Ասիս-Մասիս լեռնէտ ի վար,
Հօ՜, որ ոսկի կալ կու կուտեն,
Սամու մագիքըն կու ձըգեն։
Ինչ հողեղէն եզն ի լուծին,
Իր մոմեղէն լուծն ի վիզին.
Իր սամեստանն էր ոսկէ,
Սամուտ կապերն ապըրշըմէ։
Դէն թուզ մ’ աղէկըն գալապան,
Կըտրիճ աղէկանց մանողան։
— Թո՜ւխ, ամ դու տուր հատ մ’ ի կալէտ,
Թէ չէ՝ առնում պաք մ’ երեսէտ։
— Հատ մ’ ի կալէս էր համբուրած,
Պագ մ’ երեսէս՝ մատնէհըրած։
Դէն Հատ մ’ առնուս նա՝ հատցընես,
Կամ պագք մ’ առնուս՝ պագսեցընես,
Կամկար կօճակըն արձկըրես,
Թագւորն ի ծոցըն հըրամես։