Աղօթք (Ռափայել Պատկանյան)


ԱՂՕԹՔ



էրկինքը կեցօղ ամենուս պապան,
Խնթրելու քեզիմէն ունիմ շատ պան.
Փոխէ փլանը մեր պամպասարանին,
Վօր մարթիկ մարթոց միս չի ծամին,
Հօքափարցութեան եա թիվը քիչցուր,
Եա նորան մէտօմ խելք ու տատմունք տուր.
Խապախին տուռը տայմա թօ լայ կօց,
Յոյն ու լատինէն փրկէ մեր տըղոց.
Մի պերիլ մեր սէմթ աղլի խօլէռան,
Վինթ ալ քիչ խաղա մեր տեղի աղան,
Կամպեթներուս ալ ծանր խուլեցուր,
Վօր ազգասիրութիւնն չանին առուտուր,
Ցանկութիւնս է, Տէր իմ, ասխատար,
Միթէ՞ խնթրինքիս տուն չիս տալ կատար։