Գիշեր


Ո՛չ մէկ հաւատք...
Հիմայ հոգիս աւելի՛ մերկ է քան մը հըրդեհուած,
ՈՒ մտածումս աւելի ցուրտ՝ քան թէ ձիւնը լեռներուն
Թէեւ նո՛յնքան վըճիտ...
Իսկ յոյզերս ու հին սէրերս կարօտագին կ'երազեն՝
Իմաստությեան այս ձիւնին տեղ՝
Խե՛նթ արեւվը իմ պատանի օրերուս...

Ո՛չ մէկ հաւատք...
Ահ, մինչեւ իսկ չեմ հաւատար,
― Թէեւ ահա մայրամուտ է անամպ, պայծառ ―
Որ աստղերը, րոպե մ'յետոյ,
Երկընքին վրայ,
Հոգիներու պէս տարօրէն,
Իրենց յըստակ կուսութիւնը պիտի բերեն...
Եւ թէ կարո՛ղ պիտի ըլլամ,
Այս գիշեր ալ,
Իրենց լացած նիհար լոյսով,
Հին յուշերու սա ալեւոր ճամբուն վրայ
Քի՜չ մը քալել...

Ո՛չ մէկ հաւատք, ո՛չ մէկ հաւատք...
Աչուըներուս գիշերին մէջ,
Ինձ կը թուի,
Մռայլ մատներ, երբեմն յանկարծ կը մըխըրճին
Հոն խեղդելու յոյսս անարիւն՝
Որ անտէրունջ ջահի մը պէս կ'ոգեւարի...
Իսկ հոգիիս քարայրներուն տակաւ կ'իջնէ
Լռութիւն մը հողի գոյն՝
ՈՒր կը ճօճին,
Դաշոյններու պէս առկախ,
Սառոյցնե՜րը Ճակատագրին...
Անոնցմէ վար, շիթ առ շիթ,
Մա՜հն է որ իմ Կեանքիս վրայ
Ցուրտ նուագով մը կ'իյնայ...