Առաջին սէրը
- ՄԱՅՐԻԿ,
Երբ պստիկ էի, — կը յիշեմ — ջերմ բաղձանք մը, գրեթե իտեալ մը ունեիր զիս գրչի աշխատաւոր տեսնելու, ես երբեք այդպիսի հակամիտութիւն մը ցոյց չէի տար եւ ատիկա ցաւ էր քեզի համար:
Աստուած այնպես մը կարգադրեց որ այդ բաղձանքդ իրականանայ — թէեւ երեւակայելի են համեստ կերպով — բայց դուն չտեսնե՜ս զայն մարմնական աչքերով: Այսօր, գրչիս առաջին արդիւնքը մամուլին յանձնած պահուս, կ’զգամ թէ ան լաւագոյն ծաղիկի փունջն է՝ զոր ես կրնայի նուիրել գերեզմանիդ: Ընդունէ՛ մայրի՛կ, ողբացեալ մայրիկ, մահուանեդ վեց տարի ետքը, գերեզմանիդ, յիշատակիդ նուիրուած այս փունջը՝ որուն ամեն մէկ թերթը քու կեանք տուած սրտիդ ծաղիկներէն փրցուած է մաս առ մաս: Ընդունէ եւ յաւիտենական հանգստիդ մէջէն ժպտէ ինծի. ո՜հ պիտի զգամ քու ժպիտդ եւ ատիկա կորով պիտի տալ ինծի կեանքիս ճամբան քալելու:
- 1/14 Յունիս 1902
- Գոնիա
Օգոստոսին, առտու մը կանուխ, քալելով Հալքիին շրջանը ընելու ելած էին Տիգրան ու Նուարդ քոյր եղբայր։ Յունաց Աստուածաբանական վարժարանին դիմացի բլրակին վրայի փոքրիկ տուներուն մէկէն դուրս ելած էին, երբ դեռ արեւը լոգանքէն ելած կոյսի մը պէս, շիկնոտ ճաճանչներ կ'արձակէր, հազիւ գրկաչափ մը բարձրացած Եագաճըգի լեռներուն վրայէն: Դէպի Աստուածաբանական վարժարանը մագլցեր էին նախ, փութկոտ քալուածքով մը, քով քովի, թարմ թարմ ամէն մէկ քայլափոխին շնչելով առտուան զով ու կեանքոտ օդը։ Յետոյ դէպ ի ծովեզերքը իջեր էին, կարելի եղածի չափ երկնցնելու համար իրենց ճամբան:
Մէկ նայուածքով ոչ ոք պիտի վարանէր ըսելու թէ քոյր եղբայր էին ասոնք։ Թէեւ, երիտասարդը — հազիւ քսանը անցած — միջահասակ ու թուխ էր, մինչ աղջիկը կապոյտ աչուի և երկայնահասակ, սակայն իրենց քալուածքին, նայուածքին ու խօսուածքին մէջ չես գիտեր ինչ մը կար որ կ'ըսէր թէ քոյր եղբայր էին ասոնք: Երբ ճիշտ ծովափը հասան վայրկեան մը կանգ առին, դիտելու համար չորս դին: Ծովը դիմացի եզերքէն զարթումի, կեանքի անուշ ողջոյն մը կ'առնէր կը բերէր մեղմիկ ծփանքներով ու եզերքի կոպիճներուն կը զարնէր զայն կամացուկ մը, գիշերուան թմրութենէն արթնցնելու համար հալքին, խնամոտ մօր մը մէս՝ որ առտուան անուշ քունէն մեղմութեամբ արթնղնել կ'ուզէ իր զաւակը: Ծովեզերքի մի քանի ցանցառ եղեւինները իրենց միօրինակ խլրտուքին միստիք խաղը կը բերէին խառնել այն առաւռտեան ժամերգության որ ամէն օր ինքնիրեն կ'երդուի բնութեան շքեղ տաճարին անեզրութեան մէջ:
Անդին, Պօլսոյ կողմը, շղարշ-մէգ մը կը ծածանէր, արեւելքէն դէպ ի արեւմուտք երկարաձգուած, հեռուէն ամպիկէ նուրբ քօղին ներքեւ իր գեղեցկութեան ամբողջական ցուցադրումը զլացող գեղուհիի մը կերպարանքը տալով Մայրաքաղաքին:
― Քալե՛նք, ըսաւ Նուարդ քիչ մը ետքը, հիանալի տեղ մը գտած եմ. հոն պիտի տանիմ քեզի այսօր: Այդ տեղը, հակառակ խենդենալու չափ սիրած ըլլալուս, շատ քիչ անգամ գացած եմ, որպէսզի քեզ հետ միասին ըմբոշխնենք անոր հրապոյրները:
― Ո՞ր կողմն է այդ տեղը:
― Անհամբեր մի՛ ըլլար, քալե՛նք, քիչ մը ետքը կը տեսնես: Եւ խորտուբորտ ծովեզերքէն սկսան քալել: Երբեմն ճամբան այնքան կը նեղնար որ կ'ստիպուէին քովէ քով չքալել։ Բնութեան քմահաճոյքին կը հետեւէին, անկապակից շրջաններ ընելով, մերթ փոքրիկ հրուանդանի մը ճիշտ քիթէն անցնիլ ուզելով, մերթ ծովախորշիկի մը առջեւ դարձեալ դէպի ներս կլոր պտոյտ մը ընել ստիպուելով:
― Պիտի յոգնիս Նուա՛րդ, ըսաւ, երիտասարդը երբ ծովու, բաղնիքներուն քովէն դարձեալ դէպի ծովեզերք կ’իջնային, ջուրին ճիշտ քովեն քալելու համար, վերէն շիտակ համբէն երթալու Էինք:
― Չեմ յոգնիր քեզի հետ, ըսաւ, Նուարդ եղբօրը թեւէն կախուելով կէս մը, փոքրիկ զառիվեր մը ելլելու համար: Հասարակաց ճամբարները չե՛մ սիրած երբէք, ամենուն անցած ճամբէն անցնիլը հաճոյք մը չունի ամենեւին, տափակութիւն է ատիկա: Ի՞նչ կ’ըլլայ, կը յոգնինք, քիչ մը, բայց պիտի տեսնես հիմա ինչպես կուշտ ու կուռ պիտի վայելենք բնութիւնը և ինչ ախորժակով պիտի նախաճաշենք:
Քիչ մը անդին, ձկնորսներու լարած ուռկաններուն մօտ, առեւտրական վարժարանին դիմացի ընդարձակ որմափակին քովէն վեր ելլել ստիպուեցան, որովհետեւ, հոն ալ ծովեզերքը գրեթէ անմատչելի է: Անկոխ մարգագետնին վրայէն այդ վերելքը շատ դժուար էր. ամէն վայրկեան ոտքերնին սահելով ակամայ երկրպագութիւն մը ընել կ’ստիպուէին: Եւ ամէն անգամ «Հօ՜ր» կ’ըսէր Նուարդ ու կը խնդար. խնդուքը սիրուն ծալքեր կը գծագրեր իր կանոնաւոր դիմագծերուն վրայ. յետոյ մէկ ձեռքով, սեւ ու խիտ մազերիւն ցնցումներէն ապստամբած սիրուն գանգուրները կ’ամփոփէր գլխարկին տակ: Եւ երբեմն ալ.
― Կամա՛ց տղաս, չիյնա՜ս, կ’ըսԷր սիրուն շեշտ մը դնելով «տղաս» բառին վրայ ու ինքն ալ խնդալով Տիգրանին ունեցած մէկ տարուան տարիքի առաւելութեան մէջ սղմեցնելուն համար այդ բառը։
Ճամբան հասան վերջապես ու սկսան քալել երկու կողմի խիտ եղերքներուն մէջէն՝ որոնք արեւին ճաճանչները դեռ չէին ձգեր գալ գիշերուան տամկութիւնը ջնջելու։ Ծառերուն ու գետնին կանանչութիւնր, դեռ նոր ներկուած կարծես, կը ժպտէր ամեն կողմէն։ Երբեմն երբեմն տերեւներուն մէկ բացուածքէն սպրդած ճառագայթներ, երկար ու նուրբ վէտվէտումով մը կ’ոստոստէին ճամբուն վրայ, թեթեւ հովին, քմահաճոյքին համեմատ:
Քիչ մը ետքը եղբորը ձեռքի նուրբ գաւազանը առաւ Նուարդ ու ճամբուն փոշին ծեծելով անով.
― Նա՛, ըսաւ, ամէն մարդ կ’անցնի ասկէ, այնքան անցուած է որ տե՛ս փոշիին մէջ կը թաղուի ոտքերնիս, ի՞նչ հաճոյք կայ ասկէ երթալուն մէջ, պարզ ընդօրինակութիւն մը ամէնուն ըրածին, ինչ որ չեմ սիրած և չպիտի սիրեմ բոլոր կեանքիս մէջ, եկո՛ւր տղա՛ս, քիչ մը վերէն երթանք:
Եւ ծառերուն մէջ խորասուզուեցան դարձեալ։ Առանց ուշադրութիւն ընելու ճամբուն, խորասուզուեցան անտառին մէջ որոշ ուղղութեան մը հետեւելով միայն։ Երբեմն այնքան խիտ թուփերու մէջ շրջապատուած կը գտնէին ինքզինքին, որ Տիգրան ձեռքի նախաճաշի փոքր ծրարը վար կը դնէր, երկու ձեռքերով կ’գրկէր մէկդի կ’առնէր մացառները որպէսզի Նուարդ անցնի առանց վրան գլուխը պատռելու։ Եւ ան, ժպտելով, միշտ ժպտելով, մատովը պզտիկ ապտակ մը զարնէր եղբօրը երեսին, շնորհակալութեան փայփայանքի պզտիկ ապտակ մը ու կ’անցնէր:
― Արսէնիօս հասանք, ըսաւ վերջապէս Տիգրան, դեռ հեռո՞ւ է ըսած տեղդ:
― Երկուր, ըսաւ ան շրջան ընելով վանքի ետեւի կողմէն ու Չամ―Լիման տանող ճամբան ձախ կողմը ձգած դէպի ծովեզերք իջնելով:
Բաւական ատեն եղեւիններու մէջէն զիկզակող քարուտ նեղ արահետէ մը վար իջան: Տիգրան Նուարդին կ’հետեւէր քայլ առ քայլ: Յանկարծ, եղեւիններուն խիտ ցանցին մէջէն դուրս ելան ու ծովուն իշխող փոքրիկ դարեւանդի մը վրայ, արեւուն դիմացը, ենկողմանեցաւ Նուարդ.
― Եկուր տղա՛ս, քովս եկուր, ըսելով Տիգրանին:
Դէպի Մեծ կղզիին վրայ բարձրացեր էր հիմա արեւը, և երկու կղզիներուն մէջտեղ՝ ծովուն մէջէն, ադամանդէ շողերով փողփողուն լուսեղէն ճամբայ մը շիներ էին ճաճանչները,― ճամբայ մը որ կը ծփար, կը խայտար, կը վէտվէտէր ալիքներու տատանումովը: Մեծ կղզիին ապարանքները կը փայլէին դիմացը: Ասդին ձախ կողմը Մարմարան կը տարածուէր, հեռո՜ւն, հեռո՜ւն, տարտամօրէն սահմանափակուած, հորիզոնին մօտ, Պրուսայի ամպածրար լեռներովը: Այդ ահագին միօրինակութիւնը հեզուկին, զով շունչ մը կը բերէր իր խորութիւններուն մէջէն, պղպջանքներուն ծոցը, հաւասարակշռելու համար ամրան տապը։ Օգոստոսի առտուանցավ, և գարնան հմայք մը տալու այդ տեղւոյն: Աջ կողմը Չամ―Լիմանի սիրուն փոքրիկ ծովախորշը՝ որուն դրան սեմին մէկ կողման վրայ նստած էին կարծես քոյր եղբայր՝ իր սիրուն պզտիկութիւնովը գեղեցիկ հակապատկեր մը կը յօրինէր Մարմարային հետ: Եւ կղզիին ամբողջ ծառերով զարդարուած այդ կլորութիւնը՝ որ խաւ խաւ վար կ’իջնէր մինչեւ ջուրին եզերքը՝ շքեղօրեն ցուցադրուած էր հոն աչքերուն դիմացը:
― Ի՞նչպէս… ըսաւ Նուարդ, այդ մէկ բառին երկայնութեանը մէջ ամփոփելով իր հարցումը:
― Հիանալի, գիւտ մը ըրեր ես քո՛յրս, իմ աշխարհագրութեանս մէջ Նուարդի հրուանդան պիտի ըսեմ ասոր, յարեց Տիգրան խնդալով:
Եւ ըստ քմած տարածուած՝ հողին վրայ, ու գլուխն ալ քրոջը ծունկին կռթնցուցած, մերթ երկնքի անբիծ կապոյտը դիտելով փոխն ի փոխ, լիաթոք սկսաւ շնջել անտառին առտուան մեղմ ու անուշաբոյր օդը:
― Տիգրա՛նս, ըսաւ Նուարդ երիտասարդին մազերն շոյելով, աղւոր Տիգրա՛նս, որչափ շատ կը սիրեմ զքեզ:
― Արդէն սիրոյ համար ստեղծուած էակ մըն ես դուն հոգիս, ըսաւ Տիգրան անոր քնքուշ ձեռքը համբուրելով մեղմիկ, բան մը ատել չես կրնար արդէն, այնքան փափուկ է սիրտդ:
― Ո՛չ տղաս, մի չափազանցեր, կրնամ ատելութիւն ալ ունենալ, ո՜հ մանաւանդ աշխարհի վրայ երկու բան մահու չափ կ’ատեմ, մին նախապաշարումն և միւսը դրամ:
― Նախապաշարումը կ’ըմբռնեմ թէ ատես, բայց դրամը ինչո՞ւ:
― Պա՜հ, եթէ ուրիշ որևէ պատճառ չունենայի զայն ատելու, հինգ տարի ամբողջ քեզ ինձմէ բաժնելը բաւականէն աւելի պատճառ մը չէ՞ր միթէ զայն ատելու, ըսէ նայիմ:
― Բայց դրամին յանցանքը չեմ տեսներ այդ խնդրոյն մէջ, Նուարդ, ուսման փափաքը՝ կանոնաւոր կերպով Անգլիերէն սորվելու բաղձանքը ստիպեցին զիս որ հինգ տարի հեռու ապրիմ ձենէ:
― Հոս, Պոլսոյ մէջ Անգլիերէն չէի՞ր կրնար սորվիլ, Ռօպերթ գօլէճէն շրջանաւարտ չէի՞ր կրնար ըլլալ, ի՞նչ հարկ կար երթալ Փոքր Ասիոյ խորերը տարիներով մեզմէ հեռու ապրելու եթէ դրամական տեսակէտը գոյութիւն չունենար… Չխօսի՞ս: Ինչ որ ալ ըլլայ իրաւունք ունիմ դրամը ատելու և կ’ատեմ:
― Բայց քոյրս, չէ՞ մի որ երջանիկ ենք հիմա չէ՞ մի որ քուկդ եմ դարձեալ:
― Այո՛, բայց գիտե՞ս որչափ կարօտցած էի քեզ, Տիգրանս:
Վերջին բառը տեսակ մը հպարտութեամբ կ’արտասանէր, վերջին տառին, «ս»-ին վրայ ուժգին շեշտ մը դնելով, այդպէսով Տիգրանին իրենը ըլլալը, իր եղբայրը ըլլալը որոշապէս զգացնելու համար ամէն անգամ ինքզինքին:
Գորովի, խանդաղատանքի կուռ խտացում մը, հոգիէն, սրտէն չես գիտեր ինչ մը կը դնէր այդ մէկ տառին մէջ. Տիգրա՜նս: Հինգ տարի շարունակ աշխատեր էր Տիգրան Փոքր Ասիոյ Ամերիկեան գօլէճներէն մէկուն մէջ: Հօրը համեստ քսակը չէր թոյլատրած որ Պօլիս գայ արձակուրդներու ատեն: Վերջապէս՝ շրջանաւարտի վկայականը ձեռքը՝ վերադարձեր էր դեռ շաբաթ մը առաջ և Հալքիի մէջ համեստ տուն մը բռնած էին որպէսզի աղան քիչ մը հանգստանայ, կազդուրի հինգ տարուան անընդհատ աշխատութենէ մը ետքը:
Տիգրան միշտ երկար նամակներ կը գրէր թէև դպրոցէն, սակայն Նուարդ քիչ անգամ և կարճ պատասխաններ կուտար: Նամակը, անզգայ թուղթի կտորը չէր բաւեր իտեն, սրտին բոլոր խանդաղատանքը չէր կրնար դնել հոն: Շատ հեզ եղբօրմէն եկած նամակները քանի մը անգամ լափելէ ետքը, գրասեղանին առջեւ կը նստէր ու կ’սկսէր գրել, բայց այնքան շատ բան կ’ունենար գրելու, զգացումները այնքան առատօրէն կուգային, որ անկաելի կ’ըլլար զանոնք արտայայտել ― մինչեւ բերանը լեցուած շիշերու պէս զոր եթէ յանկարծ դարձնես բերանը բաց ըլլալով հանդերձ ջուրը չթափիր, օդ չառնելուն համար:
Գրածը կը պատռէր, յետոյ նորէն կ’սկսէր, միեւնոյն փորձը քանի մը անգամներ, մինչեւ որ վերջապէս լալով գրիչը մէկդի կը նետէր ձեռքէն ու զայրոյթով գրասեղանը ետ հրելէն յետոյ կ’տոնէր կը քալէր:
Այսպէս, հինգ տարի, շարունակ որտին խորը կուտակած էր իր բոլոր գորովն ու սէրը, հոգիին բոլոր խանդաղատանքը, զոր կարօտին բոցերը կ’եռացնէին միշտ, պայթելու պատրաստ հրաբուխի մը պէս: Հիմա շաբաթէ մը ի վեր հրաբուխը ժաձթքեր էր:
Տիգրան որչա՜փ երախտագէտ եղաւ հօրը՝ երբ տեսաւ թէ ան, ինչպէս իր, նոյնպէս և քրոջը կրթութեան ու զարգացման համար որևէ զոհողութիւն չէր խնայած, հակառակ իր համեստ արհեստաւորի վիճակին:
Տղան գիտէր թէ ազնիւ քոյր մը գանձ մըն է երիտասարդի մը համար, թանկագին գանձ մը, և այդ գանձին արժէքը այնքան աւելի կը մեծնա՛յ արքան այդ քոյրը, զարգացած, կրթուած, բարոյապէս նրբացած ու սրտի մը պէտքերը հասկնալու կարող եղած ըլլայ:
Հիմա զիրար կ’ըմբոշխնէին երկունքն ալ, ազատօրէն, անյագօրէն: Նուարդ՝ արդէն քիչ մը զուարթ՝ հիմա շաբաթէ մը ի վեր, ուրախութենէն կը ճառագայթէր: Հարցումներու անվերջ անհատնում տեղատարափ մը սկսեր էր ան թափել Տիգրանին գլխուն, իր հինգ տարուան կեանքին վրայ՝ դպրոցականի կեանքին ամէն մէկ մանրամասնութիւնները կամաց կամաց կը պարզուէին այդ հարցումներուն առջեւ: Տիգրան ի բնե լուրջ, հանդարտ խօսուածքով մը կրցածին չափ կը պատասխանէր իր քրոջը անկապակից հարցումներուն՝ որոնք առջի օրերը մանաւանդ, զիրար կ’ընդմիջէին, զիրար կը կտրատէին շարունակ: Քրոջական սիրոյն յորդումը կը տեսնէր տղան այդ հարցումներուն մէջ ու կը ձգեր որ այդ քնքուշ ու փափուկ հեղեղը ողողէ զինքը:
Հողին վրայ՝ դէմ դիմաց, նախաճաշեցին հոն հաւկիթով ու պանիրով առտուան պտոյտէն ախորժակնին սրուծ, լափեցին ինչ որ կար փոքրիկ տակառին մէջ և յետոյ քիչ մը անդին, եղեւինի մը շուքին տակ, ծուլաբար գացին ընկողմանիլ դէմ առ դէմ, աչքերնին Մարմարայի վէտվէտուն տարածութեանը վրայ յառած:
― Տեսնենք այսօր ինչ պիտի պատմես ինծի, ըսաւ Նուարդ փափուկ ձեռքերովը երիտասարդին դեռաբոյս պեխերով շոյելով:
― Ի՛նչ որ կ’ուզես:
Քիչ մը մտածեց աղջիկը աչքերը ծովին յառած, յետոյ որոշումը տուողի ձեւով մը դէպ ի եղբօրը ծռեցաւ ու.
― Տիգրանս, ըսաւ կամացուկ մը, մինչեւ հիմա հարցուցածներէս տարբեր բան մը պիտի հարցնեմ քեզի, լո՛ւրջ բան մը սրտի խնդիր մը:
― Կուզես՞, տղաս, հարցնե՞մ, յարեց յետոյ խնդալով:
― Հարցո՛ւր, ինչո՞ւ չէ, պատասխանես Տիգրան, վարժուած միշտ հաճոյքով քրոջը բաղձանքները գոհացնելու:
― Սի՞րած ես երբէք…
Սիրոյ վրայ շատ անգամներ խօսեր, գաղափարներ փոխանակեր էին, բայց առաջին անգամ այս տեսակ հարցում մը կ’ուղղէր Նուարդ իր եղբօրը. ապահով էր սակայն թէ պատասխանը՝ «այո» կամ «ոչ»՝ կատարելապէս անկեղծ պիտի ըլլար: Եղբօրը սիրտը ծայրէ ի ծայր պրպտած էր, միայն այդ խորը մնացած էր անծանօթ և հիմա կարգն անոր եկած էր: Իրենց փոխադարձ սէրը այնքան բուռն, այնքան կաթոգին էր որ, իրարու չըսուելիք բան մը չէր կրնար գոյութիւն ունենալ սրտերնուն մէջ:
Նուարդ խորհած էր թէ Տիգրան հաւանականաբար սիրոյ բոցը զգացած ըլլալու էր մինչեւ հիմա լանջքին տակ:
Տիգրան ալ իր կողմէն առաջին անգամ էր որ այս տեսակ հարցում մը լսէր, բայց իրեն համար ալ եթէ մինակ անձ մը կար այդպիսի հարցում մը ուղղելու կարող իրեն, այդ ալ քոյրն էր. ուտի չվարանեցաւ պատասխանելու:
― Նուա՛րդ, շատ դիւրին չէ այդ հարցումիդ պատասխանը, որովհետեւ մինչեւ հիմա ես ինծի որոշ կերպով չեմ ըրած այդ հարցումը: Սակա՜յն… այո՛ պիտի պատասխանեմ, երբ մանաւանդ հարցումդ փոխես քիչ մը ու «պաշտեցի՞ր» հարցնես ինծի, փոխանակ «սիրեցիր»ի:
― Ուրե՞մն… ատիկա պիտի պատմես ինծի այսօր, առաջի՛ն սէրդ, հէ՞… չըլլա՞ր, տղաս…
― Առաջին սէրս այո՛, կամ լաւագոյն է ըսել առաջին պաշտումս, պատանեկան գաղտնի թղթածրարին մէկ հատորն է անշուշտ, բայց քեզ համար սիրելի Նուարդս, ամէն բան կարելի է, թղթատենք զայն սիրով, քանի որ կը փափաքիս:
«Աֆերիմ տղաս»ով մը շնորհակալ եղաւ Նուարդ, և աչքերը միշտ ծովուն յառած, ալ ավելի հանգիստ կերպով տեղաւորուեցաւ ուշադրութեամբ մտիկ ընելու ― ինչպէս որ սովոր էր արդէն, ամէն անգամ որ Տիգրան բան մը պատմէր:
Տիցրան ― որ պերճախօսի բնական ձիրքով մը օժտուած էր ― քիչ մը ատեն մտամփոփ կենալէ ետքը սկսաւ իր պատմութիւնը: Ահաւա՛սիկ ինչ որ ան պատմեց.
«Բաւական ետ պէտք է երթալ. դպրոցական շրջանիս հետ կ’սկսի ան, մինչեւ հոն պէտք է վերադառնալ բան մը պակաս ձգած չըլլալու համար անոր յիշատակէն՝ որ իր բոլոր մանրամասնութիւններով կոյս ու անեղծ մնացած է սրտիս մէջ»:
«Դպրոց հասնելէս գրեթէ ամիս մը ետքը, օր մը, կէս օրուան ճաշին անծանօթուհի մը նստած տեսայ մեր տեսուչին տիկնոջ քով: Ըսած եմ արդէն թէ տեսուչը, ընտանիքով մեզի հետ կը ճաշէր: Առաջին անգամ կը տեսնէի զինքը: Ճերմակ, ճեբճերմակ սէմքին վրայ, դեղնորակ մազերու շքեղ պսակ մը, թույլ կերպով հիւսուած , աչքերը՝ նուաղ, երկնագոյն, հասակը՝ երկայն՝ ու նուրբ դեռածիլ աղւոր ցօղունի մը պէս նուրբ ու ճկուն:
«Աչքերս յառած մնացին իր վրայ, բաւական ատեն, չեմ գիտեր ինչ անդիմադրելի հմայքէ մը գրաւուած»:
«Յետոյ՝ որովհետեւ ճաշի ատեն ազատօրէն կրնայինք խօսակցիլ՝ անոր ո՞վ ըլլալը հարցուցի կամացուկ մը քովի տղուս»:
«― Մանկապարտէզին տնօրէնուհին, պատասխանեց տղան: Երբեմն կուգայ հոս ճաշելու»:
«― Անո՞ւնը, հարցուցի»:
«― Միս Իզ…»
«― Գիտեմ, գիտեմ Միս Իզապէ՜լ, պոռաց Նուարդ, հակառակ չընդմիջելու բաղձանքին, ինքզինքը չկրնալով զսպել»: Տիգրան զարմանքով գլուխը վեր առաւ: Առաջին անգամն էր որ ասիկա մէկու մը կըյայտնէր:
― Գիտե՞ս մի՜…
― Անզգալաբար այնքան գոված, այնքան շատ խօսած ես այդ Անգլուհիին վրայ որ արդէն ըսէր էի ինքնիրենս, թէ պարզ համակրութիւն մը չէ անոր հանդէպ զգացածդ: Եւ յետոյ ի՞նչ կարծեցիր, այնքան դժուա՞ր է քեզ մէս ազնիւ եղբօր մը սիրտը կարդալ ինձ համար: Բայց շարունակէ՛:
«― Արդարեւ, սիրելի Նուարդս, չես սխալած, Միս Իզապէլ ― գանատուհի մը ― ինքն է պաշտումիս առարկան»:
«Առաջին անգամը չէր որ անծանօթուհի մը մեզ սեղանակից կը տեսնէի հոն, բայց մինչեւ այն ատեն և ոչ մէկուն ո՞վ ըլլալը, կամ անունը հետաքրքրուած էի գիտնալու: Քանի որ այնքան խօսած եմ իր վրայ քեզի անզգալաբար՝ ըսած եմ անշուշտ թէ իր դէմքին միակ արտայայտութիւնը՝ առաջին ակնարկով իսկ ձգած տպաւորութիւնը մարդուս վրայ, խորունկ, անսահման բարութիւն մըն էր: Անիկա մէկ անգամ մը տեսնելէ յետոյ, անկարելի է որ մարդ հրեշտակ մը երեւակայած ատեն ատիկա չառնէ իրեն իբր տիպար: Իր նուրբ, քիչ մը դալկահար այլ փափուկ, հիանալիօրէն փափուկ դէմքին վրայ փայլփլող զոյգ մը խոշոր վճիտ աչքերուն անուշ ու խորունկ կապոյտէն շնորհիվ, բարութեան՝ անբացատրելի յորդում մը կ’արտացոլար»:
«Ճաշին աւարտելուն մօտ, դէպի ինծի ծռեցավ ու ժպտելով՝»
«― Դեռ նոր եկած էք, այնպես չԷ՞, ըսավ մելանոյշ ձայնով մը»: «Հայերէն ալ գիտէ՜ր: Երբէք չպիտի մոռնամ այդ հարցումը. երբէ՜ք: Ինչ սիրուն, ի՞նչ թովիչ խօսուածք, համակ մեղմութիւն, համակ ներդաշնակութիւն: Հայերէնը իր բուն առոգանութենէն, արեւելեան բնական հնչումէն կը մերկացնէր իրա՛ւ, բայց անոր տեղ, այնպիսի բեկբեկուն, այնպիսի անուշ, այնպիսի փրփրոտ ներդաշնակութիւն մը կուտար անոր, որ մարդ կը հիանար կ’ուզէր ժամերով, օրերով մտիկ ընել»:
«Յետոյ, ծննդավայրս, անունս հարցուց և ուրիշ մի քանի մանր մունր բաներ ալ զորս չեմ յիշեր հիմա: Մեքենաբար կը պատասխանէի ալ իրեն: Աչքերս կերակուրի պնակիս փոքրիկ կլոր շրջանակին մէջ բանտարկուած էին:
«Մինչեւ այն ատեն երբէք այս տեսակ յուզում մը չէի ճանչցած, ինչի՞ վերագրել: Մտքէս կրնայի՞ անցնել թէ սէր էր ան, առաջին թրթռացումը սիրոյ, պաշտումի խաղին. այն լուռ մնացած էր հոգիիս խորը դեռ մինչեւ այն ատեն ― բարակ, նուրբ, անուշ խաղին պէս դաշնակի մը որ լուռ կը մնայ երկայն ատեն և օր մըն ալ քնքուշ, փափուկ մատ մը կուգայ հնչեցնել, կեանք տալ անոր»:
«Մանաւանդ, կրնայի՞ երեւակայել որ ինծի պէս 15―16 տարեկան տղայ մը կարող ըլլայ իրեն գրէթէ կրկին տարիքը ունեցող աղջկան մը համար սէր զգալ, ան ալ առաջին նայուածքով»:
«Յետոյ ամէն անգամ որ պատահէի իրեն, ճիշտ միեւնոյն յուզումը կը գրաւէր զիս, ամէն մէկ անգամուն քիչ մը աւելի խորունկ: Շաբաթներով, ամիսներով չկրցայ մտքիս մէջ պատասխան մը գտնել այդ «ինչու»ին»: «Զինքը տեսնելէս շաբաթ մը ետքը բաւական բան գիտէի իր կեանքին վրայ»:
«Տարի մը առաջ նշանուած էր, Անգլիական գաղթականութեան անդամներէն մէկուն: Սակայն՝ քանի մը ամիս առաջ բաժնուած էին իրարմէ, նշանածը ― որուն գլխին բռունցքի հարուած մը իջեցնել կուդար ամէն տեսնելուս ― բաժնուիլ ուզած էր ուրիշ աւելի բարեկեցիկ աղջիկ մը գտած ըլլալուն համար ― մանաւանդ որ տժգոյն ու հիւանդոտ դէմք մը ունէր Միս Իզամէլ: Մինչդեռ իր նոր նշանածին վրայ առողջ Անգլիացի աղջկան ամէն հանգամանք կը տեսնուէր»:
«Ատիկա, հիւանդ ըլլալուն համար լքուած ըլլալը խորունկ կարեկցութեամբ մը համակեց զիս»:
«Ինք կատարեալ տիպար մըն էր, բարութեան, հեզութեան ու անուշութեան: Առանց ամէնաթեթեւ մրմունջի մը «գնա՛ ազատ ես» ըսած էր այն անսիրտին՝ զոր թերեւս ալ ― ո՞վ գիտէ ― սիրա՜ծ էր… Միջակ դասակարգի, համեստ աղջիկ մըն էր ինք, որ ընտանիքէն հեռու կեանքը կը շահէր, մասնագէտ―մանկապարտիզպանուհիի հմտութեամբ»:
«Չեմ գիտեր թէ իր նշանածէն լքուած ըլլալուն պատմութիւնը ինչ ազդեցութիւն պիտի ընէր ուրիշ որևէ մէկու մը վրայ, սակայն ես ալ աւելի ջերմ համակրութեամբ մը կապուեցայ իրեն հետ հոգիիս խորէն»:
«Համակրութիւն կ’ըսեմ դեռ, որովհետեւ այն ատեն տակաւին չէի կրնար հաւատալ թէ սէր էր զգացածս»:
«Բայց անշուշտ յարգանքի աչքառու արտայայտութիվն մը կար իմ իրեն հանդէպ ունեցած վարմունքիս մէջ, որովհետեւ ամէն անգամ որ ― ամիսը կամ երկու շաբաթը մէկ մը ― պատահէի իրեն, բաներ մը կը գտնէր ինծի հարցնելիք, իր հրեշտակի ժպիտով ժպտելով: Որպիսութիւնս կը հարցնէր, Անգղիերէնի մէջ ըրած յառաջադիմութիւնս կը հարցնէր, ազնիւ, հոգածու հարցում մը կը ցտնէր վերջապէս ընելու»:
«Առաջին տարին այսպէս անցաւ»:
«Արձակուրդին, ան մեկնեցաւ: Առողջութիւնը, ամէն տարի, երկար պտոյտներ կը պահանջէր. փափո՜ւկ, վարդի մը պէս փափուկ էր և բժիշկները անհրաժեշտ նկատեր էին ճամբորդութեան այդ կազդուրումը իրեն համար ամէն տարի»:
«Կարծեցի թէ մեկնելէն քիչ մը յետոյ պիտի մոռնամ զինքը ― մանաւանդ որ տարուան մը աշխատութենէ ետքը արձակուրդը հոն անցնող ընկերներուս հետ, փառաւորապէս զուարճութեան կուտաինք ինքզինքնիս: Ո՛չ, սակայն, անկարելի եղաւ զինքը մոռանալ, բացարձակապէս անկարելի: Զուարճութեան, պտոյտի, զբօսանքի աշխատութեան մէջ, ամէն ատեն վերջապէս կը յիշեի զինքը: Միշտ կը յիշեի, իր հրեշտակային դէմքը միշտ ալ աւելի խորապէս կը դրոշմուէր երեւակայութեանս մէջ, խորունկ կարօտի մը պէս՝ զոր ժամանակին անիւը, ամէն մէկ դարձին ալ աւելի խորը կը մխէ սրտիդ»: «Իր բացակայութեան միջոցին ամէն մանէ աւելի աշխատութեան տուի ինքզինքս, այնպէս որ դպրոցի վերաբացումին նոր կարգ մըն ալ փոխեցի: Մեր դպրոցի բացումէն երկու օր ետքը կարծեմ, ինք ալ վերադարձաւ: Առաջին տեսութեանս, շատ յուզուեցայ դարձեալ, և յայտնապէս գրեթէ: Բայց ալ այնուհետւ բաւական վարժուեցայ առ երեւոյթս գէթ հանդարտ ըլլալու, ամէն անգամ որ զինքը տեսնէի: Ալ Անգղիերէն խօսիլ սկսած էի բաւական, իր գոհունակութիւնը կը յայտնէր ինծի շատ անգամ, արագ յառաջդիմութեանս համար: Եւ ամէն բանէ աւելի, այդ գոհունակութեան արտահայտութիւնը վայելելու համար մանաւանդ եռանդով կ’աշխատէի դասերուս»:
«Շատ անգամ տնօրէնին հետ խորհրդակցելու կուգար, և ատոր համար ստիպուծ էին մեր դպրոցին պարտէզէն անցնելու. եթէ դասերս չարգիլէին անպատճառ պարտէզը կ'ըլլայի իր անցած ատենները: Եթէ շատ հապճեպի մէջ ըլլար՝»
«― Good after ―noon Dicran!»:
«Եւ կամ ընկերներով եղած ատենս».
«― Good after ―noon boys! կ’ըսէր իր անուշ ձայնովը ժպտելով ու կ’անցնէր: Շատ անգամ ալ կը կենար քանի մը վայրկեան ու կ'խօսէինք: Սիրելի Նուարդս ինչպէս ինծի համար կենսական պէտք մըն էին ձենէ եկած նամակները՝ որոնցմէ հանգիստ ըլլալնիդ կ’իմանայի՝ կ’զգայի թէ ճիշտ այնպէս, և աւելի, պէտք մըն էր զինքը տեսնելն ալ»:
«Երջանիկ պիտի ըլլայի, իբր քոյր, իբր մայր, իբր բարեկամուհիներուն էն յարդուածը և սիրուածը, իբր ինչ որ ինք ուզէր վերջապէս, համակրութիւնս յայտնելով իրեն: Բայց ինչպէ՞ս»:
«Անկարելի է կ’ըսէի ինքնիրենս ու կըջանայի մտքէս ի սպառ վանել այդ գաղափարը, անկարելիին զօրութեամբ»:
«Անօգո՜ւտ սակայն, կը տառապէի, ատիկա չէի ուզեր ինքզինքիս խոստովանիլ, սակայն կը տառապէի…»
«Այսպէս անցան երկրորդ և երրորդ տարիներն ալ՝ միայն թէ՝ իր բարութիւնը՝ կամայ ակամայ՝ վերջապէս մասամբ գոնէ, յայտնուող յարգանքիս ու համարձակութեանս փոխարէն՝ թոյլ տուած էր ինծի հետզհետէ աւելի մոտենալու իրեն»:
«Մանկապարտէզին մէջ փոքրիկ ծառայութեան մը համար ― զոր օրինակ մանկապարտէզի պզտիկներուն խաղի համար ծառերէն ճիւղեր կամ տերեւներ փրցնելու ― երբ դպրոցէն տղու մը պէտք ունենար, հարիւրին իննսուն զիս կը կանչէր: Ի՜նչ եռանդով կը վազէի, Աստուա՜ծ իմ, և որչափ ջերմապէս կ’օրհնէի զինքը սրտիս խորէն»:
«Ալ բնականաբար Անգլիերէն կրնայի խօսիլ, բայց շատ անգամ իր քիչ մը կնճռոտ մէկ խօսքը չհասկանալ կը ձեւացնէի, պարզապէս զինքը հայերէն բացատրութիւն տալ ստիպելու և հայերէնը իր բերնին մէջ լսելու համար»:
Դխրութեամբ չէր կրնար խօսիլ հայերէնը, բնականաբար, քանի որ կանոնաւոր զաս առնելով չէր որ սոված էր, մտածելով, կենալով, չգիտցած ամէն մէկ բառին համար չորս հինգ գիտցած բառերով բացատրութիւններ շինելով կը խօսէր, բայց ճիշտ ատոր համար կ’ուզէի որ մանաւանդ հայերէն խօսէր. բան մը փնտռած ատեն մատը ճակատին կը տանէր ու թարթիչները կէս մը խփելով անբիծ նայուածքը կ'ուղղէր խօսակցին վրայ: Եւ այն ատեն, նայուածքին վրաս ուղղուիլը զգացած պահուս, տարօրինակ շքեղ բան մը կ'զգայի ինքզինքիս մէջ ― բան մը որուն ինչ ըլլալը ես ալ չէի գիտեր, բայց երկնային լոյսէ մը ողողուած, վերացած ու երջա՜նիկ կ’զգայի ինքզինքս»:
«Չորրորդ տարին, առաջին անգամ ըլլալով, իր սենեակը մտայ. ճոխ գրադարան մը ունէ, իմացած էի թէ բարձրագոյն կարգէն մի քանի աշակերտներու գրքեր փոխ կուտար կարդալու համար: Օր մը, պատեհ առիթի մը հարցուցի որ ես ալ կրնայի՞ ստանալ արդեօք»:
«― Ինչո՞ւ չէ, շատ սիրով, եկէք առէք, պատասխանեց»:
«Հետեւեալ օրը, այդ առթիւ գացի սենեակը: Շատ դժուար է ըսել թէ ի՜նչ խորունկ երկիւղածութեամբ ներս նետեցի ոտքս այդ դրան սեմէն: Իր սովորական սիրալիր ժպիտով ընդունեց զիս»:
Երկու պատուհանով ― մին փողոցին և միւսը պարտէզին վրայ ― քառակուսի ոչ շատ ընդարձակ սենեակ մըն էր, մանկապարտէզի դպրոցի կողմին անկիւնը: Շատ ճաշակաւոր կերպով կահաւորուած էր, արեւելեան ոճով, գորգերով զարդարուած ճոխ բազմոցներու քով, խսիրէ, սիրուն պարզ ամերիկեան աթոռներ ու թիկնաթոռներ, աղւոր աններդաշնակութիւն մը յօրինած էին հոն»։
«Փոքրիկ առարկաներ, իր ընտանիքի անդամներուն, կամ ծանօթներուն լուսանկարները պատերուն վրայ, ասդին անդին սիրուն փոքրիկ étagère-ներու վրայ, չարուած, դրան քովը գրադարանը, պատուհանին առջեւ, երկայն թիկնաթոռի մը քով իր աշխատութեան սեղանը և անոր քովն ալ ոտքով գեղեցիկ լամպա մը վրան դեղնօրակ լուսարգերով (abat-jour)»:
«Նուրբ և կոկիկ ճաշակով շտկուած սենեակ մը վերջապէս, ամբողջութեամբ: Ննջասենյակը ձախ կողմէն անթափանց ապակիէ դուռով մը կը հաղորդակցէր ասոր հետ»:
«Բարեւելէ յետոյ, առնց նստելու, ըսի թէ արձակուրդի առթիւ ― Ծննդեան արձակուրդի մօտերն էր, ― ժամանակ ունենալուս, իր թոյլատրութեան համեմատ գիրք մը առնելու եկած էի»:
«― Ինչո՞ւ չէ, նստիր, ըսաւ, իր պաշտելի հայերէնովը»:
«Նստեցայ: Խօսեցանք քիչ մը»:
«Փափաք յայտնեց, առիթը ներկայացած ատեն, ինծի հետ հայերէն խօսելու, որովհետեւ շատ անգամ միայն պզտիկ տղաքներուն հետ խօսելուն ― արդէն անոնց համար սորված էր ― և իրմէ լաւ գիտցողներու հետ չխօսելուն, աւելի չէր կրնար սորվիլ»:
«Դեռ ի՞նչ կ’ուզեի»:
«Շատ ուրախ պիտի ըլլամ ձեզ օգտակար ըլլալով, ուզեցի ըսել, բայց բառերը շրթունքիս վրայ մնացին: Այնքան ուրախ պիտի ըլլայի որ ատիկա արտայայտելու համար «շատ» բառը ծիծաղելի կերպով պզտիկ գտայ ու աւելի խոշոր բառ մըն ալ գործածել թերեւս պատչաճութեան հակառակ ըլլալուն լռեցի»:
«Տասը վայրկեան ետքը գիրք մը առած կը նեկնէի»:
«Ալ այնուհետեւ, գէթ ամիսը մէյ մը, անպատճառ կ’երթայի գիրք փոխելու համար.առած գիրքս չէի կրնար ուրիշ գրքերու պէս ուշադրութեամբ կարդալ ծայրէ ի ծայր: Միասին կ’նարէինք զանոնք: Կը բերէի սենեակս ու ամէն անգամ որ առիթ ունենայի ձեռքս առնելու կը թղթատէի ծայրէ ի ծայր, նախադասութիւն մը ասկէ, բառ մը անկէ, կէս էջ մը անգիէն կարդալով՝ ամէն մէկ թղթատելուս: Զանոնք թղթատելը երջանկութիւն մըն էր ինծի, ամէն մէկ էջին մէջ հետք մը կը փնտռէի իր նուրբ, թափանցիկ մատներէն. կը խորհէի թէ ինքն ալ շօշափած է այդ էջերը, գիշերը թերեւս, այն վեհարանին մէջ, ուրկէ երբէք ներս չսպրդեցաւ նայուածքս, իր կուսական անբիծ անկողնոյն վրայ, մոմի մը աղօտ ու դողդոջ լոյսովը: Գիծեր չկային բնու իր գրքերուն մէջ,միայն՝ կը գիտէի որինքնաբերաբար բացուող էջերը որո՞նք են, որովհետեւ բնականաբար ատոնք աւելի շատ բաց մնացած, աւելի շատ կարդացուած կ’ըլլան. ահա՛ այդ էջերը կը կարդայի խորունկ ուշադրութեամբ, հաւատալով թէ իր նախընտրած մասերն են անոնք, չորս ես ալ միշտ, անխտիր կը հաւնէի: Այսպէս գիրքը օրերով թղթատելէ ետքը միայն, վերջի օրերը, չվերադարձուած, հապճեպով կը կարդայի ամբողջութիւնը, տարտամ գաղափար մը կազմելու համար գոնէ հատորին վրան ― և ան ալ իր երբեմնի հարցումները անպատասխանի չձգտելու մտածումով»:
«Գրեթէ մասամբ բարեկամացած էինք ալ»:
«Կրօնական խնդիրներու վրայ կը խօսէինք երբեմն»:
«Ո՜հ, իր ըմբռնումները, Քրիստոսի վարդապետութեանց նկատմամբ, ի՜նչ լայն, ի՜նչ վսեմ էին: Այնպիսի բարձրութենէ մը կ’արձակէր իր հայեացքները այդ մասին, որ եկեղեցիներու խտրութիւնները չէին երեւնար իր աչքին»:
«Քանի զինքը ճանչնայի այնքան աւելի կը հիանայի իր վրայ, քանի իր անբիծ ու վսեմ հոգիին խորը տափանցէի, այնքան կը զօրանար, կ’ամրապնդուէր այն անխզելի կապը որ ալ իրեն կը կապէր զիս»:
«Որչա՜փ ալ միամիտ Աստո՜ւած իմ, որչափ ալ պարզ ու միամիտ»:
«Օր մը, միասին դպրոցական փոքրիկ հանդէսի մը յայտագիրը կը գրէինք Rémington մեքենայով»:
«― Միս Իզապել, ըսի, ի՜նչ աղւոր բան է սա մեքենանիդ»:
«― Indeed! (իրաւ), ըսաւ, աղւոր մեքենայ է, բայց իմս չէ՛, օհ no dear, այս մեքենան առ նուաղն քսան ու հինգ ոսկի կ’արժէ, և ես մեքենայի մը քսան ու հինգ ոսկի տալու չափ հարուստ չեմ եղած երբէք»:
«Ես որ սկիզբէն ի վեր անկեղծութեան սիրահարած եմ, որչափ աւելի կը սիրէի զինքը իր անկեղծութեանը համար»:
«Խօսակցութեան մէջ ― Անգղիերէն ― dear! (սիրելիս) բառը կ’գործածէր երբեմն: Ատիկա լեզուին սովորութիւնն է, բայց ես այնպէս չէի հաւատար՝ մասնաւորապէս ինծի ուղղուած կը խորհէի ես այդ բառը՝ այնպէս կ’ուզէի: Dear!, որչա՜փ անուշ կը հնչէր ականջիս: Քանի քանի անգամներ դիտմամբ այնպիսի դարձուած մը, այնպիսի ձեւ մը կուտայի խօսակցութեան՝ որ ստիպուի ատիկա գործածել: Հոգիս կը փայփայէր այդ բառը, մեղմի՜կ, անուշ փայփայամքով մը, հոգեթով շեշտ մը կ’առնէր ան իր բերնին մէջ»:
«Վերջին տարին…»
«Հոս խօսքը ընդհատեց Տիգրան»:
«Նուարդ դէպի անոր ծռեցաւ, երիտասարդին այտերը վարդագուներ էին, այնքան կենդանի գոյներով նկարագրած էր որ ինքն ալ յուղուած էր: Նուարդ՝ աչքին առջեւը ունէր հիմա Միս Իզապէլին պատկերը՝ Տիգրանին ելեւէջող ձայնին խաղերով գծուած՝ և ինք ալ ― Նուարդ ― կը սիրէր զայն հիմա»:
«― Եթէ կը տխրեցնէ քեզ պատմութիւնդ մի շարունակեր, ըսաւ, քիչ յետոյ անոր կարմրած այտերը շոյելով, քրոջական գորովալից հոգածութեամբ մը, հակառակ մինչեւ վերջը մտիկ ընելու ջերմ բաղձանքին»: «― Ո՛չ քոյրս ոչ, պատասխանեց Տիգրան, այս յիշատակը կը յուղէ, բայց չի տխրեցներ, լուսնակին մեղմ շողերէն բիւր անգամ աւելի յուզող, անուշ հմայք մը ունի անիկայ իր մէջ, մտիկ ըրէ և պիտի համոզուիս ըսածիս»:
Եւ Տիգրան շարունակեց.
«Վերջին տարին անհամեմատ կերպով աւելի բեղուն է անոր յիշատակներով՝ քան միւս չորսը: Որովհետեւ, նախ բախտը ունեցայ իրեն հետ արձակուրդին պզտիկ ճամբորդութիւն մը ընելու և երկրորդ «Սինեըր» (բարձրագոյն) կարգին մէջ առաւելութիւնը ունէի դպրոցական ժամերս մինչեւ աստիճան մը ըստ հաճոյս գործածելու և դպրոցական շատ մը օրէնքներէ ազատ մնալու»:
«Ճամբորդութիւն ըսածս՝ պզտիկ դիւղագնացութիւն մըն էր, որ շաբաթ մը տեւեց»:
«Անգղևամերիկեան պզտիկ գաղութին անդամներուն ու անդամուհիներուն մեծագոյն մասը մասնակցեցան ատոր: Խմբովին, ձիերով ու կառքերով ճամբորդեցին, առտուն կանուխ բլրակներու եզերքէն, թարմ կեանքոտ հմայքովը արշալոյսին: Ցորեկուան տապին ատեն լեռան մը կող, շուքին մէջ գետնին վրայ տարածուեցանք մեղմօրէն: Իրիկունները հանդարտ վերջալոյսներու վրայ զմայլեցանք դաշտին մէջ՝ ուր անբիծ կոյսի մը հոգեվարքին մէս, մեղմիկ կը մարին արեւին հուսկ ճաճանչները»:
«Ի՞նչ երջանիկ ժամեր անցուցի: Քանի քանի անգամներ, քով քովի ոտքով բլուր մը մագլցած ատեննիս, ճերմակ նուրբ պլուզին տակէն փափուկ լանջքին ելեւէջը դիտեցի պատկառոտ ակնածանքով»: «Շատ անգամ շքեղ տեսարանի մը առջեւ իր հայրենիքին այն ինչ տեղը, իր հոնտեղի սիրելիները կը յիշէր: Իրենց երկրին բարքերուն վրայ խօսած ատեն՝ չմոռնալով սակայն առաւելութիւններուն հետ անոր յոռեմասնութիւններն ալ թուելու»:
«Այնքան քիչ տեւեց այս ճամբորդութիւնը ― շաբաթ մը ընդամէնը ― որ դեռ վայելելս ըմբռնել չկրցած սահեցաւ գնաց երազի մը պէս ― աղւոր անուշ երազի մը պէս՝ որմէ տարտամ գիծեր միայն մնացած կ’ըլլայ արթնցած ատենդ»:
«Ինչպէս ըսի, վերջին տարին, դպրոցին մէջ վայելած ազատութիւնս քիչ մը աւելի ստուարացնելու նպաստեց մեր տեսակցութիւնները»:
«Յետոյ պարտէզի այն մասը՝ ուր կը նայէր իր սենեակին պատուհաններէն մին՝ հիմա ազատօրեն կրնայի մտնել ամեն ատեն»:
«Գիշերները, շատ անգամ, ժամերով կ’երթայի առանձին դիտելու այն լոյսի մեղմ ցոլացումը՝ որ իր պատուհանին վարագոյրին հիւսկէններէն դուրս կը թափանցէր: Մաքուր երազներ կը հիւսէի հոն մտքիս մէջ»:
«Օր մը խօսակցութեան ատեն, ինչպէս՝ չեմ գիտեր պանդխտութեան վրայ խօսեցանք»։
«― Այրող բան է Տիգրան, ըսաւ, ընտանիքի կարօտը, ինծի որ գոնէ երկու տարին մէյ մը ծնողքս կը տեսնեմ՝ երբ այնքան դժուար կուգայ ընտանիքէս հեռու ըլլայ, հապա քեզի համար որ հինգ տարի է շարունակ չես տեսած սիրելիներդ, բայց բարեբախտաբար ալ ասիկա վերջինն է»:
«Վերջինը: Սարսռացի»:
«Ուրիշ օր մը, երբ դարձեալ խօսքը այս նիւթին վրայ էր դարձած և համակերպող ձայնով մը ծնողքը կարօտցած ըլլալը կը յայանէր ինծի»:
«― Բայց շատ առանձնացած կ’ապրիք, օրիորդ ըսի, թերեւս ատիկա ալ աւելի կը շեշտէ ձեր կարօտը»:
«Եւ իրաւ, ընտանեզուրկ վարուժանի մը պէս մինակ կ’ապրէր այդ հրեշտակը: Իր միակ զբօսանքը մանկապարտէզի պզտիկներն էին: Միշտ անոնցմով կ’զբաղէր: Որքան կը սիրէր զանոնք: Միշտ կը դիտէի այն գոհունակութեան անմեղ ու խորունկ ժպիտը՝ զոր իր ներկայութեանը կը ցոլացնէ այդ բոլոր սիրուն պզտիկ դէմքերուն վրայ: Ամէնէն չարաճճի, ամէնէն անառակներն անգամ հլու ու հանդարտ էին իր ներկայութեանը, և ատիկա ո՛չ թէ վախնալնուն համար ― որովհետեւ երբէք վախ չէր ազդեր իր հրեշտակի ժպտուն դէմքը ― այլ որովհետեւ կամայ ակամայ իրենց մէջ պատկառանք ու յարգանք կ’զգային հանդէպ անոր, կը հմայուէին, կը սիրէին զայն»:
«Ես որ կեանքիս մէջ, ո և է առթիւ, չեմ ունեցած տղայութեան տարիքիս վերադառնալու բաղձանքը, հիմա ի՜նչ սրտագին տենջանք մը ունէի այն պզտիկներէն մէկուն տեղ ըլլալու, այդ նուրբ, փափուկ ու թափանցիկ ձեռքին գգուանքը, չոյանքը վայելելու համար»։
«Իր սրբանուէր կեանքին միակ նպատակը անոնք էին, տղա՛քը, անոնց զարգացումը, թարմ հոգիներուն կազմութիւնը, կրթութիւնը, այդ անբիծ սրտերուն իրենց մաքրութեանը մէջ պահպանուիլը: Վսեմ նպատակ, որուն բովանդակ գիտակցութիւնը ունէր»:
«Զինքը տեսնել ու չյարգել անկարելի է»:
«Բոլոր դպրոցին մէջ չեմ տեսած տղայ մը որ յարգանքով չվերաբերուէր իր անունին հանդէպ, որ ակնածոտ սէր մը չզգար իրեն համար: Բայց, կը խորհէի ինքնիրենս, սրբապղծութիւն էր ենթադրել թէ այդ ամէնուն մէջ գտնուէր մէկը որ կարենար ինծի չափ սիրել զայն, կամ նոյն իսկ զինքը բոլոր ճանչցողները, հաւաքաբար, կարենային ինծի չափ սիրել ու յարգել զանի»:
«Արդէն սէր մը չէր զգացածս, ո՛հ, սէրէն ալ աւելի բարձր բան մը, պաշտում մը, զոր արտայայտելու համար կը սիրեմը շատ պզտիկ կը գտնէի ինքզինքիս անգամ ըսելու»:
«Պաշտում մը, բան մը որ կ’զգացուի բայց չարտայայտուիր»:
«Երջանկութեան միակ երազս, իր ներկայութիւնը վայելել, երբեմն զինքը տեսնել, հեռուէն յարգել ու պաշտել էր: Ահա այդչափ»:
«Տարին քանի մը անգամ, ամբողջ դպրոցը, կամ մասնակի կերպով այս ինչ այն ինչ կարգերը դաշտային պտոյտներ կը կազմակերպէինք ամբողջ օրուան համար, ճաշերնիս ալ հետ տանելով. picnic կ’ըսէինք ատոնց»:
«Օր մը, երկու բարձրագոյն կարգերը միայն բաւական հեռու տեղ մը ձիերով բիքնիք ընել որոշեցինք: Որոշուած օրէն երկու օր առաջ ես անհանգստացայ և հետեւաբար չկրցայ ընկերանալ գացողներուն: Ատիկա սոսկալի կերպով յուսախաբ ըրաւ զիս, որովհետեւ գիտէի թէ Միս Իզապէլ ալ ներկայ պիտի ըլլար. ես անձամբ հրաւիարած էի զինքը, երկու օր առաջ մասնախումբին կողմէ: Անիծեալ անհանգստութի՜ւն»:
«Մինչեւ կէս օր պատեցայ սենեակիս մէջ, վերջապէս համբերութիւնս հատաւ, զգացի թէ մինչեւ իրիկուն անհամբերութիւնը պիտի սպառէ զիս. անկարելի եղաւ դիմադրել»:
«Ձի մը բերել տուի ու մեկնեցայ, առանց կարեւորութիւն տալու կողերու և ստամոքսի բաւական սաստիկ ցաւի մը»:
«Ժամ մը ետքը, արիւն քրտինք, ձիէն վար կ’իջնէի որոշուած տեղը բոլոր ընկերներուս ուրախութեան արտայայտութիւններուն մէջտեղ»:
«― Որչափ ուրախ եմ ձեզ հոս տեսնելուս, ըսաւ, իր յաւիտենական ժպիտովը երբ ձեռքը սեղմեցի, ըսել է աղէկ ես, ուրախ եմ, ճամբան բացակայութեանդ պատճառաւ իմացայ անհանգստութիւնդ և շատ ցաւ զգացեր էի: Բոլոր տղաքն ալ կ'ըսէին թէ առանց քեզի պակաս մը պիտի ըլլալ ― և իրաւունք ունէին բնականաբար’:
«Յետոյ տեսուչը քովս եկաւ»:
«― Լաւագոյն էր որ չգայիր, ըսաւ, բայց քանի որ եկեր ես զգուշացիր՝ չմսիս, մանաւանդ չյոգնիս»:
«Տղաքները ձիարշաւներ և ուրիշ տեսակ տեսակ խաղեր կազմակերպեցին, ցից զառիվերի մը՝ մինչեւ գագաթը գացին մագլցիլ: Միս Իզապէլ՝ արդէն քնքուշ ու փափկակազմ, այդ տեսակ բաներու չէր կրնար մասնակցիլ բնականաբար: Ես ալ անհանգիստ ըլլալուս իր քովը մնացի մինչեւ վերջը, սիրուն պզտիկ առուակի մը քով որ ծառերուն մէջէն կը բխէր և ուր ճաշած էին»:
«Տկար, քնքուշ, հիւանդ ըլլալուն համար ալ աւելի կը սիէի զինքը, ― չքնաղ շուշանի մը պէս զոր ամենափոքր հովէ մը պէտք է պահպանել որպէսզի չթոռմի. ի՞նչ երջանկութիւն միշտ քովը ըլլալ, զմայլելու, պաշտելու ու պաշտպանելու համար զինքը»:
«Երեկոյին, վերադարձին, տղաքները սկսան խենդ խենդ վազցնել ձիերնին: Բայց ես՝ ես որ ամէնէն յանդուգնը ու ամէնէն անզուսպն էի այդ մասին՝ իր խովէն կը քալէի կամայ ակամայ, երջանկութեանս, պաշտումիս մէջ ամէն բան մոռցած: Քաղաքին մօտ, տղաքը խմրուեցան և տեսուչին հետ սկսուած խօսակցութիւն մը ստիպեց զիս որ քիչ մը հեռանամ քովէն. ճիշտ այն պահուն, չեմ գիտեր ինչպէս եղաւ, տեսայ որ ձիէն վար իյնալու վրայ էր , էն առաջ քովը սուրալով զինքն իյնալէ արգիլողը ես եղայ»:
«― Ո՜հ, շնորհակալ եմ, որքան բարի, նոյնքան ալ քաջ ես Տիգրան, ըսաւ»:
«Եւ խօսած ատենը վրաս ուղղուիլը զգացի իր այն աննման ժպտող նայուածքներէն մէկուն, որոնց մէջ մելանուշ ու վճիտ «անցնելու մօտ»ի հմայք մը կը փայլէր: Բարութեան ու մաքրութեան հոգեթով արտայայտութիւն մը, զօր անկարելի է նկարագրել: Գերմարդկային բան մը կար հոն, այդ աչքերուն մէջ, սիրելի քո՛յրս, և արդպէս ըլլալուն համոզուելու համար պէտք է տեսած ըլլայ զայն, որովհետեւ մարդկային բացատրութեան միջոցները գերմարդկային ճաճանչ մը չեն կրնար նկարագրել անշուշտ»:
«Եւ այդ ճաճանչին մէջ կ’արտացոլար ահա՛ իր կուսական վեհ ու նուրբ հոգին, զոր պաշտեցի և պիտի պաշտեմ միշտ»:
«Կեանքիս մէջ որևէ ծառայութեան մը համար, այնքան լաւ կերպով, այնքան առատօրէն վարձատրուած ըլլալս չեմ յիշեր»:
«Մէկ անգամ մը միայն ճաշաճ եմ իր սենեակին մէջ, թէև շատ անգամներ թէյի հրավիրուած ենք հոն ընկերներով»:
«Արձակուրդի օր մըն էր, բարեկամի մը հետ գացեր էինք իրեն այցելելու»:
«― Կը հաճի՞ք իմ փոքրիկ սեղանիս վրայ ինծի սեղանակից ըլլալ այսօր, ըսաւ»:
«Բարեկամս կը վարանէր պատասխանելու: Բայց Աստուած իմ, կարելի՞ բան է այդքան ազնիւ ու այդքան անկեղծ հրաւէր մը մերժել: Երկուքնուս կողմանէ ալ հաւանութիւն յայտնեցի ես»:
«― Միշտ մինակ կը ճաշեմ, ըսաւ, երբ սեղան նստանք, և կրնաք երեւակայել թէ այս բացառութիւնը որչափ հաճելի է միշտ մինակ եղողի մը համար»:
«Երկու անգամ արտասանուած այդ «մինակ» բառը երկու հատ սուր սլաքներ մխեց սրտիս խորը, կարծես մասնաւորաբար կը շեշտէր ատիկա, առանց զգալու, իր կեանքին տխուր կողմը խտացնելով հոն»:
«Մինա՜կ: Մինակ ըլլար իրեն պէս մէկը, սիրող մը, ընկեր մը, բարեկամ մը չունենար: Ո՜հ, այդ գաղափարը պատառ պատառ ըրաւ սիրտս: Ի՜նչ ընել: Ըսել իրեն թէ ես պատրաստ էի իր անբաժան բարեկամը ըլլալու ― պաշտողը ըլլալու, ամեն ատեն քովը ըլլալու, խնամելու, զինքը սիրելու, օրհնելու, պաշտելու, այդ ամէնույն փոխարէն ոչինչ խնդրելով իրմէ, բացի իր երկնային աչքերուն բարի նայուածքէն… Ըսել այս ամէնքը: Երբէ՛ք, ոհ, երբէք պիտի չհամարձակէի: Սէրը, պաշտումի վսեմութեան հասնող սէրը լուռ է, որովհետեւ կը վախնայ թէ բառերը պիտի պղծեն զինքը ― տկար, պիղծ բառերը, որք երբէք չեն կրնար իր բարձրութիւնը արտայայտել»:
«Շատ զուարթ էր, ճաշին ամբողջ տեւողութեանը միջոցին խօսեցաւ, շարունակ խօսեցաւ իր մելանուշ ու թրթռուն ձայնովը»:
«Միջոց մը, չեմ գիտեր ինչ բերելու համար ստիպուեցաւ ննջասենյակը երթալ: Առաջին անգամ էր որ այդ տաճարին մուտքին բացուիլը կը տեսնէի, սիրտս սկսաւ բաբախել՝ դրան ճիշտ դիմացը նստեր էի՝ երկիւղած պատկառանքով մը աչքերս վար առի ու բնաւ չի կրցայ նայուածքս այն կողմը ուղղել մինչեւ որ վերադարձաւ դուռը փակեց և նստեցաւ դիմացս: Ինծի այնպէս թուէցաւ թէ իմ նայուածքիս ներս թափանցելովը պիտի պղծուէր այդ վեհարանը: Ճաշէն յետոյ բաւական ատեն խօսեցանք զանազան նիւթերու վրայ»: «Վերջին տարին քանի մը անգամ հիւանդացայ»:
«Օր մը, անկողնէն նոր ելած, արեւին, պարտէզը պտտած ատենս պատահեցանք իրարու»:
«― Տիգրան, ըսաւ, կ’երեւի թէ չափազանց կ’աշխատիս, ինքզինքդ չես նայիր աղէկ, քոյրիկդ եթէ իմանայ պիտի սրդողի քեզի»:
«Քու վրադ խօսած էինք երբեմն, գիտէր թէ շատ կը սիրէի զքեզ»:
«Ինքն ալ, արդէն ― ինչպէս ըսի ― տկար ու փափուկ, շատ անգամ անհանգիստ կ'ըլլար: Սիրտս որքան կը հատնէր»:
«― Ինչո՞ւ, կ’ըսէի ինքնիրենս, ինչո՞ւ քովը չկարենամ ըլլալ, հիւանդապահներուն էն հոգածուն, բարեկամներուն էն անկեղծը, ծառաներուն էն յարգալիցը չկարենայի ըլլալ իրեն»:
«Իրիկուան, պարտէզը սիրտս դողով լեցուն իր սպասուհին կը փնտռէի, հարցնելու համար թէ ի՞նչպէս էր»:
«Յետոյ՝ սենեակս կ’երթայի ու կ’աղօթէի իրեն համար, հոգիիս ամէնէն ուժգին թափովը»:
«Գիտես թէ որքա՜ն կը սիրեմ Նուարդը: Դպրոցին մեծ երգեհոնը սակայն, բնականաբար՝ չէր կրնար իմ տրամադրութեանս տակ ըլլալ միշտ, մանկապարտէզը պզտիկ երգեհոն մը ունէին, անոր վրայ նուագելու կ’երթայի երբեմն իրիկուան դէմ, դասերուս աւարտումէն ետքը»:
«Ամէն երթալուս նախ ուղղակի վեր կ’ելլէի Միս Իզամէլէն արտօնութիւն ուզելու ― թէեւ այդ արտօնութիւնը միանգամ ընդ միշտ տրուած ըլլար արդէն»:
«Դողացող մատներով սենեակին դուռը կը զարնէի ու շունչս բռնած, բոլոր ուշադրութեամբ կ’սպասէի իր սիրուն երկար «come!»ին (մտէ՜ք)»:
«― Ի՞նչպէս էք Տիգրան, հանգի՞ստ էք»:
«― Շնորհակալ եմ»:
«― Չէ՞ք նստիր վայրկեան մը»:
«― Ոչ, Օրիորդ, շնորհակալ եմ, եթէ արտօնեք քիչ մը երգեհոն պիտի զրնեմ վարը»:
«― O yes! Dear! կրնաք զարնել, ինչու չէ՜»:
«Միշտ արտօնութիւն առնելու գացած ատենս, կը դողայի որ միանգամ ընդ միշտ զարնելու՝ որոշ հրաման չտայ, և այդպէսով երբեմն զինքը տեսնելու պզտիկ առիթէ մը չզրկէ զիս»:
«Վախս չիրագործեցաւ սակայն, անշուշտ բոլորովին չէր կրնար տնտեսել զինքը տեսնելու բաղձանքս ու ատով զգացած գոհունակութիւնս, և իրեն անսահման բարութիւնը պատճառ մը չէր գտներ այն գոհունակութիւնը ինձ զլանալու»:
«Կիրակի օրերը, ժամ մը, կրօնական դասեր կուտար, բարձրագոյն կարգէ, փափագող աշակերտներուն: Ես որ առաջ կատարելապէս անտարբեր էի այդ տեսակ բաներուն, այն տարին սկսայ ուշի ուշով հետեւիլ իր տուած դասերուն, ու լաւագոյն սորվողներէն մին ըլլալ ամէն ատեն: Ընկերներս բողոքականութեան նորաբոյս ձգտումի մը վերագրեցին այս ընթացքս: «Ինծի ի՞նչ փոյթ սակայն, վրանին կը խնդայի: Իրենին պէս բերանէ մը աւելի յաջող, աւելի յստակ կերպով ո՞վ կարող էր Ս. Գիրքը բացատրել մեզի, այդ վսեմ բարբառին գաղտնիքներուն թափանցել տալ զմեզ»:
«Քսանի չափ տղաքներ, դպրոցէն մէյ մէկ աթոռ առած, իր սենեակը կ’երթայինք, էն շնորհալի ու էն քաղաքավար ընդունելութիւնը կ’ընէր մեզի: Իր երկայն թիկնաթոռին վրայ կը նստէր ինք, շուրջը կը բոլորուէին ու կ’սկսէր խօսիլ. ամէն մէկուն բան մը կը հարցնէր միշտ ժպտուն և երբ հարցումին պատասխանը ուշանար ազնիւ փափկանկատութեամբ մը անմիջապէս կը պարզէր պէտք եղած կէտերը, երբէք «չգիտցայ»ի ստորնութիւնը չձգելով որ տղայ մը կրէ հոն իր ընկերներուն առջեւ»:
«Աղւոր զուարթ causerie-ներ էին այդ դասերը. ինք սիրուն պստիկ ճառեր կը խօսէր երբեմն՝ յանկարծ Ս. Գրքէն հատուածէ մը ներշնչուելով. բերանաբաց մտիկ կ’ընէինք ամէնքս ալ, կենդանի օրինակներով կը խօսէր, իր նուրբ ձայնովը, ― Is it not, boys? (անանկ չէ՞, տղաք) հարցնելու համար»:
«Եւ ամէն մէկերնիս կը մեկնէինք այդ կիրակնօրեայ դասերէն, բան մը տանելով մեր հոգւոյն մէջ իր հեզութենէն, փափկութենէն ու բարութենէն, շատերը առանց զգալու, անգիտակցաբար, առաւել կամնուազ, բայց վերջապէս աստիճան մը աւելի դէպի ազնիւը բարձրացած անպատճառ»:
«Ինծի համար որքա՜ն հեշտին էր այդ բարձբացումը իր միջոցաւ: Ո՜հ, բոլոր կեանքս վերելք մը ըլլար դէպի իտէալը, դէպի իր բարձրութիւնը, ուր առնէր տանէր զիս քայլ առ քայլ ձեռքէս բռնած, մանկապարտէզի պզտիկ տղու մը պէս՝ որուն ձեռքէն բռնած սանդուղներէն վեր կը հանէր շատ անգամ»:
«Տարին կը լրանար սակայն ― վերջի՜նը»:
«Իրմէ բաժնուելու ― թերեւս առ յաւէտ ― գաղափարը՝ որուն վրայ կամայ ակամայ ստիպուած էի երբեմն անդրադառնալ՝ սարսուռ կ’ազդէր հոգիիս: Իր տեսքը, իր ժպիտը, իր խօսքերը կեանքիս մէկ տարրական պէտքը եղեր էին ալ, ինչպէ՞ս բաժնուիլ անկէ»:
«Արձակուրդին մօտ, տխուր էի, ամէն մարդ քիչ մը նշմարեց ատիկա, ամէնքն ալ պատճառը կը հարցնէին»:
«Ինքն ալ»:
«― Որովհետեւ պիտի մեկնիմ դպրոցէն, բնական չէ՞, հինգ տարին կեանք մըն է, պատասխանեցի»:
«― Անշուշտ, ըսաւ, երբ մանաւանդ քեզ պէս մարդ այսքան սիրուած ըլլայ դպրոցին մէջ»:
«Եւ ատոր պատճառը այն է որ դուն դպրոց, ընկերներ, բարեկամներ շատ կը սիրես, այնքան շատ որ ընտանիքիդ քով վերադառնալու ուրախութեան հետ կը մրցի անոնցմէ բաժնուելու վիշտը»: «Աստուած իմ, եթէ գիտնա՜ր , եթէ գիտնա՜ր թէ այո՛ կը սիրէի դպրոցը, ընկերներս, բարեկամներս, բայց մէկը կար՝ որուն սիրոյն քով առ ոչինչ կրնայի գրել այդ ամէնքը, բոլոր աշխարհը, հոգիիս խորը թողուած սէր մը՝ պաշտում մը կար՝ որուն ջերմութեան մէջ ամբողջ աշխարհը կրնայի հալեցնել… Եթէ գիտնա՜ր թէ ատիկա, այդ «մէկը», ինքն էր, ինքը… բայց ո՛չ, երբէք պիտի չգիտնար, երբէք»:
«Եւ չգիտցաւ»:
«Ինքը այնպիսի էակ մըն է՝ որուն մարդ հեռուէն կրնայ հիանալ զմայլիլ, էակ մը զոր մարդ կրնայ հեռուէն սիրել՝ պաշտել՝ բայց մօտենա՜լ, հպի՜լ, երբէք ո՜հ երբէք: Սուրբ լեռան մը վրայ կանգնած հրեշտակ մըն էր՝ որուն մահկանացուները չեն կրնար մօտենալ, լեռան ստորոտը գծուած սահմանէն անգին չեն կրնար անցնիլ երբէք»:
«Սէր չեր զգացածս, այն սէրերէն չէր որոնց ունենալու, վայելելու սպառիչ, կիզիչ տենչանք մը, անյագ փափաք մը կ’ընկերանայ: ես երբէք բան մը չէի ուզեր իրմէ, բաց ի զինքը հեռուէն կարենալ տեսնելու, կարենալ պաշտելու արտօնութենէն, բացի անկէ զոր վայելած էի մինչեւ հիմա, և զոր ձեռքէս խլել կ'սպառնային»:
«Սիրելի քո՛յրս, միշտ այդ իտէալ բարձրութեան վրայ մնացած է սէրս, երբէք բիծ մը չարատաւորեց այդ պաշտումիս անբծութիւնը»:
«Միշտ իր անհասանելի բարձրութեան մէջ դիտեցի զինքը. բարձրութիւն մը ուրկէ ան մտքիս մէջ, երկվայրկեան մը իսկ վար չիջաւ երբէք»: «Քննութիւններս յաջող կ’երթային ― երանի թէ այդպէս չըլլար, ― ու լմնենալու վրայ էին ալ, քանի մը օրէն պիտի մեկնէի: Ի՞նչ յուզում, այդ օրերը, առտուընէ մինչեւ իրիկուն, ցերեկները, սենեակս քաշուած, ժամացոյցիս սլաքը կը դիտէի, որ կը վազէր, կը փախչեր, ― ա՛խ անպիտանը ― դիտմամբ աւելի խոյս կուտար կարծես, վայրկեաններուն մէկէն միւսին սահած ատեն, «ես կը դառնամ կոր» պոռալով երեսիս»:
«Գիշերները, պարտէզ կ’իջնայի, իր պատուհանին լոյսը դիտելու, երբեմն նուրբ, ճկուն ստուեր մը կ’անցնէր լոյսին առջեւեն, լուսնին առջեւեն անցնող քնքուշ ամպի մը նման: Պարտէզին մթութիւնը միայն այս պատուհանէն կը լուսաւորուէր ինծի համար, և երբ ան մարէր ալ երկնից լուսաւորները ազդեցութիւն մը ունէին տիրող աղջամուղջին վրայ. այն պատուհանը արեւն էր՝ ուրկէ ասոնք ամէնքը իրենց լոյսը կ’առնէին: Եւ արեւը մարը մտնելուն պէս սենեակս կը քաշուէի ես ալ, պառկելու համար»:
«― Վաղն ալ պիտի տեսնեմ զինքը, միւս օրն ալ, հետեւեալ օրն ա՛լ … ետքը … հեռուն պիտի ըլլամ, հետզհետէ պիտի հեռանա՛մ իրմէ ամէն վայրկեան այդ հեռացումի ծանրութիւնը ունենալով սրտիս վրայ ― ծանրութիւն մը որ հետըզհետէ պիտի աւելնայ»:
«Այն վերջին օրերուն մէջ, հակառակ հոգիիս ցնցող բաղձանքին, շատ քիչ տեսայ զինքը, խոյս տուի իրմէ. սիրտս կը դողար քովը գացած ատենս, կը վախենայի որ պիտի իյնամ հոն իր ոտքերուն առջեւ լալու, տղու մը պէս լալու և ամէն բան խոստովանելու համար: Եւ ատիկայ սրբապղծութեան մը պէս կը խորշեցնէր զիս»:
«Մտադրեցի օր մը մեկնելէս ետքը իրեն գրելու արտօնութիւնը խնդրել, բայց չհամարձակեցայ, ոչ թէ մերժուելու երկիւղով, որովհետև այդպիսի բան մը պիտի չմերժէր անշուշտ ինքն որ այնքան բարի էր, այլ պարզապէս չկրցայ: Խօսելու որոշումը տուի ինքիրենս քանի մը անգամ, բայց վերջին վայրկեանին ոյժս պակսեցաւ»:
«― Ի՞նչ պիտի կրնամ գրել, պատճառաբանեցի իքնիրենս, բառ պիտի չգտնեմ իրեն բան մը ըսելու. բոլոր բառերն ալ պզտիկ գան, ատոնց և ոչ մէկուն մէջ պիտի սղմի ըսելիքս, ատոնց և ոչ մէկը պիտի կրնայ զիս արտայայտել հետեւաբար անօգուտ պիտի ըլլայ»:
«Վերջապէս վկայականս տուին, ինքն ալ հոն էր, ամէնուն հետ զիս ալ շնորհաւորեց ու ողջերթ մաղթեց ըստ սովորութեան: Եթէ ինք չըլլար անշուշտ ցաւ պիտի զգայի դպրոցէն բաժնուելուս, ընկերներէս, բարեկամներէս բաժնուելուս: Բոլոր տղաքներն ալ տխուր բան մը կ’ունենան այն օրը, թէև իրենք ալ չեն հաւատար շատ անգամ թէ ուրախ չըլլան արձակուրդին սկսած օրը: Բայց կրնայի՞ ես միթէ դպրոցին վրայ խորհիլ, իրմէ շատ ուրիշ ո և է մէկ բանի վրայ խորհիլ այն օր»:
«Քովս գիրք մը ունէր, իրիկուան դէմ ատիկա առի տարի»:
«Քիչ մը յուղուած շեշտերով ըսի թէ բաւական դժուար խնդիր մըն էր այնքան սիրուած կեանք մը ձգել, բոլորովին նոր ասպարէզի մը մէջ ― որուն ի՞նչ ըլլալն ալ չէի գիտեր դեռ ― ապրելու համար»:
«― Իրաւունք ունիք, պատասխանեց, բայց ատիկա անխուսափելին է. նոյն իսկ ատոր համար էր որ պատրաստուեցանք, այսքան աշխատելով: Բայց ապահով եմ թէ, եթէ ոչ հեշտին, գէթ յաջողութիւններով լեցուն պիտի ըլլայ ճամբան հոն՝ նոր կեանքին մէջ ալ, ձեզ պէս ազնիւ ու բարի երիտասարդի մը համար»:
«― Միս Իզապէլ, ըսի, միշտ չափազանց լաւատես եղած էք ինձ նկատմամբ»:
«― Ո՛հ ոչ, բողոքեց, ընդհակառակը դուք յոռետես կ’ուզէք ըլլալ հիմա: Շատ դիւրին է ըսածիս ապացոյցը տալ ձեզի, ըսէք ինչո՞ւ բոլոր դպրոցը ― աշակերտ թէ դասատու և բոլոր ձեզ ճանչցողները, գրեթէ առանց բացառութեան, համակրանք կ’զգան ձեզի համար, կը սիրեն ձեզի»:
«Պատասխան չտուի: Գիտէի թէ բաւական համակրանքներ ունեցեր էի, բայց բոլոր զիս ճանչցողները, գրեթէ առանց բացառութեան, համակրէին ու սիրէին զիս… Ատիկա մտքէս չէի անցուցած, եթէ ուրիշ մէկը ըսէր շողոքորթութիւն պիտի համարէի, բայց իրաւ էր, անշուշտ իրաւ էր. ամէնքը կը սիրէին զիս, ինչո՞ւ ― ատիկա չէի գիտեր և ի՞նչ պէտք ունէի գիտնալու»:
«Մտքիս մէջէն կը յեզյեզէի «Գրեթէ առանց բացառութեան»ը. ուրե՞մն, այդ «ամէնքը» զինքն ալ կը պարունակէր, ուրե՞մն ինքն ալ կը սիրէր զիս, քիչ մը գոնէ ― անտարակոյս: Քանի որ այդքան տղաքներ այդքան մարդիկ ― որոնց մէջ տեսակներու այլազանութիւնը չէր որ կը պակսէր անշուշտ ― կը սիրէին, ինչպէ՜ս հաւատալ որ ինք, այդ հրեշտակի նման բարի, հրեշտակէ մը աւելի բարի էակը չսիրէր զիս»:
«Ի՜նչ ուրախութիւն Աստուած իմ, սիրուիլ անկէ, անկէ, քիչ մը գոնէ, ամէնուն չափ գոնէ: Ի՜նչ երջանկութիւն»:
«Ահաւաստիկ միակ սիրոյ խոստովանութիւնը զոր լսեցի իրմէ ― կամ ուզեցի որ լսած ըլլամ. ինչո՞ւ ուրիշ տեսակ տրամաբանութեամբ մը զրկէի ինքզինքս այդ երջանկութենէն»:
«Մեկնելու համար ոտքի ելած ատենս ծունկերս սկսած դողալ»:
«― Դեռ վաղն ալ պիտի տեսնեմ, ըսի ինքնիրենս, և ատիկա ոյժ տուաւ ինծի, իրմէ սիրուած ըլլալու գաղափարին հետ»:
«Յաջորդ օրը ամէնէն հրաժեշտ առի հետեւեալ առտուն կանուխ պիտի մեկնէինք: Որոշեցի էն ետքը իրմէ երթալ հրաժեշտ առնել, բայց ինչպէ՞ս, պիտի կրնայի»:
«Իրիկունդ դէմ սրտատրոփ վեր ելայ ման մանկապտատէզին սանդուղներէն, առանց մէկու մը պատահելու ու գացի ուղղակի իր դուռը զարնելու, հոն կեցայ՝ բաւական ատեն, վարանոտ, հեւալով»:
«Յետոյ կամացուկ մը դուռը զարկի ու սպասեցի come!ին: Ոչինչ սակայն: Կրկին զարկի դուռը, այս անգամ բաւական ուժով, դարձեալ ոչինչ: Այն ատեն գիտեցի որ սենեակին փեղկերը գոցուած էին, սիրտս տակն ու վրայ եղաւ, ինչո՞ւ արդեօք անբնակի երեւոյթ մը ունէր հիմա այդ բոյնը: Քիչ մը ատեն անշարժ կենալէ ետքը կամաց կամաց վար իջայ, տրտում տխուր: Սպասուհին պատահեցաւ»:
«― Ուր է Միս Իզապէլ, ըսի աշխուժիւ»:
«― Մեկնացա՜ւ, եղաւ պատասխանը»:
«Ալ բառ մը իսկ չարտասանեցի: Սենակս վազեցի մտքիս մէջ կրկնելով ու կրկնելով «մեկնեցաւ» բառը որուն իմաստը չէի հասկնար կարծես: Գացած էր, ալ պիտի չտեսնէի զինքը թերեւս յաւիտեան, ո՛հ…»
«Յուսախաբութեան հետքը չկար վշտիս մէջ, քանի որ բան մը չէի սպասեր իրմէ, բացի պաշտելու իրաւունքէն: Ես իմ ներկայութեանը պէտք ունեի երջանիկ ըլլալու համար, ճիշտ այնպէս ինչպէս մինչեւ այն ատեն վայելած էի զայն․ ամբողջ յաւիտենականութիւն մը պիտի ապրէի առանց գծուած սահմանէն քայլ մը աւելի մօտենալ փորձելու իմ կողմէս: Բայց զինքը բնաւ չտեսնե՜լ արեւին լոյսէն զրկուիլ էր յանկարծ, տարիներով կեանքիս մէջ զայն վայելելէ յետոյ»: Ձայնը մարեցաւ Տիգրանին, երկու արցունքներ թրջեցին աչքերը:
― Կը բաւէ տղա՛ս, ելիր ալ երթանք, ըսաւ Նուարդ արտասուագին համբոյը մը դրոշմելով եղբորը ճակատին: Ես ալ կը սիրեմ, ես ալ պիտի սիրեմ զինքը, Միս Իզապէլը, օն ելի՛ր.
― Ոչ, ձգէ պառկիմ քիչ մը, ըսաւ երիտասարդը գլուխը քրոջ ծունկին վրայ դնելով:
Յետոյ ճակատը շոյեց քիչ մը՝ ու շարունակեց:
«Գիշերը պարտէզ իջայ իր մութ պատուհանը դիտելու, այդ լոյսը մէյ մըն ալ պիտի ծաթէ՞ր արդեօք վրաս բոլոր կեանքիս մէջ, մէտք ունէի անոր՝ կեանքի ճամբաս տեսնելու համար, ինչո՞ւ մարեր էին»:
«Պառկած ատենս, ինչպէս միշտ, աղօթեցի իրեն համար, իրեն աղօթեցի»:
«Առտուն, արթննալուս պէս, զինքը ալ չտեսնելու գաղափարը եկաւ սեւեռեցաւ մտքիս առջեւ»:
«Աստուած իմ, յուսահատութիւն է անոր ներկայութենէն զրկուիլը, ըսի»:
«Յետոյ իր «Աստուած բարի է» խօսքերը միտքս եկան՝ զորս այնքան ատեն կրկնած էր: Եթէ ամբողջ աշխարհ հակառակը պնդէր, փոյթս, մինակ իր խօսքը կըբաւէր ինծի, հաւատալու համար Աստուածոյ բարութեան»:
«― Ո՛չ, ըսի, ոչ, Աստուած իմ, խենդ եմ ես, դուն բարի ես»: Անկէ ի վեր քանի՛ քանի անգամներ երբ ըմբոստ սիրտս կը վարանէր ծնրադրելու գերագոյն էակին առջեւ, իր յիշատակը, ինքը ― միշտ ներկայ քովս ― միջնորդներուն էն պատկառելին եղած է իմ ու Աստուծոյ միջեւ:
Իր յիշատակը ճե՛ր―ճերմակ մնացած է հոգիիս խորը, երկնից ջինջ կապոյտին խորը պահուած աղւոր, սիրուն ամպիկի մը պէս:
Պաշտումի անո՜ւշ, մեղմ ու մաքուր վերյուզում մը, որուն վրայ բոլոր էութիւնս կը գուրգուրայ: Մտքիս մէջ՝ վերը, վերը, անհասանելի բարձրութեան մը մէջ, կեցած է միշտ իր ջինջ պատկերը,որուն առջեւ միշտ երկիւղածութեամբ կը ծնրադրեմնոյն իսկ ամէնէն փոթորկայոյզ վայրկեաններուս մէջ:
Միշտ պիտի օրհնեմ զինքը:
Տիգրան լռեց, աչքերը փակ:
― Յիշատակ մը ունի՞ս իրմէ, հարցուց Նուարդ:
― Յիշատա՞կ… զինքը ունիմ ամբողջ հոգիիս խորը. իսկ իրմէ արուա՞ծ, ահաւասիկ ասոնք ունիմ:
Ու գրպանէն հանեց աղուոր վարդագոյն Christmas-card մը ու այցետոմս մը, խնամքով թուղթի մէջ պահուած:
― Այս Christmas-cardը, ծնունդի մը ղրկած է ինծի փոխադարձ: Իսկ սա այցետոմսը ― մոռցայ ըսելու ― մեկնած առաւօտս բարեկամ մը բերաւ տուաւ ինծի, պահարանի մը մէջ որուն վրայ անունս գրուած էր. օր մը առաջ, Միս Իզապէլը, մեկնած ատեն, իմ դպրոցը չըլլալս իմանալով, պաշտօն յանձնած էր իրեն անձամբ հրաժեշտ չկարենալ առնելուն ցաւը յայտնելու ինծի և ողջերթ ու յաջողութիւն մաղթելու, ու այս այցետոմսն ալ տուած էր ինծի յանձնուելու համար:
― Իրաւ հրեշտակի մը չափ բարի է եղեր ան, ըսաւ Նուարդ, զգացեր է թէ շատ պիտի յուզուիս հրաժեշտի պահուն և դիտմամբ ատիկա խնայել է ուզեր քեզի փափկանկատութեամբ:
― Թերեւս… Եւ հիմա, հիմա որ կը ճանչնաս զինքը, պիտի խօսինք իր վրայ, այնպէս չէ՞, քոյրս: Մտերիմներէս անգամ գաղտնի պահած էի ասիկա: Բաներ կան որք միայն քրոջ մը կրնան ըսուիլ: Ուրիշ մը թերեւս պիտի չհասկնար զիս, պիտի չկրնար ըմբռնել վսեմութիւնը անոր հանդէպ զգացած սիրոյս, պաշտումիս, վայելելու բաղձանք չգտնուիլը անոր մէջ ու զիս պիտի խրատէր մոռնալ զինքը: Մինչդեռ դո՛ւն, ազնիւ Նուարդս, դուն կը հասկնաս զիս, կը հասկնաս թէ չպիտի մոռնամ զինքը երբէք, ո՜հ, երբէք…
― Միասին պիտի սիրենք զինքը, պատասխանեց Նուարդ Տիգրանին ականջն ի վար ծռելով»:
Կէս օրը շատոնց անցեր էր: Ժամանակին անցնիլը մոռցեր էին:
Հիմա, թեւ թեւի, եզեւիններու անտառին մէջէն, էն՝ կարճ ճամբէն տուն կը դառնային քոյր եղբայր, կամաց կամաց:
Տաք էր: Երկնքին վճիտ կապոյտը իր անծայրածիր խորութիւնը կը տարածէր վերը: Առտուան թարմ ու կեանքոտ շունչը չկար հիմա օդին մէջ, տաք մեղկութիւն մը կը ծածանէր անոր տեղ, ծառերը յոգնած կենդանիներու պէս անշարժ կը կենային հիմա:
Պօլսոյ կողմը, հեռուն, հորիզոնին մօտ, սիրուն ճերմակ ամպիկ մը կար, միսմինակ, կապոյտին միօրինակութիւնը խանգարող՝ ովկէտնին մէջ փայլող պզտիկ սառնակոյտի մը պէս:
― Սա ամպիկին պէս հեռուէն հեռուէն կ’ուզէի զմայլիլ իր վրայ, կ’ուզէի պաշտել զինքը, միշտ այսպէս, անելանելի բարձրութեան մը մէջ, վճիտ անեզրութեան մը մէջ:
Այն գիշեր, լուսնի լոյսով, պատուհանին առջեւ նստած աս sonnetն գրեց Տիգրան.
Քաոս մըն էր սիրտս, տարտամ, անզգայ,
Եւ անոր մութ խաւերուն մէջ անյատակ,
Կեանքը «ոչինչ» մը, զէրօ մը լոկ հսկայ,
Իսկ սերն անհամ ու անիմաստ մի կատակ:
Այդ քաոսը բոյն մէ հիմա սիրավառ,
Բոյն մը անուշ երազներու, յոյզերու,
Կեանքը բառ մը իմաստալից ու պայծառ,
Սերը աղբիւր երջանկութեան, յոյսերու:
Որովհետեւ դո՜ւն, ո՜վ հրեշտակ լուսաձիր,
Այդ քառսին մեջ փայլով մը հոգեթով,
Վայրկեան մը լոկ — փայլակի պես — շողացիր:
Եւ պաշտեցի քեզ հեռուէ՜ն, հեռուէ՜ն,
Այն անսահման ու երկիւղած պաշտումով,
Որով մաքուր հոգիդ գԱստուած կը պաշտեն:
Երեք տարի ետքը 1880ին Իզմիրի մէջ ճանչցայ Տիգրանը. Միս Իզապէլին հոն հաստատուելովը ինքն ալ փութացած էր հոն գալ:
Բարեկամացանք, յետոյ մտերմացանք:
Քոյրը ամուսնացած ու Ֆրանսա գացած էր:
Երկու տարի միասին ապրեցանք Իզմիրի մէջ, երբեմն առիթ կ’ունենար տեսնելու զայն, և ատիկա կը բաւէր իրեն:
Երկրորդ տարւոյն վերջրեը՝ ընտանեկան գործեր ստիպեցին զինքը Պօլիս մեկնիլ:
Քարափին վրայ արտասուալից աչքերով բաժնուեցանք իրարմէ: Երկու ժամ ետքը, ծովախորշին մէկ անկիւնէն, ետեւէն փրփրող ակօսը ձգած շոգենաւին անհետանալը կը դիտէի, հսկայ դատարկով մը սրտիս մէջ. ― այնչափ սիրած էինք զիրար: Այդ դատարկը մասամբ լեցնելու համար իր նամակներուն սպասեցի. ― ատոնցմէ առաջինը ― որ «ճամբու նօթեր» խորագրին տակ իր իտէալ սիրոյն մէկ գեղեցիկ էջը կը պատկերացնէ, անզգալաբար անշուշտ ― կ’ընդօրինակեմ հոս կէտ առ կէտ։
- Սիրեցեալ Բարեկամս,
Քարափին վրայ, երբ բաժնուեցանք իրարմէ, երբ զիս շոգենաւ տանող նաւակը սկսաւ քիչ առ քիչ հեռանալ ծովեզերքէն, կեանքիս մէջ երկրորդ անգամ ըլլալով ― և այս առաջինէն աւելի դառն-զգացի թէ, օդէն աւելի անհրաժեշտ, կեանքէն աւելի թանկագին բան մը խոյս կուտար ինձմէ, նաւակին ընթացքին հետ, կամաց կամաց:
Թիակին ամէն մէկ հարուածը կը խլէր, կը տանէր ինձմէ, սրտիս խորէն, յոյսերս ու երազներս, յամբ յամբ,մաս առ մաս:
Ա՛խ բարեկամս, ինչ տանջանք այդ քառորդ ժամուան ճամբան, քարափէն մինչեւ շոգենաւ, հոգեվա՛րք, հոգեվարք մը սակայն որուն չհատնիլը կը բաղձայի:
Կը տեսնէի քեզ, թեւերդ խաչաձեւած, անշարժ հոն, մաքսին հսկայ չէնքին մէկ անկիւն, հետզհետէ կը պզտիկանայիր, դէմքդ հետզհետէ կ’անորոշանար: Ամբողջ քաղաքին համայնապատկերը, հեռադիտակին հակառակ կողմովը դիտուած տեսարանի մը հանգամանքը կ’առնէր տակաւ առ տակաւ: Ո՜հ, մանոււանդ այդ ամէնէն վեր, այդ ամէնուն վրայ, այդ ամէնուն իշխող բանը անո՜ր, Միս Իսապէլի անբիծ պատկերն էր, ճերճերմակ, որ երկնքին վրայէն սահող քնքուշ ամպի մը պէս կը հեռանար ինձմէ:
Որքա՜ն զղջացի մեկնելուս,որքան տառապեցայ: Քանի անգամ փորցուեցայ «կեցի՛ր» կամ «ետ դարձի՛ր» պոռալ անզգայ նաւավարին՝ որ կ’աճապպարէր հոգեվարքս վայրկեան մը առաջ վերջացնելու գիտակից դիտումով կարծես: Բոլոր կեանքիս մէջ, այսպիսի դատարկ մը մէկ անգամ միայն զգացած եմ, և այդ ալ իրեն համար դարձեալ, դպրոցէն շրջանաւարտ մեկնելուս պահուն:
Առանց անոր հրեշտակային, ճաճանչափայլ պատկերին՝ որ հիմա ամէն բանի վրայ կը տիրապետէր, տուներուն զանգուածները, քաղաքին բոլոր մանրամասնութիւնները անհետացնելով իր ջինջ միօրինակութեանը մէջ, առանց անոր և առանց քեզի, և ոչ իսկ պիտի դառնայի թերեւս նայելու համար այդ քաղաքին՝ ուրկէ կը մեկնէի երկու տարի ապրելէ յետոյ:
Սակա՜յն …: Կ’ուզէի որ կատաղի հակառակ հոսանք մը ետ մղէր մեր նաւակը և կամ նաւավարին ոյժը գէթ հաւասարակշռէր մեզ հոն կեցնելու համար, որպէսզի չհատնէր այդ հոգեվարքը:
Երեւակայէ՛, ամբողջ երջանկութեանդ, երազներուդ, իտէալիդ,մոգական լապտերի մը մէկ տեսարանին պէս, աչքիդ առջեւէն սահիլը, փախչիլը, անհետանալը տեսնել ― թերևս անդարձ ― ու չկրնալ բռնել զայն…: Ի՜նչ տագնապ:
Արցունքս չի կրցի զսպել,կամ մանաւանդ չզսպեցի: Եւ ինչո՞ւ զսպէի: Նաւավարէ՞ն պիտի ամչնայի տղու մը պէս լալու համար: Պա՜հ, ինծի ինչ փոյթ ամբողջ աշխարհը այդ պահուն, միայն ձեր երկուքը, ո՜հ միայն զայն ― ներէ ինծի բարեկամս՝ միայն զայն եթէ կարող ըլլայի հետս տանիլ, մնացածը հոգս է՞ր միթէ:
Հասանք վերջապէս շոգենաւ:
Համրուած օրերուն մէն մի վայրկեանը ըմբոշխնել ուզող հիւանդի մը պէս, որ աչքերը անցնող կեանքին կըյառէ, ես ալ աչքերս ինձմէ փախչող քաղաքին վրայ յառած վեր ելայ սանդուղներէն և նաւավարին վարձքը վճարելէ ետքը, կանգ առի հոն,առանց փոյթ ընելու պայուսակներս: Քիչ յետոյ սակայն ճամբորդներուն, բեռնակիրներուն ու նաւաստիներուն անցուդարցը,ժխորը ստիպեցին զիս հեռանալ անկէ և յետսակողմեան բարձրոււանդակին վրայ առանձին անկիւն մը գտնելով, հոն շուրջս անցած դարձածին անուշադիր ու անտեղեակ, մնացի,որչափ ատեն չեմ գիտեր:
Միշտ աչքիս առջեւն էր անոր կենդանի պատկերը, երկնագոյն անուշ աչքերը ինծի յառած, այն կուռ ճառագայթումով, բարութեան այն հոգեթով արտայայտութիւնով, զոր ուրիշ որևէ նայուածքի մէջ չեմ տեսած:
Տարտամօրէն լսեցի խարիսխը վերցնող մեքենային ժխորը ― երջանկութեան կործանումին վճիռը:
― Խարիսխը այնքան ամուր փակած ըլլար ծովին յատակին, որ երբէք չկարենային տեղէն խախտել, երբէք… կ’ըսէի ինքնիրենս:
Յետոյ դարձանք կամաց կամաց, ես ալ դարձայ քայլ առ քայլ, կողմնացոյց մըն էր շոգենաւը կարծես՝ որուն սլաքը ես էի և բեւեռն ալ Իզմիրը:
Սկսանք քալել, նախ յամբ յամբ, ետքը շուտ, հետզհետէ աւելի շուտ: Սրտիս տրոփիւնն ալ, շնչառութիւնս ալ շոգենաւին մեքենաներուն շարժումին զուգընթաց, սկսան արագանալ: Արիւնս կ’եռար, պոռթկալ, դուրս խուժել կ’ուզէր երակներէս:
Պուճայի ճամբուն անցած բըլրակը՝ ուր միշտ պտոյտի կ’երտայինք քեզ հետ, երբեմն ան ալ միասին, կամաց կամաց անհետացաւ, հալեցաւ վերջալուսային լուրթ մշուշին ծալքերուն տակ: Մութը հետզհետէ կը թանձրանար և ամէն բան կը ծածկէր, երկնքէն մինչև ծով: Բայց այդ մութը ոչինչ բան մը կը թուէր ինծի, բաղդատելով այն թանձր ու ճնշող խաւարին հետ, որ նաւակը մտած վայրենէս իվեր ― անկէ առաջ անհաւատալի կուգար մեկնումի գաղափարը ― կ’իջնէր սրտիս վրայ:
Քիչ մըն ալ ետքը, լոյսերը սկսան պլպլալ, վա՛րը, ծովեզերքը, խիտ, շատ քիչ ընդհատուած երկայն գիծ մը, քարափին մէկ ծայրէն մինչեւ միւսը, որ այնքան ցանցառ կը դառնար որքան մօտենար դէպի վերի ծայրը քաղաքին, և հոն ալ երկինքին հետզհետէ ծլող լուսաւորներու հետ շփոթուելով կը հատնէր:
Շոգենաւը սկայն սկսաւ դառնալ դէպի բացը Միջերկրականին և լոյսերը կորսուեցան մէկիկ մէկիկ, ցամաքին երկնցած մասին ետեւէն:
Հոն, շոգենաւին ետեւի ամէնէն ծայրագոյն կէտը, ճիշտ դրոշակին տակը կեցած, վերջին լոյսին անհետանալն ալ դիտեցի…
Լմնցա՛ւ, ըսի ինքնիրենս, թերեւս յաւիտեան պիտի չտեսնեմ զայն:
Այդ վայրկեանին, կեանքը, առանց իր ներկայութեան, այնքան չնչին, այնքան անարժէք բան մը թուեցաւ ինծի, որ նոյն իսկ զայն ատելու նեղութիւնը չէր արժեր, նոյն իսկ չէի յիշեր թէ կ’ապրիմ: Գիտես բարեկամս, թէ ես որևէ բան մը չէի սպասեր իրմէ, միակ բաղձանքս, իտէալս, երազս, երջանկութիւնս կը կայանար զայն երբեմն գէթ տեսնելու և հեռուէն, հեռուէն պաշտելու մէջ: Գիտես թէ ինչ զոհողութիւններով կարող եղեր էի Իզմիր գալ հաստատուիլ, իրեն մօտ ըլլալու համար: Եւ ատիկայ, այդ պաշտումը, զինքը երբեմն տեսնելը, այնպիսի պէտք մը եղած էր սրտիս և հոգիիս համար՝ որմէ զրկուելէ ետքը կարելի չէր յիշել թէ աշխարհ մը կար ուր մարդիկ կ’ապրէին:
Աստեղոտ գիշեր մըն էր ― ճիշտ հակապատկերը սրտիս վրայ տիրող աղջամուղջին, ուր ոչ իսկ նշոյլ մը, ցոլք մը կար պլպլացող:
Ինչ որ զգացի, ինչ որ անցաւ հոգիիս խորէն, հոն մնացած պահուս, անկարելի է բացատրել, բացարձակապէս անկարելի: Չեմ փորձեր: Ես իսկ չեմ հասկցած արդէն, գիտակցութիւնս կորսնցուցած էի մասամբ:
Չեմ գիտեր որչափ ետքը, յանկարծ, շոգենաւին մէկ ուժգին սուլումը վայրկեան մը սթափեցուց զիս այն ցաւագին արբշռութենէն. ալ մոռցած էի ինքզինքս, և աչքերս անդին դարձուցի:
…Աստուած իմ… ան…ան էր…Միս Իզապէլը, հոն, ինձմէ երկու քայլ անդին, յենարանին կրթնած, աչքերը ծովուն յառած, մինակ…
Երա՜զ. իր պատկերն է անշուշտ, երեւակայութեան մէջ գծուած իր ստուերը, իր ուրուականը, ժանեակաւոր պարզ պլուզին, նուրբ շրջազգեստին մէջ, մազերը ամփոփած խսիրէ պարզ կարսօնէ գլխարկին ներքեւ:
― Ոհ, ըսի մտքէ՛ս, չարթննայի աս երազէն երբէ՜ք:
Ծնրադրեցի հոն, կարծր տախտակամածին վրայ, և աննշմար, մութ ու նսեմ անկիւնէս, դիտեցի պաշտեցի զայն երկիւղած, աչքերս արցունքով լեցուն: Երբէք չեմ յիշեր որ այնքան երկիւզածօրէն ծանրագրած ըլլամ Աստուածածնի պատկերներին առջեւ:
Քիչ մը ետքը սկսաւ շարժիլ, դէպ ի սանդուղը գնաց, յետոյ ետ դարձաւ կրկին:
Շանթին պէս արագ գաղափար մը լուսավորեց միտքս: Ուրեմն… երազ չէ՞ր, երեւակայութեանս մէջ չէ՞ր այդ երկնային պատկերը, պատկեր չէ՞ր… ինքն էր… ինքը, հոն, քովս, ինձմէ երկու քայլ անգին, ինծի հետ միևնոյն շոգենաւին մէջ, ա՛հ…:
Արիւնս պահ մը դագրեցաւ շրջան ընելէ, յետոյ, յանկարծ, խենդի պէս, թումբը խորտակող հեղեղի մը պէս խուժեց երակներուս մէջէն դէպ ի սիրտս, իր կարողութեան բոլոր թափովը բաբախեցնելու համար զայն:
Ակնթարթի մէջ վշտի տառապանքի էն խորունկ անդունդէն, մինչեւ ուրախութեան, երջանկութեան էն բարձր աստիճանը փոխադրուած էի: Կեանքէս, աշխարհէն աւելի թանկագին բան մը կը գտնէի ճիշտ այն վայրկեանին երբ ալ զայն յաւիտեան կորսնցնելու տխուր գիտակցութիւնը կը ճնշէր սրտիս վրայ: Սրտիս դատարկը կը լուսաւորուէր արեւներուն էն շողշողունովը: Գիշեր չէր ալ ինծի համար, այդ էակէն վճիտ, մեղմ, մաքուր ու կեանքոտ լոյս մը կը բղխէր յորդառատ և իմ բոլոր էութիւնս կ’ողողէր:
Գիտես բարեկամս, թէ երբէք մտքէս չեմ անցուցած սիրոյս վրայ խօսիլ իրեն, ինք ինծի համար այնպիսի էակ մըն էր որուն մահկանացուներ չեն կրնար մօտենալ, որոշ սահմանէ մը անդին: Հետեւաբար ասիկա, իրմէ երկու քայլ անդին ծնարդրելը, շնորհներուն էն անակնկալը, էն անսպասելին էր ինծի համար:
Ինք կ’երթեւեկէր շարունակ, ջինջ աչքերովը ադամանդէ ցոլքերով ծովը կը դիտէր, անհունը կը չափէր, երկնից լուսաւորներուն հետ կը խօսէր, անձայն մտանփոփ, առանց մտքէն անցնելու թէ հոգի մը ― իր կրթած հարիւրաւոր պզտիկներուն հոգիներէն զատ, տարբեր ― նոյն պահուն յանկարծ բռնած ու դժոխքէն Եդեմ փոխադրած էր:
Երկնի լուսաւորներուն շողալը կը տեսնէի հիմա, անոնք կը փալփլէին, հանդիսաւոր անքթիթ փողփողումով մը, իրներկայութիւնը առբշռած էր կարծես զիրենք ալ ու կը շողային:
Ջուրը, սիրուն պզտիկ պղպջակներով կը փախչեր շոգենաւին երկու քովերէն կէս մութին մէջ, ուրախ ու կայտառ հիմա:
Բավական պատելէ ետքը վար իջաւ, ես ալ ստիպուեցայ աղօթատեղիս ձգել ու իր ետեւէն սրահ իջնալ:
― Դու՜ք հո՞ս, պարոն, ըսաւ, անսեթեւեթ զարմանքով մը, իր ներդաշնակ ու անուշ ձայնովը, երբ ոտնաձայնս լսելով ետին դարձաւ ու զիս տեսաւ:
Ճիգ մը ընել ստիպուեցայ, «Այո՛ Օրիորդ» կարենալ պատասխանելու համար, խօսիլը մոռացած էի կարծես:
Յետոյ ըսի թէ Պօլիս կ’երթայի և ցաւ յայտնեցի որ մեկնումս շատ անակնկալ ըլլալուն, չէի կրցեր հրաժեշտ առնել իրմէ[1]: Պատասխանեց թէ իրենք ալ ― տասնի չափ Անգղիացի տիկիններ ու այրեր ― Զատկի արձակուրդէն օգտուելով, պզտիկ ճամբորդութիւն մը ընել որոշած էին մինչեւ Պօլիս և ճիշտ ատոր համար ― շուտ դառնալնուն համար ― ինքն ալ հրաժեշտի քարդ չէր զրկած ինծի:
― Շատ ուրախ եմ ձեզ պէս հին ծանօթ մը գտնելուս իբր ճամբու ընկեր, յարեց յետոյ:
Միասին ճաշեցինք: Այս երկրորդ անգամն էր, առաջինը, հոն, գաւառին անկիւնը, իր սենեակին մէջ, ուրիշ ընկերոջ մը հետ, անուշ յիշատակ մըն էր հիմա: Աս ալ յիշատակ մը պիտի երթար ըլլալ իր կարգին, անոնցմէ որոնք հոգիին խորը կը մնան անեղծ մինչեւ վերջը կեանքիդ:
Ճաշէն ետքը վեր ելանք դարձեալ և բաւական ատեն նստանք լուսնի լոյսով ողողուած ծովուն ծփանքը դիտելով ու խօսելով զանազան նիւթերու վրայ: Իր ընկերներն ու ընկերուհիներն ալ հոն էին:
Շոգենաւը, անզգալի երերումով մը, պայծառ մութին մէջ կը սահէր մեղմիւ, ջուրը հեշտիւ, իր կամքովը կը բացուէր, տեղի կուտար, կը ձգէր որ անցնինք կարծես: Կ’ուզէի որ անիւին թիքթաքը, հոսանքին խոխոջը, նաւաստիներուն աղմուկը ու ճամբորդներուն շաղակրատութիւնները լռէին բոլոր, լռութիւնը տիրէր բացարձակ ու այդպէս իրեն մօտ նստած մնայի միշտ անձայն և անշշուկ, առանց իսկ շարժելու, վախենալով որ շարժումներս ժամանակին անցքը պիտի փութացնեն:
― Արդէն կեանքը հատնում մըն է ծայրէ ի ծայր, ինչո՞ւ այսպէս չհատնիլ, ինչո՞ւ երջանիկ հատնունով չսպառիլ գոնէ, կ’ըսէի ինքնիրենս:
Վերջապես գնաց պառկելու:
Ես ալ խցիկս քաշեցայ ու պառկեցայ:
Մինեւ առաւօտ աչքերս չփակեցի սակայն իրեն հետ միևնոյն յարկին ներքեւ գտնուիլը այնպիսի թովիչ հմայք մը, այնպիսի անստգիւտ երանութիւն մը ունէր ինծի համար, որ չուզեցի նոյն իսկ մէկ վայրկեանը քնոյ թմրութեան մէջ անցնիլ անգիտակից: Արթուն երազեցի մինչ լոյս: Դպրոցական կեանքս բոլոր, յետոյ մեր պտոյտները, մեր partyները աս երկու տարուն մէջ, վերջապէս այն բոլոր մանրամասնութիւնները կեանքիս որոնց մէջ բաժին ունեցած էր ինք, այն ամէն գլուխները, էջերը կեանքի սեւ հատորին, զորս իր ներկայութիւնը ոսկեզօծած էր, աչքիս առջեւէն կարդաւ, պատկերներու անընդհատ շարքի մը պէս, կենդանի, որոշ ու գունագեղ: Յետոյ աչքիս առջեւ եկաւ կեցաւ իր քիչ մը առաջուան դիրքը, վեհափառ կեցուածքը ծովուն դէմ, նայուածքը՝ որ մութը կը փարատէր, կ’իշխէր անոր:
Երեւակայութիւնը, որ սահման չի ճանչնար իր արշաւներուն, որ սանձ չունի, որ ծովեզր չունի իր ալիքներուն թափը կասեցնող, այդ բոլոր նկարներուն առջեւէն զիս անցընելէ ետքը, կ’առնէր կը տանէր զիս մինչեւ դուռը անոր պառկած խցիկին, բայց հոն կը կենար, կը կասէր, երբէք չէր համարձակեր զիս աւելի առաջ տանիլ, քայլ մըն ալ առնել, իրմէ շատ աւելի մեջ զօրութիւն մը ուժաթափ կ’ընէր զինքը հոն: Կը փակէր ճամբան և ես, պատկառանքով եկիւղածութեամբ կը ծնրադրէի հոն, համբուրելու համար սեմը այն խորանին՝ որ զինքը կը պարունակէր:
Երբ արշալոյսը իր թարմ ու շիկնոտ շառագունանքը սկսաւ խառնել մութին համայնասքօղ միօրինակութեան, վեր ելայ արեւուն ծագումը դիտելու: Դէպի լեռներուն գոգը կ’երթայինք, քունէն արթնցող կայտառ փոքրիկ ալիքներուն վրայէն սահելով: Արեւելքէն, լեռներուն ետեւէն, լոյսէ աննիւթ ժապաւէններ կը ցայտէին, իրենց փողփողումին մէջ կամաց կամաց ծածկելով գիշերուան գորշ շրջազգեստը:
Հազիւ թէ արեւը սկսած էր տեսնուիլ, ան ալ վեր ելաւ սանդուղներէն, բրդէ վերարկուի մը մէջ ամփոփուած, գլուխը ծածկուած այն մուշտակի նման պերէ գլխարկով՝ որ այնքան սիրուն ներդաշնակութիւն մը կը կազմէր իր դեղձան մազերուն գոյնին հետ: Պէտք է զինքը այդ պահուն, հոն, տեսած ըլլալ, համոզուելու համար թէ նորածագ արեւը անկէ աւելի փայլուն, անկէ աւելի զմայլելի ու անկէ աւելի կեանքոտ չէ՛ր բնաւ, ընդհակառակն: Ո՛հ մանաւանդ այն հոգեթով հրապոյրը որ կը ցայտէր իր ժպիտէն ու աչքերուն բարութեան, անկեղծութեան, անբծութեան ճառագայթող նայուածքէն. այս հրապոյրը արեւներու ամբողջ հաւաքածոյ մը չէ կարող արտադրել:
― Կանո՛ւխ էք ելեր, ըսի, երբ քովս գալով բարեւեց:
― Միշտ կանուխ կ’ելլամ, պատասխանեց, երբ մանաւանդ այսպիսի տեսարան մը կայ վայելելու: Եւ մատովը ցոյց տուաւ այն ադամանդէ ճաճանչաւէտ ուղին որ ծովուն մէջէն կ’երկարէր, արեւէն մինչեւ մեզի և որուն ալ աւելի հմայող չեմ գիտեր ինչ մը կուտար հիմա իր դիւթական մատին ուղղութիւնը:
Ալեակները, ուղիին մէջի ալեակները, որքան արեւուն լոյսը, նոյնքան ալ իր նայուածքը վայելելուն գիտակցութիւնովը երջանիկ, միւսներէն անհամեմատ կերպով աւելի արագ ծփանքով մը կը խայտային, իրենց ճամբուն մէկ ծայրէն մինչեւ միւսը սուրալով, ուրախութենէն խենդեցած պզտիկ տղաքներու պէս, որք տեղ մը չեն կրնար կենալ:
Տարտանելի մօտ էինք, քանի կը յառաջանայինք եղերքները իրարու կը մօտենային: Բլրակները, երկու կողմերէն կը փայլէին առտուան ցօղին տակ թարմ կանանչով մը, թեթեւ ու թափանցիկ մշուշ մը կը ծածանէր օդին մէջ:
Բերդերուն առջեւէն անցնելէ յետոյ, Տարտանելին առջեւ կանգ առաւ շոգենաւը, նաւակներէ շրջապատուած, պաշտօնական ձեւակերպութիւնները կատարելու համար: Իբր տեղական արտադրութիւն հողէ գոյնզգոյն ամաններ բերեր էին անցորդներուն ծախելու համար, մենք ալ գնեցինք քանի մը հատ, յետոյ ճամբայ ելանք վերստին: Եւ երբ նեղուցինք օձապտոյտ դարձուածները հատցնելով Մարմարա մտանք՝
― Իջնանք, ըսաւ, նախաճաշելու:
Վարը դէմ առ դէմ նստանք թէյի գաւաթները առջեւնիս:
― Ի՞նչպէս, ըսի, գո՞հ էք ձեր ճամբորդութենէն: ― Այս, նկատելով մանաւանդ որ պատուական ճամբու ընկեր մը եղաք ինծի, յարեց:
Անգղիացի ընկերներ ու ընկերուհիներ ունէր, բայց, ինչպէս միշտ, ճամբորդութեան մէջ ալ շատ չէին յարմարեր անոնք իրեն, գրեթէ առանձին ձգած էին զինքը: Հոգիիս խորէն որչափ կ'օրհնէի անոնց այդ անտարբերութիւնը իրեն հանդէպ՝ որ զինքը ինծի կը ձգէր մինչեւ ճամբորդութեան վերջը:
Վե՜րջը…: Ո՜հ, այդ վերջը… մոռցեր էի բոլորովին: Եւ սակայն հարկ եղաւ յիշել:
Նաւապետը նախաճաշի գալով յայտնեց թէ բաւական կանուխ կը յուսար Պօլիս հասնիլ, չմութցած ճամբորդները կարենալ դուրս հանելու համար, եթէ սակայն հիւսիսային հովը, ― որ արդէն կը փչէր քիչ մը ― աւելի չսաստկանար:
Մտածե՜լ թէ իրիկուան վերջակէտը անգութ վերջակէտը պիտի դնէր այս կեանքիս, երջանկութեանս…:
Լոյսի «Տաֆնէ»ն ― որ մեզ կը տանէր ― բաւական սրընթաց շոգենաւ մըն էր, ժամը մինչեւ 15 մղոն կրնայ առնել:
Կ’ուզէի որ աշխարհի ամէնէն դանդաղ շոգենաւին վրայ, նախապատմական նաւակի մը վրայ ըլլայինք, այնպէս որ ամիսներ պէտք ըլլային Մարմարան անցնելու համար և կամ մեքենաները աւրուէին, շարժելու միջոցները պակսէին մեզի, տեսնող ալ չըլլար ու մնայինք հոն, տատանէինք: Կ’ուզէի որ Մարմարան մեծանար, անծայրածիր ովկէանի մը փոխուէր, լայննար, տարածուէր, մինչեւ անսահմանը և կամ մենք սխալ ճամբու մը հետեւած ըլլայինք ― ճամբու մը որ ծայր չունենար, ճամբու մը՝ որ չի հասներ երբէք, ո՜հ երբէք, յաւիտեան չի հասներ…
Կէս օրուան մօտ վեր ելանք դարձեալ: Հեռուէն, շատ հեռուէն ցամաքը կ’երեւար տարտամ, առուերի մը պէս, ստուեր մը՝ որ կը թանձրանայ հետզհետէ, պտուտակին ամէն մէկ դարձին, անզգայաբար:
Ա՜խ, սա անպիտան պտուտակը, փրփուրոտ ճերմակ ակօսը ձգած ետեւէն, ի՜նչ արագ կը դառնար: Մարմաջ մը ունէր կարծես երջանկութիւնս գողնալու, վարկեան մը առաջ հատցնելու… Ակօսին փրփուրներուն ամէն մէկ խուրձին մէջ կարծես անոր ― երջանկութեանս ― մէկ մասը կը փախչէր կ’երթար ինձմէ հեռու:
Սիրտս կը տրոփէր: Արդեօք… կանուխ պիտի հասնէինք, արդեօք… գիշեր մը աւելի պիտի չկրնայի վայելել այսչափ մեծ երջանկութիւն մը որ դեռ առաջինն էր կեանքիս մէջ ու վերջինն ալ պիտի ըլլար թերեւս, հաւանականաբար:
Ալիքները, անթիւ փոքրիկ ալիքները կուգային կը զարնուէին մեզ տանող հսկայ զանգուածին, դիմացէն կուգային անոնք, ի նպաստ ինծի կարծես, կասեցնելու համար անոր սէգ ու հպարտ ընթացքը, և սակայն չէին կրնար: Խեղճ փոքրիկ ալիքներ, կը փըչէին իրարու ետեւէ, անոր սուր քիթը կը պատռէր, կը բաժնէր, կտոր կտոր կ’ընէր զիրենք, մի առ մի, անխնայ, և այդպէս յախթուծ, ճերմակ պղպջակներով ― իրենց փոքրիկ զայրույթին փրփուրը ― իրենք իրենց վրայ կը գալարուէին: Կ’ընկրկէին, կը նահանջէին երկու կողմէն՝ տեղի տալով անոր լայն իրանին՝ երթալ իրենց զսպուած զայրոյթին թափը նետելու համար հեռաւոր ափունքներու աւազներու կամ ժայռերուն վրայ:
Հովը շարունակ կը փչէր ալիքներուն դաշնակից, բայց պիտի սաստկանար արդեօք:
Ինչե՜ր պիտի զոհէի այդ կեանքը տասներկու ժամ, ո՜հ լոկ երկու ժամ կարենալ երկարելու համար:
Կէս օրին, հովը քիչ մը աւելի սաստկացաւ, պզտիկ ալիքները քիչ մը աւելի խոշորացան: Գացի նաւապետին հարցնելու:
― Տեսնենք, ըսաւ, եթէ երթալով ալ աւելի չսաստկանայ, դարձեալ կը յուսամ հասնիլ:
― Ես ալ ձեզի չափ անհամբեր եմ, յարեց յետոյ, կանուխ հասնելու եթէ կարելի ըլլայ:
Ինծի՛ չափ անհամբեր կանուխ հասնելո՜ւ…
― Խելքդ սիրե՛մ ըսի մտքէս:
Աջ կողմէն Իշխանաց կղզիները կ’երեւային ծփուն մակերեսին միօրինակութեան վրայ, երեք փոքրիկ սիւներու պէս:
Ճաշին ատեն թեթեւապէս կ’երերայինք, ինծի այնպէս կուգար թէ հովին ամէն մէկ սուլումը՝ իր նախորդէն աւելի ուժգին, և եկող ամէն մէկ ալիքը առջինէն աւելի խոշոր էր, այլ սակայն ապահով չէր:
― Թերեւս՝ ես այնպէս կը տեսնեմ, կ’ըսէի: Մէկ ալիքին անգնելէն ետքը, ջուրը կլոր պատուհաններուն ապակիներէն վար կը սահէր ծուիկ ծուիկ, մինչեւ որ միւսը հասնէր ետեւէն: Եւ այդ միջոցը շատ ալիքները միշտ, առանց միջոց ձգելու հասնէր միւսին ետեւէն:
Նաւապետը յայտնեց թէ կանուխ հասնելու հաւանականութիւնը պակսելու վրայ էր տակաւ: Այո յայտարարութիւնը բոլոր ճամբորդներուն դժգոհութեան առիթ եղաւ, հո՛գս սակայն:
Ճաշը աւարտելով երբ դարձեալ վեր ելանք, նաւապետը հրամայեց որ շոգենաւին արագութիւնը չափեն:
― Ծայրագոյն սրընացութիւննիս է աս, ըսավ, հովը պիտի չնուազի. տեսնենք՝ ենթադրելով իսկ որ չաւելնայ՝ կարելի պիտի՞ ըլլայ մութը կոխելէ առաջ հասնիլ այս ընթացքով: Երկրորդ նաւապետը ժամացոյցի պէս գործիք մը հաստատեց նաւուն յետնակողմը, այդ գործիքը շուտով մը կը հաղորդակցէր ծովուն մէջ նետուած գունտի մը հետ որ ակօսին հոսանքին մէջ կը դառնար: Տասը վայրկեան ետքը, գործիքին թեւերը համրեց և արդիւնքը եկաւ իմաց տալ առաջինին: Հաշիւ ըրին մնացած մղոնները: Սիրտս կը տրոփէր, անձկալից կը սպասէի արդիւնիքին: Վերջապէս տեսնուեցաւ թէ անկարելի էր հասնիլ և շոգենաւին ընտացքն ալ յարմացուցին անօգուտ ածուխ չվատնելու համար:
Ալ սիրտս հանգիստ էր: Լայն շունչ մը առի, կարծես թէ «վաղը» չկար ալ, կարծես թէ այդ օրը յաւիտեան պիտի տեւէր: Հովը կը սուրար, այտերս կը զգուէր ուժգին թափով մը «բաղձանքդ կատարեցի» ըսելու պէս ինծի, ու ես, կը համբուրէի զայն իր խօլ վազքին մէջ, որչափ ատեն որ կենար շրթունքներուս վրայ, վարձատրելու համար զինքը, որ այնքան լաւ դիմագրաւած էր շոգենաւին ու մարդիկներուն յամառ բաղձանքին՝ զիս կէս օր աւելի երջանիկ ընելու համար:
― Ինքն ալ զգալով թերեւս թէ, կեանքիս միակ երջանկութիւնը պիտի ըլլար ասիկա:
Ջերմ բաղձանք մը կը զգայի ձեռքով փայփայելու այն սիրուն, աղուոր ալեակները որոնք, ինծի համար, միշտ փշրուելով, միշտ ետ մղուելով, միշտ կոխկրտուելով հանդերձ՝ վերջապէս յաղթած էին հսկային յամառութեան, անխոնջ աշխոյժով մը, ամէն անգամ վերակազմուելով ու դարձեալ կրկնելով յարձակումը, մինչեւ որ յաջողէին:
Հիմա, ամպերը, կտոր կտոր, հովին առջեւ ինկած կը սահէին երկնից կապոյտին վրայէն, գայլերէ հալածուած ոչխարի հօտերու պէս ցիրուցան: Հիւսիսէն կուգային և անցնելով՝ կ’երթային դէպի հարաւ, մինչեւ հորիզոնը, ու հոն կը կենային, իբր թէ զիրենք բռնող արգելք մը ըլլար հոն, իբր թէ հոն իրաւցնէ, տեսնուածին պէս ծովը միացած ըլլար երկնքին ― կը խմբուէին, իրարու վրայ կը դիզուէին, կը կուտակուէին, հետզհետէ աւելի թանձր, աւելի գորշ, աւելի անթափանց խաւեր կազմելով մեր ետեւ ձգած ճամբուն վերեւը:
Շոգենաւին ծուխը, ոլորտ ոլորտ սե՛ւ ու երկայն, ակօսին ուղղութեամբը երկարաձգուած, միութեան գիծ կ’երթար կազմել այդ սպառնալիք ամպի դէզերուն ու մեր մէջ: Աջ ու ձախ կողմը, հոս հոն, ճերմակ առագաստներ կ’երեւային, կապոյտին միօրինակութեանը վրայ: Երբեմն ալ, շոգենաւին երկու կողմերէն դլփիններ կը ցցուէին ջուրին մէջէն ու խենդ ոստումներով կրկին կը խորասուզուէին կապոյտին ծալքերուն տակ: Ծովին գոյնը, changeante կերպասի մը պէս մերթ կը փալփլէր ու մերթ կը գորշանար, վերէն անցնող ամպերուն քմահաճոյքին համեմատ, որք կուգային ատեն ատեն խափանել արեւին շողշողուն լոյսը:
Այս ամէնքը անոր համար ուշադրութիւնս գրաւեցին՝ որովհետեւ ինք կը դիտէր, որովհետեւ իր նայուածքը կ’ուղղուէր այդ ամէնուն վրայ ու իմս ալ կը քաշէր իր ետեւէն: Ժամերով հոն վերն էինք, բոլոր ճամբորդները, ոմանք կը շաղակրատէին, ոմանք կը մրափէին շոգենաւին շարժումերով օրօրուած, ոմանք կը պտըտէին շարունակ, բարձրաւանդակին մէկ ծայրէն միւսը կը վազէին, ամէն բան տեսնելու, ամէն բան քննելու մարմաջով մը: Միս Իզապէլ ընդհանրապէս հանդարտօրէն նստած, կը դիտէր, երբեմն ալ խօսելով, ձեռքը փոքրիկ հեռադիտակ մը ունէր, զոր տեղ մը ուղղելէ ետքը ինծի ալ կուտար անպատճառ: Երբեմն ալ, ձանձրացած, ոտքի կ’ելլար իր թեթեւօրէն ոստոստող սիրուն քալուածքով մի քանի անգամ երթեւեկելու համար բարձրաւանդակին վրայ:
Վերջալուսին Պօլիս սկսաւ տեսնուիլ հեռուէն, սեւ երկայն գիծի մը պէս, որուն վրայ բոցավառ կետեր կը նշմարուէին ― մի քանի բարձր շէնքերու ապակիները արեւուն հուսկ փողփողումովը վառուած: Արեւմուտքը հանդիսաւոր ու մելամաղձոտ հոգեվարքով մը կը տժգունէր հետզհետէ, ամպերուն ծիլերը արեւագոյնէն բաց կարմիրի, յետոյ վարդագոյնի, յետոյ դեղինի, յետոյ կաթնագոյնի և հուսկ յետոյ, մութին հետ շաղախուելով, գորշի փոխուեցան կամաց կամաց: Քիչ մըն ալ, և արեւը Մարմարային մէջ կանգնած բոցէ կղզի մը եղաւ, կլոր ու կանոնաւոր գիծերով կղզի մը՝ որ ընկղմեցաւ կամաց կամաց, խորասուզուեցաւ ջուրերուն խորը, իր բոցավառ զանգուածէն կտոր փրդուճ հետքետ միայն թողլով, ամպերուն վրայ: Յետոյ այդ հետքերն ալ իր ետեւէն քաշեց ծովուն վրայ շիթ առ շիթ, որ քիչ մը ատեն ալ այրող նաւու մը բեկորներուն պէս տատանող ալիքներուն վրայ պլպլալէ ետքը, մարեցան մէկիկ մէկիկ: Արեւելքէն, Իշխանաց կղզիներուն վրայէն բարձրացող սեւ քօղը ― նախ նուրբ ու թափանցիկ ― հետզհետէ գոլորշիի պէս թանձրացաւ տարածուեցաւ, մթութեան փոխուեցաւ ու ամէն բան ծածկեց:
Հիմա, դիմացէն, հեռուէն, Վոսփորին մուտքը ցոյց տուող երկու փարոսները կը փայլէին ալ մութին մէջէն ― աջակողմեանը անշարժ, իսկ միւսը մերթ հազիւ հազ նշմարելի, մարելու մօտ կանթեղի մը պէս, և մերթ յանկարծ բռնկող բոցի նման շողշողուն:
Երբ, նեղուցին երկու կողմէն, քաղաքին անթիւ լոյսերը շողալ սկսան, հովը ― որ մինչեւ այն ատեն խենդի պէս կը փչէր ― յանկարծ դադրեցաւ, ձգելով ամպերը որ ազատ համարձակ պարպեն մեր վրայ իրենց ջուրի բեռը: Ստիպուեցանք վար իջնել ու զրկուիլ նաւահանգիստի մուտքին գիշերային տեսարանէն: Երբ «զրկուիլ» կ'ըսեմ, Միս Իզապելին խօսքերն է որ մէջ կը բերեմ, ապա թէ ոչ ինծի համար ի՞նչ զրկում կրնար գոյութիւն ունենալ՝ քանի որ ինք քովս էր: Ճաշէն յետոյ մինչեւ պառկելու ժամը, տիկիններ ու օրիորդներ դաշնակ զարկին:
Երբ ան գիշեր բարի ըսելով քաշուեցաւ , ես վեր ելայ հակառակ տեղատարափին ու վրան պատսպարուած անկիւն մը գտնելով հոն կծուեցայ: Մութ էր, կատարեալ մութ մը՝ որուն միօրինակութիւնը միայն մօտը գտնուող մի քանի շոգենաւերուն լոյսերը կը խանգարէին ― անոնք ալ վարագոյրի մը ետեւէն երեւցող կանթեղներու պէս աղօտ, անձրեւին խիտ կաթիլներուն մէջէն:
Նոյնպէս լռութիւնը ոչինչ կը խզէր բացի ջուրի կաթիլներու անկումին յառաջ բերած միօրինակ ու լալկան շառաչիւնէն:
Բաւական ատեն կեցայ հոն, այդպէս:
Գաղափարներս, անձրեւի կաթիլներուն պէս անթիւ ու անոնց պէս ալ անկապ, կը թաւալէին կ’անցնէին ուղեղիս մէջէն, հեղեղի մը պէս, ամէն բան քշել տանելով իրենց ընթացքին մէջ, վերջ ի վերջոյ դատարկութիւնը միայն ձգելու համար հոն: Տխուր էի, կը դողայի վախէս: Այդ մութը չէր որ կը տխրեցնէր, կը վախցնէր զիս, ո՛հ, երբէ՛ք. մութ չէր արդէն՝ քանի որ հոն, վարը ինծի մօտ էր ան: Տխուր էի, վախէս կը դողայի խորհելով վաղուան վրայ որ կը մօտենար ամէն վայրկեան, խորհելով արեւին ծագումին վրայ, որ հսկայ մութով մը պիտի գար պատել էութիւնս ― լոյսին վարժուած էութիւնս բոլոր: Արեւը երանի թէ ալ չի ծագէ՜ր, երբէք, մարա՜ծ ըլլար, այդ անձրեւը չի դադրէր՜ ալ, այդ մութը չի փարա՜տուէր:
Երջանիկ պիտի ըլլայի այդպէս, խորհելով թէ միեւնոյն յարկին տակ էինք ինքն ու ես: Իրեն մօտ ըլլալու երջանկութեան մէջ ինքնին պիտի հալէին սրտիս բոլոր ուրիշ բաղձանքները, զգացումերը, տենչերը, մտքիս բոլոր ծփանքները, գաղափարները, ձգտումերը, հոգիիս բոլոր խայտանքները, երազները, յոյզերը: Վերջապէս, ուղեղս գաղափարներու այս անկապ, անզուսպ, խօլ թաւալումէն պրկուած, յոգնած, ու մարմինս կէս մը թրջուած, ընկճուած գացի պառկեցայ: Քունը՝ առջի գիշերուն ծանրութիւնն ալ ամփոփած՝ անմիջապէս փակեց արտեւանունքիս, հակառակ արթուն մնալու բաղձանքիս:
Երազ տեսայ:
Ամպերուն մէջն էր ան, աղւոր, փափուկ, ճեբճերմակ հոգի ամպերուն մէջ, հեռո՛ւն, հոն, վերը, վճիտ կապոյտին անծայրածիր տարածութեանը մէջ: Եւ ես վարէն, ծնրադիր, կը պաշտէի զինքը, կը պաղատէի որ զիս ալ հոն, քովը առնէ: Ինք կը ժպտէր, անհունապէս բարի, հրեշտակային ժպիտովը, անբիծ աչքերը միջոցին մէջէն ինծի ուղղած, կը ժպտէ՛ր քնքուշ մատը կոյս շրթունքներուն վրայ, լռութիւն պատուիրելով ինծի, ու. ― Համբերէ՛, կ’ըսէր ինծի մեղմիկ, համբերէ՛, բարի է Աստուած:
Եւ աւելի քան երբէք կը հաւատայի Աստուծոյ բարութեան:
Առտուն բաւական ուշ արթնցայ. սթափումս, այս երազէն ետքը, տխո՛ւր եղաւ, անհունապէս տխուր. դառն յուսախաբութիւն մը կրեցի: Կ’ուզէի որ ատիկա ըլլար իրականութիւնը, և կեանքը երազ:
Ինչո՞ւ, ինչո՞ւ այնպէս չըլլար: Աչքերս փակեցի, շարունակելու, յաւիտեան շարունակելու համար այդ հոգեթով երազը, և սակա՜յն… պատրանքը երբ անգամ մը փարատի, իրականութիւնը իր զլացող ընթացքին մէջ չկասիր այլևս:
Անկողնէն դուրս ցատկեցի և հապճեպով հագուեցայ ու վար վազեցի: Արեւը ծագած էր և օդը պայծառ: Ուրիշ ատեն այդ ժամուն տեսած եմ Պոլիսը շոգենաւին մէջէն, շքեղ է, իրիկուան անձրեւէն ետքը մանաւանդ: Սակայն այն օր մտքէս իսկ չանցաւ դիտել զայն:
Զինքը փնտռեցի: Հոն էր անդիի անկիւնը:
― Մե՜ղք, ըսաւ երբ քովը գացի ու բարեւեցի, մեղք որ աւելի կանուխ չելաք, հիանալի էր տեսարանը արեւածագին, իրիկուընէ շատ աւելի շքեղ: Հիմա մտքէս կ’անիծէի քունը, որ զրկած էր զիս, ոչ թէ այդ տեսարանէն ― որ փոյթս անգամ չէր ― այլ զինքը քիչ մը աւելի վայելելէ:
Բաւական ատեն խօսեցանք հոն, հարցումներ կ’ուղղէր ինծի զանազան տեսարաններու վրայ, և ես կը պատասխանէի՝ տրոփ ի սիրտ, վախնալով թէ ժամանակին անցնիլը կը փութացնեմ:
Վայրկեանները, չա՛ր վայրկեանները, որքան՝ որքա՛ն շուտ կը սահէին հիմա: Կը դողային՝ կ’զգայի թէ մօտ է վերջակէտը և այդ գիտակցութիւնը շնչելու անգամ կը վախցնէր զիս, խորհելով թէ շնչած օդիս մէջ վայելքս աւելի շուտ պիտի հատնի, աւելի շուտ պիտի ցնդի երջանկութիւնս: Քիչ յետոյ իր ընկերներէն մին գալով ըսաւ թէ մեկնելու ժամանակն էր: Վար իջանք, գոյքերնիս ժողուելու: Սիրտս կը սեղմուէր պողպատէ ցանցի մը մէջ:
Տասն վայրկեան ետքը նաւակին մէջն էինք:
Զինքը տեսած վայրկեանէս մինչեւ շոգենաւէն իջնալնիս, 36 ժամուան միջոցը՝ կազմող ոսկեզօծ, իմաստով շքեղ ու ոճով հրապուրիչ հատոր մըն էր ― հատոր մը զոր մարդ անձանձրոյթ կ’ուզէ կարդալ մինչեւ կեանքին վերջը, յաւիտեա՜ն…: Իսկ այս նաւակը, վերջաբանը այդ աննման հատորին ― վերջաբանը, զոր կարդացած ատենդ կը վախնաս առաջ երթալու՝ որովհետեւ գիտես թէ ալ շուտ պիտի հատնի, էջերը դարձուած ատենդ ձեռքերդ կը դողան՝ այն մտածումով թէ տխուր «վերջ»ը պիտի ցցուի աչքերուդ դիմաց:
Նաւակը դէպ ի Ղալաթիոյ քարափը կը տանէր մեզ:
Հսկայ Անգղիացի մը նստեր էր մէջերնիս:
― Ազգականներ ունիք կարծեմ, ըսաւ դէպ ի ինծի ծռելով մէջտեղի մարդուն ետեւէն:
― Այո՛, և բաւական շատ:
― Ուրախ պիտի ըլլաք ուրեմն զանոնք տեսնելով:
Արդեօք ինքն ալ կը գուշակէ՞ր թէ տխուր էի հիմա և կը յուսար որ անոնց տեսքը տխրութիւնս պիտի փարատէ:
Ի՞նչ բարի էր Աստուած իմ և ինչ ալ փափկանկատ:
Եթէ գիտնա՜ր թէ իր բացակայութեան սրտիս մէջ բանալիք դատարկը բան մը չէր կրնար լեցնել աշխարհի վրայ, եթէ գիտնա՜ր… բայց պիտի չգիտնա՛ր, երբէք:
Քարափին վրայ բաժնուեցանք: Հազիւ գլխու շարժումով մը կը յիշեմ պատասխանած ըլլալ իր «մնաք բարով, յուսամ թէ կրկին կը տեսնուինք»ին: Եթէ բառ մը արտասանել փորձէի հեծկլտուքս հեղեղի մը պէս պիտի պոռթկար անշուշտ:
Լմնցա՛ւ: Այս երկրորդ անգամ ― և ո՞վ գիտէ թերևս ալ վերջին ըլլալով, ― բաղդը զիս իրեն մօտ բերելէ ետքը կը բաժնէ դարձեալ:
Այն իր ճամբան պիտի երթայ այլևս կեանքի մէջ և ես ալ իմս, երկու ճամբաներ պահ մը իրարու քով գալէ յետոյ, կը հեռանային կրկին ― անծանօթ ճամբաներ, որոնք ո՞վ գիտէ ո՛ւր պիտի տանէին ամէն մէկերնիս: Իմ ճամբաս սակայն հիմա ― կեանքիս ճամբան ― այնքան մութ, այնքան սեւ, այնքան արհաւրալից էր որ քայլ մը իսկ առնելու կը վախնայի…:
Չորս օր հոս եմ: Մինչեւ հիմա, գաղափարներս այնքան խառնափնթոր կերպով դուրս կը խուժէին մտքէս, որ անկարելի եղաւ գրիչը ձեռք առնել: Երէկ և այսօր, ընդհատ, ընդհատ, այս երկայն նամակը ― զոր ահա կ’աւարտեմ ― գրեցի քեզի: Ճամբուս մանրամասնութիւններէն հազիւ մէկ փոքրիկ մասն է այս թուղթին վրայ նետածս: Չեմ գիտեր թէ ինչ գրեցի, այդ գործն ալ քեզի, բայց վախնամ ըսելիք այնքան շատ բան ունէի որ բան մըն ալ չկրցի ըսել: Մութին մէջ, փայլակէն ետքը, մարդ ալ աւելի գէշ կը տեսնէ:
Երջանկութիւնը փայլակի պէս շողաց յանկարծ կեանքիս մէջ, շլացուց զիս, և սակայն, շուտ մը մարեցա՛ւ, անհունութեան մէջ կորսուեցաւ դարձեալ, լուսածիր յիշատակ մը միայն ձգելով, իր ետեւէն ― յիշատակ մը այնքան խորունկ, այնքան ամրապէս դրոշմուած հոգիիս խորը, որ ոչ մէկ զօրութիւն երբէք կրնայ շնչել անկէ:
Սրտիս մէջ անհուն կարօտ մը կ’զգամ, ոչ թէ՛ այն կարօտներէն որք կ’ային, վայելած չըլլալու զսպուած տենջանքով, այլ կարօտը անսահման, մաքուր պաշտումիս:
Սիրելի բարեկա՛մ, դուն քանի մը օրէն պիտի տեսնես զինքը, հոն պիտի վերադառնայ: Իսկ ե՞ս, պարտաւոր եմ հոս մնալու, ո՞վ գիտէ որչափ ատեն, թերևս ընդմիշտ: Ո՛հ, պարտականութիւնը ինչ ծանր բեռեր ալ կը դնէ մարդուս սրտին վրայ:
Կ’աղաչեմ եղբա՛յրս, գրէ իր վրայ, էջերով, հատորներով գրէ՛, պիտի լափեմ զանոնք:
Կ. Պոլիս, 8 Ապրիլ 1890
ՏԻԳՐԱՆ
Շաբաթ մը ետքը հետեւեալ բառերը գրուած այցետոմս մը ստացայ իրմէ.
Նոր գրելիք չունիմ, նամակ չգրեցի ասոր համար: Ներփակ կը ղրկեմ հարցումներս որոնք բաւական բան պիտի ըսեն քեզի գտնուած սրտի ու մտքի տրամադրութիւններուս վրայ: Նամակներուդ կ’սպասեմ միշտ: Իր վրայ գրէ միշտ կ’աղաչեմ: Ջերմագին համբոյրներս: «Հարցումներ» ըսածը երեք կտոր sonnetներ էին, ահաւասիկ.
Միշտ յիշատա՞կ պիտի մնան ժամերն այն,
Երբ ապրեցայ ես երջանիկ անոր քով,
Եւ առաջին սիրոյս անբիծ հմայքով,
Աշխարհը ոչ տխուր էր ոչ ա՛լ ունայն:
Ո՛հ, պաշտումի երազ մէր ան հոգետով,
Եւ զայն վայելել տուալ կոյսն ալ զուարթուն,
Գիտեմ, աւաղ, հիմա որ ալ եմ արթուն,
Գիտեմ, երազ մանուշ, քնքուշ անվրդով:
Կը հարցնեմ քեզի սակայն, ա՜հ անգութ
Որ միշտ անհոգ կը հետեւիս քու ճամբուդ,
Տանելով իմ երազներս ալ քեզ հետ:
Միշտ յիշատակ պիտի մնան օրերն այն,
Երբ աշխարհ ոչ տխուր էր ոչ ալ ունայն,
Այդ երազը չդարձնե՞ս պիտի ետ…
Վայրկեանի մը համար գեթ:
Ինչո՞ւ ինծի բերիր դուն գողցուած
Վայրկեաններ գէթ այն անցեալին աննըման,
Երբ իր ծաւի աչքերն ինծի կ’ուղղէր ան,
Եւ երջանիկ՝ կ’օրհնէի զինքն ու զԱստուած:
Գիտեմ հիմա՛, հատոր մէր ան ոսկեզօծ,
Հատոր մը լի կեանքով՝ վարդով ու ժպիտով,
Զոր ան բացաւ, բայց գոցուեցաւ շատ շուտով,
Ու կուլ տուաւ զայն անցեալին անկուշտ ծոց:
Սակայն դո՜ւն որ կուգաս ու չես առներ կանգ,
Դո՜ւն որ հազիւ վայրկեանի մը ունիս կեանք,
Յետոյ կ’անցնիս կ'երթաս անփոյթ ու անձայն:
Ըսէ՛, ինչո՞ւ չար անցեալին սեւ գրկեն,
Չես բերեր դուն ինծի էջ մը այն գրքեն,
Որ ես արբշիռ կարդամ, վայելեմ, լափեմ զայն…
Գոնէ վայրկեան մը միայն:
Դո՞ւն ալ պիտի զլանաս ինձ այսպէս յար,
Չքնաղ, անբիծ, հրեշտակային տեսքն անոր,
Ու պիտի գա՞ս չկատարուած նորանոր
Խոստումներով ընել զիս միշտ վշտահար:
Գերմարդկային էակ մըն է ան, գիտեմ,
Ու աշխարհեն վերացում մը այդ կեանքն ալ,
Ուր կ'ուզէի մնալ, յավիտեան մնալ,
Բայց վար նետեց զիս անցեալը խստադէմ:
Կը հարցնեմ հիմա քեզի դող ի սիրտ,
Ո՜հ չես բերեր այն ժամերն, ո՜վ անսիրտ,
Մաս մը գոնէ, քու ընթացքիդ մէջ յամառ:
Ըսէ՛ ինծի, պիտի չվայելե՞մ ալ երբէք,
Այդ նայուածքին շողը անո՜ւշ ու բեկբեկ,
― Գէթ փոխարէն պատրանքներուդ անհամար ―
…Լոկ վայրկեանի մը համար:
Անհաւասիկ Տիգրանին իր քրոջը գրած մէկ նամակն ալ՝ որ լաւագոյն վերջաբանը պիտի ըլլայ այս սիրային իրավէպին.
- Սիրեցեալ Քո՛յրս,
Ինչ ուրախութեամբ լափեցի նամակդ, որքան շնորհակալ եմ քեզ միշտ երկարօրէն և շատ շատ գրկելու աշխատութեանդ համար: Կ’զգաս անշուշտ թէ այս կեանքին տաղտակը որքան կը ճնշէ վրաս, և ատոր համար այրող կարօտներս սիրազեղ էջերովդ մեղմել կը փորձես:
Կարօտնե՜րս, ո՜հ որքան շատ են, որքա՜ն խորունկ, բանաստեղծին սա տողերը կը յարմարին ինծի ալ.
Հոգւոյս խորը կարօտներ կան
Որք կը քանդեն զիս օրէ օր,
Ինչպէս բոցին կարմիր լեզուն
Մոմին ճերմակ մարմինն աղւոր:
Քու և անոր կարօտը մանաւանդ, պաշտելի քո՛յրս, ալ անտանելի կը դառնայ, մէկերնիդ եթէ քովս ունենայի…: Է՛հ: Բայց այսպէս երկուքնիդ ալ հեռու, ինչպէ՜ս ապրիլ: Կեանքը տաղտուկ մը կը թուի հիմա ինծի ծայրէ ի ծայր:
Անկէ լուր կ’ուզես ինձմէ, ի՞նչ կրնամ ըսել քեզի, ես ալ Իզմիրէն ուզեր էի: «Ամերիկա գացած է, կըգրեն ինծի, գիտեմ ատիկա տարիէ մը ի վեր, ամէն վայրկեան գիտակցութիւնը, տխուր գիտակցութիւնը ունիմ թէ ովկէան մը կը բաժնէ զիս անկէ: Իր հասցէն ուզեցի անցեալները, չկրցան գտնել:
Ի՞նչ պիտի ընէի, ոչի՛նչ, ի՞նչ կրնամ գրել իրեն: Սակայն պէտք ունէի, աշխարհացոյց մը պիտի բանայի ու հոն գոնէ աչքովս պիտի լափէի այն հսկայ միջոցը որ զիս անկէ կը բաժնէ: Զինքը պարունակող երջանիկ քաղաքը ցոյց տուող սեւ բիծերը պիտի դնէի հոն, անզգայ թղթին վրայ, աչքերս ատոր պիտի սեւեռէի միշտ և ամէն օր, ամէն անգամ որ սենեակս մանէի, անոր պիտի ուղղէի մատս «հո՜ն է» ըսելով ինքնիրենս: Բայց ատիկա ալ շատ է կ’երեւի թէ ինծի համար: Իր մէկ լուսանկարը ուզեցի ունենալ, զրկեր էին, բայց յուսախաբ եղայ: Ի՞նչ, արդէն կարելի՞ բան է որ իր աչքերուն արտայայտութիւնը թղթի մը վրայ ցոլացուի: Գրասեղանիս մէկ անկիւնը նետեցի զայն, առանց անգամ մըն ալ նայելու: Ես հոգիիս խորը ունիմ իր կենդանի պատկերը:
Քու վերադարձիդ վրայ չես խօսիր դարձեալ, կը գուշակեմ թէ յետաձգուած է ու զիս տխրեցնել չուզելուդ համար լռութիւնը կը պահես այդ մասին, բարի քո՛յրս:
Շաբաթ մըն է հոս, Հալքի եմ, վերը եղեւիններուն անտառին մօտ պզտիկ սենեակ մը վարձեցի, գիշերները պատուհանէս ծովին մրմունջը կը լսեմ, հեռուէն:
Այս կղզին կը սիրեմ, որովհետեւ ամբողջ քեզմով լեցուն է: Երէկ առաւօտ, կանուխ՝ շրջանը ըրի կղզիին: Արսէնիօսին առջեւը քայլերս ինքնաբերաբար դէպ ի վար տարին զիս, և գացի արեւին ծագիլը դիտելու քու սիրական տեղէդ, յիշեցի թէ դպրոցէն վերադարձիս հոն պատմած եմ քեզի անոր հանդէպ ունեցած սէրտ, պաշտումս, հիմա շատ աւելի տխուր է սակայն, քանի որ դուն ալ քովս չես:
Երազ մը պատմեմ քեզի, հիմա կեանքիս էն անուշ բաները անոնք են, ― երազները:
Երէկ իրիկուն, ճաշէն յետոյ, օդը սոսկալի տաք էր: Սենեակիս մէջ, առանց լոյս վառելու, ընկողմանած էի բազմոցին վրայ, պատուհանին դէմ. քիչ յետոյ, թեթեւ ու գաղջ հով մը սկսաւ ճակատս շոյել մեղմիկ, և ապագայ երազներու խաբեպատիր հոսանք մը առաւ տարաւ զիս: Աչքերս փակ երազեցի արթուն: Շքեղ անուրջ, շոգեմակոյկի մը մէջ էինք, ան, դուն ու ես առանձին ծովուն վրայ, բաց ծովուն վրայ. ովկէանին վրայ, հեռո՜ւն, հեռո՜ւն, այնքան հեռուն՝ որ մարդկային որևէ ստուեր չկարենար թափանցել՝ խանգարելու համար մեր առանձնութիւնը ու երջանկութիւնը: Փոքրիկ, բայց տոկուն ու զարդարուն շոգեմակոյկի մը որ ոչ մեքենավարի պէտք ունէր և ոչ ալ նաւաստիի:
Ալիքներ, փրփրոտ ամեհի ալիքներ կը զարնուէին անոր, և սակայն ան, կը պատռէր զանոնք, կը ճեղքէր, անոնց փրփուրներուն վրայէն ոստոստելով, կը սուրար կ'երթար, ճերմակ կարապի մը պէս, փրփուրոտ ակօս մը ձգած իր ետեւէն, անդունդները ծաղրելով, ովկէանին կատաղութիւնը արհամարհելով: Ետեւը, պատուոյ տեղը, փոքրիկ բարձրաւանդակի մը վրայ նստած էիք դուք երկու քնիդ, ան ու դուն, երկուքդ ալ փափուկ, ազնիւ, բարի ու անբիծ, քով քովի: Իսկ ես վարը, երկու աստիճան վարը, ձեր ոտքերուն առջեւ ընկողմանած, աչքերս խոշոր խոշոր բացած ազարօրէն դիտելով, լափելով փոխն ի փոխն շողը ձեր նայուածքներուն և շողը անհունին: Կապոյտի շքեղ երրորդութիւն մը կար հոն, կապոյտը երկնքին, կապոյտը ծովուն, և կապոյտը չորս աչքերուն ինծի ուղղուած, էն մաքուրը, էն վճիտը, և նոյն իսկ էն անեզրը․ սակայն՝ այս վերջինն էր դարձեալ:
Ամէն ինչ, ամէն ինչ մոռցած էի, յիշելու համար միայն թէ ձեր քովն էի ու երջանիկ էի:
Կը սուրայինք: Ալիքները հետզհետէ կը մեծնային, կ’ուռէին, կը ֆշային, մեզ արգիլել՝ մեր ճամբան խափանել ուզելով կարծես, բայց մեր փոքրիկ շոգեմակոյկը, ձեզ պէս երկու հրեշտակներ պարունակելու երջանկութեանը գիտակից կարծես ու անով ուժովցած անշէջ աշխոյժով, կը պատռէր զանոնք, կը փշրէր իր փոքրիկ սիրուն իրանին ներքեւ ու կ’անցնէր: Եւ այդ պատռուած ալիքները, անկարող իրենց խօլ զայրոյթին մէջ, երկու կողմերէն կը բարձրանային բլրակներու պէս: Այդ բլրակներուն մինչեւ գագաթը կ’ելլայինք երբեմն և յետոյ վար իջած ատեննիս դիմացի ալիքը իր հսկայ զանգուածովը վրանիս իյնալ, մեզ ողողել կ’սպառնար, սակայն շոգենաւակնիս ճարպիկ ու ճկուն իր գործին գիտակից գազանազուսպի մը պէս անոր վրայ կը խոյանար ընդ հուպ:
Յետոյ լուսնակը սկսաւ փայլիր ալիքներուն վրայ հայելիացնելով իր նուրբ ու փափուկ շողերը: Ան, լուսնակը, ալ տառապողներու մտերիմ մը չէր ինծի համար: Հիացած, հմայուած, բոլոր էութեամբս անծայր երջանկութեան մը մէջ տարրալուծուած էի հիմա, ձեր նայուածքներուն ներքեւ:
Կ’երթայինք շարունակ, միս մինակ մենք երեքնիս, մոռցած աշխարհը բոլոր, մոռցած թէ մեր տատանած հեղուկէն զատ, ցամաքներ ալ գոյաթիւն ունենային, կ’երթայինք ճամբայ մը որ չէր հատներ ու կ’ուզէի որ չհատնէր երբէք, ո՜հ երբէք, յաւիտենական ճամբայ ըլլար…:
Եւ այս շքեղ երազս ալ, ուրիշ շատ մը նախորդներուն պէս ցնդեցաւ գնաց, հակառակ կեանքը երազի և զայն իրականութեան փոխելու տենջանքիս, ինչ անուշ երազ, հէ՞ քոյրս, անհունութեան մէջ կորսուի՛լ երկու սիրած պաշտուած էակներու հետ… երա՛զ սակայն:
Եթէ գալ տարի գալուստդ որոշ չէ, գրէ որ գոնէ ես քու քովդ գալու աշխատիմ, որովհետեւ այսպէս ապրիլը աշխարհի էն անհամ բանն է:
Հիմա քրոջը քովն է Տիգրան, նամակներ կ'առնեմ երբեմն իրմէ:
Քոյրս երջանիկ կ'ընէ զիս, տղու մը պէս կը խնամէ, այնքան բարի է. միշտ անոր, Միս Իզապելին վրայ կը խօսինք իրեն հետ, կը գրէ ինծի:
- ↑ Տիգրան հրաժեշտի չէր գացած Միս Իզապէլի՝ գիտնալով թէ, անկարելի պիտի ըլլայ իրեն բաժանումին յուզումը զսպել։