Ափ մը մոխիր՝ Հայրենի տուն

Ափ մը մոխիր՝ Հայրենի տուն

ԱԿՆԱՅ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ


Ա

Աւա՜ղ, ապարանքի մը պէս մեծ էիր եւ շքեղ,
Ու ես երդիքներուդ սպիտակ կատարէն,
Աստղածորան գիշերներու յոյսին հետ,
Վարէն, ահեղավազ Եփրատին կ'ունկնդրէի...։

Բ

Արցունքո՜վ, արցունքո՜վ լսեցի որ աւերակ առ աւերակ,
Քու լայնանիստ պատերդ իրարու վրայ կործանեցին,
Սարսափի օր մը, կոտորածի օր մը, օր մը արիւնի...
Զքեզ եզերող պարտէզիդ ծաղկըներուն վրայ։

Գ

Ու մոխրացա՜ւ այն սենեակը կապոյտ,
Որուն որմերուն ետեւ եւ գորգերուն վրայ,
Իմ երջանիկ մանկութիւնս կը հրճուէր,
Եւ կեանքս կ'աճէր եւ հոգիս իր թեւերը կ'առնէր...

Դ

Փշրեցա՞ւ, ուրե՛մն, այն հայելին ոսկեծիր,
Որուն եթերային խորութեանը մէջ,
Երազներս, յոյսերս, սէրերս եւ կամքս կարմիր,
Տարիներով, մտածումիս հետ, ցոլացին...

Ե

Ու բակին մէջ երգող աղբիւրը մեռա՞ւ,
Ու կոտրտեցա՞ն պարտէզիս ուռին եւ թթենին.
Եւ այն առուակը որ ծառերուն մէջէն կը հոսէր,
Ցամքեցա՞ւ, ըսէ՛, ո՞ւր է, ցամքեցա՞ւ, ցամքեցա՞ւ...

Զ

Օ՜, այն վանդակին կ'երազեմ յաճախ,
Որուն մէջ գորշագոյն կաքաւս, առաւօտուն,
Արեւածագին հետ եւ վարդի թուփերուն դիմաց,
Զարթնումի Ժամուս ՝ յստակօրէն կը կարգճէր...։

Է

Հայրենի՜ տուն, հաւատա՜ որ մահէս յետոյ
Քու աւերակներուդ սեւին վրայ, իմ հոգիս,
Պիտի գայ, որպէս տատրակ մը տարագիր,
Իր դԺբախտի երգը եւ արցունքը լալու...։

Ը

Բայց ո՜վ պիտի բերէ, ո՜վ պիտի բերէ, ըսէ՛,
Քու սրբազան մոխիրէդ ափ մը մոխիր,
Մահուանս օրը, իմ տրտում դագաղիս մէջ,
Հայրենիքս երգողի իմ աճիւնին խառնելու...։

Թ

Ափ մը մոխի՜ր աճիւնիս հետ, Հայրենի տուն,
Ափ մը մոխի՜ր քու մոխիրէդ, ո՜վ պիտի բերէ,
Քու յիշատակէ՛դ, քու ցաւէ՛դ, քու անցեալէ՛դ,
Ափ մը մոխիր... իմ սրտիս վրան ցանելու...։