՚ապրէր գրական հրապարակի վրայ երբեմն գիսաւորի մը պէս փայլող Հայ բժիշկ մը: Քանի մը օր այդ քաղաքը մնալու մտադիր էի. ուրեմն հարկը կը պահանջէր որ հրապարակէ քաշուած այդ մենակեաց տաղանդին այցելութիւն մը տայի:

Կիրակի օր մը այցելեցի։

Բնակարանն ալ իր բնաւորութեան պէս մեկուսի եւ աոանձնացեալ դիրք մը ունէր, քաղաքին միւս տուներէն բոլորովին անջատ:

Երբ դռնէն ներս ոտք կոխեցի, Մեծ եւ Փոքր Ասիոյ մենաստաններուն նման տխրազդեցիկ տպաւորութիւն մը կրեցի, որոնց մէջ կը տիրէ միշտ դարերու յաջորդող մելամաղձիկ լռութիւն մը եւ գերեզմանական անշարժութիւն մը. կարծես թէ հոն երբեք կեանքը գոյութիւն ունեցած չէ...:

Դուռը բացող սպասուհին զիս ընդունելութեան սենեակը առաջնորդեց. այս սենեակն ալ բնակարանին արտաքին տեսքին կը համապատասխանէր, եւ իր տխուր երեւոյթովը քիչ մըն ալ զայն կը գերազանցէր:

Սենեակին մէջ հոգածու կանոնաւորութեամբ մը շարուած եւ պատերէն կախուած էին՝ մարդկային գործարաններու անդամակազմական իւղաներկ պատկերներ, ոգելից բիւրեղեայ ամաններու մէջ դրուած վիրաբուժական նմոյշներ, ինչպէս, կտրուած ոտք, ձեռք, ծիծ, շրթունք եւայլն, եւ գրադարանին քովիկը՝ մարդկային կմախք մը։ Կարծես այս գերեզմանական տեսարանին տրտմանոյշ տպաւորութիւնը աւելի ազդեցիկ ընելու համար, պատէն կախուած էր Քրրիստոսի խաչելութեան պատկերը, եւ ծնրադիր, մեղմանոյշ աչքերը երկինք ուղղած ու սիրուն մազերր անխնամ ետին ձգած Մագթաղինէին նկարր:

Շքասեղանին վրայ եւ սեւ հայելիին առջեւ դրուած էր հրաչեայ մանկամարդ կնոջ մը կենդանագիրը, սեւ շրջանակով եւ սեւ ժապաւէններով շրջապատուած. հայելիին եւ լուսանկարին երկու կողմը արծաթեայ աշտանակներու վրայ տնկուած մոմերր այդ լուսանկարին՝ դագաղի մը տեսքը կ՚ընծայէին: Վերջապէս այս տունը սուգ ու արտասուք կը հոտէր եւ մեոելական ընդհանուր տխրութիւն մը կը տիրէր...:

Վայրկեան մը բաւ եղաւ ինձ, տիրող այս ընդհանուր սուգը նշմարելու. ինքզինքս այդ տխուր ու մելամաղձոտ ներգործութենէն ազատելու եւ մտածումներուս տարբեր ուղղութիւն մը տալու համար, սկսայ գրադարանին ապակիին վրայէն գրքերու անունները կարդալ։ Գիտական ու գրական երկերու ճոխ հաւաքածոյ մըն էր:

Գրադարանին մէջ ամենէն աւելի ուշս գրաւողը ձեոագիր տետրակ մըն էր. միւսներէն տարբեր դիրքի մը մէջ դրուած ըլլալուն, որոշակի կրցի կարդալ նուրբ գրերով, հաւանաբար կանացի փափուկ ձեոքով վրան գրուած յետագայ ուշագրաւ եւ շահագրգիռ տողերը․
ԻՄ ՑԻՇԱՏԱԿԱՐԱՆՍ
Մահուանէս վերջը միայն կարդացուի


Այս մեռելական տողերը կարդալով ակամայ դողացի. սոսկալի սարսուռ մը ելեքտրական ցնցումի նման՝ մարմնոյս մէջ շրջան ըրաւ:

— Անշո՛ւշտ, ըսի մտովի, այս տետրակը իր մէջ պարունակելու է խորհրդաւոր անցեալի մը յիշատակը և թերեւս կնոջ մը խորտակուած սիրտը...

Այս մտածումներուն մէջ էի, երբ յանկարծ սենեակին դուռը բացուելով՝ անծանօթ բարեկամս իր վեց տարեկան սիրուն աղուն ձեոքէն բռնած ներս մտաւ:

Իսկոյն ձեոքս իրեն կառկառեցի, այցելութեանս նպատակը բացատրելով: Ինքզինքս ծանօթացնելու հարկ չէր մնացած, որովհետեւ այցետոմսս սպասուհիին հետ կանխաւ իրեն ղրկեցի:

Իր նկարագրութիւնը աւելորդ կը համարեմ, դէմքին ու հոգիին արտայայտութիւնը ապրած միջավայրին կատարելապէս կը համաձայնի. սակայն չմոռնամ յիշել թէ իր ամրողջ տխրութեանը մէջ գրաւիչ ու համակրելի երեւոյթ մը անուշ սրտագրաւում մը ունէր:

— Շնորհակալութիւնս կը յայտնեմ ըսաւ նստելով եւ փոքրիկը գիրկը առնելով, արժանիքէս վեր կը գտնեմ ձեր յարգանքներն ու համակրանքը․ բացառիկ շնորհ մը՝ որ ձեր սրտին ազնուութեան ապացոյցն է:

— Շնորհակալութիւն շարժեր. դուք ձեր օգտաւէտ գրչով, սփոփիչ արհեստով եւ տաղանդաւոր մտքով իրաւամբ ամենուն համակրանքն եւ սէրը գրաւած էք. ինձ նման հազարաւոր անձանօթ բարեկամ սրտեր կան որ անկեղծապէս կը համակրին ձեզ. ձեր գրչին երկարատեւ լռութիւնը մեր սրտերուն մեծ ցաւ եղած է:

Փոքրիկ Պօղոսիկին մազերը շոյելով եւ տխուր ակնարկ մը ձգելով յուզեալ շեշտով մը ըսաւ.

— Է՜հ, ես իմ ժամանակիս ու տարիքիս պահանջը կատարեցի. ասկէց վերջը ասպարէզը ձեզ նման եռանգալից երիտասարդութեանն է․ դուք մեր սկսած գործին շարունակութիւնը պիտի ապահովէք, ձեր յաջորդներն ալ՝ ձերինը:

— Բայց կը ներէք որ անկեղծաբար ըսեմ թէ դուք ձեր երկարատեւ փորձաոութեամբը աւելի յարմարութիւն ունիք ընտրելու եւ գրելու հանրութեան ամենէն աւելի օգտակար եւ ամենէն աւելի կենսական պէտքերուն վրայ։ Ձեր առաջին առողջաբանական աշխատասիրութիւնը մեզի իրաւունք կուտայ աւելին խնդրելու, շարունակութիւնը սպասելու:

— Այդ մասին իրաւունք կուտամ ձեզ, երբ կեանքը դեո իր ժանտալից թոյնով երիտասարդական արիւնս թունաւորած չէր, ես ալ ձեզի պէս կը խորհէի. սակայն հիմա, աւա՜ղ, անցան այն երջանիկ օրերը, ուր կեանքը հաճոյալի երազի նման կը վայելէի...: Սիրելի՛, պարագաներ կան՝ ուր կեանքն իսկ աւելորդ բեռ մը կը դառնայ, ալ ո՜ւր կը մնան անոր հաճոյքները: Այն երանեալ անցեալ օրերուն մէջ փաոասիրութիւնը իր մեծ դերը կր խաղար, ցուրտ հաշիւներ եւ անձնական դէպքեր դեռ սաոեցուցած չէին սրտիս եռանդալից խանդը: Յիմար՝ այլ յուսալից երիտասարդութիւնն էր որ զիս կր մղէր. եթէ ճակատագրային դժբախտ պարագաներ կենացս ներդաշնակութիւնը չխանգարէին, անշուշտ նոյն երիտասարդական եռանդով սկսած գործս այսօր ալ պիտի շարունակէի...: Լռեց. սրտին յուզումը եւ անցեալին տխուր յիշատակները աչքերը թրջեցին. արտասուքի երկու խոշոր կաթիլներ որոշակի կը տեսնէի, բայց շուտով իր պաղարիւնութիւնը զտաւ եւ աչքերը յանկարծ ցամքեցան։

Քիչ յետոյ, խօսքը գրած յօդուածներուս վրայ բերելով՝ քաջալերեց զիս միշտ գրելու, մանաւանդ առողջաբանական նիւթերու վրայ:

Սակայն իր մենակեաց կեանքը, անցեալին մէջ կրած խորին վշտերը զիս հետաքրքրեցին հետազօտութիւններս աւելի առաջ մղելու եւ պրպտելու իր կեանքին գաղտնալից կողմը, մասնաւորապէս այն ձեոագիր Յիշատակարանը, որ անշուշտ իր կեանքին հետ մեծ կապակցութիւն մը ունեցած ըլլալու էր։

Բ.

Սպասուհին սուրճը բերելով՝ ինձ միջոց տուած եղաւ մտքիս մէջ կազմելու հարցման այն ձեւերը, որ ուղղակի իր կեանքին, իր անցեալին հետ պիտի շփուէին: Խնդիրը փափուկ էր. ինձ հետ երբեք վերաբերութիւն չունեցած եւ իր ներքին կեանքին գաղտնիքը պարունակող Յիշատակարանին վրայ խօսք բանալը քիչ մը դժուար գործ էր, չըսեմ անպատշաճ։ Սուրճս երկար ատեն պաղեցնելով խմելէ վերջը, խօսակցութեան թելը ձեռք առի։

— Բաւական ճոխ գրադարան մը ունիք, ըսի:

— Այո՛, պատասխանեց, բայց նոր երկեր կը պակսին. երիտասարդական ժամանակիս բոլոր հրատարակութիւններն ունիմ. վեց եօթը տարի կայ որ բացի,մէկ քանի զուտ բժշկական նոր հրատարակութիւններէ գիրք մը գնած չեմ:Սիրելի կնոջս մեռնելէն վերջը բոլոր փափաքներս վերջ գտան. այս փոքրիկ թռչունին սիրոյն մէջ կը գտնեմ միայն ամէն հաճոյք եւ վայելք...:

— Ձեր վշտերուն խորին ըլլալը կ՚զգամ, բայց կարծեմ նեղ օրերու մէջ գեղեցիկ գրքերն ալ լաւ ընկերներ են. միակ միջոց մը կետնքի մռայլները ցրուելու, վեհազնիւ հոգիներու հետ մտերմութիւն մը հաստատելու եւ այսպէս տխո՜ւր իրականութիւնը մոռնալով ոսկէանուրջներու մէջ ապրելո՜ւ...:

— Սիրելի, իր պակասը բան մը չի լրացներ. եթէ դուք ալ սիրող սրտի մը, մանաւանդ տառապեալ հոգիի մը անկեղծ սէրը վայելէք, ըսածիս ճշմարտութեան այն ատեն պիտի համոզուիք: Հիմակուհիմա երիտասարդ էք, դեռ կեանքը հաճոյքի գեղադիտակին մէջէն կը տեսնէք:

— Կեանքի խնդիրներուն մէջ ձեր փորձառութիւնը անկասկած մեծ արժէք ունի, ըսի, եւ խօսակցութեան նիւթը փոխելու համար աւելցուցի. եթէ կը ներէք՝ գրադարաննիդ անգամ մը աչքէ անցնեմ:

— Ամենայն հաճութեամբ, ըսաւ, եւ ոտքի ելլելով, զիս գրադարանը առաջնորդեց․ աւելի լաւ կարդացուելու համար ապակեայ փեղկերն ալ բացաւ:

Ես արդէն կանխաւ գրադարանը ամբողջ աչքէ անցուցեր էի. դիտաւորութիւնս չյայտնելու հետաքրքրութիւնս կեղծելու համար ամենէն անկարեւոր գրքերուն վրայ իսկ դիտողութիւն մը կ՚ընէի. երբ կարգը ձեռագիր Յիշատակարանին եկաւ, զարմանք կեղծելով հարցուցի.

— Ի՜նչ տարօրինակ վերնագիր, ձեռագիր վէ՞պ մըն է արդեօք...:

— Այո՛, վէպ մը, մեր կեանքէն վէպ մը... պատասխանեց, սրտի խորերէն հառաչ մը արձակելով:

— Ստուգիւ վէ՞պ մըն է... կը մտածէի. եթէ իրօք վէպ մըն էր ան, իմ հետաքրքրութիւնս աւելորդ էր ուրեմն. չունէր ինձ համար այն շահեկանութիւնը՝ զոր առաջին անգամ զգացեր էի. պարզ վէպ մը ի՞նչ կարեւորութիւն ունէր, թէեւ ըլլար շատ լաւ գրուածք մը։ Բայց անհաւատալի կը թուէր. անկարելի է որ պարզ վէպ մը ըլլար ան, մտածումս այսպէս առաջ կը տանէի. այն նուրբ գրերը կնոջ մը հեղինակութիւնը ըլլալը կը մատնեն. ուրեմն ո՞վ կրնայ ըլլալ անոր հեղինակուհին, եթէ ոչ բարեկամիս վաղամեռիկ կինը:

Մտածումներուս վերջ տալով՝ միամտաբար հեղինակին անունը հարցուցի:

— Ասիկա է, պատասխանեց, մատովը շքասեղանին վրայ դրուած մանկամարդ կնոջ լուսանկարը ցուցնելով:

Աւելի հեռուները երթալու հարկ չմնաց. բուն խնդրոյն մօտեցեր էինք:

— Անկասկած, ձեր հոգելոյս ամուսինն է, ըսի, վիպագրելու լաւ յարմարութիւն մր ունեցած ըլլալու է:

— Չէ՛, սիրելի վիպագիր մը չէր, կեանքին երեւոյթները պարզ կերպով ի գիր առնող կենսագիր մըն էր. իր անձնական Յիշատակարանն է աս՝ որ դամբանի մը պէս մեր բարքերուն զզուելի ու գարշելի պատկերները, մեր ընկերական կողմնակերպութեան յոռի ու տգեղ կողմերը կը բովանդակէ:

— Վերնագիրը ինձ շատ տարօրինակ կ՚երեւայ:

— Ամուսնանալէս առաջ իր կեանքին մէջ պատահած անձնական դէպքերը յիշատակեր է, որուն մէջ մեծ բաժին մըն ալ ես ունիմ. իր կենդանութեանը չէ ուզած որ կարդամ: Ո՜հ թշուառ արարած, իր անմեղ հոգին ի՜նչ տառապանքներ կրեր է. ապերախտ ընկերութեան, խաբեբայ ու կեղծաւոր մարդկութեան զոհ եղած է... կրած յուսախաբութիւնները եւ սրտամաչուքները զինքը կեանքի բեռին տակ ընկճելով՝ հուսկ ուրեմն սեւ հողին յանձնեցին...:

Եւ սրտաճմլիկ հառաչով մը աւելցուց.

— Զգացած ծանր վիշտերս աչքերուս աղբերակները ցամքեցուցին. շատ անգամ արտասուել կ՚ուզեմ եւ չեմ կրնար, այս անբնական վիճակը սկսած է սիրտս կրծել եւ կեանքս մաշեցնել:

— Բայց քանի որ մեր ընկերական բարքերուն հայելին է, անշուշտ օգտակարութենէ զուրկ չըլլար, մարդկութեան մեծ բարիք մը ըրած պիտի ըլլայիք, եթէ ծածկանուան մը տակ զայն մամուլին յանձնէիք, շատ կը խրատուէին եւ այս կերպով իրեն յիշատակին մահարձան մը կանգնած պիտի ըլլայիք:

— Այո՛, ըսաւ հեգնական ժպիտով մը, այն մարդկութեան համար՝ որ անոր նման անմեղ տկար արարած մը չարչրկած, խաբած ու զոհած է. ա՛յդ մարդկութեան...:

— Գէթ ուրիշները փրկելու եւ անոնց թիւը նուազեցնելու համար ընկերութեան երեսին տալու էք իր աւերիչ բարքերուն չար հետեւանքը...:

— Արհամարհանքս բաւական սեպած եմ, եւ այս պատճառաւ գաւառական այս անկիւնը քաշուած եմ. այս տեղերը գոնէ կեղծ քաղաքավարութիւն մը չկայ որ փայլուն անուններու եւ շլացուցիչ դիրքերու տակ գարշելի ու մեղապարտ եղելութիւնները ծածկէ: Հոս ամէն ինչ պարզ է. հէ՜գ ամուսինիս ստիպման վրայ՝ որ իր արդիւնքն է եղեր՝ այս տեղերը բնակութիւն հաստատելէս շատ գոհ եմ եւ իր անմահ յիշատակը արդէն զիս այս հողին կը կապէ:

— Վերջապէս, կարծեմ թէ լոկ արհամարհանքով չարիքին առաջքը չառնուիր, զոհերուն կեանքը միայն ազդու խրատ մը կրնայ ըլլալ. ինչպէս որ մենք՝ բժիշկներս վէրքը բանալով ու մսւքրելով կը բուժենք, այնպէս ալ հասարակութեան մը բարոյական վէրքերը բուժելու ենք. եթէ ձերինին նման զոհերը մէյմէկ անկիւն քաշուելով մոռացման յաւիտենական անդունդին մէջ կորսուէին, յառաջդիմութիւն ըսուած բանը գոյութիւն չէր ունենար. ազգերը անցեալէն փորձուելով՝ բարեկարգուած են եւ միշտ այսօրը երէկէն պիտի խրատուի ու փորձուի:

— Շիտակը, ձեր դիտողութիւններուն պատասխանելու ո՛չ ոյժ ունիմ եւ ո՛չ ալ կամք. անշուշտ ամէն ողջախոհ մարդ ձեզի պէս պիտի խորհէր, բայց ես ահագին վիշտերու տակ ընկճուած, գրեթէ բնազդական, կեանք մը կը վարեմ: Ձեր հետաքրքրութիւնը գոհացնելու համար կ՚արտօնեմ որ զայն կարդաք, եւ եթէ ձեր խիղճը ներէ՝ ազատ էք զայն հրատարակելու. միայն կը խնդրեմ որ մէջը յիշուած բոլոր յատուկ անունները հասարակութենէն ծածկէք:

Այս անակնկալ յաջողութենէն չափազանց ուրախ՝ պատասխանեցի․

— Կը խոստանամ բոլորովին խղճիս ու ձեր կամքին համեմատ վարուիլ. հետաքրքիրներուն Մտացածին վէպ մըն է ըսելով պիտի բաւականանամ:

— Ձեր խղճին վստահեցայ, բոլորովին ազատ էք, ըսաւ:

Օրուան մէջ որոշեալ ժամեր յատկացնելով՝ մէկ քանի օրուան մէջ ընդօրինակեցի ինձ հետաքրքրութիւն պատճառող Յիշատակարանին հետեւեալ շահագրգիռ մասերը միայն:

Այլ եւ այլ նկատումներով մինչեւ հիմա զայն հրատարակութեան չտուի. մէկ քանի ամիս առաջ այդ բժիշկ բարեկամիս մահուան ցաւալի լուրը ստուգելով նկատումներս ալ իրեն հետ գերեզման իջան: Ուրեմն խղճի կատարեալ անդորրութեամբ այդ Յիշատակարանը այսօր մամուլին կը յանձնեմ:

Գ.

ԻՄ ՅԻՇԱՏԱԿԱՐԱՆՍ

Սկիւտար, 1 Մարտ 1875

Երկարատեւ հիւանդութենէ մր վերջ, երբ սիրելի մայրս վեց ամիս առաջ մեռաւ, ես տասնըչորս տարեկան էի: Տարի մը առաջ, փոքր քրոջս հետ Ամերիկացիներուն Հօմ-Սքուլէն շրջանաւարտ ելայ:

Դպրոց եղած ատենս կը փափաքէի կեանքիս նշանաւոր օրերն ու պարագաները գրի առնել․ ահա այսօր կ՚սկսիմ այդ փափաքս իրագործել:

Անշուշտ կենսագրութիւն մր յետ մահու միայն ուրիշէ մը կրնայ կարդացուիլ, որով ստիպուած եմ անցքերը եւ դէպքերը իրենց բնական գոյներովը նկարագրել, առանց սուտի ճշմարտութիւնը արձանագրել։

Ճշմարիտ կենսագրութիւն մը գրողին հոգիին հայելին է. ասոր մէջ պիտի արձանագրեմ զգացումներս ու յուզումներս, վիշտերս ու հաճոյքներս, եւ պարագային համեմատ՝ անհատական կարծիքս ու նկատողութիւններս:

Ուրեմն, այսօր կեանքիս նշանաւոր օրերէն մէկն է․ այս յուշատետրովս ապագայ սերունդը գիս պիտի դատէ. արդ՝ կեանքիս գովելի կամ պարսաւելի կողմերը իրեն խղճին ու համոզման յանձնելով կը շարունակեմ։

2 Մարտ

Այսօր գրելու արժանի նշանաւոր բան մը չունենալուս, մեր ընտանեկան պատմութիւնն ընելով պիտի բաւականանամ:

Երեք եղբայրներս դեռ դպրոց կր յաճախեն, իսկ ես քրոջս եւ սպասուհիի մը հետ տան գործերը կը տեսնեմ, ինչպէս կերակուր, կար, լուացք եւայլն:

Մօրս մահը հօրս վրայ խորապէս ազդած է, միշտ տխուր, միշտ մտահոգ է. երբեմն որչա՜փ ուրախ եւ զուարթ գիշերներ կ՚անցնէինք՝ երբ դեո մայրս ողջ էր․ հացկերոյթներ, պարահանդէսներ, երեկոյթներ իրարու կը յաջորդէին, ո՜հ, երանելի օրեր: Մայրս կատարեալ տանտիկին, կարգապահ եւ տնտեսող էր․ իր հինգ ոսկի ծախքով պատրաստած հանդէսները՝ օտարներէն քսան ոսկի ծախք կը գնահատուէր, քիչ կը ծախսէր՝ այլ շատ կը ցուցնէր:

Հէգ մօրս մեռնելէն վերջը, տան մէջ գերեզմանական տխրութիւն մր տիրեց:

Հայրս իր առաջին կրթութիւնը եւ դաստիարակութիւնը հոգելոյս վառօդապետ Պօղոս պէյի շնորհիւ Անգլիոյ մէջ ստացած է. իր լուրջ բնաւորութեամբը եւ բարձր դաստիարակութեամբը ամենուն համակրանքը շահած է: Տասնըհինգ տարիէ ի վեր մեծահամբաւ եւ բազմաճիւղ հայ վաճառատան մը մէջ տոմարակալի պաշտօն կը վարէ։ Այս վաճառատան բարգաւաճման գլխաւոր եւ առաջին սատարը ինքը եղած է. իր շնորհիւ այս տունը, առաջին անգամն ըլլալով, եւրոպական գործարաններու հետ ուղղակի յարաբերութեան մէջ մտած է, որուն կը պարտի իր յաջողութեան գլխաւոր գաղտնիքը: Նախապէս միջնորդի պէս դեր մր կը կատարեն եղեր, բայց հիմա ճշմարիտ վաճառականներ են:

3 Մարտ

Ո՜հ, այս տան հոգերը, ժամանակիս մեծագոյն մասը կը կաշկանդեն. երբ մայրս ողջ էր, թռչունի պէս ազատ կ՚ապրէի, բայց հիմա, իբրեւ տան մեծը, ամէն հոգ իմ վրաս ինկած է: Քոյրս գրեթէ անհոգ, դաշնակի եւ ընթերցումներուն հետ կը պարապի, իսկ ես հազիւ ժամ մը միջոց կ՚ունենամ լուրջ ընթերցանութեամբ պարապելու: Դպրոցէն ելլելէս վերջը օգտակար ուսումնասիրութեամբ պիտի զբաղէի, բայց մօրս անակնկալ մահը եւ հիւանդութիւնը վրայ հասնելով ցարդ արգելք եղած էին, հիմակ ալ տան գործերը արգելք կ՚ըլլան, սակայն անոնք կարգի դնելով կը յուսամ թէ աւելի երկար ժամանակ մը պիտի շահիմ:

Հայրիկս վաղը Վիքթօր Հիւկօի Թշուառները պիտի բերէ. երեւելի անձերու գլուխ—գործոցները կարդալու մեծ փափաք ունիմ:

4 Մարտ

Այսօր Թշուառները կարդալ սկսայ. ինչ սքանչելի գրիչ, կարծես ճարտար նկարիչի մը վրձինն է որ կր պատկերացնէ դէմքերը ու դէպքերը: Արդեօք ի՜նչ վսեմ սկզբունքներ, ի՜նչ վեհ զգացումներ արտայայտուած են այդ ստուար հատորներուն մէջ:

Մասիսի մէջ, որուն հայրս բաժանորդ է, շատ շատ անգամներ կարդացած եմ այդ գործին վրայ մասնաւոր գովեստներ. չգիտեմ ո՞ւր տեսած եմ, զայն դարուս Աւետարանը անուանած էին: Գիշերները եւս մէկ երկու ժամ անով պիտի զբաղիմ. աւելի պիտի վերլուծեմ քան թէ հարեւանցի կարդամ, որովհետեւ անոնց մէջ լրջօրէն ուսումնասիրելու ստուար պաշար մը կայ, վիպական կապերը մերթ ընդ մերթ երկար խորհրդածութիւններով խզուած են. այս պարագան անոր վիպականէն տարբեր հանգամանք մը կ՚ընծայէ. աւելի իմաստասիրական եւ ընկերաբանական գործ մըն է քան թէ վէպ մը:

5 Մարտ

Այս գիշեր մեզի հիւր էր Թուրք հազարապետ Ա. ... պէյը: Դաշնակից մեծ Տէրութիւններու Սեվաստաբօլի վրայ արշաւած միջոցին հայրս բանակին մէջ թարգման գտնուելով անոր հետ ծանօթացեր է: Խիստ ազնիւ ու բարի զինուորական մըն է, երբեք հայրս մոռցած չէ:

Պատերազմէն վերջը հայրս շքադրամ մը ստացած է, որ իրեն կը յիշեցնէ երիտասարդութեան փառաւոր ժամանակը:

6 մարտ

Իբրեւ նշանաւոր բան, ամբողջ օրս Թշուառները կարդալով անցնելս հոս կ՚արձանագրեմ, զայն ամբողջ կարդալէս վէրջը միայն տպաւորութիւններս եւ դիտողութիւններս պիտի յայտեմ։

՝
20 մարտ [1]

Երեկ գիշեր Պաղլար-Պաշիի թատրոնը ընտանեօք ներկայացման մը ներկայ գտնուեցանք: Խաղին նիւթն էր Հաւատք, Յոյս եւ Սէր. չեմ կարծեր թէ այս երեք բաները ունեցողը աշխարհիս վրայ իրականապէս թշուառ ապրի: Ճշմարտին, բարւոյն եւ գեղեցիկին առաջնորդող կեանքի այդ երեք հիմերը արտաքին ցնցումներու պիտի դիմադրեն, վերջապէս ըստ իս, երջանիկ ապրելու միակ պայմաններն են:

Ապագան ընդարձակ երկիր մըն է, մարդ չէ կարող զայն մէկ ոստիւնով չափել, կ՚ըսէ Ամերիկացի հեղինակ մը՝ Տօնալդ Միշէլ։ Եւ ես պիտի ըսեմ թէ ապագան ընդարձակածաւալ ովկէանոս մըն է. այն նաւը որ կանխատեսուած հաստատունութիւն մը, կամ լաւ նաւապետ մը եւ կամ ղեկավար մը չունի, փոթորիկներէ ազատելով իր նաւահանգիստը չպիտի կրնայ հասնիլ, պիտի ընկղմի կամ խրի:

Այսպէս ահա, կեանքի փոթորիկներուն դիմադրելով ուղղակի ապագային դիմելու համար, մարդս Հաւատք, Յոյս եւ Սէր ունենալու է. առանց անոնց՝ բախտին ու ճակատագրին ձեռքը խաղալիկ մը ըլլալով ապերջանիկ պիտի ապրի:

7 Ապրիլ

Երէկ Թշուառներուն վերջին հատորը լրացուցի. որչափ որ տպաւորութիւներս արձանագրել խոստացեր էի, սակայն այսօր ամբողջ գործը վերլուծելով ինքզինքս անկարող կ՚զգամ զգացումներս ու տպաւորութիւներս ի գիր առնելու։ Անոր վեհութեան տակ գրիչս կ՚ընկճի: Զգիտեմ թէ նմանօրինակ գիրք մը աշխարհիս վրայ լոյս տեսա՞ծ է, որ այնքան ճշգրտօրէն պատկերացնէ ու գծէ մարդկային թշուառութիւնը եւ անոր սկզբնական պատճառները. ո՜հ, Ժան-Վալժան մը Վ. Հիւկօ միայն կրնայ ստեղծել, ինչպէս Քրիստոս մը՝ Աւետարանը եւ Մովսէս մը՝ Աստուածաշունչը...:

Եւ ես այդ վսեմ ու վեհ գրչին տպաւորութեանը տակ կը խորհիմ թէ աշխարհիս վրայէն երբեք չպիտի վերնայ թշուառութիւնը. բնութեան խորհրդաւոր ներդաշնակութեան հետեւանքն անհաւասարութիւնն է, որմէ կը ծնի մարդկային թշուառութիւնը:

Սակայն եթէ ընկերութիւնը բոլորովին չի կրնար թշուառութիւնը բառնալ, գէթ կրնայ զայն մեղմացնել. միթէ քիչ ծառայութիւն կը մատուցանէ՞ այն դեղը որ մահամերձի մը անտանելի ցաւերը իրեն զգացնել չի տար եւ միթէ այս նպատակին չե՞ն ծառայեր այն հանրային բիւրաւոր հաստատութիւնները որոնք ամէն օր թշուառութեան ահռելի ճիրաններէն հազարաւոր զոհեր կ՚ազատեն, եւ անոր դէմ կը պաշտպանեն գինեմոլը, հիւանդը, յիմարը, ոճրագործը, ընկեցիկ մանուկը, որբը, աղքատ գործաւորուհին եւ իր դիեցիկ մանուկը, ծերը, խաղամոլ մարդը, պոռնիկը, հրկիզեալը, նաւաբեկեալը, երկրաշարժէ վնասուողը, պատերազմի մէջ վիրաւորը եւայլն: Քանի՛ Թշուառները կարդացի, մարդկութիւնը այնքան աւելի սիրել սկսայ:

Դ.

2 Հոկտեմբեր

Այսօր քոյրս հիւանդացաւ. բժիշկները վտանգաւոր բան մը չունենալը յայտարարեցին. ա՜խ այս բժիշկներուն խօսքերը եթէ միշտ ճշմարիտ ըլլային... իրենց յայտարարութունները մտահոգութիւնս երբեք փարատած չեն, վասն զի միեւնոյն խօսքերը կրկնեցին միշտ հոգելոյս մօրս հիւանդութեան ատեն ալ, մինչեւ որ գերեզման իջաւ...:

Ահա այս անորոշութիւնը, բժիշկներուն կեղծիքը ինձ եւ հօրս մեծ մտահոգութիւն կր պատճաոէ. այսօր եկեղեցի երթալով քրոջս առողջութեանը համար ջերմօրէն աղօթեցի:

3 Հոկտեմբեր

Քրոջս վիճակը աւելի ծանրացաւ. բժիշկները բան չկայ ըսելով թոքատապ մը ունենալը կը յայտնեն. այս բժիշկները ի՛նչ տարօրինակ մարդիկ են:

Հայրս գործի չգնաց, է սիրտ չունի աշխատելու: Ինչպէս որ մօրս, նոյնպէս քրոջս հիւանդապահի պաշտօնը ես կը կատարեմ․ բժիշկներուն պատուէրները ամենայն զգուշութեամբ կը գործադրեմ, որոնց մէջ ի զուր փրկութեան յոյս մը տեսնել կ՚ուզեմ․․․:

10 Հոկտեմբեր

Քրոջս հիւանդութեան իններորդ օրն է, վիճակը բաւական բարւոքեցաւ, տաքութիւն եւ զառանցանքը անհետացան. եթէ ճիշդ է բժիշկներուն յայտարարութինը հիւանդութիւնը բոլորովին անցած կրնայ համարուիլ:

Գիշերները կանոնաւորապէս չկրնալ քնանալուս, ինքզինքս քիչ մը տկար կ՚զգամ, այս գիշեր թերեւս հանգիստ պիտի կրնամ քնանալ եւ վերստանալ կորուսեալ ոյժերս:

23 Հոկտեմբեր

Քոյրս թէեւ բաւական լաւ է, սակայն դեռ անկողինէն չկրցաւ ելլել: Ծայրայեղ նիհարութիւն եւ չոր հազ մը ունի, թէեւ առաջուան պէս այնքան շատ խուխ չի թքներ:

5 Նոյեմբեր

Քոյրս ինձմէ խնդրած էր որ նոր վէպեր բերել տալով իրեն կարդամ. Բժիշկները կարդալը արգիլեցին: Այսօր սկսայ կարդալ Արլենքուրի Մենակեացը. շատ հաճոյք զգաց: Վաղը Վ. Հիւկօի Պօղոսիկը պիտի կարդամ. փոքրիկ տետրակ մըն է, բայց անշուշտ իր ծաւալէն անհամեմատ բարձր նիւթ մը կը պարունակէ. հեղինակին անունը ըսածիս գրաւական մըն է:

28 Նոյեմբեր

Քրոջս վիճակը երթալով կը ծանրանայ. երեւելի բժիշկներու խորհրդածութիւնները ապարդիւն մնացին: Երէկ գիշեր ծանր տագնապ մը ունենալով քիչ մնաց որ շնչահեղձ ըլլար. անմիջապէս թաղին բժիշկը կանչեցինք:

6 Դեկտեմբեր

Ո՛հ, գրիչս առաջ չերթար տխուր իրականութիւնը գրելու. քրոջս հիւանդութեանը վրայ՝ դրացիներու միջոցաւ բժիշկներու կարծիքը հարցնելով անբուժելի հիւանդութիւն մը՝ թոքախտ ըլլալը հասկցայ. սոսկալի ախտ մը որ անշշուկ ամէն օր հազարաւոր կեանքեր կ՚աճիւնացնէ:

Բժիշկները Գատըգիւղ օդափոխութեան տանիլ պատուիրեցին:

Հայրս անոր բուժման համար ամէն բան գոհել աչքը առած է. մեր Սկիւտարի տունը գոցելով Գատըգիւղ տուն մը պիտի վարձենք:
Գատըգիւղ 2 Յունուար 1876

Հինգ օրէ ի վեր Գատըգիւղ փոխադրուած ենք. կահ կարասիներէն փոքրիկ մաս մը միայն հետերնիս բերելով Մօտա տուն մը վարձեցինք:

Այսօր քրոջս հազը քիչ մը թեթեւցաւ, բժիշկները կը շարունակեն դարմանել կատարելապէս եւ ապաքինելու մեծ լոյս կու տան:

5 Յունուա

Երկու օրէ ի վեր գիւղին բարձր դասին պատկանող հիւրերու այցելութիւնը կը վայելեմ. շատերուն հետ ծանօթացայ որոնց անունները միայն լսեր էի: Հայրս գրեթէ չճանչցող չկայ: Ազգ. պաշտօններու մէջ գտնուիլը եւ ճեմարանին հոգաբարձութեան պաշտօնը զինքը շատերուն ծանօթ կ՚ընծայէ, մանաւանդ իր ալեւոր, երկար, վայելուչ մօրուքը եւ լուրջ դէմքը ամենուն պատկառանք եւ համակրանք կ՚ազդէ:

Քոյրս ալ այս այցելութիւններով բաւական իր ցաւը կը մոռնայ. նորանոր դէմքերու եւ ազնիւ հոգիներու ծանօթանալով կը մխիթարուի: Վաղը իրեն Կէօթէի Վերթերը պիտի կարդամ. սիրային վէպերը շատ կը սիրէ, իւթօբիներով կ՚ապրի:

15 Յունուար

Եղբայրներս Գատըգիւղի Ազգ. վարժարանը սկսան յաճախել. մէկը գալ տարի շրջանաւարտ պիտի կրնայ ելլել:

Այսօր ուրախութիւնս չափազանց է. քոյրս սենեակին մէջ պտտիլ սկսաւ, ախորժակն ալ բացուած է:

31 Յունուար

Մեր դրացիներէն Ս...եան ֆ...եան և Ա...եան ընտանիքները խիստ ազնիւ են. իրենց յաճախակի այցելութիւններով մեր մխիթարիչները եղած են. քոյրս եւ ես իրենցմէ շատ կ՚ախորժինք:

Երէկուան Սկիւտարի հրդեհէն մեր տունն ալ իր կահ կարասիով մոխիր դարձեր է. հայրս չափազանց ցաւեցաւ, իսկ ես քրոջս առողջանալէն զգացած ուրախութենէս՝ այդ նիւթական կորուստին վրայ ո՛չ կը մտածեմ եւ ոչ ալ կը ցաւիմ:

2 Փետրուար

Այսօր քրոջս հետ մօտաւոր դրացիներու փոխադարձ այցելութեան գացինք. ուրախութիւնս անսահման է:

4 Փետրուար

Այսօր քրոջս եւ մեծ եղբօրս հետ կառքով հեռաւոր բարեկամի մը այցելութեան գացինք: Կ...եան բազմաճիւղ ընտանիքին կը պատկանի. մեծ տղանին Պ. Մ... անցեալ տարի Րօպէրթ Քօլէճէն շրջանաւարտ ելած տաղանդաւոր եւ համակրելի երիտասարդ մըն է. իր ստիպման վրայ քրոջը Օր. Ս...ի հետ դաշնակին վրայ անգլիերէն քաթրըմէն մը երգ զարկինք:

Նաեւ դաշնակի վրայ՝ առանձինն Հօմ սուիթ հօմը երգեցի. Պ. Մ... իր հիացումը եւ շնորհակալութիւնը յայտնեց:

Շատ համակրեցայ իրեն եւ այս տպաւորութեանս տակ տուն մեկնեցանք:

10 Փետրուար

Այս գիշեր Ս...եան ընտանիքը ի պատիւ մեզ երեկոյթ մը տուաւ, որուն ներկայ էին գիւղին բարձր դասին պատկանողներէն շատերը. երկսեռ երիտասարդութիւնը դաշնակի, ջութակի եւ սրինգի ընկերակցութեամբ լաւ նուագախումբ մը կազմեց, որուն ներդաշնակ եւ հոգեյոյզ թրթռումներուն տակ հաճելի գիշեր մը անցուցինք:

Պ. Մ... ալ ներկայ էր. երկու անգամ զիս պատուեց պարի հրաւիրելով. թռչունի մը պէս թեթեւ էր: Իր ընկերութենէն շատ կ՚ախորժիմ, մանաւանդ նրբիմաստ կատակաբանութիւններէն. գրեթէ երեկոյթին հոգին էր:
11 Փետրուար

Այս կիրակի Պ. Մ... այցելութիւնը վայելեցի ժամերով երէկ գիշերուան երեկոյթին ներկայ եղողներուն վրայ հեգնական կատակաբանութիւններ ըրաւ․ խիստ զուարճացայ զուարճախօս երիտասարդ մըն է, քոյրս ալ իրեն շատ կը համակրի:

Օրուան խնդիրներու, բանաստեղծութեան եւ ամերիկեան բարքերուն վրայ խօսելով՝ անմեղօրէն երկար ժամեր անցուցինք։

Երեկոյին դրան առջեւ կայնած էի. Պ. Մ. փողոցէն կ՚անցնէր. գոցէն կ՚անցնէր, ինծի մօտենալով ձեռքս սեղմեց ու ֆրանսերէն լեզուով ա վու մա բանսէ ըսաւ: Կարմրեցայ. ի՞նչ կը նշանակէին այս խօսքերը, պարզ սիրային արտայատութիւններ չէի՞ն: Շկնելս նշմարելով անմիջապէս խնդածաղիկ (բանսէ) մը եւ նուիրեց եւ աւելցուց.

— Այս ծաղիկին ֆրանսերէն անունն ալ հայեէրէնին չափ սիրուն ու խորհրդաւոր է:

Իր կատակաբանութիւններուն բաւական վարժ էի, ըրածին բառախաղ մը ըլլալը զգացի:

Գիշերը ընդերկար իր այս կատակին վրայ մտածելով անքուն անցուցի. չափազանց յուզուած էի. տարօրինակ նոր յուզում մը որ կեանքիս մէջ երբեք զգացած չէի:

18 Փետրուար

Շաբաթ մը կայ որ տեսած չեմ Պ. Մ...ը. կարծես ինքը հոգիիս անհրաժեշտ պէտքերէն մին դարձեր է, գիշեր ցերեկ միշտ անոր վրայ կը մտածեմ, ու կ՚զգամ թէ կը սիրեմ զինքը:

— Սէրը միթէ այսպէ՞ս պիտի սկսէր, իր գալը կանխաւ չպիտի՞ զգայի:

Այսպէս կը խորհիմ հիմա պատուհանէս առջեւ նստած՝ անհուն ծովային հորիզոնը դիտելով: Մարմարայի ջինջ ջրերուն մէջ կապոյտ երկնային կամարը կը նշմարեմ. օդը թէեւ ցուրտ եւ ձիւնը ամէն ինչ սպիտակցուցած է, ընդհակառակը բնութիւնը հանդարտ է, արեւուն շողշողուն ճառագայթները ջրին հարթ մակերեւոյթէն անդրադառնալով հայելիի նման լուսաւոր ցոլքեր կ՚արձակեն։ Սրտիս կրակէն՝ արտաքին ցուրտը չեմ սեպեր, ու բաց պատուհանիս առջեւ նստած՝ օրագիրս կը շարունակեմ։

Ե.

20 Փետրուար

Այս գիշեր մեր բարեկամներուն երեկոյթ մը պիտի տանք. քրոջս հետ սենեակները եւ պարասրահը ճաշակաւոր կերպով զարդարելու զբաղեցանք. լաւ ընդունելութեան մը համար ամէն բան պատրաստ է:

Երբ կը մտածեմ թէ Մ... ալ ներկայ պիտի գտնուի, անսահման ուրախութիւն կ՚զգամ, կարծես աշխարհ իմս պիտի ըլլայ:

21 Փետրուար

Երէկ գիշերուան երեկոյթը յուսացածէս աւելի փայլուն եղաւ. այցելուները շատ գոհ մնացին, մանաւանդ Մ...ը. կարծես հրեշտակ մըն էր, նրբաճաշակ հագուստը բարձր հասակին շատ վայլած էր: Կիրակի ցերեկին կրկին այցելել խոստացաւ: Աստուած իմ, գիշերները ի՜նչպէս պիտի լուսցնեմ։

22 Փետրուար

Չգիտեմ թէ ուրիշներուն սէրը ի՞նչպէս կը ծնի. կարճ միջոցի մը մէջ ան ինձմէ բոլոր մտածումերս կորզեց, վայրկեանի մը մէջ բոլոր հոգիիս տիրեց: Եթէ աղջիկներու համար սիրոյ մէջ նախայարձակ ըլլալը ամօթ չսեպուէր, այսօր սիրտս իրեն բանալով զինքը սիրելս պիտի յայտնէի. բայց աւա՜ղ, պատշաճութեան օրէնքը վրաս կ՚իշխէ եւ սրտիս ձայնը կը մարէ:

Այսօր ուրախութիւնս մեծ է, իր այցելութիւնը վայելելով զիս սիրելը կռահեցի:

Առջի օրուան երեկոյթին մէջ քոյրս պաղ առնելով այսօր քիչ մը տկար է, բժիշկը կատարեալ հանգիստ պատուիրեց:

26 Փետրուար

Քրոջս հիւանդութեան վրայ անհանգիստ եմ, անպիտան չոր հազը դարձեալ սկսաւ. գիշերները ամբողջ կուրծքը պաղ քրտինք մը կը պատէ։ Վաղը երեք երեւելի բժիշկներ պիտի խորհրդակցին. հայրս այս հիւանդութիւններուն եւ հրդեհներուն պատճառաւ գրեթէ փճացաւ. իր 12 ոսկի ամսականը ներկայ ծախքերուն չի բաւեր:

3 Մարտ

Երեւելի բժիշկներուն խորհդակցութիւններն ալ ապարդիւն մնացին. քրոջս վիճակը միշտ ծանրանալու վրայ է: Պ. Մ...է շնորհակալ եմ, այս նեղ օրերուս մէջ միակ մխիթարիչս եղած է: Խնդրեցի որ յաճախ այցելէ, իրմով շատ երջանիկ պիտի ըլլայի, եթէ քրոջս հիւանդութիւնը չպատահէր, սիրտս կոտրած է։ Թէեւ ինքը համարձակեցաւ վարպետութեամբ մը զիս սիրելը յայտնել, սակայն ես փոխարինելու համարձակութիւնը չունեցայ: Սիրոյ մէջ անկասկած զիս շատ ցուրտ եւ անտարբեր գտաւ, այս անտարբերութիւնը աւելի վշտահար վիճակիս հետեւանքն էր քան թէ սրտիս... եւ արդէն իր մեկնելէն յետոյ ըրածիս վրայ շատ զղջացի:

7 Մարտ

Այսօր կեանքիս էն հաճելի օրն է, սիրտս իրեն բացի, ուրախութենէն պիտի խենթենար:

— Երկու շաբաթէ ի վեր քու վրադ մտածելով կը չարչարուէի, ըսաւ, ձեոքս բռնելով, առանց քեզ տեսնելու անցուցած վայրկեաններս կեանքիս ամենատաժանելի օրերը կազմեցին. երբ մօտդ ըլլայի՝ անհուն գոհունակութիւն մը կ՚զգայի...,

— Կը ցաւիմ որ երէկ սրտիս նեղութենէն քեզի նկատմամբ անտարբեր գտնուեցայ, պատասխանեցի:

— Պատճաոը աւելի մտքիդ վերագրեցի քան թէ սրտիդ:

— Զղջացի, բայց ուշ էր։

— Սէրդ արդէն նշմարեր էի, բայց երէկ միայն կրցի սիրտս քեզի բանալ, որուն դժբախտաբար չի պատասխանեցիր:

— Շիտակը, նոյն միջոցին քրոջս ծանր վիճակը ուղեղս խանգարած էր. միեւնոյն ցրտութիւնը, առաջին անգամ խնդածաղիկ մը նուիրած միջոցիդ եւս ցոյց տուի եւ անոր վրայ քեզ աւելի ջերմօրէն սիրել սկսայ: Միեւնոյն անկեղծ սէրը այսօր ինձ նուիրելուդ՝ ինքզինքս ամենէն բարեբախտը կը համարիմ:

— Հապա ե՞ս... քեզ նման հրեշտակ մը ունենալուս երջանիկ եմ. եթէ կը հաճիս՝ լուսանկարնիս փոխանակենք. ահաւասիկ իմս ըսելով մինեօն մը ներկայացուց:

— Շնորհակալ եմ. մինեօն լուսանկար չունենալուս՝ շատ կը ցաւիմ, բայց կը խոստանամ հօրմէս գաղտնի հանելով հատ մը նուիրել քեզի:

Լուսանկարը մէտալիօնիս մէջ դնելով իրեն ձեռագործ թաշկինակ մը նուիրեցի:

18 Մարտ

Մինեօն լուսանկարէս Մ...ի հատ մը նուիրեցի. համբուրելով գրպանատետրին մէջ դրաւ:

— Կեանքիս մինչեւ վերջին վայրկեանը քեզ պաշտելով հետդ ապրիլ կ՚ուխտեմ. մեր տնեցիք ալ կը համակրին քեզ. ամուսնանալով երջանիկ միութիւն մը պիտի կազմենք, ո՜հ, այդ երանելի օրը ե՞րբ պիտի գայ որ քեզ համարձակ վայելեմ. ըսաւ, ձեռքս ձեռքին մէջ առնելով:

Սրտիս յուզումէն՝ ձեռքերս կը դողային, վրաս նեղացուցիչ տագնապ մը գալով իսկոյն նուաղեցայ:

Քրոջս վիճակը յուսահատական է։

25 Մարտ

Այսօր կեանքիս ամենէն աւելի տխուր օրէրէն մին է, սուգ ու լացի սեւ օր մը։ Ո՜հ, քանի որ մահ կայ, կեանքը ինձ խաղալիք մը կերեւայ, աննպատակ չարչարանք մը։

Պաշտելի հոգեհատորս, սիրելի քոյրս երէկ գիշեր մեռաւ, այսօր յուղարկաւորութեան տխուր հանդէսը կատարեցինք։

Մահուան եւ սիրոյ երկու ծայրայեղ ու հակառակ յուզումներու մէջ կը տառապիմ, վիճակս արգահատելի է:

Ջղային տագնապներս վերսկսան, չափազանց նիհարցայ. կ՚երեւայ թէ այսչափ ծանր վիշտերու չպիտի կրնամ տոկալ...։

Եւ կը խորհիմ թէ ի՞նչ է կեանքն ու իր նպատակը, ո՜հ, եթէ ոչ՝ հեծկլտանքի շարունակութիւն մը...: Վայրկենական հաճոյքի մը համար կարժէ՞ միթէ տարիներով անոր տաժանելի բեռը կրել...։

Այս սեւ օրերը կեանքիս գարունը խամրեցին. մօրս մահը, քրոջս մահը իրարու յաջորդելով ժամանակէն աոաջ զիս ծերացուցին։

Ո՜հ, միեւնոյն տարուան մէջ երկու սրտահատորներս ալ յաւիտենականութեան անյատակ անդունդը գլորեցան, անծանօթ երկիր, ուրկէ ճամբորդի մը վերադարձը երբեք տեսնուած չէ, ինչպէս ըսուած է «Համլէթ»ի մէջ:

26 Մարտ

Հօրս զգացած վիշտը շատ խորին է. մէկ տարուան մէջ բոլորովին ծերացաւ, դրամական անձուկ վիճակն ալ աւելորդ հոգ մը: Թէ՛ ծախքերը թեթեւցնելու եւ թէ քրոջս մահուան տխուր պարագաները մոռնալու համար, տուներնիս փոխել հարկ եղաւ. մէկ երկու շաբաթ վերջը Մէօհիւրտարի կողմերը տուն մը պիտի վարձենք:

Խեղճ Մ... ինքն ալ ինծի հետ սուգի մէջ է, երեսս նայելու համարձակութիւն չունի: Այս անմխիթար վիճակիս ու առանձնութեանս մէջ կարծես ա՛լ աւելի զինքը կը փնտռեմ:

Սակայն քրոջս նուիրական յիշատակը սրտիս հոսանքին հետեւելէ զիս կ՚արգիլէ. աւելի կ՚ընտրեմ օրերով սուգի եւ տխրութեան մէջ թաղուիլ, քան թէ անոր խնկելի յիշատակը պղծել...:

13 Ապրիլ

Հայրս այսօր իր տոմարակալի պաշտօնէն հրաժարագիր տուաւ, ամսականին անբաւականութիւնը առարկելով, և երեք ոսկիի յաւելում մը խնդրելով:

Առանց դիտողութեան հրաժարականը ընդունեցին եւ իր տեղը աւելի նուազ ամսականով նոր հասնող սերունդէն մէկը դրին:

Շիտակը, այդ համբաւաւոր տան՝ հօրս նկատմամբ հետեւած ընթացքը պարսաւելի է. տասնըհինգ տարիէն աւելի է որ իրենց քով խղճի մտօք և կատարեալ ուղղամտութեամբ կը պաշտօնավարէր. այսպիսի վաղեմի աշխատաւոր մը փոխան վարձատրելու, իր վերջին անկեալ օրերուն մէջ երեք ոսկիի յաւելումի մը համար մէկէն ի մէկ ճամբելը խղճի բացակայութիւն կը նշանակէ: Եւրոպական նմանօրինակ հաստատութիւններ իրենց այս կարգի պաշտօնեաներուն ամսականները տարուէ տարի կ՚աւելցնեն եւ ապագանին կ՚ապահովեն, նիւթական պարգեւներ եւ կամ հանգստեան թոշակներ յատկացնելով:

Այդ վաճառատունը հօրս ամսականին վրայ երեք ոսկիի յաւելում մը ընելով ոչինչ կը կորսնցնէր, մանաւանդ հօրս տասնը հինգտարուան մատուցած ծառայութեանը փոխարէն այդ յաւելումը մեծ բան մը չէր։

Բախտին անողոք հարուածները իր խնայողութեամբը հաւաքած հարստութիւնը կորսնցնելէն վերջը, հօրս նման ուղղամիտ եւ փորձառու պաշտօնեայի մը չօգնելը, աշխարհիս վրայ գործուած ամենէն մեծ ապերախտութիւնն է...։

Մեր մէջ ե՞րբ պիտի ծնին Թափառական Հրեային մէջ յիշուած գործարանատէրին նման տիպար ու բարեսիրտ վաճառականներ...:

25 Ապրիլ

Հայրս հին պաշտօնը ձգելէն ի վեր զանազան վաճաոատուններու մէջ այցելու տոմարակալի պաշտօնը վարելով նախկին վիճակէն աւելի գոհ է:

Մեծ եղբայրս այսօր Փարիզ մեկնեցաւ, Բօն է Շօսէ վարժարանը մտնելու համար. բաւական խելացի ու ճարպիկ է. իր աշխատասիրութեամբը կը յուսամ թէ ապագային լաւ դիրք մը պիտի կրնայ գրաւել, որուն ի սրտէ յաջողութիւն կը մաղթեմ: Բայց հօրս այս անկեալ վիճակին մէջ մեծ բեռ մը պիտի ըլլայ. հայրս որչափ որ իր նախկին նիւթական կարողութիւնը չունի, սակայն եւ այնպէս մեծ բացած դուռն ալ պզտիկցնել չուզեր. գիշեր ցերեկ չարաչար աշխատելով իր անկեալ վիճակը ուրիշներէն ծածկել կը ջանայ եւ իր նախկին արտաքին փայլը անփոփոխ կը պահէ:

Դժբախտ հայրիկ, իր ծերութեան վերջին օրերուն մէջ միթէ արժանի է՞ր այս զրկանքներուն և սիրտհատնումներուն:

Զ.

4 Մայիս

Երէկ ամբողջ օրս Լամարթինի Լէ Ֆուայէն կարդալով անցուցի. այսօր ինքզինքս յոգնած կ՚զգամ, ամբողջ ջղային դրութիւնս գրգռուած է. օդ առնելու եւ բնութիւնը վայելելու մեծ պէտք ունիմ։

Գարնան էն զուարթ եւ ախորժելի օրերէն մին է. բնութիւնը իր ամբողջ գանձը բացած է, երփներանգ ծաղիկներ սրտերնին բացած, սէր կը բուրեն. դաշտերուն, մարգերուն, պուրակներուն մէջէն սահող քաղցր հողմիկը սէր կը բզզայ:

Մարմարան հայելիի նման կը փայլի ու կը ծփայ, թեթեւաշարժ նաւակները իրենց հեզասահ ընթացքով հանդարտիկ ջուրերը ճեղքելով կ՚անցնին ու կը դառնան, ետեւնին փրփրալից արծաթափայլ ուղի մը ձգելով։ Ծովափը եւ պարտէզները երկսեռ բազմութեամբ լի են, սիրատենչ զոյգեր ծաղիկներով զարդարուած կը ճեմեն, սիրայոյզ ժպիտներ փոխանակելով...:

Իսկ ես, սգաւոր ըլլալուս բնութեան բարիքները վայելելէ կը զրկուիմ. ընկերութիւնը անողոք է, վրաս չարախօսել տալ չեմ ուզեր. պատուհանիս առջեւ նստած բնութեան զարթնումը դիտելով կը բաւականանամ...:

Պ. Մ... երեկոյին ընկերի մը հետ մեր տան առջեւէն անցնելով յարգալից կերպով մը զիս բարեւեց. ժամանակէ մը ի վեր զինքը տեսած չըլլալով կարօտովը եւ սիրովը կը տոչորուէի. մանաւանդ ի՜նչ մեղքս պահեմ, կը կասկածիմ, չըլլայ թէ ուրիշ մը իր սրտին տիրէ. կասկածիս անաեղի ըլլալը թէեւ կ՚զգամ, սակայն ձեռքս չէ, ինքնին կը ծնի եւ տեղի կու տայ նախանձի մը։

9 Յունիս

Պ. Մ. այս գիշեր ընտանեօք մեզի էր: Միջոց մը գտնելով զիս, ըսաւ.

— Սուգդ ուրիշին պահէ. համբերութիւնս հատաւ. սիրովդ պիտի խենթենամ, թոյլ տուր ինձ, սրտիս կրակը մարելու համար, աչքերէդ համբոյր մը քաղեմ: Չմերժեցի. յետոյ մազերէս փնջիկ մը ուզեց, ան ալ նուիրեցի:

Երկար ատեն մեր ապագայ միութեան վրայ խօսեցանք. խոստացաւ զիս երջանիկ ընել: Իսկ ես, ո՜հ, բոլոր հոգիս պիտի զոհեմ իր երջանկութեանը համար. պահապան հրեշտակի մը նման վրան պիտի հսկեմ:

Կասկածներս իրեն յայտնեցի.

— Կը հաւատա՞ս, ըսաւ, որ քեզ ունենալէս վերջը ուրիշ մը սիրեմ. ո՛չ, այդպէս մտածելդ բոլորովին անգթութիւն է․․․։

Այս բացատրութենէն շատ գոհ եմ:

Բոլորովին վստահեցայ:

16 Ցուլիս

Ա. եան ընտանիքին կից է մեր տունը. հետեւաբար անոնց հետ սերտ մտերմութիւն մը ունենալնիս բնական է: Տասնըչորս տարեկան գեղանի աղջիկ մը ունին որուն դաշնակի մասնաւոր դաս տալ յանձն առի. պարապ ատեններուս՝ իրեն պիտի դասախօսեմ․ խնդրեցի որ վարձք տալերնին ուրիշի չյայտնեն:

30 Ցուլիս

Հայրս օժիտիս համար ամսական գումար մը յատկացուցած էր. դասախօսութեանս իրրեւ վարձք ստացածս ալ նոյն նպատակին պիտի յատկացնեմ. արդէն սկսայ մաս մաս ձեռքովս պատրաստել:

20 Օգսստոս

Դաշնակի աշակերտուհիս շատ ուշիմ եւ փութաջան է. գերմանական մեթոտով կը դասախօսեմ. եթէ այսպէս շարունակէ՝ գալ տարի դժուարին կտորները բաւական յաջողութեամբ պիտի կրնայ ածել:

Հայրը հարուստ ըլլալով հարսանեկան օժիտը այժմէն պատրաստած է. թէեւ միջակ կրթութիւն մը ստացած է, սակայն իր խոհեմ բնաւորութիւնը եւ հոգեգրաւ գեղեցկութիւնը, մանաւանդ հազար ոսկի դրամօժիտը, ամուսնանալ փափաքող երիաասարդներու համար լաւագոյն ընտրելիի մը հանգամանքը կ՚ընծայեն. շիտակը, զայն առնող երիտասարդը չի խաբուիր:

29 Օգոստոս

Այս գիշեր Ս...եաններուն էինք, իրենց ազգականերէն Տէր եւ Տիկին Փ...եան Պէյքօզէն հիւր եկած էին, գիւղէն ալ Մ...եան եւ Կ...եան ընտանիքները ներկայ էին:

Ժամի մը չափ դաշնակով զբօսնելէ յետոյը թղթախաղի սեղանը մէջտեղ բերին: Այս կարգի երեկոյթներու մէջ թուղթ խաղալը ջիղերուս կը դպի. իմաստալից խօսակցութիւններով ժամանակ անցնելը միթէ աւելի օգտակար չէ՞, մանաւանդ ասանկ զարգացած ընկերութեան մը մէջ, որ գիտական, գրական, գեղարուեստական ու ընկերբանական խնդիրներու վրայ խօսելու եւ գաղափար յայտնելու համար մտաւորական բաւական լաւ պաշար ունի:

Թղթախաղի սեղանին շուրջը բոլորուողները գիւղին բարձր դասին պատկանող ծանօթ երիտասարդ եւ երիտասարդուհիներն էին:

Զիս ալ շատ ստիպեցին, չմասնակցեցայ. Պէյքօզէն եկող մանկամարդ հարսին հետ անկիւն մը քաշուելով՝ քիչ մը օրուան խնդիրներուն եւ քիչ մըն ալ ամուսնական կեանքին վրայ խօսեցանք:

Յետոյ իրար խառնեցինք բոլոր թէ՛ ծանօթ եւ թէ նոր գրիչները. երեք չորս ժամ խօսելու նիւթ հայթայթեցին Խօճասարեան, Մամուրեան, Իւթիւճեան, Չիլինկիրեան, Տէտէեան, Պալթազարեան, Տօք. Ռուսինեան, Տօք. Թիրեաքեան, Տօք. Մէզպուրեան Տօք. Շիշմանեան, Օտեան, Պէրպէրեան, Տէմիրճիպաշեան, Արփիարեան, Գուրգէն, Փանոսեան եւայն անուները ու իրենց գործերը:

Մենք մինչդեռ անկիւնը այս շահագրգիռ եւ օգտաւէտ խօսակցութիւններով իրարու գաղափար կը փոխանակէինք, անոնք աննդին շուկայի յատուկ զզուելի եւ կնոջ մը բերնին անվայել խօսքերով գողութեան մը կամ սխալ խաղալու վրայ կը պօռային ու կը ճչուռտէին, արժանապատուութեան զգացումնին խաղի յուզումներուն մէջ կորսնցնելով, եթէ չեմ սխալիր՝ երբեմն հայհոյութիւններ ալ կը լսէի:

22 Հոկտեմբեր

Պ. Մ... այսօր կարճ նամակով մը ինձ նուիրեց ոսկեզօծ փառաւոր կազմով ֆրանսերէն Ռօմէօ եւ Ժիւլիէթ գեղցկահիւս թատերգութիւնը: Կողքին վրայ այսպէս գրած էր.

Միեւնոյն սէրը կը բաղձայ նաեւ քեզ յաւէտ պաշտող ապագայ խօսեցեալդ։

Նամակն ալ սա պէս կը վերջանար.

«Սիրոյ սաստկութիւնը բերնով չկրնալ հաղորդելուս, ստիպուեցայ գրիչս սրտիս թարգման կանգնել, նոյնը նաեւ քեզմէ կ՚սպասեմ, ցանկալի երկտողիկդ համբոյներովս պիտի ծածկեմ եւ միշտ սրտիս վրայ պիտի պահեմ․․․:»

6 Նոյեմբեր

Դաշնակի աշակերտուհիս սկսաւ առանձին բաւական յաջողակութեամբ դժուար կտորներ զարնել. զինքը շատ կը սիրեմ. եթէ ձայնը յարմար ըլլար, մտադիր էի միւզիք-վօքալի ես դաս տալու. դժբախտաբար ձայնը անյարմար է:

Պ. Մ... երէկ գիշեր հիւանդացեր է. ստոյգ եւ կատարեալ լուր մը չառնելուս՝ շատ անհանգիստ եմ. մտադիր եմ վաղը եղբայրս ղրկելով վիճակը հասկնալ:

7 Նոյեմբեր
Խեղճ Մ...իս վիճակը ինձ մտատանջութիւն կը պատճառէ. բժիշկները թիֆօ կը կարծեն եղեր: Այսօր իրեն համար աղօթեցի: Տէրը երիտասարդութեանը ողորմի:
10 Նոյեմբեր

Պ.Մ ...ի թիֆօ ըլլալը բժիշկները հաստատեր են. շատ կը վախնամ։ Գիշեր ցերեկ մտքէս երբեք չելլեր, զգացած ցաւս ու սրտնեղութիւնս չեմ կրնար նկարագրել. գիշերները գրեթէ միշտ իր վրայ մտածելով անքուն կ՚անցնեմ:

19 Նոյեմբեր

Եղբայրս Պ. Մ...ի վիճակը շատ ծանր նկարագրեց. Աստուած իմ, պիտի խենթենամ. ա՜խ, ո՜ւր էր թէ քովը ըլլայի եւ ձեռքովս խնամէի զինքը: Բժիշկները դուրսէն այցելութիւններն արգիլեր են:

28 Նոյեմբեր

Այս երեկոյ հայրիկս Պ.Մ...ի ապաքինման լուրը բերելով աշխարհ իմս եղաւ. ուրախութենէս պիտի խենթենամ. արդեօք ե՞րբ պիտի տեսնեմ իր բարձր հասակը եւ անուշ աչքերը:

15 Դեկտեմբեր

Աստուա՜ծ իմ, Պ. Մ... ո՜րչափ փոխուեր է, նիհարութենէն աչքերը փոսը իջեր եւ խնձորիկները դուրս ցցուեր են: Այսօրուան այցելութենէս շատ գոհ մնաց, իսկ ես բոլորովին յուզեալ տուն դարձայ:

20 Դեկտեմբեր

Ջղային տագնապներս բաւական մեղմացան. վաղը անկողինէս պիտի ելլեմ:

1 Ցունուար 1877

Անցեալ տարի Կաղանդին ուրախ էի. նոր Գատըգիւղ եկած էինք. գիւղին օդը ողբացեալ քրոջս օգնելով ապաքինմանը մեծ յոյս ունէի:

Այլ աւա՜ղ, 1876 տարին ինձ համար սուգի եւ արտասուքի տարի մը եղաւ, ինչպէս նաեւ իր նախորդը. իցի՜ւ թէ այս տարին շնորհաւոր ըլլար ու դադրէին արտասուքներս: Բոլոր բարեկամներուս եւ համայն մարդկութեան երջանիկ ու բարեբաստիկ նոր տարի մը կը մաղթեմ։

Այսօր նոր տարւոյ առթիւ ազգականներէս ու բարեկամներէս իբր նուէր ստացայ Տօտէի Ճէքը։ Բօլ Ֆէվալի Կավոթը , Մոնսըլէի Մոռցուածները եւ Արհամարհեալները, եւ Մաքսիմ տիւ Գանի Անձնասպանի մը Յիշատակարանը ու բազմաթիւ խորհրդաւոր ծաղկանկարներ, Քրիսթմըսներ եւայլն։

Է․

5 Փետրուար

Պ․ Մ․․․ առաջին անգամ ըլլալով այսօր տունէն դուրս ելաւ․ պատուհանէն. գալը տեսնելով ուրախութեամբ դուռը վազեցի․ իր նախկին առողջութիւնը վերստացեր է։

Զիս տեսնելուն պէս՝ առաջին շարժումը անոյշ ժպիտ մը եղաւ, մին այն սիրատարփ ժպիտներէն որ մարդ կ՚զգլխեն։

— Առաջին այցելութիւնս քեզի կու տամ, ըսաւ, ձեռքս սեղմելով․ անշուշտ սրտիս մէջ առաջին տեղը դուն բռնած ես։

— Շատ ուրախ եմ, պատասխանեցի, ոչ միայն առաջին այցելութիւնդ ինձ տալուդ, այլ ցանկալի առողջութիւնդ վերստանալուդ համար։

— Զառանցանքներուս մէջ միշտ քեզմով զբաղելուս, մայրս զարմանքը կը յայտնէ․ մինեօն լուսանկարդ ժամացոյցի շղթայիս միտալիօնին մէջ տեսեր է, բայց ինծի բան մը չըսաւ։

— Հապա ե՜ս, վիճակդ մտաբերելով, օրերով անքուն անցուցի։

— Կը հաւատամ, եւ այդ գիտնալովս աւելի հոգ կ՚ընէի․ ինձմռվ ո՛ր աստիճան անհանգիստ ըլլալդ կը զգայի, բայց փա՜ռք Աստուծոյ, այսօր քեղ ողջագուրելու բարեբախտութիւնն ունեցայ։

Երկար գրկախառնութենէ մը վերջը մեկնեցաւ. սիրտս, կեանքս ու ամէն բան ինձմէ կորզելով իրեն հետ տարաւ։

24 Մարտ

Այսօր սիրելի քրոջս մահուան տարին բոլորեցաւ. անցեալ տարի ճիշդ այսօր հոգին աւանդեց. ո՜հ, այդ օրը ի՜նչ սեւ օր էր. այդպիսի օրեր երթան ու չգտան։

Ազգականներս ու բարեկամուհիներս այսօր զիս բաղնիք տանելով սուգէ հանեցին. տարի մը ամբողջ քրոջս յիշատակը սեւեր հագնելով պահեցի:

Միայն թէ իր նուիրական յիշատակը սրտիս փոթորիկներուն հետեւելով պղծեցի: Տէրը մեղք չհամարէ:

Յիշատակը օրհնեալ ըլլայ:

25 Մարտ

Դաշնակի աշակերտուհիս սուգէ ելլելուս համար, ինձ թաւշապատ եւ փղոսկրազարդ լուսանկարի ալպօմ մը նուիրեց. խիստ հռչակաւոր արուեստական գործ մըն է, որուն առաջին բաժանման մէջ զետեղած է իրենց ընտանեկան համախումբ մեծ լուսանկարը:

15 Մայիս

Երեկոյին, աշակերտուհիիս եւ եղբօրս հետ Մէօհիւրտարի պարտէզը շրջագայեցանք. ծովը, երկինքը ու մերկ բնութիւնը դիտելով չէի կշտանար:

Պ. Մ... պատահելով մեզ բարեւեց. փոխադարձաբար զինքը բարեւեցինք. աշակերտուհիս մէկէն ի մէկ կարմրեցաւ եւ խօսակցութիւնը իսկոյն ընդհատեց. դէմքին այլափոխութիւնը սրտին յուզումը կը մատնէր: Իր այս տարօրինակ եւ առանց պատճառի յուզուիլը ինձ զարմանք պատճառեց։

— Ի՞նչ եղար, ըսի: — Ո՜հ, ոչինչ, բան մը չունիմ, պատասխանեց վրդովեալ ձայով մը:

— Չէ, անշուշտ բան մը ունիս եւ ինձմէ կը ծածկես, ըսի:

— Վերջը կը պատմեմ, ըսաւ գլխովը եղբայրս ցուցնելով եւ ստորին շրթունքը խածնելով. աս կը նշանակէր.— եղբայրդ չեմ ուզեր որ լսէ, երբ առանձին ըլլանք, կը պատմեմ:

Աշակերտուհիիս այս զգուշական վարմունքը զարմանքէ աւելի հետաքրքրութիւնս շարժեց:

Այս դէպքին վրայ, առանց ակնարկութիւն մը ընելու, ժամերով պտտեցանք:

Գիշերը քունս չտարաւ. կասկած մը միտքս կը չարչրկէր. երբեմն կասկածիս անտեղի եւ անհեթեթ ըլլալը կ՚զգայի, եւ կ՚ուզէի մտքէս վանել, բայց յամառաբար նորէն կը ներկայանար:

16 Մայիս

Այսօր դասախօսելու համար աշակերտուհիիս հետ առանձինն մնալով, երէկուան դէպքին վրայ խօսք բացի, ըսելով.

— Երէկուան յուզումդ անշուշտ շատ մեծ գաղտնի պատճառ մը ունենալու է:

— Այո՛, ազնիւ բարեկամուհիս, ըսաւ, սրտի խոստովանանք մը՝ որ ձեզ նման մտերիմ ու սրտակից բարեկամուհիի մը միայն կրնամ հաղորդել։

Կասկածս վերստին ծնաւ. բան մր կռահել չտալու համար, անտարբեր ձեւանալով ըսի.

— Հետաքրքրութեամբ պիտի լսեմ:

— Թէեւ շատոնց կ՚ուզէի խօսքը ձեզի բանալ, սակայն կը քաշուէի․ դիպուածին շնորհիւ մասամբ իմացաք գաղտնիքը։

— Ես բան մը չեմ գիտեր, պատասխանեց, յուզումս եւ անհամբերութիւնս ծածկել ջանալով։

— Կը կարծէի թէ քիչ մը հասկցած էք. լաւ, ուրեմն, ինձ կը թուի թէ ձեզ պատմելովս, սրտիս վրայԷն մեծ բեռ մը պիտի վերնայ. չգիտեմ ի՜նչ զարմանալի զգացում մըն է ան, որ զիս կը մղէ շատերէն գաղտնի պահել ուզած մէկ բանս քեզի յայտնելու։

— Է՜հ, բնական է ատ, մարդ չկայ, որ գաղտնիք մը, այն ալ սրտի գաղտնիք մը ունենայ եւ ուրիշի մը հաղորդել չուզէ:

— կարծեմ թէ մտերիմ ու սրտակից բարեկամուհի մը ունենալը այս պարագային մեծ բարեբախտութիւն մըն է:

— Անտարակոյս, պատասխանեցի:

Համբերութիւնս կ՚սպառէր։

Խորին հառաչ մը արձակելով ըսաւ.

— Ա՛խ, սիրելիս, կը սիրեմ զինքը, յիմարի մը պէս կը սիրեմ:

— Ո՞վ, հարցուցի զարմացմամբ:

— Պ. Մ...ը, պատասխանեց, արտասուքի երկու կաթիլներ այտերէն վար հոսեցնելով։

Նոյն պահուն կարծես վրաս կուժ մը պաղ ջուր թափեցին. ո՜հ, այդ բառը, այդ անո՛ւնը...: Ելեքտրական ցնցումի նման վայրկենապէս ամբողջ մարմինիս մէջ շրջան ըրաւ:

Վրաս ջղային սարսուռ մը գալով նուաղեցայ։

Քիչ մը վերջը նուաղումս անցաւ:

Աշակերտուհիս գունաթափ եղած էր:

— Զիս շատ վախցուցիք, ինչո՞ւ այդպէս եղաք, հարցուց սրտադողով մը։

Ինքզինքս ժողուելով պատասխանեցի.

— Այս օրերս ջիղերս շատ գրգռուած են. մերթ ընդ մերթ այսպիսի տագնապներ կ՚ունենամ. տուշէն բաւական օգտուած էի, երէկ արդէն ինքզինքս տկար կ՚զգայի, այսօր հետեւանքը կրեցի: Ըսածիս համոզուեցաւ․ տուշ ընելս գիտէր եւ կանխաւ պատճառը հարցուցած էր։

Ներքին յուզումս իրմէ ծածկելով ամէն բան իմանալ ուզեցի:

Լսածիս հաւատալս չէր գար:

Կասկածս հաստատելու համար, հարցուցի․

— Ան ալ քեզ կը սիրէ՞:

— Խենթի պէս:

— Ե՞րբ սկսաք զիրար սիրել:

— Տասը ամիս եղաւ:

— Ճիշտ տասը՞ ամիս է որ զիրար սիրել սկսած էք, ըսի․զարմանքս չկրնալով ծածկել։

— Այո՛, տասը ամիս առաջ իրարու բացուեցանք, ըսաւ:

Ու խանդավառ ժպիտով մը աւելցուց, թէ ժպիտ մը որ թունալից նետի մը պէս սրտիս մինչեւ խորերը մխուեցաւ․․․։

— Ինչպէ՛ս, ընտրութինս լաւ չէ՞, շատ գեղեցիկ երիտասարդ մըն է:

Չպատասխանեցի, եւ ի՞նչպէս կրնայի պատասխանել․ զինքը հաստատելու համար․ բոլոր սէրս, ամբողջ կեանքս ոտնակոխելու էի:

Լռութիւնս զգացնել չտալու եւ կասկածս աւելի հաստատելու համար, անմիջապէս հարցուցի.

— Իրարու յիշատակ մը, սիրոյ կապ մր նուիրա՞ծ էք։

— Անշո՛ւշտ, տեսէք սա լուսանկարը, կը ճանչնա՞ք զինքը․․․։

Վերջին խօսքը կատակաբար արտասանելով ոսկի միտալիօն մը ներկայացուց:

Ա՜հ, Աստուած իմ, տեսածս արդեօք երազ մը չէ՞...: Ինձ նուիրած լուսանկարին նման իր մինեօն լուսանկարն է։

Ա՛լ չկրցի ինքզինքս զսպել. ինձ տուածն ալ իրեն ցուցնելով ըսի. — Դուն ալ աս կը ճանչնա՞ս:

Երբ միտալիօնիս մէջի մինեօն լուսանկարը տեսաւ, սոսկալի ճիչ մը արձակելով գոչեց.

— Աստուա՜ծ իմ...:

Ու սկսայ մի առ մի իրեն պատմել, իմ ու Մ...ի միջեւ անցած բոլոր սիրային դէպքերը:

Զարմացաւ, բայց տակաւին չէր հաւատար:

Պատահմամբ իր վերջին նամակներէն մին քովս էր. անմիջապէս յիշելով իրեն ցուցուցի։

— Այս գիրը կը ճանչնա՞ս...:

— Ո՜հ , ճիշդ անոր գիրն է, գոչեց, դէմքը մարմարիոնի նման ճերմկնալով։

Եւ աճապարանօք գրասեղանին դարակէն նամակ մը հանելով ըսաւ.

— Միեւնոյն յուզումները, միեւնոյն սէրը արտայայտող իր մէկ գիրն է աս:

Արդարեւ միեւնոյն սէրը միեւնոյն ժամանակ աշակերտուհիիս ալ ուխտած է:

Ալ մեր մէջ գաղտնիք չմնաց. վատին բոլոր կեղծիքները, բոլոր խորամանկութիւնները պարզուեցան:

Անշուշտ մեր երկուքէն մին ճշմարտապէս կը սիրէ, եւ ո՞վ է ան, ե՞ս թէ աշակերտուհիս...: Բայց ինչո՞ւ անշուշտ կ՚ըսեմ. չի կրնա՞ր ըլլալ որ անոր նման ցածհոգի եւ կեղծաւոր մարդը եւ ո՛չ մէկերնիս ալ ճշմարտապէս չսիրէ...: Այս վերջին ենթադրութիւնս աւելի հաւանական, աւելի ճշմարտանման է...:

Այնքան երկիւղածութեամբ, այնքան եռանդով պաշտած սէրս, այս տեսարանէն վերջը, ծայրայեղ ատելութեան փոխուեցաւ. վրէ՜ժ, սոսկալի վրէժ մը լուծել կ՚ուզեմ։ Նոյն ատելութիւնը ունեցաւ նաեւ աշակերտուհիս:

Աշակերտուհիիս հետ երկար բարակ խորհելէ վերջը, որոշեցինք անոր մէյմէկ նամակ գրելով վաղուան համար Մէօհիւրտարի պարտէզը ժամադրութիւն մը տալ: Այս պարտէզը, առաւօտները, մանաւանդ լուր օրեր բոլորովին ամայի ըլլալուն, մեր նպատակին ամենէն լաւ կը յարմարէր:

Ը.

17 Մայիս

Երէկ գիշեր, սրտիս նեղութենէն, աչքս քուն չմտաւ:

Այս առաւօտ աշակերտուհիիս տունը երթալով որոշած նամակնիս գրեցինք, միայն իմ ստորագրելս յարմար դատեցի, որպէս զի կասկածի տեղի չտամ:

Ժամադրութիւնը ժամը երկուքին որոշած էի:

Ժամը մէկին մեր ծնողքներէն գաղտնի մեկնեցանք. աշակերտուհիս անկիւն մը ծառին ետին պահուըտեցաւ:

Իսկ ես ծառին տակ սեղանի մը առջեւ նստայ, սիրտս սաստիկ կը բաբախէր եւ քանի՛ անոր վատ վարմունքը միտքս կ՚իյնար, ձեռքս ու ոտքս դող կ'ելլէր:

Ժամը երկուքին տասը մնացած, Մ... պարտէզին դռնէն ներս մտաւ, ու զիս տեսնելով, ուրախ իմ կողմս դիմեց.

Կամացուկ մը ընկերուհիիս ըսի.

— Վատը եկաւ, պատրաստ կեցիր:

Կոտրտուելով մը մօտեցաւ եւ իր կեղծ շաղակրատութիւնը ձեոք առաւ:

— Այս ինչ բարեբախտութիւն է. շիտակը այս բացառիկ շնորհը չէի յուսար...:

Դեռ խօսքը չաւարտած, աշակերտուհիս երեւան ելաւ:

Երբ զայն տեսաւ, դեղնեցաւ եւ ետ ետ երթալով ըսաւ.

— Դուն ալ հո՜ս...: — Վա՜տ շուն, ըսինք, երկուքնիս մէկ բերան, եւ երեսը թքնելով, պարտէզէն մեկնեցանք:

Կեցած տեղը արձանացած մնաց:

Պարտէզին դռնէն արհամարհանքի վերջին ակնարկ մըն ալ ձգելով տուն դարձանք:

Այսպէս լուծեցինք մեր վրէժը:

Երկուքնիս ալ գոհ մնացինք:

Երեկոյին, նախատալից եւ արհամարհոտ նամակ մը գրելով երկուքնիս ալ ստորագրեցինք, մեզի տուած սիրային յիշատակները սոյն գիրին կցելով իրեն վերադարձուցինք:

Ահա այսպէս վերջացաւ ինձ երջանկութիւն եւ ապագայ խոստացող սէր մը:

Կը խորհիմ թէ աշխարհիս վրայ նմանօրինակ վատութիւն մը, նմանօրինակ հրէշային զեղծում մը արդեօք գործուա՞ծ է...: Մաքուր եւ անկեղծ սէր մը խաղալիկ ընել, կոյս ու անարատ սիրտ մը ցեխերու մէջ թաթխել... ի՜նչ անազնուութիւն, ի՜նչ վատութիւն եւ ի՜նչ ցածոգիութիւն...:

Լոկ ժամանց մը ունենալու, վայրկենական եւ գազանական հաճոյք մը վայելելու համար, մեր երկուքին պատիւը իր աղտոտ ձեռքերուն մէջ առած, երկար ատեն մեզ խաբեց. ի՜նչ սրիկայական սիրաբանութիւն, ի՜նչ անգթութի՜ւն...:

Կեղծիք, խաբեբայութիւն, վատութիւն, անխղճութիւն կը տեսնես չորս կողմդ:

Արժանապատուութիւն եւ պատւոյ նախանձախնդրութիւն չեղած տեղ մը մարդ հազիւ իրաւունք ունի ապրելու: Եւրոպական բարքերուն եւ կենցաղավարութեան միայն արտաքին ձեւը (Ֆօրմ) կապկաբար ընդօրինակած ենք, ան ալ իրար խաբելու, իրարու աչք շլացնելու համար, եւ ընդհակառակը հիմը (Ֆօն) անտեսած ենք: Այս պատճառաւ հաւասար կը պատուենք ու կը յարգենք վատն ու ազնիւը, խղճամիտն ու անխիղճը, արժանաւորն ու անարժանը, ուղղամիտն ու խաբեբան, բարեսիրտն ու չարասիրտը, տգէտն ու գիտունը, եւայլն. իրենց արժանիքնուն համաձայն չենք վարուիր, յարգելու մարդը կ՚ատենք եւ ատելու մարդը կը սիրենք:

4 Յուլիս

Աշակերտուհիս դաշնակի մէջ շատ յառաջադիմեց. մեր սրտերը խոցող այն դժբախտ օրէն ի վեր ամենաջերմ մտերմութիւն մը հաստատեցինք:

Այսօր մոռցուած հին բարեկամուհիի մը այցելութիւնը վայելեցի. իրեն հետ Հօմ-Սքուլին մէջ դասակից էինք. վեց տարիէն աւելի կայ որ իր վրայ լուր մը առած չէի, յանկարծ երեւան ելաւ:

Բժիշկի մը հետ ամուսնանալով Ամերիկա գացեր է, եւ այժմ Պոլիս մնալու փափաք ունի:

Ամուսինը Տօքթ. Տ...եան խիստ նրբացած եւ զուարճախօս մէկն է. կատարեալ եանքի մը որ բոլորովին կորսնցուցեր է իր գաւառացիի յատկութիւնը:

Բայց քիչ մը պարծենցող երեւցաւ ինձ։

Իրենց այցելութենէն շատ գոհ մնալով լաւ ընդունելութիւն մը ըրի: Երկու փոքրիկ մանչ զաւակները հրեշտակներու կը նմանէին, այնչափ սիրուն, այնչափ քնքշիկ որ համբուրելով չէի կշտանար:

Արդեօք Աստուած ինձ պիտի պարգեւէ՞ ասոնց նման գանձ մը...:

26 Սեպտեմբեր

Հայրս այս գիշեր սեղանին վրայ ամուսնութեան կարեւորութիւնը եւ անհրաժեշտութիւնը թուելով՝ իր ծերութիւնը, գալիք բնական մահը եւ մեռնելէն վերջը այս փորձանաւոր աշխարհիս մէջ անպաշտպան մնալս ինձ յիշեցուց:

— Աղջի՛կս, ըսաւ հայրս, վերջին պարտականութիւնս է քեզ պաշտպանի մը ապահով ձեռքերուն յանձնել. իմ մեռնելէս վերջ չեմ ուզեր որ որբ եւ անօգնական մնաս. ուրեմն, քանի որ յարմար ժամանակն է եւ մանաւանդ ձեռքդ խնդրող մը ներկայացած է, խոստացիր որ զիս չմերժելով այդ անձին հետ ամուսնանաս։

— Սիրելի՛ հայր, պատասխանեցի, այս յայտնութենէն շատ յուզուած, մինչեւ այսօր կամքդ միշտ յարգեցի. ինձ արժանի տեսածդ միթէ կրնա՞մ մերժել...:

— Օրհնեա՜լ ըլլաս, աղջիկս, այս կիրակի աղջիկտես պիտի գան. բոլորովին կամքիդ հակառակ վարուիլ չեմ ուզեր. ազատ ես, եթէ հաւանութիւնդ տաս՝ կը վերջացնենք:

— Լաւ կ՚ըլլայ, ըսի եւ զիս խնդրողին անունը եւ արհեստը հարցուցի։

— Պէշիկթաշ կը բնակի, պատասխանեց հայրս՝ կաշիի վաճառական Գ. Ս...եան, բաւական զարգացած երիտասարդ մը՝ որ ճաշակիդ լաւ կր յարմարի:

Գիշերը անկողինիս մէջ, ամուսնանալու համար աղջիկտեսի հին՝ այլ ամենէն պարզ եւ գործնական եղանակին վրայ խորհելով զայն սիրա-վիպային կամ իտէալական ամուսնութեանց հետ կը բաղդատէի..., եւ առաջինը աւելի յուսալից ու աւելի հաստատուն կը գտնէի։

Եւ մեր մէջ մինչեւ հիմա ամուսնացողներէն շատերը միթէ այդ գործնական վաղեմի միջոցին դիմած չե՞ն, անոնցմէ ո՞րը ապերջանիկ եղած է, եւ քանիներ կրնա՞ն համրուիլ որոնց միութեան կապը վիպային կամ իտէալական սէրն եղած է...:

Ուրեմն, ինքզինքս ամենայն սիրով աղջիկտեսի բոլոր պատահականութեանց պիտի պատրաստեմ:

1 Հոկտեմբեր

Այս կիրակի, Գ. Ս...եան իր մօր հետ աղջիկտեսի եկաւ։ Ամենէն ճաշակաւոր շրջազգեստը հագնելով ըստ սովորութեան ձեռքերովս սուրճ եւ անուշ հրամցուցի. սուրճին գաւաթը առած միջոցիս քաղաքավարի ջուր մը խնդրեց:

Ջուրը հրամցնելով հեռացայ։

Քիչ վերջը իրենք ալ մեկնեցան:

Անոնց մեկնելէն վերջը հայրս եւ ես մինակ մնալով, հայրս հարցուց.

— Ի՞նչպէս գտար, հաճելի չէ՞...:

— Ինծի հաճելի ըլլալը ի՞նչ օգուտ ունի, քանի որ ինքը զիս չհաւնեցաւ, ըսի տխուր շեշտով մը։

— Կր սխալիս, ըսաւ հայրս զարմանալով։

— Է՜հ, եթէ հաւնած ըլլար, իբր խօսք-կապ մատանի մը կու տար:

— Անգէտ աղջիկ մատանին նշանատութիւն եւայլն վերջէն ըլլալիք բաներ են. մեր սովորութեանց մէջ հաւանութեան նշանը տարբեր է, դուն միայն եւրոպական սովորութիւնները կարդացեր ես ու գիտես: Քեզմէ ջուր մը չուզե՞ց...։

— Այո ուզեց։

— Ահա մեր մէջ հաւանութեան նշանը ատ է, ըսաւ հայրս, միամտութեանս վրայ ծիծաղելով։

— Ի՜ևչ տարօրինակ սովորութիւն, պատասխանեցի իր բացատրութենէն ուրախ. շէնք շնորհք երիտասարդ մըն է, ընթերցասէր կ՚երեւի։

— Այո՛, առաջ դասատու է եղեր, հիմա նոր գործէն լաւ կր շահի:

— Ուրեմն, ըսի, ձեռքը չպիտի մերժեմ. Աստուծոյ կամքը ինչ որ է՝ ան թող ըլլայ:

— Թէեւ հաւանութիւնը տուաւ, սակայն տեսնենք դրամօժիտի խնդիրը ի՞նչ պիտի ընենք, բուն դժուարութիւնը հոտ է, սիրելի աղջիկս, ա՜խ եթէ ունենայի, քեզ երջանիկ ընելու համար հազարներով պիտի տայի, ինչպէս որ կրթութեանդ համար չխնայեցի: Բայց, ափս՜ոս, մայրիկիդ ու քրոջդ հիւնդութիւնները եւ հրդեհը զիս փճացուցին։

— Պատուական հայր, երբեք դժգոհ չպիտի ըլլամ, ճակատագրիս առջեւ. անտրտունջ պիտի խոնարհիմ. եթէ ամէն բան կարգադրելով «ձեռքդ տուր» ըսես, պիտի տամ. հակառակ պարագային՝ առանց ցաւելու. սեւ բախտիս պիտի համակերպիմ, ըսի, խեղճ հայրս մեղքնալով:

16 Հոկտեմբեր

Գործնական եղանակով ամուսնանալու յոյսս ալ ջուրը ինկաւ:

Աստուա՜ծ իմ, այս ո՛րչափ տառապանք եւ սիրտմաշուք է որ կու տաս ինձ. երիտասարդական ծաղիկ հասակիս մէջ եւ կեանքի գարունը չվայելած, գրեթէ պառաւցայ:

Ձեռքս խնդրող Գ. Ս...եանը 500 ոսկի դրամօժիտ պահանջեր է. հայրս որչափ որ պարտք ընելով 100 ոսկի կանխավճար մը ընել եւ մնացածն ալ տարին 50 ոսկի վճարելով գոցել խոստացեր է, սակայն չէ ընդուներ: Շահամոլ եւ անձուկ մտքի տէր, հոգիի ազնուութիւն չունի եղեր...:

Ա՜խ, այս անիծեալ դրամօժիտը... ինձ նման քանի՜ ծաղիկ կեանքեր արդեօք ցուրտ գերեզման առաջնորդեր է...:

Միթէ ժամանակիս երիտասարդութեան համար ստացած լաւ եւ լուրջ կրթութիւնս մեծ դրամօժիտ մը չէ՞... տան մը բարոյական եւ նիւթական հիմը միթէ կնոջ մը դաստիարակութենէն կախեալ չէ՞:

Չեմ ըսեր թէ դրամականն ալ մեծ տեղ մը չի բռներ, բայց քիչ շատ կարողութիւն ունեցող երիտասարդներ, ինչպէս Գ. Ս...եանը, կնոջ մը բարոյական արժանիքը նախապատուելու չե՞ն...:

Այս ընթացքով' ամուսնանալու երբեք յոյս ունենալով չեմ. Միակ գործնական ճամբայ մը մնացած է, ան ալ իմ գործիս չի գար, այսինքն պարզ արհեստաւորի մը հետ ամուսնանալ: Իմ ճաշակս, կրթութիւնս, զարգացած ու նրբացած դաստիարակութիւնս երբեք չեն համաձայնիր արհեստաւոր դասու կարգին պատկանող եւ միջակ կրթութիւն ստացող երիտասարդի մը հետ. անհաւասար եւ աններդաշնակ կենակցութեան մը մէջ հաճոյք եւ երջանկութիւն փնտռելը յիմարութիւն է, եւ այդ կեանքը նահատակութիւն մը...:

20 Նոյեմբեր

Նախկին դասընկերուհիս, Տիկին Տօքթ. Տ...եան, այսօր այցելութեան գալով եւ ամուսնութեանս անյաջողութիւնը լսելով շատ ցաւեցաւ:

Մեր ապրած միջավայրէն ինքն ալ դժգոհ է. ի մօտոյ ամուսինին հետ Ամերիկա վերադառնալ կը փափաքի:

Ամուսինը փոքր Ասիոյ կողմերը պտոյտ մր ընելէն վերջը պիտի դառնայ. ամուսնոյն բացակայութեանը. աւելի յաճախ այցելութիւններ տալ խոստանալով մեկնեցաւ:

6 Յունուար

Երէկ Բերա ելայ, Տէր եւ Տիկէն Տօքթ. Ս...եանի այցելութիւն մը տալու համար:

Գիշերը հոն մնացի:

Սովորական այցելութիւն մը չէր. Տօքթէօրին ողջերթ պիտի մաղթէի, ինչպէս որ մտադիր էր Փոքր-Ասիոյ կողմերը պտոյտ մը կատարել, մեկնեցաւ:

Գիշերը ընդ երկար խօսեցանք. խօսքը ապագայիս վրայ դառնալով Տիկին Տ...եան ըսաւ.

— Ամուսինս իր ճամբորդութեան մէջ ծովեզերեայ եւ ներքին մեծ քաղաքներ այցելելու մտադիր է. միտքս բան մը ինկաւ, գաւառացիներուն մէջ հիմա քիչ շատ զարգացած եւ կարողութեան տէր անձեր պակաս չեն. վաճառականներէն զատ՝ փաստաբաններ եւ բժիշկներ ալ կը գտնուին. եթէ անոնց մէջէն ամուսնանալ ուզող աղէկ մէկուն յանձնարարէ՝ լաւ կ՚ըլլայ, ճաշակիդ եւ գաղափարիդ համաձայն ամուսին մը ունեցած կ՚ըլլաս եւ բարձր դաստիարակութեամբդ տեղւոյն իգական սեռին, հետեւաբար բոլոր ազգայիններուն օգտակար ծառայութիւններ կրնաս մատուցանել, ինչ որ արդէն փափաքդ է, ինչ որ քեզ հաճելի պիտի թուի:

— Ի՞նչ կ՚ըսէք, կարելի բան է՞ ըսի, իր այս տարօրինակ գիւտին վրայ ծիծաղելով։

— Մի՛ ծիծաղիր, ըսածիս մէջ անկարելի բան մը չկայ, ամենէն պարզ եւ ամենէն գործնական միջոցն է: Ինչո՞ւ կը զարմանաս. երկու տարի առաջ օրիորդ Խ... միթէ գաւառացի վաճառականի մը հետ ամուսնանալով մօտակայ քաղաք մը չգնա՞ց... ես այն ատեն լրագիրներէն տեղեկացայ եւ ջատագովեցի իր այս գործնական ընթացքը։ Քեզ նման նէ ալ միեւնոյն բարձր դաստիարակութիւնը եւ կրթութիւնը ստացած է, եւ հիմա բարեկամուհիններուն գրած նամակներէն կ՚իմանամ թէ իր վիճակէն շատ գոհ է եղեր...:

— Թերեւս ճաշակիս համաձայն մէկը չի պատահիր. այն ատեն ամուսնութիւնը ինձ յաւիտենական տանջանք մը պիտի ըլլայ. ես աւելի կ՚ընտրեմ դաշնակի դասեր տալով ապրիլ. քան թէ սրտիս ու կամքիս հակառակ մէկու մը հետ ամուսնանալով սեւ օրեր ան- ցնել։

— Սխալ կը խորհիս. եթէ երբեք ճաշակիդ չյարմարի՝ կրնաս մերժել, քեզ բռնի տուող չկայ, մանաւանդ որ ամուսինս քեզ անարժան մարդու չի յանձնարարեր:

— Շիտակը, ես իմ վրաս մտածելու կարողութիւն չունիմ, ներսս այնչափ ատելութեամբ ու արհամարհանքով լեցուած է որ ասանկ կեղծաւոր ու շահախնդիր, միջավայրի մը մէջ ապրել իսկ չեմ ուզեր․․․։

— Այստեղի համար ըսածդ ճշմարիտ է, բայց գաւառներու համար խնդիրը կը տարբերի․ հոն այնչափ կեղծիք չկայ, իրենց սրտին պէս պարզ կեանք մը կը վարեն։

— Ես անոր լաւ փեսացու մը կը գտնեմ, ըսաւ. Տօքթէօրը միջամտելով։

— Այո՛, այո՛, յարմար ամուսին մը գտիր․ բայց քիչ մը գեղեցիկ եւ կրթեալ երիտասարդ մը ըլլայ, ըսաւ բարեկամուհիս, երեսիս կատակաբար թեթեւ ապտակ մը զարնելով։ Եւ իսկոյն յարեց․

— Այնպէս չէ՞։

— Դուք գիտէք, անշուշտ ինձ գէշ չէք կամենար․ ըսի տխուր շեշտով մը։

— Քեզի միշտ կը գրեմ եւ կարծիքդ կ՚առնեմ, ըսաւ Տօքթէօրը։

— Շնորհակալութիւնս կը յայտնեմ, ըսի։

Վերջապէս երէկ գիշեր այս որոշումը տալով, առաւօտուն զինքը շոգենաւ դրինք։ Սեւ ծովով պիտի ճամբորդէ, Տէրը հետը ըլլայ։

12 Յուլիս

Ս․․․եան էֆ․ մէկ քանի օրէ ի վեր տկար էր․ այսօր Տօքթ․ Սարէլ եւ Տօքթ․ Մաթէոսեան վերաբուժական գործողութիւն մը կատարելով ոտքին ոսկորէն փտտած մաս մը հանեցին։ Գործողութեան ես ալ ներկայ գտնուեցայ։

Պէյքօզ բնակող իրենց ազգականներէն Տէր եւ Տիկին Փ․․․եան նոյնպէս ներկայ էին․ այս երկու ազնիւ ընտանիքները ինձ միշտ ցաւակից եղած են։

Հիւանդ մը խնամելու մէջ ունեցած փորձառութիւնս գիտնալով՝ աղաչեցին որ էֆէնտիին հիւանդապահի պաշտօնը ես կատարեմ, բժիշկներն ալ նոյնը խնդրեցին. չկրցի մերժել․ պարապ ժամերուս միշտ իր քով պիտի գտնուիմ, Տէրը յաջողէ ։

Այս ազնիւ գերդաստանը իմ նեղ օրերուս զիս միշտ մխիթարած է. թէ՛ երախտագիտական փոխադարձ պարտականութիւն մը եւ թէ մարդասիրական գործ մը կատարելու համար յանձն առի։

21 Յուլիս

Ս․․․եան էֆէնտիին վէրքերը գոցուելու եւ առողջութիւնը վերստանալու վրայ է․ շատ ուրախ եմ. Աստուած մի՜ արասցէ , խեղճ մարդուն եթէ վնաս մը գար, երեք փոքրիկ զաւակներ իր մանկամարդ կնոջ հետ թշուառ պիտի ըլլային․ գրեթէ միշտ աղօթքներուս մէջ զինքը կը յիշեմ։

Ցերեկները իր քով վէպ մը, բանաստեղծութիւն մը կարդալով ժամանակ կ՚անցնեմ․ ինքն ալ գրասէր է եւ այս կարգի գրուածքներէ մեծ հաճոյք կ՚զգայ ։

15 Օգոստոս

Այսօր Գ․․․ քաղաքէն տօքթ․ Տ․․.եանէ նամակ մը ստացայ․ իր խոստմանը վրայ հաւատարիմ մնալով, ինձ յարմար եւ արժանի ընտրելի մը գտած ըլլալը կ՚իմացնէ, այսպէս վերջացնելով գիրը․

«Ուրեմն, սիրելիս, այս թռչունը ձեռքէ չփախցնես, Պոլսոյ մէջ փնտռած ու չգտածդ է. արուեստով, մտքով, սրտով, հոգւով եւ եթէ կ՚ուզես, հասակով բարձր երիտասարդ մըն է ․․․։

Այնչափ ազնիւ է որ եթէ հասուն աղջիկ մը ունենայի՝ իրեն կու տայի․ չմոռնամ յիշելու թէ իր բժիշկի բարձր արուեստէն եւ գիտնականի համբաւէն զատ, գրագէտ մըն ալ է․․․։»

«Քեզի ուղղեալ նամակ մը յանձնեցի իրեն․ կը ներես որ կանխաւ իրեն կարդացի․ դուն երբեք գիտցած մի՛ ըլլար, որովհետեւ քեզ բացէն գրելս չի գիտեր։ «Եթէ յաջողիս, բախտաւորութիւնդ զարմանալի զուգադիպութեան մը կը պարտիս։ Մէկ քանի անգամ իրեն հետ տեսակցելէ վերջը, թէ՛ ամուսնանալու եւ թէ հիւանդ մայրը տեսնելու համար Պոլիս իջնել ուզելը ինձ իմացնելով, խնդրեց որ մինչեւ վերադարձը իր պաշտօնին փոխանորդեմ․ այսինքն ապօնէներուն նայիմ։ Իր առաջարկը սիրով յանձն առի, եւ միեւնոյն ատեն քու խօսքդ բացի․ հարկ չկայ ըսելու թէ երկար բարակ բարեմասնութիւններդ յիշելով՝ շատ գոհ մնաց։

Վաղը տեղէս ճամբայ պիտի ելլէ, սուրհանդակը իրմէ քանի մը օր առաջ կը հասնի․ հետեւաբար սոյն գիրս ստանալէդ երկու շաբաթ վերջը, հազիւ կրնայ քեզ տեսնելու գալ։ Քեզ նայիմ, լաւ որս մըն է, գնդակդ մի՛ վրիպեցներ․ իր այցելութիւնը գաղտնի եւ ծածուկ աղջիկտես մը ըսել է․․․։

Արդիւնքը շուտով գրէ ինձ։

Ուժգին սեղմելով ձեռքդ եւ կատարեալ յաջողութիւն մաղթելով։»

«կը մնամ եւայլն ․․․»

Կեանքիս էն գերագոյն վայրկեաններէն մին պիտի ըլլայ այն օրը եւ թերեւս վերջինը․․․ երջանկութիւնս կամ ապերջանկութիւնս իր կամքէն կախեալ է․․․։

Ինձ ներկայանալիք բժիշկը Բ.․․եանն է, անուամբ շատ ծանօթ եւ համակրելի մէկը․ իր գրութիւնները եւ առողջաբանական հրատարակութիւնները մեծ ախորժով կարդացած եմ. ազնիւ հոգի մը, բարի սիրտ մը ունենալը իր գրիչէն յայտնի է։

Այս առթիւ թէ՛ ուրախ եւ թէ տրտում եմ․ ուրախ՝ վասն զի բարեկամիս նկարագրածին պէս ինձ յարմարագոյն տիպար ամուսին մը կրնայ ըլլալ. տխուր՝ վասն զի կը վախնամ թէ կամ զիս չի հաւնիր եւ կամ ոեւէ առարկութիւն կ՚ունենայ...։ Այս մտորումներով սիրտս դողի մէջ է եւ միշտ կասկածոտ եմ. ո՜հ, եթէ դրամօժիտի խնդիրը դարձեալ յուզուի, պիտի խենթենամ... զգացած ցաւէս պիտի մեռնիմ:

Վերջապէս ինձ համար այն օրը մահու եւ կենաց խնդիր մը պիտի ըլլայ...:

20 Օգոստոս

Ս...եան էֆ.ի ոտքին վէրքը թէեւ անցաւ, սակայն անկից քիչ մը վար նոր ուռեցք մը գոյացաւ: Բժիշկները այսօր գործողութիւն մը եւս կատարեցին. Տօքթ. Գամպուրօղլուն, այդ ճարտար եւ փորձառու վիրաբոյժը ըրաւ գործողութինը:

Բոլոր բժիշկները կը վստահեցնեն թէ ուրիշ գործողութեան մը հարկ չպիտի մնայ. խեզճ մարդը որչափ տառապեցաւ:

22 Օգոստոս

Գ... քաղաքէն Տօքթ. Տ...եան բարեկամէս այսօր նամակ մը եւս ստացայ: Նամակին նիւթը դարձեալ մեծ մասամբ ինձ ներկայանալիք երիտասարդին վրայ էր. այսպէս կ՚սկսէր.

«Սիրելիս, առաջին նամակս գրելէս վերջը, Տօքթ. Բ...եանի վրայ տեղեկութիւններ հաւաքեցի. բոլոր քաղաքացիք զինքը կը գովեն. իր արուեստին մէջ յաջողակ ըլլալէն զատ, շատ բարեսիրտ եւ աղքատասէր է եղեր: Այս պարագան մասնաւորապէս ուշադրութեանդ կը յանձնեմ, որպէս զի դրամօժիտի խնդիր ծագած ժամանակ, ուղղակի սրտին դիմես. չեմ կարծեր թէ պնդէ. իր փնտռածն ալ քեզ նման կրթեալ եւ տնտեսող աղջիկ մըն է:

Այս վերջին տեղեկութիւնները ինձ մեծ յոյս կու տան, հայրիկս զիս բոլորովին վստահացուց։

— Աղջիկս, դուն հոգ մի՛ ըներ, ըսաւ, ես ինքզինքս կը ծախեմ, զայն գոհ ընելու համար. դուն այդ Հոգը իմ վրաս ձգէ. անձամբ զինքը չեմ ճանչնար, բայց իր գրիչը ինձ ծանօթ է. անշուշտ իրարու ըսածնիս լաւ պիտի հասկնանք։

— Ո՛հ, հայրիկ, եթէ այս անգամ ալ չյաջողինք, ինքզինքս պիտի կախեմ. չեմ ուզեր որ թշնամիներս վրաս խնդան. քաշածս ա՛լ բաւական է...:

— Անհոգ եղիր. այդ յաջողութիւնը ինձմէ սպասէ, ըսաւ խեղճ հայրս յուզուելով:

— Արդեօք Պոլիս հասեր է՞, լուր մը առի՞ր, հարցուցի:

— Դեռ չէ հասեր. շատերուն հարցուցի, բնիկ Պոլսեցի ըլլալով մայր մը, եղբայրներ, քոյրեր, քեռորդիներ, ինչպէս նաեւ երկու խանութ եւ Սամաթիա տուն մը ունի եղեր:

Անհամբերութեամբ գալուն կ՚սպասեմ:

Ժ.

1 Սեպտեմբեր

Վերջապէս այնքան անhամբերութեամբ սպասած hիւրս այսօր եկաւ. երբեք չէի յուսար թէ ասանկ լուր օր մր կ՚այցելէ։

Ս...եան էֆ.ի քովն էի, երբ սպասուհիս եկաւ իմացնել Տօքթ. Բ...եանի այցելութիւնը. անմիջապէս ցատկեցի. կեանքիս մէջ այսօրուան չափ յուզուած չեմ. տիկին Ս...եան, որուն խնդիրը բացած էի, սրտանց յաջողութեանս համար կ՚աղօթէր:

Հագուստներս փոխելով հիւրասենեակ մտայ։

Աստուա՜ծ իմ, ինչ տեսնեմ... անուշ աչքերով, փոքր շրթունքներով, սեւ մազերով, գեղեցիկ կլորիկ մօրուքով եւ նուրբ պեխերով, համակրելի եւ գրաւիչ տեսքով բարձրահասակ երիտասարդ մըն էր հիւրս:

Ներս մտնելուս պէս՝ ոտքի ելաւ եւ ձեռքը երկնացնելով լուրջ այլ խիստ քաղաքավարի ըսաւ.

— Տօքթ. Տ...եան էֆ.ի շնորհիւ պատիւ ունիմ ձեզի ներկայանալու եւ ներկայացնելու իր մէկ գիրը:

Ձեռքս սեղմել եւ թող տալէ վերջը գրպանատետրէն նամակ մը հանելով ըսաւ.

— Աւասիկ:

— Շնորհակալութիւնս կր յայտնեմ, ըսի:

Յետոյ մեքենաբար նամակը բացի եւ կարդալէ վերջը ըսի.

— Շատ ուրախ եմ որ հաճեցաք ձեր այցելութեամբ զիս պատուել:

— Նոյնպէս եւ ես, ըսաւ Տօքթ. Տ...եան էֆ. ձեր վրայ շատ գովեստով խօսեցաւ եւ ես ալ նոյնը հաստատելու բարեբախտութիւնը ունենալուս շատ գոհ եմ:

— Այդ ձեր ազնուութիւնն է, ըսի:

Այնպիսի լուրջ դէմք մը ունէր որ կարծես թէ պարզ այցելութեան մը համար եկած էր. իր ներքին նպատակը երբեք չէր մատներ իր խօսակցութիւնը, թէեւ պարզ՝ այլ շատ հմտալից եւ նպատակաւոր էր:

Ընկերական խնդիրներու վրայ գաղափար փոխանակեցինք. ինձ հետ գրեթէ միեւնոյն համոզումները եւ միեւնոյն կարծիքը կը յայտնէր. գաղափարներու եւ մտածումներու զարմանալի նոյնութիւն մը ունէինք:

Վեհ զգացումներով եւ ազնիւ մտածումներով լցուած էր. իր հոգին մարդկային թշուառութեանց վրայ անսահման գութ ունէր. յառաջդիմական եւ բարոյական բարձր սկզբունքներու կատարեալ սիրահար, վերջապէս ամենաբարձր նկարագրի տէր մէկն էր, գէթ ինծի համար...:

Երկու ժամու չափ նստելէ վերջը, կիրակի կրկին այցելելու խոստումով մեկնեցաւ։

5 Սեպտեմբեր

Այս կիրակի Տօքթ. Բ...եանի այցելութիւնը կրկին վայելեցի:

Համակրութիւնս եւ սէրս երթալով կ՚աւելնայ. անկեղծօրէն կը խոստովանիմ թէ մինչեւ հիմա անոր նման համակրելի դէմքի մը երբեք պատահած չեմ:

Մեկնիլ ուզեց. խնդրեցի որ գիշերը մնայ եւ հայրիկիս հետ տեսնուի:

Գիշերը մնալու անկարելիութիւնը յայտնեց:

— Գատըգիւղ մինակ չեկայ. քոյրերս եւս միասին են. բարեկամի մը այցելութեան քացինք, եւ ես խոստումս կատարելու համար միջոց մը անոնցմէ բաժնուելով ձեզ տեսնել եկայ ըսաւ:

— Շնորհակալ եմ. աւելի ուրախ պիտի ըլլայի, եթէ ազնուուհի քոյրերնիդ եւս միասին բերէիք, ըսի:

— Խիստ լաւ, անկէ քիչ մը կանուխ մեկնելով ձեզ ներկայացնելու պատիւը կ՚ունենամ, ըսաւ:

— Չափազանց գոհ պիտի ըլլամ, ըսի:

Արդարեւ, ժամը իննին միջոցները երկու քոյրերը եւ քեռդուստրերը միասին առած՝ դարձեալ այցելեց:

Այս այցելութեան ներքին նպատակը պարզ աղջիկտես մը ըլլալը զգացի:

Սակայն նպատակնին ի՞նչ որ ալ ըլլար ես բոլորովին պարզ եւ անկեղծ կերպով վարուեցայ, իրենց նպատակը չհասկցած ձեւանալով:

Քոյրերը ամուսնացած են, ուսում չունին, բայց բարեսիրտ եւ համեստ կ՚երեւան:

Գալով քեռդուստրերուն, խիստ գեղեցիկ եւ բաւական զարգացած են. մեծ օրիորդը հայերէնէն զատ ֆրանսերէն եւ յունարէն կարդալ գրել գիտէ, եւ փոքրը հայերէնի հետ միայն ֆրանսերէն. զիրենք շատ սիրեցի:

Մեր խօսակցութիւնը լոկ բարեկամական եղաւ. ծանօթ խնդրոյն վրայ ո եւ է ակնարկութիւն չըրին:

Վերջին շոգենաւով մեկնեցան:

Չեմ գիտեր թէ իմ վրաս ի՞նչ գաղափար կազմեցին. անշուշտ իրենց կարծիքը եղբօրնուն վրայ մեծ ազգեցութիւն պիտի ունենայ:
7 Սեպտեմբեր

Բարեբախտաբար սպասուհիս անոնց ծանօթ ելաւ. տասը տարի առաջ միեւնոյն թաղը կը բնակի եղեր:

Այսօր հօրս խորհուրդովը սպասուհինիս անոնց տունը ղրկեցինք, գաղափարնին շօշափելու համար:

Քոյրերը թէեւ հաճութիւն տուեր, սակայն 500 ոսկի դրամօժիտ պահանջեր են. սպասուհիս ալ պատասխաներ է:

— Գուցէ 300 ոսկի կրնան տալ, այն ալ աւելորդ կահ կարասիները ծախելով, սակայն մեծածախս օժիտ մը պատրաստ ունի որմէ շատ գոհ պիտի մնաք:

— Ես եղբայրս գետնէն գտած չեմ, 1000 ոսկի դրամօժիտ տուող ալ կայ. ինքը նոր խելքի ծառայելուն՝ չհաւնեցաւ, ուսեալ կը փնտռէ. հոգ չէ սակայն, քանի որ սիրտը ան սիրեր է՝ թող առնէ, բայց 500 ոսկիէն պակաս դրամօժիտով կարգուիլը իրեն ամօթ է. հասարակ դեղագործներ 500-600 ոսկի դրամօժիտով կարգուեցան, իմ եղբայրս անոնցմէ՞ ալ վար է... պատասխաներ է մեծ քոյրը:

Սպասուհիս ըսեր է.

— Ձեր եղբայրը խնդրուած դրամօժիտէն շատ վեր արժանիք ունի. շիտակը եթէ հայրը դրամ ունենայ՝ հազարներով կու տայ. այսօր աղքատ ինկեր է, բայց ազնուական պատուաւոր գերդաստան մըն է. աղջիկը առնելով չէք խաբուիր:

Գիտցողին իմ եղբայրս գանձ մըն է, աւելցուրցեր է փոքր քոյրը:

Ահա դարձեալ մէջ մտաւ դրամօժիտի անիծեալ խնդիրը, բայց այս անգամ անյոյս չեմ. կարծես թագուն եւ խորհրդաւոր ձայն մը ինձ կ՚ըսէ.

— Դիմացինդ ազնիւ հոգի մը, բարի սիրտ մը ունի, շահամոլ եւ եսական չէ. քանի որ քեզ սիրեց, ան քուկդ պիտի ըլլայ...: Իցի՜ւ թէ այս ձայնը զիս խաբած չըլլար. հայրս հոգւով մարմնով գործին յաջողութեան կ՚աշխատի:

10 Սեպտեմբեր

Այսօր չափազանց յուզուեցայ. ցերեկէն սկսեալ մինչեւ ներկայ վայրկեանս՝ աչքերէս արցունքները չդադրեցան. սրտիս նեղութենէն՝ սենեակիս մէջ առանձինն հեծկլտալով կ՚արտասուեմ:

Աշխարհիս վրայ արդեօք ինձ նման տարաբախտ եւ թշուառ մը եւս կա՞յ...:

Երէկ գիշեր Պօյաճըգիւղ ազգականներէս մէկուն հիւր էի. այս առաւօտ Վոսփորէն մեկնող երկրորդ շոգենաւով կամուրջ իջայ. ցերեկուան դադարէն առաջ. Քատըգիւղ մեկնող վերջին շոգենաւը կրցի մտնել:

Շոգենաւը Գըզգուլէսիի առջեւէն անցած պահուն գլուխս մէկ կողմ դարձնելով Տօքթ. Բ...եանը կողմնակի խցիկներէն մէկուն մէջ տեսայ:

— Ո՜հ, ան ալ Գատըգիւղ պիտի ելլէ, անշուշտ մեզ այցելելու համար, ըսի մտովի:

Ուրախութիւնս անսահման էր:

Կօշիկ ներկող տղայ մը ղրկեցի ու զինքը քովս հրաւիրեցի:

— Անմիջապէս քովս եկաւ. բաւական յուզուած, շնորհալի կերպով մը ձեռքս սեղմեց:

— Անշուշտ, մեզի այցելելու միտք ունիք, միասին կ՚երթանք, բարեբախտ հանդիպում եղաւ, ըսի:

— Կը ներէք որ այսօր ձեզ չպիտի կրնամ այցելել, ուրիշ բարեկամի մը խօսք տուած եմ, ըսաւ:

— Պիտի գիշերէ՞ք, հարցուցի:

— Ոչ, վերջին շոգենաւով պիտի մեկնիմ:

— Ուրեւմն, անկից քիչ մը կանուխ մեկնելով, կրնաք ձեր այցելութեամբը մեզ ալ պատուել:

— Եթէ միջոցս ներէ, կը խոստտանամ, ըսաւ:

Յետոյ ոտքի ելլելով աւելցուց. — Կը ցաւիմ որ ձեզմէ բաժնուելու ստիպուած եմ, ընկեր ունիմ:

Եւ արդէն նոյն պահուն շոգենաւը Գատըգիւղի մօտեցած էր:

Երբ Գատըգիւղի նաւամատոյցը ելայ, նշմարեցի որ ընկերներէն մին կին եւ միւսը էրիկ մարդ էր:

— Անոնց հետ բարեկամի մը այցելութիւն տալ ի՞նչ կը նշանակէ, ըսի ինքնին:

Մանաւանդ իրեն ընկերացող կնոջ հագուստէն ու կապուստէն կը կասկածէի:

Երեքը միատեղ կառք մը վարձելով Ս. Թագաւոր եկեղեցիին առջեւէն քշեցին:

Կառապանը ինձ նախածանօթ հայ մըն էր. երեկոյին զինքը կանչելով հարցուցի:

— Այսօր ցերեկին կառքին մէջ տարիքոտ կին մը եւ երկու էրիկ մարդ առիր, անոնք ո՞ւր տարիր:

— Փ...եաններու, պատասխաներց:

Կասկածս կամաց կամաց կ՚իրականանար. այդ ընտանիքը կը ճանչնայի:

— Այցելութեան նպատակնին հասկցա՞ր, ըսի:

— Ինչպէս չէ, պարզ աղջիկտես մըն էր, ըսաւ խնդալով:

Վերջին խօսքը զիս շանթահարեց:

— Հասկցա՞ր, աղջկան հաւներ է՞, ըսի:

— Չէ հաւներ: Դարձիս կառքին մէջ կը խօսէին. լսեցի որ երիտասարդը աղջկան չէ հաւներ:

Այս յայտնութեան վրայ՝ գոհունակութեան մեծ շունչ մը առի:

— Ի՞նչ պատճառաւ. թրախօմայի՞ համար, հարցուցի, աւելի հետաքրքրուելով:

— Չէ՛, աղջիկը պանքան 600 ոսկի ունի եղեր, բայց ուսեալ չըլլալուն համար, չէ հաւներ:

— Քովի տարիքոտ կինը ո՞վ էր: Խըլավուզ է եղեր, միշտ աղջիկը կը գովէր, բայց երիտասարդը դիւրաւ խաբուող մէկը չէր երեւար. ասոր դէմ «դուն գիտես որ Ճ...եանին աղջիկն ալ 1,000 ոսկի ունէր, ուսեալ չըլլալուն համար չառի»

Կառապանին շնորհակալութիւնս յայտնելով ճամբեցի:

Խնդիրը գիշերը հօրս բացի:

— Աղջիկս, ըսաւ, քանի որ նիւթականէն աւելի բարոյականը, արտաքինէն աւելի ներքինը կը փնտռէ, ան քուկդ է. վաղը իրեն նամակ մը գրելով գրասենեակս կը հրաւիրեմ եւ գործը կը վերջացնեմ. յաջողութեանս մասին փոքր կասկած մը իսկ չունիմ:

— Ո՜հ, հայրիկ, յաւիտեան երախտապարտ պիտի մնամ, եթէ յաջողիս, ինձ վերստին կեանք տուած պիտի ըլլաս. ըսի, վիզը նետուելով:

— Անհոգ եղիր, աղջիկս, պատասխանեց խեղճ հայրիկս, աչքերը թրջելով:

Հիմա ուրախ եւ գոհ՝ անկողինս պիտի մտնեմ:

ԺԱ.

12 Սեպտեմբեր

Հայրս այսօր տեսակցութիւն մը ունեցեր է Տօքթ. Բ...եանի հետ. երեկոյին երբ տանը սեմէն ներս ոտք կոխեց, առաջին խօսքը հետեւեալը եղաւ.

— Աչքդ լո՜յս, աղջիկս, ամէն բան կամքիդ ու փափաքիդ համաձայն կարգադրեցի:

— Ո՜հ, հայրիկ, կեանքս փրկեցիր, ըսի, երեսները համբուրելով:

Հայը ու աղջիկ շատ ուրախ ենք:

— Նամակիս վրայ, այսօր գրասենեակ եկաւ, շարունակեց հայրս, երկար բարակ խօսեցանք. գերազնիւ հոգի մը ունի, երբ խնդիրը դրամօժիտի վրայ եկաւ, ան ըսաւ. — Կ՚ամչնամ, շիտակը, դրամական խնդիրի վրայ խօսիլ. գաղափարիս ու սրտիս հակառակ է, սակայն ի՜նչ ընեմ որ այնքան հարուստ չեմ. մասնաւոր դժբախտութիւններ պատրաստի դրամս սպառեցին. եթէ լոկ շահախնդրական նպատակի մը համար ամուսնանալ ուզէի, հազարաւոր ոսկիներով շատոնց ամուսնացած կ՚ըլլայի: Խնդիրը տարբեր է, եւ դուք ալ իբրեւ հայր, ըսածիս իրաւունք պիտի տաք, ուղղակի ձեր աղջկան երջանկութեան կը վերաբերի. այսինքն առած դրամօժիտովս կ՚ուզեմ Եւրոպա երթալ եւ մասնագիտութեամբ մը պարապիլ, միասին տանելով նաեւ ամուսինս: Եթէ այս նպատակս չըլլար՝ դրամի վրայ երբեք խօսք չպիտի ընէի:

— Կը հաւատամ ձեր ըսածին, պատասխանեցի, սակայն մասնաւորապէս կը խնդրեմ որ լոկ դրամի համար չմերժէիք ձեզ սիրող սիրտ մը եւ ինծի պէս պատուախնդիր հայր մը, որուն միակ դժբախտութիւնն եղած է, այլ եւ այլ դէպքերով իր հարստութեան կորսնցնելը. ձեր արժանիքը ձեր ուզածէն տասնապատիկ բարձր է, բայց ի՜նչ օգուտ որ այսօր այդ չնչին գումարը կանխիկ վճարելու պատրաստութիւն չունիմ:

— Ինչպէս յայտնեցի, ըսաւ, կը ցաւիմ որ ստիպուեցայ դրամի վրայ խօսիլ, եթէ դուք մեզի չօգնէք, մեր ապագան մէկ երկու տարի ուշացուցած պիտի ըլլաք, վասն զի Եւրոպա երթալու համար հարկ եղած գումարը մէկ երկու տարուան մէջ հազիւ պիտի կրնամ շահիլ իմ բուն նպատակս՝ ամուսնանալուս պէս՝ միասին ճամբորդել էր:

— Անհոգ եղէք, բոլորովին անտարբեր չեմ գտնուիր, ըսի, մաս մը բան կանխիկ կը վճարեմ, մնացածն ալ տարուէ տարի որոշեալ գումար մը վճարելով կ՚ամբողջացնեմ, ինչպէ՛ս, կը հաւանի՞ք...: — Արդէն խօսեցայ ձեզի թէ դրամականը երկրորդական տեղ մը կը բռնէ, ձեր կամքը չեմ մերժեր. միայն ամուսնութիւննիս մէկ երկու տարի վերջը տեղի կրնայ ունենալ, այդ գումարը Եւրոպա ապրելու չի բաւեր:

— Դուք գիտէք, այդ մասին բոլորովին ազատ էք, ըսի:

— Այո՛, դեռ պէտք է մէկ երկու տարի գաւառները մնալով հարկ եղած գումարը հայթայթել եւ ամուսնանալէ վերջը միասին Եւրոպա անցնիլ:

— Շատ լաւ կը խորհիք, բայց խնդրեմ որ զինքը ապահովէք, ձեր հաւանութիւնը յայտնելով, ըսի:

— Լաւ կ՚ըլլայ, ըսաւ. ինչպէս որ կամիք՝ պատրաստ եմ:

— Շնորհակալ եմ, պարզ խօսքկապ մր բաւական է, ըսի:

Վերջապէս, ինչպէս կը տեսնես, խնդիրը բոլորովին սրտիդ համաձայն վերջացուցի. վաղը գիշեր ինծի հետ պիտի գայ ձեռքդ ուզելու:

Հօրս այս ուրախառիթ լուրին վրայ հանդարտելով սկսայ երջանիկ ու խաղաղ ապագայ մը, ամուսնական կեանք մը երեւակայել...:

14 Աեպտեմբեր
Երէկ գիշեր հօրս հետ միասին եկաւ ապագայ ամուսինս Տօք. Բ...եան:

Ո՜հ, երթալով աւելի գեղեցիկ ու աւելի համակրելի կ՚երեւայ ինձ. կ՚զգամ թէ տակաւ սրտիս խորերը սուրբ եւ անկեղծ սէր մը կը ծնի:

Միասին ճաշեցինք. ճաշէն վերջը հայրս ոտքի ելաւ եւ ձեռքս անոր ձեռքին մէջ դնելով սկսաւ մեր միութիւնը օրհնել:

Այլ եւս խօսեցեալս էր, խնդրեցի որ զիս դուդէ: — Ո՜հ, այս գիշեր կեանքիս էն հաճելի եւ էն նախանձելի օրերէն մին եղաւ. կարծես մէկ վայրկեանի մէջ բոլոր, տառապանքներս մոռցայ եւ նոր, երջանիկ կեանք մը սկսայ: Յուսացածէս աւելի լուրջ, աւելի տաղանդաւոր եւ աւելի ազնուասիրտ է եղեր:

Իրմէ խնդրեցի որ մեր այս միութիւնը պաշտօնական կերպով նուիրագործուի. հաճեցաւ եւ որոշեց ամսոյս 21ին կատարել:

Այս յաջողութեանս լուրը բարեկամիս Տօքթ. Տ...եանի գրելով շնորհակալութիւնս յայտնեցի: Ինքն ալ խոստացաւ գրել:

Այսօր երեկոյեան դէմ մեկնեցաւ:

18 Սեպտեմբեր

Այսօր խօսեցեալս եկաւ. իր հեղինակութիւններէն երկու գիրք անգլիական ոսկեզօծ կազմով ինձ նուիրեց:

Կողքերուն վրայ հետեւեալը գրած էր.

Նուէր սիրոյ եւ համակրանքի

Առ իր պաշտելի խօսեցեալը Թ...

1878 Սեպտ. 14 Տօք. Բ...եան

Հակառակ իր լուրջ բնաւորութեան եւ դրական արուեստին, սիրող եւ զգայուն սիրտ մը ունի:

Առաւօտները անկողինէն ելլելէն վերջը զինքը հագուեցնելով մեծ հաճոյք կ՚զգամ:

21 Սեպտեմբեր

Այսօր ինձ համար նուիրական է. Սեպտեմբեր 21 թուականը կեանքիս արշալոյսը, երջանկութեանս նախադուռը եղաւ:

Այլ ես աշխարհի վրայ մինակ չեմ, ապագաս իրմով ապահովուած է, միասին երջանիկ կեանք մը պիտի վարենք. պահապան հրեշտակի մը պէս զինքը թեւերուս մէջ պիտի հանգչեցնեմ...:

Այսօր մեր երկու տան քահանաները Ազգային Պատրիարքարանի մէջ ազգականներու եւ բարեկամներու ներկայութեան նշանախօսութիւննիս կատարեցին:

Մեր միութիւնը նուիրագործող Խաչը մեր տան քահանան բերելով, հիւրասենեակին մէջ սեղանին վրայ ի տես դրի:

Բազմաթիւ այցելութիւններ եւ շնորհաւորութիւններ ընդունեցի:

Բարեկամներս ուրախացան եւ թշնամիներս տրտմեցան:

Թշնամիներուս առջեւ Աստուած զիս ամօթով չձգեց, արժանիքիս ու գաղափարիս համաձայն ամուսին մը պարգեւեց:

22 Սեպտեմբեր

Պաշտելի խօսեցեալս այսօր գալով մեր սիրոյն իբր նշան՝ ադամանդազարդ խորհրդաւոր մատանի մը նուիրեց, որուն ներքին կողմը գրուած է իր անունը եւ Սեպտ. 21 թուականը:

Միեւնոյն թուականը եւ անունս կրող ոսկիէ պարզ օղակ մըն ալ ես իր մատը անցուցի:

Ցերեկուան ճաշէն վերջը միասին կառք նստելով Պոլսոյ կողմը անցանք. նախ լուսանկարչատուն մը երթալով զոյգ մը կենդանագիրնիս հանել տուինք. յետոյ իրենց տունը երթալով մայրիկին ձեռքը համբուրեցի: Ծեր մայրը մեր միութիւնը օրհնեց եւ արտասուելով աչքերս համբուրեց:

Համբուրելէ վերջը ադամանդազարդ մանեակ մը նուիրեց:

Քիչ մը դաշնակ զարնելէ յետոյ ճաշի նստանք:

Զարմանալի դիպուածով մը, նոյն օրը այցելութեան եկան իմ բարեկամուհիս Տիկին Տօքթ. Տ...եան եւ հանրածանօթ Տօքթ. Թ...եան. այս առթիւ ծանօթացայ նաեւ բանաստեղծ Ա. Հ. ի եւ գրագէտ Մ. Գ. ի հետ:

Զուարճալի եւ հեշտաւէտ օր մը անցնելով երեկոյին միասին Գատըգիւղ դարձանք:
23 Սեպտեմբեր

Այսպէս պարզ կերպով, առանց շշուկի, առանց ցոյցի եւ առանց աղջիկտեսի տաղտկալի սովորութեան, մեր նշանխօսութիւնը վեջացաւ: Ամերիկեան վէպերու մէջ յիշուած կեանքովս կ՚սկսէր մեր ապագայ երջանկութիւնը, եւ եթէ ինձ մնայ, հարսանիքն ալ նոյն պարզութեամբ կատարել կ՚ուզեմ:

Հին սովորութիւնները եւ ձեւակերպութիւնները ոտնակոխ ընելով, ուղղակի սիրտ սրտի եւ ձեռք ձեռքի տուինք:

Միակ ցաւս իր մեկնիլն է. սիրելի խօսեցեալս մէկ քանի օրէն Գ... քաղաքը պիտի մեկնի, պաշտօնին զլուխն անցնելու համար:

Ո՜հ, հազիւ մէկ քանի օր վայելած, պիտի թողում որ բաժնուի՜... սրտիս շատ դժուար կու գայ աս. եթէ հօրս նիւթական կարողութիւն ունեցած ժամանակ հանդիպէր, հիմա պսակուած եւ միասին Եւրոպա ճամբորդած կ՚ըլլայինք եւ բաժանման այս սրտմաշուքը չէի ունենար:

Է՜հ, այսչափ անյաջողութենէ յետոյ ժամանակ մըն ալ կը համբերեմ. ամէն վարդ իր փուշը ունի:

24 Սեպտեմբեր

Երէկ գիշեր խօսեցեալիս հետ Ս...եան էֆ.ի այցելութեան գացինք. վէրքը բոլորովին անցած է, սակայն առողջական ընդհանուր վիճակը դեռ գոհացուցիչ չէ: Շատ ուրախ օր մը անցուցինք:

Խօսեցեալս այսօր մեկնեցաւ:

29 Սեպտեմբեր

Այսօր խօսեցեալս գալով միասին Բերա շրջագայեցանք:

Երեկոյեան դէմ, լուսանկարչատուն հանդիպելով մեր զոյգ կենդանագիրները ստացանք. շատ գեղեցիկ ելած են, որոնցմէ մէյմէկ օրինակ բարեկամներու պիտի նուիրենք: Տուն հանդիպելով երեկոյէն Գատըգիւղ վերադարձանք։

Այս գիշեր միասին աշակերտուհիիս այցելեցինք՝ ամենէն շատ ուրախացողը ինքն եղաւ:

1 Հոկտեմբեր

Այսօր խօսեցեալս մեկնեցաւ, իր հրաժեշտի վերջին ողջոյնը եւ վերջին համբոյրը տալով:

Ա՜խ, այս բաժանումը ամբողջ արիւնս սառեցուց. գիշերն ի բուն արտասուեցի։

Առաւօտուն կանուխ զիրար ողջագուրելէ յետոյ՝ ետեւէն մինչեւ դուռը իջայ, քայլերս կը կասէին, ոտքերս իրարու կ՚անցնէին. երկար տարիներ զինքը չտեսնելս մտաբերելով կը խենթենայի...։

Ո՜հ, վերջապէս, դրան առջեւ վերջին անգամ ձեռքս սեղմելով յուզուած ձայնով ըսաւ.

— Մնա՜ս բարով, հոգիս, քաջ եղիր, ցտեսութի՜ւն:

Նոյն պահուն արտասուքներս չկրցի զսպել...:

Հօրս հետ կառք մտնելը միայն տեսայ...:

Դրան առջեւ, բակին մէջ մարեր ինկեր եմ, սպասուհիս աշխատեր է զիս ուշաբերել...:

Երբ աչքերս բացի, մահճակալիս մէջ էի:

Քնատ ըլլալուս՝ անկողինէս չելայ. բաւական քնանալէ յետոյ արթննալով սկսայ օրագրաթիւնս շարունակել...:

ԺԲ.

26 Հոկտեմբեր

Այսօր խօսեցեալիս անդրանիկ գիրը ստացայ. հոկտ. 17ին ողջամբ իր պաշտօնավայրը հասնիլը կ՚իմացնէ:

Ի՜նչ անուշ գրիչ, ի՜նչ բանաստեղծական ներշնչումներ. բոլոր սիրտը ու հոգին այդ նամակին մէջ դրած է. իր այնքան եռանդալից սիրոյն ի՜նչսլէս պատասխանելս չեմ գիտեր:

Վերջապէս սրտիս պէս պարզ գրիչ մը գործածելով իր բաժանումէն զգացած վիշտս նկարագրեցի եւ խնդրեցի որ ամէն շաբաթ ցանկալի եւ սիրալիր գիրը պակաս չընէ։ «Անոնք իմ միակ մխիթարութիւններս պիտի ըլլան, կարօտդ անոնցմէ պիտի առնեմ, անոնցմով պիտի թեթեւցնես բաժանումէդ զգացած տխուր տպաւորութիւներս», գրեցի:

1 Ապրիլ 1880[2]

Խօսեցեալիս յաջողութեան լուրերը սիրտս ուրախութեամբ կը զեղուն. ո՜հ, արդեօք երազ մը չէ՞ աս... վերջապէս զինքը գրկիս մէջ պիտի տեսնեմ, ի՜նչ երջանիկ օր...:

Մէկ երկու ամիսէն վերջնականապէս ան իմս պիտի ըլլայ. բաժանումը երկու տարիի կը մօտենայ, համբերութիւնս սպառեցաւ: Այս օրուան նամակը սովորական գիր մը չէր, այլ ուրախութեան աւետիս մը, սիրոյ պատգամ մը որ ինձ ապագայ երջանկութիւնը կ՚աւետէ:

Այսօր գրեցի որ իր գալուստը փութացնէ եւ գիրս սապէս վերջացուցի. «Անկեղծ եւ պաշտելի սէրդ էր որ ցարդ ինձ համբերել տուաւ. սիրտս կը հատնի. օր մը առաջ քեզ գրկիս մէջ տեսնելու անզուսպ փափաքով կը հալիմ ու կը մաշիմ, ա՜խ, պիտի խենթենամ...:»

«Ե՞րր պիտի համբուրեմ աղու եւ մեղանուշ աչքերդ ու մեղրածոր շրթերդ. քեզ տեսած վայրկեանիս՝ անկասկած պիտի նուաղիմ...:»
6 Մայիս

Վաղը Պօյաճիգիւղ օդափոխութեան պիտի երթամ. մարմինս ու հոգիս կազդուրելու մեծ պէտք ունիմ. անցեալ շաբթուան հարբուխս զիս շատ տկարացուց:

Պօյաճըգիւղ 9 Մայիս

Այսօր մայիսի գեղածիծաղ եւ կենսաւէտ օդը վայելելու համար ազգականուհիիս հետ Մասլաք գացինք. մշտադալար եւ հոգեզմայլ դաշտերուն եւ մարգերուն մէջ, կարկաչահոս առուներուն եզերքը ազատ շրջելով առողջաւէտ ու մաքուր օդը լիաթոք ծծեցի...:

Այցելեցի նաեւ կայսերական դղեակը, մրգալից պարտէզը եւ մինչեւ Քեաղըտհանէ տարածուող գեղատեսիլ պուրակը:

11 Մայիս

Երկու օր Մասլաք մնալէ վերջը գիւղ դարձանք. այս քանի մը օրուան մէջ նախկին առողջութիւնս վերստացայ։

Բժիշկներուն գովածին չափ կայ եղեր. մարդ երբ բաց դաշտերուն մէջ մաքուր օդ ծծէ եւ մարմնական շարժումներ կատարէ, իր վրայ անմիջապէս անոնց լաւ արդիւնքը կ՚զգայ եղեր։

25 Մայիս

Այսօր հայրիկէս գիր մը ստացայ որ պաշտլի խօսեցեալիս ճամբայ ելլելը կ՚աւետէ. հեռագիրը նամակին մէջ ներփակած էր:

Այս ուրախառիթ լուրը առնելով սիրտս սաստիկ տրոփել սկսաւ. դադար չունիմ. եթէ գիրը ուշ չհասնէր, անմիջապէս շոգենաւ պիտի նետուէի․ դժբախտաբար Վոսփորէն իջնող վերջին շոգենաւը մեկնած էր:

Գատըգիւղ 26 Մայիս

Երէկ գիշեր աչքերս ուրախութենէս՝ քուն չտեսան. անկողինիս մէջ միշտ ապագայիս վրայ մտածելով քունս փախցուցի: Խաղաղաւէտ ու բարեբաստիկ ընտանեկան կեանք մր կ՚երեււակայէի, օդային դղեակներ կ՚ստեղծէի...: Ո՜հ ինչ անո՜ւշ, եւ որքան հաճելի գիշեր մը անցուցի, որուն նմանը Հազար եւ մէկ գիշերներուն մէջ իսկ տեսած չեմ...:

Սամաթիտ 27 Մայիս

Այսօր հոգեհատորս դիմաւորելու համար, եղբօրս եւ քոյրերուն ու բարեկամներուն հետ շոգենաւ գացինք:

Երբ մեր նաւակը շոգենաւին մօտեցաւ, սկսայ թաշկինակս շարժել. ինքը թէեւ կամրջակին վրայ էր, սակայն մեզ չկրցաւ տեսնել:

Ծովուն վրայ ահագին իրարանցում մը կար, այնպէս որ ժխորէն իրարու ձայն չէինք լսեր. մարդ ասանկ տեղեր ապուշ կը դառնայ:

Շարունակաբար ճամբորդները շարժուն նեղ սանդուխներէն իջնելով նաւակները կը նետուէին, որոնց մէջ կը գտնուէին շատերուն ծնողքները եւ բարեկամները. սրտայոյզ գրկախառնումներ եւ արտասուալից ողջագուրանքներ իրարու կը յաջորդէին...:

Իսկ ես այս սրտայոյզ տեսարանէն չափազանց զգածուած, արտասուալից աչքերս սրտահատորէս չէի հեռացներ ու թաշկինակս միշտ կը շարժէի։

Վերջապէս մեզ տեսաւ, եւ ժպտելով թաշկինակը շարժեց: Մեր նաւակը շոգենաւին աւելի մօտեցուցինք եւ ինքն ալ ղեկին կողմը գալով լսելի ձայնով մը ըսաւ.

— Ողջո՜յն ձեզ, ո՜վ սրտահատորներս, ողջո՜յն քեզ, ո՜վ ցանկալիդ Բիւզանդիա:

Յետոյ աւելցուց:

— Մի՛ աճապարէք, բազմութիւնը թող անցնի:

Կէս ժամ իրարու երես նայելով սպասեցինք. խօսելու բառ մը չէի գտներ:

Բազմութիւնը նուազելով նաւակնիս սանդուխին մօտեցուցինք. անմիջապէս մէջը ցատկեց. սկսանք արգաւ իր սեւ աչքերը կարօտալից համբուրել, ինքն ալ՝ մերինները։

Նաւակը մաքսին առջեւ կայնելով դուրս ելանք եւ երկու կառք վարձելով ուղղակի իրենց տունը գացինք։

Հոն ալ սկսաւ կարօտակէզ եւ ջերմաջերմ համբոյրներու եւ սրտայոյզ ու խանդալից արտասուքներու տարափ մը։

Գատգըգիւղ 29 Մայիս

Երկու օր խօսեցեալիս հիւր մնացի. թէ՛ Պոլսեցի եւ թէ գաւառացի բարեկամները խումբ խումբ այցելել սկսան։ Այսօր հօրս հետ Գատըգիւղ եկայ։

6 Յունիս

Այսօր թշուառական Մ... իր արդար պատիժը գտաւ, 2000 ոսկի դրամօժիտով կուզ աղջկան մը հետ ամուսնանալով։

Աշակերտուհիս եւ ես շատ ուրախացանք։

7 Յունիս

Խօսեցեալս այսօր իր փոքր քեռդուստրին հետ մեզի եկաւ:

Դաշնակ ածելով, Պարոնեանին Ազգային Ջոջերը կարդալով եւ գեղարուեստներու վրայ խօսելով ժամանակ անցուցինք։

Երեկոյին հայրիկիս հետ խորհրդակցելով հարսանեկան պատրաստութեանց վրայ գաղափար փոխանակեց. քիչ յետոյ ես ալ, խօսքի խառնուելով որոշեցինք պարզ եւ համեստ կերպով կատարել։

Եկեղեցին պսակուելէ վերջը, ցերեկին ազգականներու եւ բարեկամներու հացկերոյթ մը տալով հանդէսը պիտի վերջանայ։ Ահա աս է մեր որոշումը։

8 Յունիս
Խօսեցեալս այսօր մեկնեցաւ, օժիտիս վրայ իր հիացումը յայտնելով, զոր գրեթէ ամբողջովին ձեռքովս պատրաստեր եմ։
20 Սեպտեմբեր

Այսօր բարեբախտութիւն ունիմ ամուսինս կոչելու Տօք. Բ...եանը եւ իր մականունը կրելու։

Հարսանեկան հանդէսը, ինչպէս կանխաւ որոշած էինք. պարզ կերպով կատարեցինք։

Այս առթիւ ազգականներէ եւ բարեկամներէ թանկագին նուէրներ ստացայ. սրտովին շնորհակալ եմ իրենց։

Այժմ կ՚զգամ թէ պարտականութիւնս եւ պատասխանատուութիւնս մեծ է, կինը տանը հիմն է. ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեմ, զինքը գոհ եւ երջանիկ ընելու։

Փառք կու տամ Աստուծոյ որ այնքան զրկանքներէ ու տառապանքներէ յետոյ, այս օրուան երջանկութիւնը ինձ պարգեւեց։ Կատարեալ եւ օրինակելի ամուսիններ պիտի ըլլանք եւ տունը դրախտի մը պիտի վերածենք։

Սրտակից ու գաղափարակից էինք արդէն. ուրեմն նախանձելի միութիւն մը պիտի կրնանք կազմել։

Այսուհետեւ կը յուսամ եւ կը մաղթեմ որ Յիշատակարանիս մէջ միշտ ուրախ դէպքեր եւ բարեբաստիկ կեանքի մը հետքերը պիտի կրնամ արձանագրել։

22 Փետրուար 1881

Ո՜հ, ամուսնական կեանքին մէջ ի՜նչ ցանկալի ու սրտագրաւ քաղցրութիւններ կան եղեր։

Այսօր ալ նոր ուրախութիւն մը, անփոխարինելի նոր հաճոյք մր կ՚զգամ, բոլորովին նոր եւ քաղցր պարտականութիւն մըն ալ պիտի ունենամ... այո՛, քանի մը ամիս յետոյ մայր պիտի ըլլամ...։

16 Մարտ

Յղութեան վիճակս ջղային տկարութիւնս երեւան հանեց, մէկ քանի օրէ ի վեր սաստիկ կը տառապիմ. քունս բոլորովին խանգարուած է եւ ամբողջ ջղային դրութիւնս գրգռուած։ Թէեւ հիմա այնչափ հոգ չեմ ըներ. ամուսինս բաւական փորձառու եւ հմուտ բժիշկ մըն է. արդէն հարկ եղած դարմանները գործադրել սկսաւ. քիչ օրէն կը յուսամ օգուտը տեսնել։

20 Ապրիլ

Ամուսինս ճամբորդութեան նպաստաւոր ըլլալը յիշելով կարծիքս հարցուց։

Արդէն Պոլսոյ կեանքէն ձանձրացած եմ, հետեւաբար սրտահատորիս ըսի․

— Գաւառական կեանքը շատ կը գովէիր, բնութիւնը վայելել ուզողը թո՛ղ գաւառները պտտի կ՚ըսէիր. արդ քանի որ ճամբորդութիւն մը, օդափոխութիւն մը անհրաժեշտ է, կարելի՞ չէ որ մօտակայ քաղաքները շրջագայինք։

— Շատ լաւ կ՚ըլլայ, պատասխանեց անպատմելի ուրախութեամբ մը. արուեստիս շնորհիւ դրամ ալ կը շահիմ. միասին ձիով դաշտերը, անտառները կը պտտինք, ջրերու եզերքները կը շրջինք, գիւղագնացութիւններ կ՚ընենք. ասոնք այնպիսի հաճոյքներ են որ հոս ձեռք չի բերուիր։

— Ուրեմն, այս շաբաթ ճամբայ ելլենք, ըսի։

— Ամենայն ուրախութեամբ, պատասխանեց։

Կաշիէ փոքր պայուսակներու մէջ վիրաբուժական գործիքները եւ անհրաժեշտ ազդու դեղերը զետեղելով ըսաւ.

— Ահաւասիկ, ես պատրաստ եմ, դուն ալ քու պատրասաութիւններդ տես։

Ես ալ միեւնոյն ատեն կաշիէ երկու մեծ ճամբորդութեան յատուկ սնտուկներու մէջ դրի ճերմակեղէն, հանդերձեղէն եւ առօրեայ կեանքի վերաբերեալ անհրաժեշտ նիւթեր։

Ուրեմն ճամբորդելու համար ամէն բան պատրաստ է. բնութիւնը իր մերկութեան մէջ վայելելու փափաքը եւ ուրախութիւնը այժմէն իսկ իմ վրաս լաւ ներգործեցին։

ԺԴ.

Իզմիթ 25 Ապրիլ

Այսօր Հայտար Փաշայէն երկաթուղի նստելով Իզմիթ հասանք։

Պանդոկ մը իջնելով այսօր հանգիստ ըրինք. վաղը ձիերով քաղաքին նշանաւոր եւ գեղատեսիլ վայրերը պիտի այցելենք մանկան մը պէս ուրախ եւ զուարթ եմ:

26 Ապրիլ

Այսօր քաղաքին շուրջը պտտեցանք եւ շրջակայ գիւղերը այցելեցինք։ Ի՜նչ ախորժելի բնական տեսարաններ եւ զմայլելի գիրքեր...։

27 Ապրիլ

Ձիերով մօտակայ անտառները պտոյտ մը կատարեցինք։ Հիանալի ու խորհրդաւոր պատկերներ, որոնց գգուանոյշ տպաւորութեան տակ հիւանդութիւնս գրեթէ անհետացաւ։

29 Ապրիլ

Սիրելի ամուսինս բաւական թուով հիւանդներու այցելութիւնը ընդունելով այսօր դուրս չկրցինք ելլել։

Այսօր մէկուն աչակոպին վրայ գործողութիւն մը կատարեց։ Ո՜հ, առաջին անգամն էր որ դանակ բռնելը կը տեսնէի, արհեստին մէջ ո՜րչափ քարսիրտ է եղեր, երբեք չէի յուսար թէ իր ազնիւ ու փափուկ սիրտը այսքան խիստ ըլլայ․․․։

6 Մայիս

Ամուսինս Իզմիթի մէջ քանի մը օր մնալով բաւական գործ տեսաւ։ Զարմանալի՜ բան. Պոլսոյ էպս տեղ մը այնչափ ծանօթ ունենալով հանդերձ, բաղդատաբար քիչ կը շահէր։

Այսօր Ն... քաղաքը երթալու համար ճամբայ պիտի ելլէինք, բայց օդը անձրեւոտ ըլլալուն, յետաձգեցինք:

Խեղճ գիւղացիի մը վրայ ամուսինս այսօր ալ գործողութիւն մը կատարեց, վարի շրթունքին մեծ մասը կտրել հանելով. այս գարշելի կտորը ոգելից շիշի մը մէջ դնելով վրան ախտին անունը, գործողութեան թուականը կրող ցուցակ մը փակցուց:

Ն... 10 Մայիս

Մէկ քանի օր ձիով ճամբորդելով Ն... քաղաքը հասանք:

Ցերեկները ճամբուն վրայ, պաղուկ անոյշ աղբերակներու եզերքը բազմելով մեծ ախորժով կը ճաշէինք։

Այս քաղաքը շատ սիրեցի. ի՜նչ բանաստեղծական եւ դիւթիչ լեռնային դիրք մը ունի, հապա՜ առողջարար օդը եւ կենսաւէտ, պաղուկ եւ անուշ ջուրը...:

Գարունը հոս անցնել որոշեցինք։

15 Մայիս

Ամուսինս իր համբաւը հոս ալ շինեց. թէեւ ուրիշ բժիշկ մը կայ, սակայն տեղացիները անկէ դժգոհութիւն կը յայտնեն:

Իգական սեռն ալ բաւական զարգացած անդամներ ունի, հոս Պոլսէն բոլորովին տարբեր ընկերական կեանք մը կայ, ինչ որ ինձ շատ հաճելի թուեցաւ. առանց ձեւակերպութեան, պարզ եւ անկեղծ ընտանեկան կենցաղավարութիւն մը ունին:

Այսօր տան մը մէջ մասնաւոր սենեակ մը վարձեցինք։

20 Յունիս

Այս տեղի կեանքը շատ սիրեցի. ջղային հիւանդութիւնս բաւական թեթեւցաւ եւ գիրնալ սկսայ։ Ամուսինս լաւ կը շահի. ընդարձակ պարտէզով շրջապատուած գեղեցիկ տուն մը վարձեցինք. նոր բնակարաննիս թէեւ քաղաքին ամենէն հեռու մէկ անկիւնն է, սակայն սքանչելի դիրք մը ունի, առջեւը պարզուած է կանանչ դաշտը եւ անհուն հորիզոնը...:

25 Յունիս

Բաւական կոկիկ եւ ճաշակաւոր ընդունելութեան սենեակ մը զարդարեցի:

— Ի՜նչպէս, թռչունս, գաւառները հաճելի չե՞ն, ըսաւ ամուսինս:

— Ո՜հ, շատ լաւ կը գտնեմ, մանաւանդ այս քաղաքը, պատասխանեցի, եւ եթէ կարելի է, պիտի խնդրեմ որ Պոլիս չդառնանք. հայրս արդէն առանձնացեալ կեանքը կը սիրէ, իսկ տիկին քոյրերդ տեսնելու համար, Պոլիս տարին մէկ երկու անգամ կ՚այցելենք:

— Ես արդէն մեծ քաղաքներու տաղտկալի եւ յուզումնալից կեանքէն ձանձրացած եմ. գաւառակա հանդարտ կեանքը ինձ հաճելի է եւ դուն ո՛ւր որ հանգիստ ընես՝ հոն կը բնակինք, ըսաւ:

— Շնորհակալ եմ, այս քաղաքը շատ սիրեցի. ունեցած գոյքերնիս Պոլսէն հոս փոխադրենք, ըսի:

— Վաղուան սուրհանդակով հայրիկին կը գրեմ, ըսաւ բարի ամուսինս:

Ահա այսպէս որոշեցինք հոս մնալ:

Բանաստեղծական եւ գեղջուկ կեանքը վէպերէն դուրս, հոս միայն կրցի գտնել. ասոր համար շատ ուրախ եմ:

2 Յուլիս

Այսօր ամուսինիս հետ տեղւոյս ազգային վարժարանները այցելեցինք. տարեկան քննութիւնները սկսեր էին: Երկսեռ ուսանողները բաւական քաջ պատասխաններ տուին, բայց դպրոցը բարեկարգութեան պէտք ունի, ծրագիրը ժամանակիս եւ միջավայրին պահանջածին համեմատ փոփոխութիւն կրելու է, որպէս զի դպրոցը իսկապէս իր նպատակին ծառայէ:

Հոգաբարձութեան խոստացայ պարապ ժամերուս ծրագիր մը շինել եւ աղջկանց դպրոցին ղէկը ձեռքս առնել: Ամուսինս Առողջաբանութեան, իսկ ես Առտնին Տնտեսութեան, Իրագիտութեան եւ Ձեռագործի դասեր պիտի աւանդենք ձրիաբար:

21 Յուլիս

Աշխատութիւններս պարապ չելան. իգական սեռէ ընկերութիւն մը կազմել յաջողեցայ, որուն նպատակն է իգական սեռի դաստիրակաթուեանը եւ կրթութեանը նիւթապէս ու բարոյապէս նպաստել:

Գաւառացի կիները հանրային ծառայութիւն մատուցանելու թէ՛ կամք եւ թէ յարատեւութիւն ունին. միայն իրենց առաջնորդող մը պէտք է:

Նոր ծրագիրս դպրոցին վերաբացումէն յետոյ պիտի գործադրուի. տարեշրջանին հետ պիտի սկսինք աւանդել նաեւ մեր դասերը:

14 Օգոստոս

Յղութեանս վերջին ամիսներն են, բաւական անհանգիստ եմ. ջիղերս այսօր թեթեւ կերպով գրգռուեցան. երկու ժամ վերջը անհետացաւ:

16 Սեպտեմբեր

Այսօր մէջքս պարբերաբար թեթեւապէս ցաւիլ սկսաւ. ամուսինս տղաբերքի սկզբնական ցաւեր ըլլալը իմացուց:

Ո՛հ, քիչ օրէն զաւկի մա՜յր պիտի ըլլամ. ի՜նչ երջանկութիւն...:

20 Սեպտեմբեր

Այս գիշեր տղաբերքի բուռն ցաւերս սկսան. ի՜նչ անտանելի ցաւ. հիմա որ կը գրեմ՝ քիչ մը դադրած է. դադարման միջոցը երթալով կը կարճնայ եւ ցաւին աստիճանը կը սաստկանայ: Բարեկամուհիներէս շատերը քովս են, միշտ զիս կը քաջալերեն:

Զաւակ մը ունենալու յոյսը իմ ցաւերս կը թեթեւցնեն, միտքս բոլորովին անով զբաղած է. որչա՜փ պիտի գգուեմ զինքը եւ իմ յատուկ ծիծերովս դիեցնեմ... ի՜նչ մեծ հաճոյք...:

21 Սեպտեմբեր

Երէկ գիշեր երկունքս վերջացաւ. սիրուն մանչ զաւակ մը ծնայ:

Հակառակ ամուսինիս արգելքին՝ սոյն երկտողովս սիրասուն զաւկիս ծնունդը կ՚արձանագրեմ... մա՜յր եղայ . . . . . . . . . . . . . . . . . .[3]

ԺԴ.

22 Սեպտեմբեր

Այսօր թէեւ օրագրութիւնը շարունակել ուզեց, բայց խստիւ արգիլեցի, մտաւոր եւ մարմնաւոր կատարեալ հանգիստի պէտք ունէր:

Զաւակը գգուանքներով ու ջերմագին համբոյրներով ծածկեց:

23 Սեպտեմբեր

Երեւակայելի ծննդաբերական բոլոր վտանգներուն դէմ հարկաւոր կանխազգուշութիւնները ձեռք առած ըլլալով հանդերձ, այսօր խել մը վտանգաւոր ախտանիշեր տեսայ, ինչպէս կենդանական ջերմութիւն բարձրացում, փորի սաստիկ ցաւ եւ փսխում. բոլոր այս ախտանիշերը վտանգաւոր հիւանդութեան մը, բէրիթօնիթի գոյութիւնը կ՚ապացուցանէին...: Իր այս վտանգաւոր վիճակը տեսնելով սիրտէս արիւն կ՚երթայ:

24 Սեպտեմբեր

Հակառակ բոլոր ջանքերուս եւ ազդու դարմաններուս, հիւանդութիւնը արագ շրջան կ՚ընէ: Շատ անգամ զիս ալ չի ճանչնար, միշտ կը զառանցէ: Աստուա՜ծ իմ, անյուսալի վիճակ մը ունի, պիտի խենթենամ...:

Իր այս ծանր վիճակին մէջ կէս օրին յանկարծ ուշաբերելով՝ զաւակը տեսնել ուզեց:

Զգուշուեամբ իրեն մօտեցուցի զայն:

— Զաւա՛կս, զաւա՛կս... ըսաւ, խենթի պէս աչքերը բացած եւ իսկոյն անզգայ ինկաւ:

Կէս ժամ վերջն ալ հոգին աւանդեց:

Վրան ինկայ եւ յորդահոս արտասուքներովս զինքը ծածկեցի:

Բարեկամուհիները դժուարաւ զիս անկէ բաժնեցին ո՜հ, երանի թէ երբեք չբաժնէին ու զիս անոր հետ թաղէին...:

Կեանքիս մէջ առաջինն անգամն է որ սիրտս ու կեանքըս խորտակող սիրելիի մը կսկծալի մահը կը տեսնեմ...:

25 Սեպտեմբեր

Երէկ երեկոյին սրտահատորիս թաղման հանդէսը կատարելով իր փափուկ մարմինը ցուրտ ու սեւ հողին յանձնեցի եւ ձեռքովս ու արտասուքովս կնքեցի իր գերեզմանը:

Իր յիշատակը սրտիս խորերը անջինջ պիտի մն եւ իր գերեզմանը նուիրական ուխտատեղի մը:

Այսօր նորածին զաւակիս համար յարմար սնտտու մը վարձեցի:

Իր ցաւալի մահը այսօր թէ՛ հօրը եւ թէ մեր տունը գրեցի. զաւակիս ծնունդը կանխաւ հեռագրած էի: Իր նուիրական կամքը յարգելով զաւակիս անունը Պօղոս դրի. կենդանութեանը այդ փափաքը յայտնած էր, ըսելով:

— Եթէ մանչ ըլլայ՝ պապուս յիշատակին՝ անունը Պօղոս պիտի դնեմ։

1 Հոկտեմբեր

Այսօր իր սնտուկը բացի, ո՜հ, իր օժիտը եւ հարսանեկան զգեստները տեսնելով դառն արտասուքներ թափեցի...:

Իր Յիշատակարանը ուղեցի կարդալ եւ իր վերջին օրերը արձանագրել. ինչպէս որ ինքը շատ կը փափաքէր:

Այսօր սկսայ զայն ամբողջացնել, ձգած թուականէն սկսեալ բաց օրերը արձանագրելով։

2 Հոկտեմբեր

Ինչպէս որ իր գերեզմանը ձեռքովս կնքեցի, նոյնպէս ձեռքովս կը կնքեմ իր Յիշատակարանը։

Տէրը չկամեցաւ որ միասին երջանիկ օրեր վայելէինք։

Պատահածը ինձ համար ամենամեծ դժբախտութիւն մը, անդարմանելի կորուստ մըն է. միայն իր սիրոյն ու անմեղ հոգիին իբր յիշատակ՝ զաւակ մը թողուց. այսուհետեւ ամբողջ կեանքս անոր երջանկութեանը պիտի նուիրեմ:

3 Հոկտեմբեր

Երէկ ողբացեալ ամուսինիս օրագրութիւնը գրելով զբաղեցայ, այս տխուր դէպքէն յետոյ իր գերեզմանէն բաժնուիլ չուզելով մարմարեայ գեղեցիկ շիրիմ մը կանգնել տուի:

Իր այս նուիրական յիշատակը ամէն օր արտասուքներովս պիտի թրջեմ եւ ծաղիկներով զարդարեմ. եթէ Պօղոսիկս քիչ մը մեծնայ, ձեռքէն բռնելով իր իր մօրը գերեզմանը պիտի առաջնորդեմ...:

Սրտահատորիս մեռած սենեակը իր սիրած գոյքերով եւ ձգած յիշատակներովը զարդարեցի:

Որպէս զի իր անմահ յիշատակը անմոռանալի մնայ, բնակած տունս ալ գնեցի։

Կտակի մը ոյժ ունենալու պայմանաւ, հոս հետեւեալ տողերը արձանագրելով, կը կնքեմ երիցս ողբացեալ պաշտելիիս Յիշատակարանը...:

«Մեռնելէս յետոյ զիս իր գերեզմանին մէջ թաղեցէք. աս է իմ միակ եւ վերջին կամքս:»


ՎԵՐՋ

  1. Մարտ 6էն մինչեւ 20 օրագրին մէջ կարեւոր գրուածք մը չգտնուելուն, զանց կ՚առնեմ յիշել. այսուհետեւ նոյն ուղղութեան պիտի հետեւիմ:
    Ծ.Հ.
  2. 1878 հոկտ. 26էն մինչեւ 1830 Ապրիլ 1 օրագրութեան մէջ յիշուելու արժանի բան մը չտեսնելուն զանց կ՚առնեմ: Միայն սաչափը կը յիշեմ որ այդ մէկուկէս տարուանմէջ սիրատար, սրտայոյզ եւ իմաստալից նամակներու փոխանակութիւնը երբեք դադրած չէ. եւ այդ գաղափարներու եւ յուզումներու փոխանակութեամբ երկուստեք իրենց սիրոյն մէջ այնքան յառաջացած են որ զիրար կը պաշտեն:
    Ծ. Հ.
  3. Մնացած մէկ տողը չէր կարդացուեր, բուն ձեռագիրը հոս կ՚աւարտի: Սեպտ. 21էն վերջը գրուածները, ինչպէս յայտնի է, ամուսինը շարունակած է:
    Ծ. Հ.