Դառն հացը
ԴԱՌՆ ՀԱՑԸ
I
Աննա գլուխը ձեռքերուն մէջ մտիկ կ՚ընէր զիս ու երբեմն կը դիտէր Վանին։ Դէմքին վրայ քաղցր լոյս մը կը ցոլար։
— Ամէն մարդ ի՛ր վէրքը ունի,— ըսի յամառելով,— ամէն մաըդ՝ իր արիւնը։ Այդ պատճառաւ է, որ ամէն մարդ տարբեր ուժգնութեամբ ու տարբեր ձեւով կը տառապի։ Ամէն փախուստ քաղցր է մեր վէրքէն, մեր արիւնէն։ Քանի՜ գիշերներ անկողին մտած պահուս մարմինս հայցած է ոչ թէ քունը, այլ՝ երազը, տարաշխարհիկ երազներու արբեցուցիչ շուայտութիւնը։ Ընթերցումը եւս փախուստ մըն է,— յարեցի յապաղուն ջերմութեամբ մը նայելով իրենց աչքերուն։— Մեր ամբողջ կեանքը փախուստ է ու վերադարձ...
Մեղմօրէն դուրս սահեցանք սրճարանէն։ Ու գիշերը հաճելի էր դուրսը։ Քաղաքին վրայ մեռելային քաղցրութիւն մը կար, ու հակառակ գլխաւոր պողոտաներէն եկող աղմուկին, որ թաւալուն էր, խուճապահար ու խուլ, մարմինս կը լսէր կարծես Սէնի անշարժ ու սեւ ջրերուն շշունջը։
— Իմացական տենղահար արշաւներէն իսկ ի վերջոյ կը վերաղառնայ իր եղկելի ու հրաշալի անձին։ Արեւմտեան բոլոր փիլիսոփայութիւններուն մեկնման կէտը մարղկային անձը չէ՞ միթէ։ Ուրկէ ալ որ մեկնիս, ուրկէ ալ որ վերադառնաս, վերջին հանգրուանդ այս տիեզերքն է, այս կմախքը։
Խորին ամօթովմը հայեացքս բարձրացուցի՝ խուզարկելու համար իրենց դէմքերը, ու վերստին քաղաքին մեռելային քաղցրութիւնը ամպի մը պէս շատ մեղմօրէն ինկաւ վրաս։ Տաժանելի ու գէշ յազում մը կար կոկորդիս մէջ։ Հմայաթափութիւնս խորունկ էր։ Կը տառապէի անաւարտ ցանկութեանս, գիշերային անիմաստ անձկութեանս ու աղօտ նախանձի մը պատճառաւ։ Կը տառապէի՝ նախազգալով վաղահաս ծերութիւնը, երիտասարդութեանս գլխիվայր անկումը յագեցումէն, բարերար յոզևութենէն առաջ...
Աննա երկարօրէն նայեցաւ աչքերուս, ու ինձ թուեցաւ, թէ կ՛ուզէր պատասխանել։ Վայրկեան մը լռեց՝ սպասելով յոյսի անուշ բառերու, զգալով, որ ոչ ոք կրնայ փարատել հոգւոյս անձկութիւնը։
— Ինչ է կեանքը, եթէ ոչ զրկուած մարդոց կրծած դառն հացը օրուան խոնջէնքէն յետոյ։ Երբեմն ան տաք ու համեղ կը թուի, որովհետեւ մարղկային հոգին մշտնջենի ծարաւը ունի խաղաղութեան։ Անոր իւրաքանչիւր շերտին, սակայն, կը խառնուի նուաստութեան թոյնը։
Կը քալէի քիչ մը անջատ միւսներէն, ու արտասանած բառերս ծածուկ տրտմութեամբ մը կը տատանէին վրաս։
«Կեանքը հանապազօրեայ դառն հացին պէս է,— կ՚ըսէի իւրովի,— բանուորներու՝ դժուարաւ շահուած հացին պէս...»։
Աննան էր, որ պատմեց ինձ գրատան մը ցուցափեղկին առջեւ Գերմանիոյ սեռային բարքերու մասին անհնարին մանրամասնութիւններ։ Պատրանաթափ զարմանքով մը կը դիտէի իր պայծառ դէմքը, ու արուի հպարտութիւնս կը մռնչէր։ Ո՞ւր կարդացեր էր արդեօք։ Մտքի արթնութիւնը չունեցայ հարցնելու։ Իր լեզուական ազատութիւնը անտարակոյս կը վիրաւորէր զիս։ Սհռային արարքը այդ վայրկեանին կը թուէը պաըզ ու դիւըիև։ Ու այդ դիւրութեան գաղափարը եւս կը վիրաւորէր զիս։
Հրեայ աքսորական մտաւորականի մը կինը երկաը նամակ մը գրած էր իր ամուսնին, ու Աննա ակներեւ հեշտութեամբ մը կը կրկնէր գլխաւոր հատուածները։ Գիշերուան որեւէ ժամուն հիթլերական հարուածային զինուորներ կուգային, կ՚սւրթնցնէին ու կը տանէին հարցաքննութեան պատրուակով այդ երիտասարդ կինը։ Պահականոցին մէջ կը մերկացնէին զինքը ու կը ստիպէին, որ երկննայ սեղանին վրայ։ Հաւաքուած շուրջը՝ կը շօշափէին երիտասարդ կնոջ զիստերն ու կուրծքերը, կը հպէին հիւանդ խենէշութեամբ մը մաըմնին զանազան մասերուն։ Յետոյ ոտքի կը կեցնէին զայն՝ բազուկները բարձրացուցած, մերկ, պատրաստ բռնի սիրոյ։
— Ինչու բազուկները բարձրացուցած,— հարցուցի շատ մեղմօրէն։
Ուսի թեթեւ ցնցում մը բաւեց տեղափոխելու համար մաըմնին գծերը։ Ու միշտ քսւղաքին մեռելսւյին լռութիւնը, մեոելային քաղցրութիւնը պաըուըեց զիս։ երբ հոգիս ծարաւ էր գարնաևային զուարթ երգի մը, լոկ հեշտութեան տաք հովն էը, որ կը լուար դէմքս։ Անմիտ անտարբեըութեամբ մը, որով կը ջանայի ծածկել մաըմնիս անօգուտ խռովքը, գլանիկ մը վառեցի՝ փորձելով մեկնումի նշանը տալ։ Ճիշդ այդ պահուն Աննա մօտեցաւ ինձ ծանր ու հեշտաւէտ շարժումով մը, որ յատուկ է յաճախ սիրոյ պատրաստուող կիներուն։ Երեկոյեան շէկ լոյսին մէջ շապիկը գրեթէ թափանցիկ էր։ Բարակ պաստառին տակէն յստակօրէև կ՚երեւար վարդագոյն կրծկալը։ Հիւանդ, նուաղուն հայեացք մը ձգեց վրաս՝ գուցէ կասկածելով, թէ յետին միտք մը կար հարցումիս տակ, ու իր ջերմին պայծառ ձայնովը ըսաւ.
— Որովհետեւ երբ երիտասարդ կին մը բազուկներոը կը բարձրացնէ, մաըմնին բոլոր գծերը կը պրկուին, արձանային անշարժութիւն մը ու յաճախ պիրկ գեղեցկութիւն մը կը ստանան։ Մասնաւորաբար կնոջ մարմինը տարիներուն հետ իյնալու, թափելու տրամադըութիւններ ցոյց կուտայ...
Ձեռքերս գրպաններուս մէջ՝ կը դիտէի Սելմա Լակերլօֆի գրքերէն մէկուն թարգմանութիւնը։ Օգոստոսի իրիկունը գինիի, տաք հացի պէս համով էր։ Գուցէ մարմինս կը ցանկար, որ Աննա շարունակէր խօսիլ, վասնզի անոր ձայնը խորունկ քաղցրութիւն մը ունէր։ Կը զգայի մաըմնին բուրումը ու կը մտածէի, թէ կեանքը խիստ կարճ է՝ քանի մը փորձաոութեանց բովէն անցնելու համար։ Կ՚ուզէի վերստին կիներուն երթալ կեանքի բոլոր ճամբաներէն, գրքերուն վերջին էջերուն վրայ թրթռուն երիտասարդութեամբ մը վերագտնել զանոնք, սահող ստուերի մը ի տես՝ սըտի նոյն կծկումը, նոյն անուշ անձկութիւնը զգալ, գարնան հետ նորոգուիլ վերստին ու ծաղիկներու բաժակներուն մէջ աստղերու կայլակներ տեսնել։
Մարմինս կոտրած անօթի մը պէս էր սակայն։ Անձկութիւնն ու տենդը ներքին կրակներու պէս կը լափէին զայն։
Լռութեսւմբ ծառուղին իջանք՝ զննելով ու լրտեսելով իրար։ Ցուցափեղկերուն առջեւ յաճախ Աննա կը կենար, յուլօրէն[1] կը դիտէր կանացի իրեր ու արդուզարդեր։ Ստիպուած ես կանգ կ՚առնէի ու երկարօրէն կը լրտեսէի իր յետին շարժումները։
Երբ գլուխը կ՚երկարէր թեթեւ մը ծոելով աոաջ, վզին վրայ իրիկնային լոյսը այնքան համեղ կը թուէը, որ ուրիշ մը գուցէ փորձէր լեզուով հաւաքել զայն։ Իր մասին գիտցածներս կը բաւէին զայն ցանկալու եւ իրմէն անօթութիւնս իրեն յայտնելու համար։ Իր վե հանձնութիւեը, սակայն, զինաթափ կ՚ընէր զիս, ու յետոյ կար Վանին մեր երկուքին միջել՝ ինձմէ առաջ։
— Յափտենական զերման երիտասարդութիւնն է,— ըսաւ Աննա՝ անմիջական ու բիրտ։— Խոյի պէս եղջիւրները ցցած կը նետուի առաջ՝ կրակին մէջ կամ անդունդին խորը։ Զգացական որոտուն ու տսւրերային խանդավառութիւնն է իր օրէնքը, մինչդեո մենք կոչում կ՚ընէինք նաեւ իր բանականութեան, իմացականութեան։ Ազատելով մտքի յեղափոխական կարգապահութենէն, որուն յաջողած էինք ենթարկել զինքը, այդ երիտասարդութիւնը այժմ անձնատուր եղած է իր զգայարանքևերուն, իր սեռային անագորոյն ախորժակին։ Մ՛իշտ կասկածելի թուած է ինձ զգացական խանղավառութիւնը, որ ծածուկ աղերսի մէջ է մարղկային բնութեան բարբարոս խորքին հետ։
Ստորերկրեայ երկաթուղիին մուտքի սանդուխներուն առջեւ ծեր կնոջ ձայն մը կը յիշեցնէր մարդոց ողբալի թշուառութիւնը։ Այս անեզր քաղաքին մէջ վաղուան երկիւղն ու ծերութեան վախը կընկակոխ կը հալածեն երիտասարդութիւնը։ Մարդուն բուն պայքարը ի սկզբանէ մահուան դէմ է եղած։ Ու ոչինչ աւելի յուսալքիչ է, քան կենսական ուժերու աստիճանական կորուստը։
— Երբ աքսորականներու պարզութեամբ կ՚ըսենք, թէ Հիթլերի Գերմանիան գազանային է, կարգ մը ֆրանսացի մտաւորականներ աղտեղի ժպտովմը կը պատասխանեն մեզի։ Այդ պաներուն է ահաւասիկ, որ քինախնղրութեամբ կ՚ատեմ լատինական հանդարտ ժպիտը։
Սահմռկեցուցիչ կերպով նուրբ է ֆրանսական լեզուն, ու նոյնքան նուրբ է ֆրանսացիներու ղիմախաղը։ Ապշեցուցիչ ճշգրտութեան մը հետ, հարկ եղած պարագային, այդ լեզուն կը ստանայ անոըոշ երկդիմութիւն մը։ Էն անախորժ ու տաժանելի գաղափարները ֆրանսացին կրնայ արտայայտել անվնաս ձեւով մը։ Կարծեմ իրենք չափի զգացում կը կոչեն ողբերգական դէպքերու հանղէպ կիրարկուած այն ցրտութիւնը, որ աղէտը կը ջանայ իր նուազագոյն չափին վերածել ու իր զգացումները կը պատշաճեցնէ դէպքի կարեւորութեան։
Երեկոն գետին վրայ կը տատանէր ու տօնական էր։ Բեռնատար նաւեր խորին դանդաղութեամբ մը կ՚իջնէին հարաւ։ Մանկութիւնս միշտ արտասովոր հաճոյքով մը սիրած է նաւարկելի գետերը։ Կ՚ուզէի գլխաբաց կենալ արծաթեայ գիշերուան մը մէջ այդ բեռնատաը նաւերէն մէկուն կամրջակին վրայ ու դիտել Իլ-Տը-Ֆրանսի դալարագեղ եզերքները։ Նաւը անաղմուկ կը սահէր՝ հազիւ ճեղքելով գետին մթին ջրերը, ու երկիրը խուլ քունով մը կը ննջէր՝ գրկած իր աղուոր բազուկներուն մէջ մարղոց բնակութեան վայրերը, գիւղաքաղաքներն ու աւանները։
Օրհնութիւն, գորով ու բեղմնաւորութիւն տենչացած է միշտ հոգիս մարդոց համար։ Ուրիշ ոչ մէկ տուայտանք՝ բացի ստեղծագործութեան արարչական յոգնութենէն, բացի յղութեան սուրբ ցաւէն։ Մարդոց համար հոգիս ցանկացած է միշտ յաւիտենական ու վարդամատն առաւօտը խաղաղութեան։
Ի՞նչ պայծառ, դալար ու լուսաթաթախ եզերքներ կան այս երկրին մէջ։ Դալարիքին վրայ կը նստիս, ու հեռուէն նաւաստիներու ձայևը կուգայ ծոյլ ալիքներով կ՚իյնայ վրադ։
Վայրկեան մը արմուկ արմուկի կռթնեցանք կամուրջի բազրիքին։ Գողունի կը դիտէի Աննայի կուրծքերը, որ հմայիչ կերպով խոշոր էին։ Մերկ դաստակներուն վրայ անոնց գունդերը անշուշտ կը զգային հովը, որ կ՚ելլէր, հովը, որ երգի պէս անուշ էր Օգոստոսի իրիկունով։
— Տարիներէ ի վեր ազգային ու միջազգային յեղաշրջութեան դէմ բուռն, անողոք, կենաց եւ մահու կռուի մտած ըլլալով՝ յարաբերական դիւրութեամբ մը գուցէ կարենանք համաձայնիլ հրատապ խնդիրներու շուրջ։ Գուցէ անմիջական պայքարի հանգա-
Հովը կը շարունակէր ելլել թեթեւ ալիքներով, կը դեգերէր մեր շուրջը։ Երեկոյեան բազմութիւնը հեոուն մեծ պողոտաներէն առու առու կը կազմուէր ու կը հոսէր դէպի քաղաքին եղերական թաղերը, դէպի արուարձանները։ Ու Աննայի ձայնը հաճոյք էր ու խաղաղութիւն։ Վզին աղուամազերուն վրայ երեկոն կը հիւսէր իր դրասանգները։ Դաստակները որքան սիրուն ու նուրբ կը թուէին խարտեաշ լոյսին մէջ։ Նկարի մը պէս հեռաւոր ու բանաստեղծական էր այդ վայրկեանին բազրիքին կռթնած այդ երիտասարդ աղջիկը։
— Օրէնքը վախ է ու բռնութիւն,— կը յարէր Աննա։— Օրէնքին գլխաւոր անպատեհութիւնը իր արտաքին բնոյթն է։ Իրական քաղաքակրթութիւնը միշտ ներքին է եղած, քանի որ մարդն է իր առարկան։ Արտաքին րոլոր ազդակները ի վերջոյ կը ծառայեն լոկ ներքին վերելքը դիւրացնելու, մարդուն ներքին միջավայրը պայծառացնելու։ Ինձ կը թուի, որ հոս է, որ դուք իրապէս աւելի յստակատես եղած էք ու աւելի խորապէս մարդկային, քան մենք՝ ծայրայեղ ձախակողմեաններս։ Ու այս գետնին վրայ է, որ ի վերջոյ յեղափոխութիւնը պիտի յաջողի ընդմիշտ զգետնել դրամատիրութիւնը, որ մարդկային անձին գերեզմանը կը պատրաստէ։
* * *
Խաղաղութեամբ կը քալէինք, ու մարմինս կը զգար քաղաքին լուսաւոր գիշերուան աստիճանական գալուստը։ Ծերութիւն չէ։ Միթէ նուրբ հաճոյքներու այս մթին ծարաւը, խաղաղութեան այս յանցաւոր սէրը շրջանի մը մէջ, երբ մեծ քաղաքներու ընդերքներուն խորը թշնամի կրթեր կհպոտսւն, երբ մարդկային խելայեղ բազմութիւններ ահագնադղորդ զայրոյթով կը բախին իրարու, երբ երկրի այս կամ այն մասին մէջ արիւնը կը պղպջայ։ Մարդ-անհատը աստիճանաբար կը կորսնցնէ իր կարեւորութիւնը դղրդագին վերիվայրումներու եւ կործանումներու աղմուկին մէջ։ Անհատը այլեւս ոչինչ կրնայ իրագործել առանձին։ Իր ազատութիւնն ու զարգացումը սերտ առնչութեան մէջ են զանգուածներու ազատագրութեան հետ։
— Վերադառնանք,— ըսաւ Աննա,— Վանին խոստացաւ զիս թատրոն տանիլ այս երեկոյ...
Շուրջ կէս ժամ շարունակեցինք քալել սակայն ծանր, գէշ լռութեամբ մը։ Կը սպասէի, որ Աննա ըսէր ինձ, թէ ես եւս կրնայի ընկերանալ իրենց։ Կը զգար արդեօք անձկութեան բարակ տենդը, որ կը զարնուէր ղէմքիս։ Մերթ ընդ մերթ կը զգայի իր հայեացքը։ Կը թուէր, թէ պիտի բանայ մսեղ շրթունքները ու պարզ, կիսով անտարբեր նախադասութեամբ մը պիտի փարատէ տագնապի այս յեղակարծ[3] մթնոլորտը։ Անխզելի լռութեամբ մըն է, որ վերադարձանք լատինական թաղ։ Շրթանցս վրայ դառնութիւնը լեղի էր։ Մեղմօրէն կը ճեղքէինք բազմութիւնը՝ երկվայբկեան մը բաժնուելով ու վերստին գտնելով իրար։ Քլիւնիի թանգարանին հնւսմեայ սլատերուն տակ կեցայ՝ չկարենալով բաժանումի աւելի յարմար եղանակ մը գտնել։ Ամբողջ կեանքիս մէջ միշտ դժուար թուած է ինձ հանդիպումն ու բաժանումը։ Վայրկեաններով կը յապաղիմ հեռանալէ առաջ՝ թոյլ տալով, որ խօսակիցս առաջին քայլը առնէ։ Ուրկէ՞ կուգայ այս վարանումը։ Մարմինս կարծես անընդհատ ապաստան կուտայ բազմաթիւ ներկայութիւններու։ Քաղաք մը, երկիր մը, տիեզերք մըն եմ։ Ուրիշը միշտ կը խզէ ներքին տրամախօսութեանս թելը։ Ներքին մթնոլորտիս ու արտաքին աշխարհին միջել կլիմայի յարատեւ փոփոխութիւն մը կայ։
— Եթէ երթալիք տեղ մը չունիս, կրնանք միասին ճաշել,— ըսաւ Աննա։
Այդ րոպէին ակնարկս ուրիշ տեղ էր, ու չկրցայ այդ բառերը արտասանած պահուն դէմքին արտայայտութիւնը քննել։ Գուցէ սկսած էը զգալ հայեացքիս ջերմութիւնը, որ օրերէ ի վեր կ՚ողողէր իր քաղցր երեսը։ Գուցէ սկսած էր տարակուսիլ, թէ Վանիի եւ իմ միջեւ իր գեղեցկութիւնը վտանգ մըն էր, թշնամութեան որոմին առաջին սեւ ծիլը։
Առանձին տուն վերադառնալ կը նշանակէր հետս անկողին տանիլ նախանձի նուրբ թոյնը։ Գիշերն ի բուն երեւակայել Վանին ու Աննան՝ կուշտ կուշտի, թատրոնի կիսախաւարին մէջ, երբ հոգեկան զեղումը քաղցը է, ու անձնատուութիւնը՝ դիւրին։ Երեւակայել անոնց վերադարձը քաղաքին լուսաւոր սալայատակներէն՝ թեւ թեւի ու բաբախուն, զգայուն մեքենաներու պէս, որ օրն ի բուն տենդահար աճապարանքով մը աշխատելէ յետոյ հանգստի առաջին ժամուն կը թրթռան մետաղային ջերմութեամբ։
Եթէ միասին ճաշէինք, կրնայի յապաղիլ, ու Վանի ստիպուած պիտի ըլլար զիս ալ թատրոն հրաւիրել։ Կեանքիս մէջ որքան յաճախ այս տեսակ անմեղ խաղերու դիմած եմ ուզածս ստանալու համար։ Ո՞վ է երրորղ անձը, ո՞վ է, որ աւելորդ մէկն է մեր միջեւ՝ ես թէ Վանին։
Ընդամէնը ամիս մը ունիմ՝ սիրել կարենալու համար Աննան։ Կը մտածեմ մեր մառախլապատ քաղաքին գիշերնհրուն վրայ։ Անկողնիս վրայ երկնցած՝ ժամերով պիտի պաղատիմ կենարար քունը։ Ու վերստին գրքերը հայրենիքս պիտի ըլլան։ Խաղաղօրէն պիտի սահիմ առասպելական մարդոց կեանքի ճամբաներէն, ու մարմինս խորունկ անձկութեամբ մը պիտի զգայ գիշերը։ Սիրելի էակ մը հոս ձգած ըլլալու տրտմութիւնը կ՚ուզեմ տանիլ հետս։
Ինչ որ կ՚ուզէի, Աննա գուցէ չէր կրնար ընծայել ինձ։ Սալայատակին եզերքը կը տնտնար՝ դիտելով անցորդները, մինչ հայեացքս կը գրկէր յանցաւոր ցանկութեամբ մը իր մարմինը։ Նեղուելով զգայարանքներուս անոպայ[4] ծարաւէն՝ ձեռքս երկարեցի ու ու զեցի հեռանալ։ Ափիս մէջ իր բարակ մատները զով էին։
— Մեզի հետ թատրոն գալ չես ուզեր,— հարցուց՝ քաշելով ձեռքը ու ազատօրէն նայելով աչքերուս։
Կրնար եկուր ըսել՝ փոխանակ չես ուզեր գալու։ Երկարօրէն նայեցայ դէմքին՝ իմանալու համար բառերուն ետին ծուարած բուն մտադրութիւնը։ Իրապէս կ՚ուզէ՞ր արդեօք, որ ընկերանայի իրենց։ Իսկ Վանի՞ն։ Պատրուակով մը խուսափեցայ՝ նախընտրելով իրմէն հեռու անցուած գիշերը ու անձկութիւնս իր ներկայութեան պատճառած ուժգին ցանկութենէն։ Ձեռքերս խրեցի գրպաններուս մէջ ու ընկղմեցայ բազմութեան խորը։ Ոչ ոք գիշերը կրնայ խլել ինձմէ, կ՚ըսէի, գիշերը պարտէզս է ու հայրենիքս։ Կը քալէի՝ ողբալով հոգւոյս կոըուսեալ խաղաղութիւնը ու յուսալով շրթանցս վրայ երգի մը ծագումը։ Վազզէն Շուշանեան
II
Հաճոյքին իմացումը գուցէ սկիզբն է ծերութեան։ Ապրելու տենդն ու աճապարանքը երբեմն կը մատնեն ներքին տեղատուութիւնը։
Սրճարանի մը դարպասը նստած՝ կը ջանայի կարդալ ռուս գրողի մը՝ Զամիաթինի մէկ պատմուածքը, երբ ծերութեան երկիւղը անգամ մը եւս եկաւ նստաւ քովս հին ընկերոջ մը պէս։ Բարեկամս ու թշնամիս է հիմա այդ գաղափարը։ Կը փորձեմ աոանց աճապարանքի քննել կեանքս ու ի մի համախմբել ծերութեան առաջին նշանները։ Հոգիս անձկայրեաց[5] է, ու մարմինս՝ խռով։ Հաճոյքներուս նաշիհին[6] կը խառնուի միշտ մոխրի յետին համ մը։
Երբ բոլորովին երիտասարդ էի, ընթերցումը կը նմանէր լճի մը։ Գլխիվայր կը սուզէի խորը ու շնչակտուր կ՚ելլէի միւս ափը՝ թօթուելով մարմինս։ Ամէնէն աւշառատ ու խորունկ գրքերը անոնք են, որ կարդացած եմ մէկ շունչով։ Կը յիշեմ Թոլսթոյի անմահ ու ողբերգական «Աննա Քարենինա»ն։ Կեանքը այդ էջերուն մէջ էր եւ ոչ թէ դուրսը։ Խզումը արտաքին աշխարհին եւ ներքին մթնոլորտիս միջեւ ակներեւ էը, երբ նաւաբեկեալ կը սպասէի առաւօտեան՝ ննջել կարենալու համար։ Իրանս հաճոյքէն ու ազնիւ յուզումէն կը դողար։
Անցեալ տարի վերստին կարդացի «Աննա Քարենինա»ն, ու որովայնիս խորը ծերութեան երկիւղը գէշ սողունի մը պէս խլրտեցաւ։ Հազիւ էջ մը դաըձուցած՝ նախադասութեանց առջեւ կը կենայի ու կը զգայի, որ հոգեկան ցնցումս աւելի զօրեղ է, բայց ինքնամոռացման կարողութիւնս՝ տկար։ Իւրաքանչիւր հատուած կեանքի բեկոր մըն էր, ուր զղջումը, ցաւն ու նուաստութիւնը խոնարհութեամբ կը նշուլէին։ «Աննա Քարենինա»ի քաղցր ու սրտառուչ գեղեցկութեան ետին կը նշմարէի վերջին տարիներու Թոլսթօն՝ պատկառելի ու աւետարանական ծերունին, որ ողջ երկրի անքաւելի մեղքը կը կրէր իր անձին վրայ։ Անմիտ բան մը չէ՞ր միթէ գրական արհեստաւորի մը պէս անդամազննելով, արուեստագէտին ճարտարութիւնը որոնելով կարդալ էն յուզիչ, էն մարղկային գրքերէն մէկը, որ երբեւիցէ գրուած ըլլայ։ Գրքերուն ու մարդոց դիմաց առաջին ու սրտայոյզ մանկութիւնս կը հայցեմ ու չեմ ստանար։
* * *
Ծերութեան երկիւղը ամենուրեք է։ Փորձառութեան գարշ թրթուըը ներսէն կ՚ուտէ բոլոը պտուղներուս համեղ միսը։ Իրողութեան մէջ հասուն ու վաւերացուած ճշմարտութիւնը, որ քաղաքացիութեան իրաւունք ստացած է մարդոց մէջ, լոկ հասարակ տեղիք կը դառնալ՝ կորսնցնելով իր ինքնուրոյն գեղեցկութեան հետ ներքին պայթուցիկ ուժը։ Յաղթական ճշմարտութիւնները կարծես հասարակ տարր մը կը պարունակեն իրենց մէջ։ Խոհուն ու զգաստ ծերութեան եւ մակընթաց այլ դեռ գլխու պտոյտ ունեցող երիտասարդութեան միջեւ հոգիս միշտ ընտրած է այս վերջինը։ Այժմ, սակայն, կը զգամ անկարեկիր ու անտեղիտալի փորձառութիւնը, որ խրամ առ խրամ կը գրաւէ զիս։
Երբեք այսքան հաճոյքով չէի նստած սրճարանի մը դարպասը։ Ամրան գիշերամուտը թաւշային է ու դաւադիր՝ իր ծոցին մէջ ի քուն եղող երազի կարելիութեանց պատճառաւ։ Ի վերջոյ կ՚ուզեմ յստակօըէն գիտնալ, թէ ինչ կը հետապնդեմ այս երկրին վրայ։ Գուցէ արտաքին ակնարկով մը դիտուած միակտուր մարղու մը տպաւորութիւնը կրնամ ձգել, բայց քիչ մը պեղելով հոգւոյս ծածուկ հանքերը՝ կը հանղիպիմ մնայուն տուայ–
տանքի մէջ ապրող բարոյական անձի մը, որ յաւիտենակաե գիշերուան խորունկը մանուկի մը պէս կը ճչայ։
Անտարակոյս հաճոյքի իմացումը սկիզբն է ծերութեան։ Մարդկային քիմքը անգամ ծերանալով է, որ կ՚ըմբոշխնէ համադամներու ճաշակն ու սնունդներու նրբութիւնը։ Երբ պատանի էի, երկրին գինեհամ ու արեւայեղց[7] պտուղները կը խածնէի երիտասարդ անասունի մը պէս՝ առանց զգալու անոնց բնիկ ու ինքնուրոյն բուրումը, անոնց մսերուն տարբեր համերը, անոնց բջիջներուն արձակած անուշահոտութիւնը, որ անմեկնելի յարաբերութեամբ մը կը խաոնուի համին։ Այժմ պտուղները ճաշակել գիտեմ յուսահատական նրբութեամբ մը, ծերութեամբ գրեթէ։ Երբեք իրական երիտասարդ մը կարեւորութիւն չ՚ընծայեր նման զգայնութիւններու։ Երբեք մանուկի մը լեզուն քիմքին չի փակիր անուշահոտ գինի մը ումպ ումպ ճաշակած ատեն։
Ինչ որ մարմինս այժմ կ՚որոնէ, անմիջական հաճոյքն է, յագեցումին յաջորդող անդորրութիւնը, ծոյլ ու պզտիկ գոհացումը։
Գարնանային ու իրապէս բաբախուն էր գեղեցկութեամբ Ֆրանսայի մէջ անցուցած առաջին տարիս։ Շրթներուս վրայ բառերը խանդավառ ու տաք էին, արեանս պէս անհանգիստ էին։ Խոշորաքայլ կը ճեղքէի կեանքը՝ անկոխ անտառի պէս, ու մարմինս կը դղրդար սիրով։ Գարնան գիշերներ կային հարաւի ջերմին հողերուն վրայ, երբ թարթիչներս կը վառէին արտասուքի կաթիլներով՝ աստղերուն պատճառաւ, որ շատ էին, երկևքին, որ կապոյտ ու խորունկ պնակի մը պէս էր, ճպուռի մը պատճառաւ, որ սօսիի մը ճիւղերուն մէջ կը ճչար։ Բնութիւնը յղի կնոջ պէս ծանրաբեռն ու արգասաւորութեամբ տաք էր։
Երբեմն երիտասարդ աղջիկ մը կասեցնէր՝ թրթռացնելով հոգւոյն նուագարանը։ Ափերս չէին, որ կը վառէին, կը խանձէին հեշտութեան ծարաւով, երանքներս[8] չէին, որ կ՚ողոքէին անոր ազդրերուն գիրգ շուայտութիւնը, այլ շրթներս էին, որ կը հայցէին անոր ծաղկահամ բերանը։ Սէրը որեւէ եղէգի մը մէջէն կը նուազէր իր սրտակտուր ու յաւերժական մեղեդին։
Այժմ երիտասարդ կիները կը դիտեմ հայեացքով մը, ուր արդարութիւն, վեհանձնութիւն ու նուիրում չկայ։ Ակնարկս հիմա գիտէ հաճոյքին տեսակը, որակն ու քանակը, որ այս կամ այն մարմնէն կարելի է ստանալ։ Ոչ քաղցր համաձայնութիւնն է, ոչ անգնահատելի գորովը, ոչ իսկ խանդավառ սէրն է, որ թանկագին կը թուի կիներուն մօտ, այլ հեշտութիւնն ու քունը։
Հեշտութիւնը, որ արեւելեան բաղնիքի պէս է, ուրկէ մարդ դուրս կուգայ խաղաղ ու խոնջ։
Ու քունը, որ կը նմանի Շամիրամեան առկախ պարտէզի երկնքին եւ երկրին միջեւ։
* * *
Հեշտութիւնն ու յագեցման յաջորդող քունն էր, որ մարմինս ցանկաց առաջին հանդիպման ժամուն իսկ։
Խանդավառութեամբ, իմացական տենդով, մտքի անմեկնելի հաճոյքով թաթխուած գիշեր մըն էր։ Խուռն բազմութեանդ կը սպասէինք, որ Ազատ-Որմնադիրներու Քատէի սրահը իր դռները բանայ։ Նրբանցքէն, ուր կը հրէինք իրար, մինչեւ մուտքի դուռը, մինչեւ կից սալայատակը մարդկային ալետատան ծովը խուլ շշունջով մը կը հեւար։ Անտատակոյս, սրահը չէր կրնար պարունակել այս ամբողջ բազմութիւնը։
Խորունկէն կը լսուէր նորեկներու աղմուկը։ Յաղթութեան օրերու յատուկ վարակիչ գինովութիւն մը կար օղին մէջ, որ հաճելի կ՚ընծայէր ժամը։ Կարմիը փողկապով աղջիկ մը բարձրաձայն յեղափոխական թերթեը կը ծախէր՝ ճեղքելով բազմութիւնը, ու իր զուարթ ծիծերը ամէն տեղափոխումի կը խնդային կարծես։
Յետոյ դռները բացուեցան, ու մարդկային ալիքը խուժեց ներս։ Մենք, որ առաջիններն էինք, գիտնալով հանդերձ, որ պիտի կրնանք տեղաւորուիլ, ջղային սւնհամբերութեամբ մը կը հրմշտկէինք իրար՝ ջանալով յառաջ անցնիլ, փորձելով առաջին աթոռները գրաւել ու միաժամանակ յուզումով ու սիրով դիտելով իրար, զգալով, որ նոյն արմատական գաղափարներն ու նոյն թանկագին զգացումներն են, որ կը շըջին մեր արեան մէջ։
Տասը վայրկեան յետոյ սրահը լեցուն էր շնչակտուր, բաբախուն, մտաւորական բազմութեամբ մը։ Կը թուէր, թէ այլեւս մէկ հատ նորեկի իսկ տեղ չկար, բայց երկփեղկ դուռէն բազմութիւնը կը շարունակէր յամրօրէն յառաջանալ, կը շարունակէր յամառ, համր կրքով մը իր ճամբան բանալ, ու կարծես իր յետին միտքը ըլլար պատերը հրել ետ։ Երիտասարդ աղջիկներ քաղցր հաճոյակատարութեամբ մը կը ժպտէին տղոց՝ քայլ մը առաջ անցնելու համար։ Տեղս զիջելով գուցէ կարենայի կնոջ բարեկամութիւն մը շահիլ։
Ոտքի բեմին առջեւ, ծունկս դրած աթոռիս, սիրտս ափիս մէջ, վասնզի անբացատրելի յուզումով մը կը բաբախէր ան, կը դիտէի այդ բոլոր կեանքով շէն գլուխները։ Ու հակառակ հեղձուցիչ օդին՝ կուրծքս կ՚ուռէր յաղթական հրճուանքվ մը։ Մեծ մասամբ երիտասարդ մտաւորականներ էին՝ ուսանողներ ու ուսանողուհիներ։ Ասդին անդին մարդ կը նշմարէր նաեւ սիրահաը կամ համաձայն զոյգեր, որ վախկոտ գգուանք մը կը փորձէին։ Պատին տակ տեսայ տղու գունատ ձեռք մը, որ աղջկան մը կուրծքին կը հպէր։ Ու նոյն զուարթ աղջիկը, իր շէն կուրծքերը ցցած, հաճելի աղմուկով մը իր թերթերը կը ծախէր։
Քիչ մը խորունկը կ՚երեւէր գերիրապաշտ Անտրէ Պրըթօնի՝ զարտուղի ու զմայլելի «Նաճա»ի հեղինակին առիւծի դէգ գլուխը։ Հակաոակ իր տհաճելի հպարտութեան՝ այդ գլուխը գեղեցիկ էր գոռոզ տղամարդու իր ուժեղ ուսերռւն վրայ։ Ողջ անձին վրայ կար զօրեղքնարականութիւն մը ու աչքերուն խորը երկդիմի ու կապոյտ լոյս մը, որ կը մատնէր երազի մթին ծարաւ մը։ Պրըթօն շրջապատուած էր ուրիշ գերիրապաշտներով, որոնցմէ մէկը՝ Փօլ Էլիւար բանաստեղծը, խօսք պիտի առնէր քիչ յետոյ։
Դանդաղօրէն բեմը կը լեցուէր։ Գրագէտներ էին, արուեստագէտներ՝ մինչ այդ քաղքենի գրականութեան ծառայութեան մէջ, որ եկած էին իրենցմէ էն տաղանդաւորներէն մէկուն դարձը տօնելու, որ եկած էին վերածնունդի, երկունքի ցաւով տուայտող յեղափոխական բազմութիւններուն հետ իրենց մարդկային համերաշխութիւնը յայտնելու։ Բազմութիւնը եղբայրական գորովով ու երախտագիտութեամբ կը դիտէր զանոնք, ու անոնցմէ մէկ քանին քիչ մը ապշած ու յուզուած կը թուէին՝ այդքան ջերմին ու բոլորանուէր հիւընկալութիւն գտնելով մարդռց մօտ։ Անկասկած քաղքենի աղուոր ու հոտաւէտ կնոջ մը պարագայական ներբողներէն ու սնանկ ընկերութեան մը նիւթական վարձատրութիւններէն աւելի բան մըն էր, ինչ որ այս խուռնամբոխ սրահը կը պարգեւէր իրենց մարդկային արժանապատուութեան ու գաղափարական խանդավառութեան անկեղծ զգացում մը։
Յանկարծ վարագոյրի մը ետեւէն երեւաց քիչ մը տժգոյն մէկը։ Շարժումներուն մէջ զսպուած զայրոյթ մը կար ու բերնին անկիւնը երազահար մարդու ժպիտ մը։ Քիչ մը կը կաղար, ու կաղացած վայրկեանին դէմքը արտայայտութիւն կը փոխէր՝ ստանալով
կարծր ցոլք մը. Լուի Արակօն բանաստեղծն էր, արուեստագէտ մը, որ չէր սիրեր հաշտութիւնը։
Քիչ մը անգին՝ նախագահական սեղանին կից, ինքն իր վրայ ծալլուած անասունի մը պէս աթոռի մը վրայ նստած էր հաստ մարդ մը՝ երկրէն աքսորեալի խուսափող շարժումներով։ Աչքերուն խորը մթին ու պղտոր տխրութիւն մը կար, անվերծանելի, անփարատելի տրտմութիւն մը, որուն լոկ հարաւի մէջ կարելի է հանդիպիլ։ Ճերմակ ու փափուկ ձեռքեր ունէր՝ ներքինիի ձեռքերու պէս կլոր, ու կարծես չէր գիտէր, թէ ուր պիտի տեղաւորէ զանոնք։
— Ժան Քասուն է,— ըսաւ քովէս երիտասարդ կին մը։
Կնոջ ձայնը դեռ ականջիս շուրջը կը տատանէր, երբ դէմքս դարձուցի ու վերստին դիտեցի զինքը։ Բոսոր շրթունքներուն վրայ մանկութեան հետք մը կար, որ հաճելի թուեցաւ ինձ։
Յանկարծ բեմէն բարձրախօսը հնչեց ու գերմանական ալեկոծ, տարերային ու առողջ երգ մը նետեց սրահ։ Հազիւ ծափերուն որոտը հանդարտած՝ Հիթլերի գազանաբարոյ երկրէն վտարուած ուրիշ յեղափոխական ու յուզիչ խմբերգ մը գոռ ալիքներով ինկաւ վրանիս։ Սեղմուած ու ջղուտ կռուփներ ցցուեցան, ու սրահին ջերմութիւնը մէկէն բարձրացաւ։ Մարտական էր ու խորապէս մարդկային այդ երգը ու կարծես ճշգրիտ։ Գերման աղջիկներ ու տղաք մեղմօրէն կ՚հրգէին զայն՝ սրահը լեցնելով անուշ ու տաք աղմուկով մը։
Ինչ թաքուն հաղորդակցութիւն էր, ինչ հաւատարմութիւն, որ այդ գիշեր մարդկային հսկայ ընտանիքի մը վերածած էր մեզ։ Նոյն կենարար ջերմութիւնը, նոյն հաճելի ու հաւաքական կիրքը կար մեր մարմիններուն մէջ, նոյն վրէժխնդիր ու արդար արիւնը կը հոսէր մեր երակներէն։ Արդէն ալեկոծ ամբոխի մը վերածուած էին, որ մէկ սրտով կը բաբախէ։
Աղջիկները աւելի պայծառ ու խանդավառ էին, քան տղաքը։ Կարծես իրենց ճերմակ թեւերուն մէջ պատրաստ էին գրկել յեղափոխութիւնը՝ ժամանակին խորէն վերադարձող սիրականի մը պէս։ Ոմանք ոտքի վրայ կարծես կը շնչէին սրահին մթնոլորտը, իմչպէս մարդ լիառունգ գարունը կը շնչէ։ Ընդհանուր ու անորոշ աղմուկէն մերթ ընդ մերթ կ՚անջատուէր օտար բառ մը, բացականչութիւն մը, որ քաղցր կը հնչէր։ Կնոջ թեթեւ քրտինքի բուրում մը կար օդին մէջ՝ խառնուած աժան անուշահոտութեանց։ Ամառը խոնջ էր ու յամրընթաց։
Զոյգ մը բարձրահասակ աղջիկներ՝ ցորենագոյն ու արձակ գեղեցկութեամբ, կ՚ընկերանային բարձրախօսին, որ հիմա բանուորական գոռ եղանակ մը կ՚որոտար։ Երիտասարդ դրացուհիս նշան ըրաւ մուտքի դրան մօտ գտնուող մէկուն, ու ես մտածեցի, թէ սէրը քաղցր է, երբ մարդ երիտասարդ է դեռ։ Կ՚ուզէի խօսիլ հետը, բայց այպանելի յետին միտք մը աղարտեց փափաքս։ Քունքն ի վար քրտինքի մարգրիտ կայլակ մը կը թորէր, ու կուրծքերը ուժգևութեամբ կը հեւային։ Երկարօրէն նայեցաւ ինձ անակնկալ բարեկամութեամբ մը՝ զիս յուզելով խորին հրճուանքով մը։
— Թիկնոցնիդ հանեցէքք,— ըսի մեղմօրէն՝ առանց հայեացքս բարձրացնելու,— օդը անշնչելի է...
— Արդարեւ տաք է,— յարեց բեկբեկուն, սիրահար ձայնով մը։— Կարծեմ ղուրսը մնացած բազմութիւնը սկսան կողքի սրահը առաջնորդել։
Օգնեցի, որ թիկնոցը հանէ, ու ձեռքս դպաւ մերկ բազուկին։ Մեխակի ու շահպրակի խառն բուրում մը զարնուեցաւ ռունգերուս։
— Մեծ թուով օտարականներ կան սրահին մէջ,— ըսաւ ցած,— ի՜նչ համակրելի է այս երիտասարդութիւնը։ Կը կարծէ՞ք, որ բոլորն ալ Անտրէ Ժիտի համար եկած ըլլան...
Այդ պահուն էր ահա, որ սրահէն բարձրացաւ անօրինակ, աննկարագրելի որոտում մը։ Ոտքի, տենդահար, գերագրգռուած՝ ամբոխը կը ծափահարէր «Երկրային սնունդներ»ու հեղինակը։ Բարձր ու խորունկ սրահին մէջ ծափահարութիւնը ալեկոծ ծովու նման կը թաւալէր, կը մեծնար, կը բախէը պատերուն։ Յանկարծ կը խաղաղէր ու անկիւնէ մը վերստին խուլ որոտուններով կ՚ելլէր, կը փոթորկուէր ու ջուրի ահագին տարածութեանց պէս շառաչելէն կ՚իյնար բեմին վրայ։ Ու մէկէն սանձակոտոր ամպրոպի պէս «Միջազգայնական»ը պոռթկաց, հարիւրաւոր բռունցքներ բարձրացան, ու սրահը վերածուեցաւ անտառի մը։ Խելայեղ, արբշիռ ու աստուածային բազմութենէն խուլ ու որոտընդոստ կշռոյթով մը կ՚ելլէր անիրաւուած ու յառաջընթաց մարդկութեան դասակարգողին երգը, ինչպէս ցորենի ալետատան արտերը կ՚ելլեն երկըին ընդեըքէն։
Անտրէ Ժիտ կեցած էը բեմին մէջտեղը՝ նախագահական սեղանին քով։ Տարականոն կերպով գունատ էր, ու իր ազնուական, հեռաւոր, մեծատաղանդ մտաւորականի զարմանալի գլուխը ծռած էր աջ ուսին։ Յուզիչ ու ողբերգական լրջութիւն մը, արու գեղեցկութիւն մը ունէր դէմքը։ Գուցէ կեանքին մէջ առաջին անգամ ըլլալով կը հանդիպէր իրական մարդկութեան, որ կիրք է ամբողջ ու զգացում։ Իր աջ բազուկը, որ կախուած էր զիստն ի վար, տաժանելիօրէն կը տատանէր։ Դէմքի ծայրագոյն պրկումով մը բարձրացուց զայն մեղմօրէն, աստիճանաբար, նախ մինչեւ ուսը, ապա աւելի վեր, մինչեւ որ իր բռունցքը եւս միւս հարիւրաւոր կռուփներուն նման ցցուեցաւ վեր՝ որպէս սպառնալիք ու որպէս յեղափոխական ողջոյն։ Դէմքը կարծես կորսնցուց այդ վայրկեանին իր անմեկնելի հմայաթափութիւնը։ Գրեթէ քաղցր հանդարտութիւն մը համակեց ողջ մարմինը։ Հաշտութիւնը այս մտաւոըական քաղքենիին ու բազմութեան միջեւ սրտառուչ էր ու խորապէս սփոփարար։
Հսկայ ու ապշեցուցիչ, դարաւոր ու նուրբ քաղաքակրթութեամբ մը օժտուած ժողովրդի մը ծոցէն, ճեղքելով մաքրակրօն ընտանիբի մը ներքին հեղձուցիչ կեանքին մառախուղը, խորտակելով դաժան ճիգով մը իր բոլոր շղթաները, փորձելով խորտակել գէթ, մարդ մը ճամբայ ելած էր իր ճշմարտութիւնը ոըոնելու, մաըդ մը դանդաչելէն[9] յառաջացած էր երկրի մթին փողոցներէն՝ ճգնելով կերտել իր գեղեցկութիւնը։ Ամբողջ կեանքը հոգեկան տուայտանք եղած էր՝ մերթ ոստում դէպի անէութիւնը ու մերթ մագլցում դէպի անհպելի կատարնեըը։ Յաճախ արիւնած էր ներքին վէրքերով ու դասական արուեստով մը, լեզուովմը, որ շատ քիչերու հետ զմայլելի կատարելութեամբ մը կը գործածէը, ըսած էր մարդուն խորունկ տառապանքը, մարդուն, որ դէպի արարչութիւն կը ձգտի ու կը մեռնի եղկելիօրէն։ Յաճախ վրիպած էր, ողբալիօրէն սխալած ու ուրիշներէն աւելի տաժանելի տրտմութեամբ մը զգացած էը իր տկարութիւնը։ Քիչ մը յոգնած էր այլեւս, վասնզի դերբուկ[10] են կեանքի ճամբաները, բայց տարաժամու կ՚ուզէր իր արեան ջերմութիւնը խառնել աշխատաւոր մարդկութեան լեղի քրտինքին։
Ինչ որ ունէր թանկագին երկրի վրայ, իր մարդկայնութիւնն էր, իր հոգւոյն զմայլելի արարչութիւնը։ Ու աստիճանաբար սկսած էր նշմարել, թէ այդ ներքին հարստութիւնն էր, իր անհատականութիւնը, որ վտանգի տակ էր։ Ծայրագոյն ճիգով մը, ուր դեռ կը յամենար քաղքենի արուեստագէտի իր այլամերժ հպարտութիւնը, յարած էր յեղափոխութեան։ Ու գուցէ այժմ միայն, իր հրաշալի դարձէն յետոյ, խորապէս կը զգար, թէ չէ սխալած։ Խորունկ ձայնով մը, ոը յուզումէն կը ղողղոջէր, ուր կը զգացուէր ստեղծագործ տառապանքի մը ծածուկ շեշտը, կարդաց իր հաւատամքը՝ զուսպ գեղեցկութեամբ մը թուելով իը յարումին պատճառնեըը։ Բազմութիւնը գերագոյն կրքով մը կը խլէը իւրա-
քանչիւր նախադասութիւնը ու որոտալի խանդավառութեամբ կը յայտնէր իր ջերմ համաձայնութիւնը։
Քիչ մը հեռուն՝ սեղանի մը կռթնած, ոտքի կեցած էր պիրկ ու ջղուտ գրագէտ Ժան Ռիչար Պլօքը։ Բարակ ու խելացի դէմքին վրայ կար իմացական լոյս մը, որ հրեայ մտաւորականները կը զատէ միւսներէն։ Իր գրեթէ ծաւի աչքերուն խորը կարծես գաղտնի հիասթափութիւն մը կար։ Գուցէ իմս էր այդ յուսալքութիւևը։ Գուցէ հոգիս էր, որ չէր ուզեր մրրկահաւի մը պէս սուզիլ տարերքին խորը։
Երբ Ժիտ վերջացուց իր ընթերցումը, բազմութիւնը աղմուկով ելաւ ոտքի՝ զսպանակուած ու երկար ատեն բանտարկուած ընդերկրեայ ուժի մը պէս, ու երկարօըէն, ջղաձգօրէն, խելայեղօըէն ծափեց զայն։ Ձայնարձակը վերստին սրահ նետեց յեղափոխական վայրի ու քինախնդիր երգ մը։ Երիտասարդ աղջիկներ ու տղաք, հարուածելով, կոփելով բառերը, խմբական արտասանութիւն մը ըրին։ Աղջիկներ կային, որոնց թարթիչները թրջած էին յուզումէն։ Յաղթանակի քաղցր ու շռայլ գինովութիւն մը կար օդին մէջ։ Ժամը երգ էր ու տենդագին մոռացում։
— Անտրէ Մալրօն եւս պիտի խօսի,— ըսաւ դրացուհիս։
Արդարեւ, Մալրօ ելաւ ոտքի, թօթուեց խարտեաշ ու աղուոր գլուխը, մռայլ հայեացք մը ձգեց բազմութեան վրայ ու ձայնով մը, որ ընդերքներէս սարսեց զիս, վճռակաան արագութեամբ մը, ուր իր անզուսպ, յանդուգն, անկապտելի երիտասարդութիւնը կ՝ւրոտւսր, արտասանեց լակոնական ու բիրտ ճառ մը։ Անտարակոյս չէր սիրեր մարդոց կանացի զգայնութիւնը, տարափոխիկ յուզումները, որ երբեմն կը վեըածուին հաւաքական խուճապի։ Իր բառերը կը հնչէին արոյրի[11] կարծրութեամբ, սրընթաց գնդակներու պէս կը սուլէին, կ՚աւլէին յետամնացներու, գաղջերու, վարանոտներու վերջին առարկութիւնները։ Արարքն է, կփսէր, վտանգի պահուն հանդարտ ու ցուրտ քաջութիւնը, ոը պիտի որոշեն իւրաքանչիւրիս արժէքը։ Դէմքի ջղաձիգ պրկում մը աւելի մետաղային կը դարձնէր իր զօրեղ առոգանութիւնը։
Դրացուհիս խորին յուզումովմը կը դիտէր զայն՝ կիսանդրին ցցած, գրեթէ հեւալով։ Կարճ թեւերով ճերմակ շապիկ մը հագած էր, ու մերկ բազուկները գիրգ էին ու շնորհալի։ Կզակին քով սպի մը կար, ու վերի շրթունքը ծածկուած էր թեթեւ աղուամազով մը։ Բերանը թեթեւօրէն ներկած ըլլալով՝ այդ աղուամազերը մտերիմ քաղցրութիւն մը կը պարգեւէին դէմքին։ Համարձակութեամբ նայեցաւ աչքերուս, ու աստիճանաբար մարմինս զգաց իր անդորր ու նուրբ գեղեցկութիւնը։ Սիրեցի իր կուրծքերը, որ թեթեւօրէն կը հեւային, ու բերանը, որ հաճելիօրէն բոսոր էր։ Կ՝ուզէի քաղցր խօսք մը ըսել իրեն, երբ հայեացքս ինկաւ սրահին խորքը՝ Վանիի վրայ, ոը ձեոքը պարզած կը բարեւէր զիս։ Վանի իր ձախ բազուկով գրկած էր աղջկան մը ուսը։
Այժմ շաբաթնեը յետոյ, սուր ցաւով մը կը յիշեմ Աննայի հետ մեր հանդիպման առաջին գիշերը։ Պզտիկ աղջկան մը պէս կծկուած էր Վանիի կուրծքին քով, ու իր խոշոր աչքերուն մէջ արցունքի կաթիլներ կը փայլէին կարծես։ Անմիջապէս ցանկացի զինքը սաստկութեամբ մը, որ հաճելի ու տաժանելի էր միաժամանակ։ Ու երբեք չկրցայ մոռնալ այդ գիշերուան իր մտերմութիւնը Վանիի հետ։
* * *
Անցեալ օր Լիւքսէնպուրկի պարտէզը նստած էինք աւազանին քով ու կը դիտէինք մանուկներուն առագաստանաւերը։ Առաւօտեան արեւը շռայլօրէն ոռոգած էր իր հեշ–
տաւէտ անձը։ Աչքերը կիսախուփ էին, ու շրթներուն վրայ բարակ ճառագայթ մը կար։ Մեղմօրէն դարձաւ ինձ ու հծծեց.
— Առաջին գիշերը ի՞նչ տպաւորութիւն կրեցիր ինձմէ...
Կուզէի պատասխանել, թէ ցանկացի զինքը, բայց մանուկ մը վազելով անցաւ մեր քովէն՝ չպատասխանելու դիւրին պատրուակ մը տալով ինձ։
III
Ամէնէն լուսաթաթախ ու քաղցր օրն իսկ մեռել մըն է, որ հարկ է թաղել, երբ ժամը հնչէ։ Այդ յուզիչ հանդիսութիւնը վերջացաւ, բայց բազմութիւնը կարծես չէր ուզեր պարպել սրահը։ Աճապարանքով ցատքեցի բեմ ու յանկարծ դէմբիս վրայ զգացի Մալրոյի հայեացքը։ Կ՝ուզէի հանդարտութեամբ դիտել շքեղ երիտասարդի իր զօրեղ ու աղուոր դէմքը, բայց իր գրքերուն յիշատակը շատ խորունկ էը։ Ինչ որ կը տեսնէի, Արքայական Ճամբուն Քլոտն էր՝ ներքին արկածներու յանդուգն պարմանը։
Օգնելով դրացուհիիս, որ բարձրանայ բեմ, կը զգայի արիւնս, որ դէմբս կը ծեծէր։ Գիշերը վերստին պիտի ըլլար խորին ու անել՝ մարմնիս խուլ տենդին ու սիրոյ անշէջ ծարաւիս պատճառաւ։ Ներքին սանդուխներէ կը բարձրանայինք՝ բախելով երիտասարդ աղջիկներու եւ տղոց, երբ նրբանցքի մը եզերքը հանդիպեցանբ Անտրէ Ժիտի։ Ժիտ թեթեւօրէն ծռեցաւ ու համբուրեց երիտասարդ սեւազգեստ կնոջ մը գունատ ձեռքը։ Այդ կինը շատ ճերմակ էր ու բարակ ու տարօրինակ արդուզարդ մը ունէր։ Ձուաձեւ դէմբին վրայ կար կեանքի սուգը։
— Կարծես «Նեղ դուռ»ի հերոսուհին է,— ըսի մեղմօրէն։
Ու յանկարծ ամչցայ ըսածիս համար։ Հարկ կար միթէ ինձ ընկերացող երիտասարդ կնոջ ցոյց տալ, թէ կարդացած եմ Ժիտի երկերը։ Լռութեամր յառաջացանք՝ պարտադրաբար սեղմուած իրարու բազմութեան պատճառաւ։ Կը ջանայի ճամբայ բանալ իրեն, ու ռունգերս կը շնչէին իր փլին բուրումը։ Շահպրակի ու մեխակի խառնուրդ նոյն քիչ մը արբեցուցիչ բոյրն էր։
Հազիւ բակ իջած՝ բազմութեան ալիք մը զայն նետեց վրաս։ Բազուկներուս մէջ զգացի երիտասարդ ֆրանսուհիի իր խնամուած մարմինը։ Գլուխը դարձուց ու ծպտեցաւ։ Ինձ թուեցաւ, թէ այդ անծանօթուհիին ու իմ միջեւ յեղակարծօրէն ծնաւ հաճելի մտերմութիւն մը։ Կոնքիս վրայ կը զգայի մարմնին լիութիւնը ու հոգւոյս խորէն շնորհակալ էի բազմութեան՝ ինձ ըրած այդ անակնկալ նուէրին համար՝ աղջիկ մը, որ կը յենուր վրաս։
Երբ վերջապէս յաջողեցանբ փողոց իյնալ, յուլօրէն մարմինը ազատեց բազուկներէս ու շնչեց գիշերուան զով օղը։ Լռութեամր քալեցինք՝ չկարենալով խօսիլ, զգալով այդ յեղակարծ մտերմութիւնը ու նեղուելով ատկէ։ Անորոշ յուզումով մը կը մտածէի մեծ քաղաքներու այս հանդիպմանց վրայ, ու սիրելի էակ մը նման մթնոլորտի մը վստահելու երկիւղը խղճի խայթի պէս կը ծուարէր մարմնիս խորը։ Եթէ պատահի, որ աղջիկ մը շատ սիրեմ, երբեք զայն բոլորովին չպիտի վստահիմ այլեւս Փարիզի դաւադիր փողոցներուն, ուր որոգայթը ամենուրեք է, ուր վտանգը հաճելիօրէն գրգռիչ դիմակ մը ունի։
Եթէ պատահի, որ վերստին աղջիկ մը շատ սիրեմ, զայն չպիտի վստահիմ գիշերուան ու առանձնութեան։
Երբեք որեւէ ցնորք աւելի բազմապահանջ ու անկարելի չի կրնար ըլլալ, քան սէրը, որուն շքեղ երեւոյթը կ՝աշտարակոփ մեր ներքին տարածութեանց դիմաց։ Լոկ արական հպարտութիւնն է, լոկ մեր անյագ ու փառատենչիկ հոգին, որ կրցած են մարդկային տարերային բնութեան խորէն շատրուանի մը պաղպաջուն գեղեցկութեամբ բարձրացնել այդ անհնարին երազը։ Ամէն կողմէն խոցելի է ու տկար կնոջ մը մարմինը։ Ժա–
մեր կան, երբ ան կը վերածուի գերզգայուն մեքենայի մը՝ ենթակայ արտաքին ու թշնամի ուժերու։ Ոչ մէկ տարերք աւելի անկայուն է ու յեղաշրջութեան ենթակայ, քան կին էակը։ Ու իր սէրը մահ է յաճախ, քանի որ կ՚արգիլէ բազմաթիւ կարողութիւններու ազատ զարգացումը։
Ո՞վ է այս աղջիկը, ի՞նչ անցեալ ու ի՞նչ պատմութիւն ունի։ Ո՞վ երբեւիցէ կրնայ իր սիրած էակին անցելոյն տիրանալ։ Ցայժմ ապրած է ան իր անհատական ու ինքնուրոյն կեանքովը, իր յուզումներովը, որ կը նմանին խորաթափանց արմատներու՝ խրած իրենց նուրբ մագիլներով հողին մէջ։ Եթէ պատահի, որ շատ սիրեմ զայն, ախտագին հետաքրքրութեամբ մը պիտի ջանամ պեղել իր անցեալն, ու ինձմէ դուրս իր ամբողջ կեանքը կասկածելի պիտի թուի թշնամի երկրի մը պէս։
Լռութեամբ կը քալէր քովէս։ Կը նշմարէի միայն իր մարմինը, որ դիւրութեամբ ու ազատութեամը կը շարժէր գիշերուան մէջ։ Կը մտածէի, թէ կրնար դիւրին ու անապական ըլլալ հաճոյքը իրեն հետ։
— Այսուհանղերձ, պէտք չէ վերջին շոգեկառքը փախցնել...
Պարզութեամբ ով ըլլալը ըսաւ։ Նախնական վարժարանի պզտիկ ուսուցչուհի մըն էր՝ Լիւսի Տըվալօ։ Կ՚ապրէր եղբօրը տունը՝ մոտակայ արուարձան մը։ Ստուգիլ կեանքը խնայած էր իր քաղցր երիտասարդութեան։ Կեանքը դեռ ոչ ոքի խոստացած էր զայն։ Գուցէ աղջիկ մըն էր, որ տակաւին սէրը չէր ճանչնար։
— Վիպական պատանութիւն մը,— կ՚ըսէր՝ հայեացքը կախած գետին,— գրքերու հիւանղ սէր մը։ Նախապաշարումներու, պայմանադրականութեանց բացարձակ ժխտում մը սկիզբը ու յետոյ քանի մը տարիէ ի վեր դանղաղ ընտանեցում մը։ Իրական գեղեցկութիւնը՝ մեր ներքին սնունդը, որոնել գրքերուն մէջ՝ ի՜նչ դառնութիւն, ի՜նչ ողբերգութիւն։
Մաքիի մը հեզ ու վիրաւոր ակնարկովը նայեցաւ աչքերուս։ Խորապէս երջանիկ էի ներշնչած վստահութեանս համար։ Խորին ուշադրութեամբ մը նայեցայ դէմքին, ու հոգիս ապահովութիւն ու խաղաղութիւն զգաց։ Երկար ամիսներէ ի վեր, առաջին անգամ ըլլալով, ցանկացի կնոջ մը շրթունքները համբուրել, բայց երբ նայեցայ աչքերուն, զգացի, թէ միւսն էր, որ խռոված էր մարմինս։
— Տղամարդիկը կարծես երբեք չեն կրցած զգալ երիտասարդ աղջիկներուն վիճակուած ողբալի ճակատագիրը։ Ամէն համակրելի երիտասարդի նայիլ որպէս հաւանական ամուսնի մը, որ կրնայ ընկերային դիրք մը ապահովել ինձ նման աղջկան մը, նուաստութիւն չէ՞ միթէ։ Երբ աղջկանց ուսուցչանոցն էի, ամէն գիշեր անկողնիս մէջ զուարթ յոյսով մը կը ղիմաւորէի կեանքը։ Երկու տարի է՝ կը պաշտօնավարեմ արդէն՝ ամէն երեկոյ տուն տանելով խորունկ հիասթափութիւն մը։
Լոյսի կտուցի մը տակ վայրկեան մը կեցանք։ Անհամբերութեամբ նայեցաւ թեւի ժամացոյցին։ Վերստին երկարօրէն դիտեց զիս։
— Ինչո՞ւ համար,— յարեց,— Ժիտ համբուրեց այդ կնոջ ձեռքը։ Ժամ մը առաջ կռուփը օղը բարձրացուց բոլորիս պէս ու յետոյ ծռեցաւ՝ շրթունքներով հպելու համար այդ գունատ ձեռքին։ Յաճախ մեր անուղղայ երիտասարդութեան պատճառաւ կը խանդավառուինք անհատներով, որ վաղը գուցէ պիտի յուսալքեն մեզ...
Կայարանին երկաթէ ցանկորմերուն առջեւ կեցանք՝ սպասելով բաժանումի պահուն։ Կ՚ուզէի ընկերանալ իրեն մինչե շոգեկառքին մեկնումը, բայց ծանօթութեան առաջին գիշերն իսկ քիչ մը ծիծաղելի կը թուէր ատիկա։ Ձեռքս երկարեցի ու զգալով փափկանկատութեանս պակասը՝ անզգալիօրէն ետ քաշեցի զայն։ Այլեւս կարելի չէր անվաղորդայն բաժանումը։
— Կրնամ երեկոյ մը սպասել Ձեզի,— ըսի ամչնալով։
— Եթէ կ՚ուզէք,— պատասխանեց մեքենաբար՝ անմիջապէս զղջսղով արտասանած բառերուն երկդիմութեան համար,— երբ որ ուզէք...
Յետոյ գիշերը խլեց ու տարաւ զայն՝ զիս ձգելով սալայատակին վրայ առանձին մարդու հոգերուս հետ։ Առօրեան իր պզտիկ հաճոյքները ունի այսուհանդերձ, կ՚ըսէի, ու նոր էակ մը նոր եըկիր մըն է։
* * *
Քալելով վերադարձայ լատինական թաղ։ Գիշերը գեղեցիկ էր, ու ճամբան երազի պէս կարճ։ Փողոցները կասկածելի շէնութիւն մը ունէին, ու մարմնիս խորէն կը լսուէին ճարճատման ձայներ։ Իմաստութեան առաջին հանգրուանը ծանօթութիւնն է, կ՚ըսէի, մինչ մեզմէ շատեը կը հասնին մահուան եզերքներուն՝ առանց իրենց ներքին անդունդք խորաչափած ըլլալու։ Ահա մէկը, որ կը քալէ քաղաքին գիշերուան մէջէն՝ կրելով իր չնչին անձին վրայ իր ողջ հարստութիւնը։ Ան օրերու ու երազներու մեռել մըն է, ու իր՝ երկրի վրայ անցուցած կեանքը ցարդ մթին գիշեր մը եղած է։ Կ՚ուզէի ճանչնալ գիտուն սիրով մը ներքին մարդը, որ կ՚ապրի հետս, ինչպէս մարմնիս ցաւերն ու վէրքերը գիտեմ, բայց կեանքը խիստ կարճ է բազմաթիւ փորձառութեանց համար։
Եղկելիօրէն պիտի մեռնիմ օր մը՝ բոլոր միւսներուն պէս, գուցէ առանց հաշտուած ըլլալու ինքզինքիս հետ։ Էն դժուար հաշտութիւնը ասիկա չէ՞ միթէ։ Կեանքէն դառնութեամբ բաժնուիլ՝ կարծելով, թէ ան ապերախտ եղած է մեզի հանդէպ։ Կ՚ուզէի աղջիկ մը սիրել խորունկ ու անջնջելի գորովով մը ու յետոյ իր ուսին քնանալ։ Ինչ որ գիտեմ ինձմէ, գէշ մեռած մանկութիւն մըն է, ու ոչ մէկ կին կրնայ ինձ պարգեւել, ինչ որ ես տառապանքով պարտաւոր հմ խլել գէշ ծնած մարդու ճակատագրէս։
Կորագլուխ կ՚երթայի, ու քաղաքին գիշերը թեթեւ հովերով կ՚օրօրէր զիս։ Գիշերային թռչունի մը պէս, որ կը լսէ ու կը զգայ երկրին յետին շշունջները, մարմինս յուզումով կը վայելէր քաղաքին քիչ մը խոնջ խաղաղութիւնը։ Ժամը առաւօտեան մէկը հնչեց մթին անկիւնէ մը։ Յիշեցի գաւառական պզտիկ քաղաքը, ուր կ՚ապրիմ, ու գեղջուկ, չարքաշ մարդու անկողինս։ Ամէն ինչ կարելի է խլել ինձմէ, կ՚ըսէի, բացի գիշերէն, որ ստացուածքս է։ Անկողնիս վրայ կ՚երկննամ ու կը զգամ անդամներուս մէջ օրուան յոգնութիւնը։ Քաղցր են քունը նախորդող վայրկեանները, երբ հոգիդ կը տարոււբերի գիշերուան սեւ թեւերուն մէջ։ Մարմինդ կրնայ ննջել, հոգիդ, սակայն, պիտի արթուն մնայ ու մեղմօրէն պիտի խօսի, գլգլալէն պիտի հեծկլտայ իր վիշտը։ Ոտքերս կ՚երկարէի անկողնիս մէջ, ու երկրին քունը կը բաւէր հոգիս խաղաղեցնելու համար։ Յետոյ դանղաղօրէն մարմնիս խորունկ անկիւններէն կը բխէր ու սլաքի մը պէս կ՚ելլէր երազի մը ճեըմակ շատրուանը։ Ու կը վերագտնէի էութեանս էական մասը։
Սէն Միշէլի կամուրջը անցայ հաճելի յոգնութեամր մը, զգալով քունին քաղցրութիւնը։ Այդ պահուն էր, որ քիչ մը հեռուն նշմարեցի Վանիի ստուերը։ Տատանելէն կը բարձրանար ծառուղին, ու իր՝ բարձրահասակ երիտասարդի ուսերը քիչ մը կքած էին։ Յետոյ իմացայ, որ երջանիկ էր երեկոյեան հաւաքոյթին ու Աննայի պատճառաւ։
Կը քալէի հետեւելով իրենց, լրտեսելով իրենց շարժումները։ Ու հեշտութիւնն ու քունը կը թուէին անհնարին ու քաղցր հեռանկարներ։ Կարծես թէ կը վերադառնայի հիւսիսային մառախլապատ երկրէ մը տարիներու մթին առանձնութենէ յետոյ, ու գորովի ծարաւը կը մտրակէր արիւնս։ Չէի գիտեր, թէ ինչու կը սիրէի Վանին ու Աննան, որ չէի ճանչնար դեռ։ Գուցէ իրենց երթն էր գիշերուան մէջ, երկու երիտասարդներու վերելքը ծառուղիէն, որ կը հմայէր զիս։ Կարծես կը ճեղքէին գիշերը՝ յաղթանակէն հմայաթաւի զօրականներու պէս։
Հոգիս կ՞երւկնչէր լռութեեէե ու քաղաքին մեռելայիե քաղցրութենէն։ Այն գաղափարը, թէ իմ բացակայութեանս սիրոյ թրթռուն խօսքեր կրնային փոխանակել, կը թունաւորէր արիւնս։ Ինչ որ յուզիչ կը թուէր, Վանիի հասակն էր կիսամութին մէջ, իր ուսերուն հազիւ զգալի անկումը։ Խարտեաշ ու խոշոր գլուխը խորին խաղաղութեամբ մը կը յառաջանար՝ ինքնօրէն էակի մը պէս, ու ինձ կը թուէր, թէ երազի մը մէջ եմ ու կապոյտ գիշերուան մը, որուն յատակէն հմայական ու շքեղզոյգ մը դէպի առաւօտը կ՚ելլէր՝ շնչելով այգային ջինջ հովը։ Կը դիտէի Աննայի մարմինը, որ հարուստ էր ու միաժամանակ ճկուն։ Ու քունն ու հեշտութեան ծարաւը գինովութեան նման խորունկ ու քաղցր կը թուէին։
Կրնայի սալայատակին միւս կողմը անցնիլ ու միանգամընդմիշտ հեռանալ Աննայէն, քանի որ կը նախազգայի վտանգը, քանի որ կուգայի երկրին խորունկներէն՝ հանդիպելու համար զուարթ խաղաղութեան։ Բարձունքէն կրնայի դիտել դաշտանկարը՝ արուեստի երկի մը պէս, առանց յանձնառութեան տակ դնելու անդորրութիւնս։ Գուցէ անհրաժեշտ էր մեկնիլ յուզումէ մը, որ արդէն ջերմին հեղուկի մը պէս կը վազէր երակներէս։ Ինչ որ կը պակսէր ինձ, անհաւանական կարելիութենէ մը հրաժարելու կարողութիւնն էր՝ պաշտպանելու համար ներքին հանգիստս ու մանկութիւնս։
* * *
Երբ գիշերօթիկ վարժարանի աշակերտ էի, կեանքը հեշտին ու պայծառ էր մանուկի մը քունին պէս։ Կը յիշեմ հարաւի ցոլացիկ ու աստեղաթաթախ գիշերները, երբ ընթրիքէն յետոյ տղաքը կ՚երկննային հողին վրայ ու կը դիտէին երկնից ջինջ սկաւառակը։ Սօսիներու զգայուն կատարները կը դողդոջէին հովին թեթեւ շունչէն։ Երբեմն խորունկէն, պարտէզին թաւուտներէն կ՚ելլէր ճպուռի մը սրտակեղեք աղաղակը՝ պատռելով լռութեան կապոյտ սնդուսը[12]։ Լուսնկան ճօճելէն կ՚իյնար աւազանին մէջ, ու ամրան բուրումները աղօտ ալիքներով կը զարնուէին մարմնիս։ Յայնժամ գիշերային թռչունի մը պէս, որ ամէն գիշէր նոյն պահուև կը ճչայ իր վիշտը, խուժանի պէս աղմկարար տղայ մը անոք[13] շան նման կը կաղկանձէր լուսնին։ Մարդ չէր հասկնար, թէ ինչպէս այդքան խորունկ յուզում մը կրնար ծուարիլ հարաւի բարձրախօս լակոտի մը մարմնին մէջ։ Լալն ափին վրայ կը հանգչեցնէր իր խառնակ գլուխը ու կ՚երգէր սրտամորմոք, ողոքիչ
ձայնով մը։ Վայրկեաններ կային, երբ մարմինս չէր կրնար տոկալ այդքան լիութեան։ Կ՚երթայի բակի էն հեռաւոր անկիւնը, մինչեւ որ ձայնը սուզէր գիշերուան խորը։ Երկարօրէն կը դիտէի մթին կիպարիս մը, ու ի վերջոյ հոգւոյս խորը յազումը մրուրի պէս յատակը կ՚իջնէր։ Խաղաղած ու քիչ մը տրտում՝ կը նայէի աստղերուն, ու անոնք լոյսի կայլակներու պէս աչքերուս խորը կը կաթէին։ Գիտէի մարմնիս անդորրութիւնը պաշտպանել արտաքին վտանգներէ։ Այժմ, սակայն, վտանգը ներքին է ու անխուսափելի։ Զարնուած եմ վէրքով մը, որ խորունկէն կը բանի։ Լոկ հեշտութիւնն է ու անոր յաջորդող քունը, ոը կրնան յարաբերական մանկութիւն մը պարգեւել ինձ։
Դալարագեղ էր մանկութիւնս՝ հակառակ վաղահաս վշտերուս, իսկ պատանութիւնս անձկայրեաց։ Երիտասարդութեան առաջին տագնապը անգամ քաղցրութեան յետին համ մը ունէր։ Կիրակի առաւօտները գարնան արշալուսային հովը կը պագնէր մեր երեսները։ Նախաճաշէն յետոյ կ՚իյնայինք անտառ ու երէևերու պէս, որ թշնամի գնդակի վախը չունին, կը սուրայինք կիսալոյս արահետներէն։ Եղեւիններու տակ ծածուկ գորովով մը կ՚որոնէինք վայրի մեխակներու վտիտ ցօղունները։ Քաղցր էր մա-
նաւանդ յետմիջօրէն։ Մարգերուն մէջ կ՝երկենայինք, ու դալարիքին բարակ թելերը կը շօշափէիե մեր մորթը։ Քաղաքէն շէն խումրեը կրեային անտառ, յետոյ խոնջ կը տեղաւորուէին ջրին եզերքը։ Յանկարծ անկիւնէ մը կը հնչէր աղջկան մը անուշ ձայնը, ու երկիրը զուարթութեամբ կը ժպտէր։ Գրկուած զոյգեր կը սահէին, ու ստուերն ու ոսկի ճառագայթները կը պաըուրէին զանոնք։ Աղջկան մը մարմնին էն չնչին տեղափոխութիւնը կը բաւէր ցնցելու համար արիւնս։ Խորին խաղաղութեամբ մը սակսւյն դէմքս կը դարձնէի արեւին ու կը խմէի օրուան տաք հեղուկը։ Յաճախ երկրին հետ հաշտ էր հոգիս։
Այժմ խուճապահար եմ սրտով։ Փողոցներէն կանցնիմ ողբալով ինչ որ կորուսեալ է, ինչ որ այլեւս անհնար պիտի ըլլայ վերագտնել։ Այժմ վէրքս ներքին է, ու յուսահատութիւնս՝ խորունկ։ Գուցէ ես ինձմէ է, որ խորապէս հիասթափած եմ։ Ինչ որ հոգիս կը հայցէ, գաընանային ու գլգլան ջրերն են, որ ուրախ ալիքներով կ՝ոռոգէին իր պարտէզները։ Կը թուի, թէ ողբալի օր էն ծեր եմ այլեւս, քանի որ ոչինչ մաքուր ու ոչինչ աներկրայելիօրէն ջինջ է կեանքիս մէջ, քանի որ պաղպաջուն ջրի թել մը իսկ չի բխիր հոգւոյս ակունքներէն։
* * *
Յիշատակիս խորը ով գիտէ քանփ տարիներ Աննան ամառնային գիշերով պիտի բարձրանայ Սէն Միշէլի ծառուղին։ Վայրկեան մը կանգ պիտի առնէ ու համաձայն իր սովորութեան՝ պիտի հակի քիչ մը՝ ցուցափեղկ մը դիտելու համար։ Ո'վ գիտէ քան՜ի տարիներ Աննան գիշերով իր խռովքը պիտի պտտցնէ քաղաքին մէջ։ Ո՛վ գիտէ որքա՜ն յաճախ պիտի երեւակայեմ զայն, իր ազատ ու արձակ մարմնին պատճառաւ, գերմանական համալսարանի մը ներքին բակին մէջ։ Բազմաթիւ տղաք օրն ի բուն պիտի մօտենան իրեն՝ հայցելու համար արուին դառն հացը, որ աղջկան մը սէրն է։ Կուզէի գերմանական գարունի մը ընթացքին տեսնել զինքը լուրջ քաղաքի մը փողոցներուն մէջ՝ կաշիէ պայուսակը թեւին տակ։ Հանդարտութեամբ կը մօտենայի իրեն՝ անակնկալի բերելու համար հռենոսեան երգի մը ծնիլը իր մսեղ ու կարմիր շրթանցը վրայ։
—Հա՜,— ըսաւ Վանի՝ ուսերը քիչ մը աւելի կքելով ու իր ծաւի եւ պայծառ աչքերովը դիտելով զիս,— դուն ես, բաւական սպասեցինք դուռը Աննային հետ, բայց մէջտեղ չելար...
Տրտում ձայնով մը մեզ ներկայացուց իրարու ու լռեց՝ ձգելով, որ առանց օգնութեան ճանչնանք իրար։ Առնուազն քառորդ ժամ սակայն լռութեամբ քալեցինք՝ մերթ քաղաքին գիշերը դիտելով ու մերթ խուզարկելով իրար։ Ու յանկարծ սկսանք վիճել գերման ընկերվարականներու կրած պարտութեան շուրջ կրքովմը, որ անտեղի էր, յամառութեամբ մը, որուն դրդապատճառը գուցէ հարկ էր այլուր փնտռել։ Վայեան-Քութիւրիէ երեկոյեան իր ճառին մէջ գերման ընկերվարականներու վրայ յարձակած ժամանակ բարձրաձայն ընդմիջած էի զինքը ու ըսած, թէ ողջ գերման բանուորութիւնը
յանցաւոր էր իր միութիւնը իրականացուցած չըլլալուն համար, ու այս ժամուն լոկ հին հաշիւներու արագ հաշուեյարդարն էր, որ կրնար միջազգային կացութեան մէջ բարուոքում մտցնել։
— Միութիւն որուն հետ,— կ՞ըսէր Աննա՝ կռթնած Լիւքսէնպուրկի պարտէզին ցանկապատին,— Հիլֆըրտինկի հետ, որ ելմտական նախարարի աթոռին վրայ կը քնանար, Պրայթշայսփ հետ, որ իր անձն ու ճառերը կը խնամէր ի պատիւ քաղքենի տիկիններու, Լէօպէի հետ, որ Հիթլերի կրունկը կը լզէ։ Դեռ չխօսինք Լեյբարներու մասին։ Կասկածէ դուրս է, որ ամէն ինչ կը բաժնէր մեզ այս մարդոցմէն։ Ցաւալին այն էր, որ գերման բանուորութեան մեծամասնութիւնը կը հետեւէը այս մարդոց՝ այս Պօնզերուն...
Վանի գլանիկ մը վառեց, ձեռքհրը խրեց գրպաեեերը, անորոշ հայեացքով մը դիտեց երկուքս ու մեղմօրէն ժպտեցաւ։ Այն տպաւորութիւնը կրեցի, թէ կը սիրէր Աննայի խանդավառ յուսահատութիւնը՝ առանց զայն մտիկ ընելու։ Կը սիրէր անոր ձայնին տենդահար ալեկոծութիւնը։
— Այդ շեշտով կարելի է ժամերով վիճիլ՝ առանց եզրակացութեան մը յանգելու,— պատասխանեցի հանդարտօրէն։— Հիմնակսւն չարիքը ոչ թէ կարգ մը անհատներու գործունէութեան մէջ էր, այլ բանուորական պառակտումին։ Միութիւնը ես ու դուք չէ, որ պիտի իրականացնէինք, այլ կազմակերպուած բանուորութիւնը, որուն ծոցէն բնականօրէն պիտի ծնէին իր իրական առաջնորդները։ Աղէտին պատասխանատուութիւնը հոս է եւ հոն։ Գերման բանուորութեան երկու գլխաւոր կուսակցութիւները զինադադարէն գոնէ երեք տարի յետոյ պարտաւոր էին ըմբռնել, թէ չպիւոի յաջողէին բոլորովին ասպարէզէն քշել իբար, ու հետեւաբար զգալ, թէ բաժնուած ուժերով պայքարի մտնելը պաբտութիւնը նախօրօք ընդունիլ ըսել էր։
Անհանգստութենէև անընդհատ ոտքերը կը տեղափոխէր։ Կը զգայի, որ կ՚ուզէր ընդմիջել զիս, բայց կը զսպէր ինքզինքը։ Բազուկները կռնակէն անցուց ցանկապատին, ու կուրծքերը պայթելու աստիճան ուռեցան։ Բարակ շապիկին տակէն կը զգայի անոնց զուարթ գեղեցկութիւնը, ու վիճելու ախորժակս կը գրգռուէր։ Կը սիրէի մանաւանդ իր վարի շրթունքին զայրացկոտ ծամածռութիւնը, որով կը յայտնէր իր՝ զգացական աղջկան դժզոհութիւևը։ Սրամտութիւնը աւելի գեղեցիկ կ՚ընծայէր իր ջինջ դէմքը։
— Մտիկ ըրէք,— ըսաւ իր պայծառ դէմքը բարձրացնելով,— անշուշտ վէճի ժամը չէ այլեւս, քանի որ հիթլերական բանտերու մէջ կեանքը բռնադատեց մեզի չարաշուք եղբայրութիւն մը, բայց իրողութիւնը հետեւեալն է. ոչ կազմակերպական, ոչ ալ գործի միութիւնը կարելի է առանց գաղափարական համաձայնութեան։ Մեր եւ իրենց միջեւ միակ հասարակաց կէտ մը կար՝ թշնամութիւնը կայսերապաշտ Գեբմանիոյ դէմ, մէկ միութեան գիծը՝ մեր կազմակերպութեանց ընկերային խարիսխը։ Թէեւ այս ըսածներս անգամ տարակուսելի են։ Սխալ է կարծել, թէ նպատակի նոյնութիւն կրնար գոյութիւն ունենալ մեր եւ իրենց միջեւ։ Տարիներէ ի վեր արդէն մեզի հետեւող շարքերը կը ցանկային խորհուրդներու հաստատումը, մինչդեռ ձեր ընկերները կը պաշտպանէին գոյութիւն ունեցող խորհրդարանային քաղքենի կարգերը։ Մենք համաձայն էինք նոյնիսկ բռնութեամբ իշխանութեան գլուխ գալու՝ յեղափոխելու համար Գերմանիան, մինչդեռ միւսները իշխանութեան տէր էին՝ յաճախ մեզ զսպելու համար։ Փրուսիոյ մէջ մեր քարոզչութիւնն ու պայքարը կը հանդիպէին օրինական իշխանութեան ընդդիմութեան, ու այդ իշխանութիւնը իրը թէ ընկերվարական էր։ Քանի մեր շարքերը կը խտանային, մեր կուսակցութեան կազմակերպական մեքենան քանի կը զօրանար, այնքան մեր յաղթանակի յոյսը ուժգին կը դառնար, մինչդեռ ընկերվարականները հետզհետէ կը հեռանային իրենց վարդապետութեևէն։
Վանի նրբօրէն ժպտեցաւ ու ընդմիջեց զայն.
— Բազմաթիւ երկիրներու մէջ երկու կուսակցութեանց շարքերը յաճախ նոյն դասակարզային դիմագծութիւնը չունին։ Քաղքենիութեան ու մանր քաղքենիութեան մերձբանուորական խաւեր կան, որ գրեթէ զուրկ են յեղափոխական ձգտումևերէ։ Համատարած գործազրկութիւնը փաստօրէն միջազգային բանուորութիւնը ճեղքած է երկուքի անոնք, որ կ՚աշխատին, ու անոնք, որ աշխատանք չունին։ Այս երկու տարբեր զանգուածներուն համար պայքարի նշանակէտերը բոլորովին տարբեր էին։ Դունուրեք մարդ կրնար հանդիպիլ նոյնիսկ փոխադարձ խուլ թշնամութեաև։ Էն ողբերգականը
բանուորութեան ներքին շերտաւորման շեշտուիլև է։ Այդ շերտաւորումէն է, որ կ՚օգտուի քաղքենիութիւնը։ Աննայի ըսածները բացայայտ ճշմարտութիւն են, բայց խնդիրը աւե-
լի բաբդ է ու դժուարլուծելի։ Ինչ որ մեզմէ ոչ ոք նախատեսած էր, յետաշրջութեան բարբաբոս վերադարձն էր՝ մարտունակ ու երիտասարդ յետաշրջութիւն մը, որ մեր զէնքերն ու պայքարի եղանակները դարձուց մեզի դէմ։
Աննա անհանգստութեամբ կը թօթուէր գլուխը։ Կուծքերը թեթեւօրէն կը դողայիե։ Ողջ անձին վրայ կը յայտնուէր անզսպելի երիտասարդութիւն մը։ Կ՚ուզէր հաւանաբար աւելի շեշտել Վանիի ըսածները, բայց կրկին զսպեց ինքնզինքը։ Աչքերուն խորը կիրքը կը շողար։
— Քաղաքական կեանքի մէջ ոչինչ դիւրին է ու ոչինչ հաճելի,– ըսի շատ մեղմօրէն, զգալով, որ հանդարտութիւնս կը գրգռէ Աննան։— Ինչ որ մեր բարբարիկ[14] լեզուով զանգուածներու արմատականացում կը կոչենք, ոչ միայն յատուկ է տագնապի տարիներուն, այլեւ՝ խաղաղութեան։ Մարդկային կենցաղը մօտէն դիտելով՝ ամէն օր հանդիսատես կ՚ըլլանք մնայուն գործողութեան մը՝ ընկերային, քաղաքական ու տնտեսական դէպքերու ճնշումին տակ մտայնութեան ու բարքերու աստիճանական յեղաշրջման։ Միւս կողմէ՝ մարդկային բնութեան էական գծերէն մէկն է կեանքի հետեւեալ երեք հոսանքներու միաժամանակ գոյութիւնը։ Նոյն դրօշին տակ յաւիտենաբար պիտի հանդիպինք երեք թեւերու՝ անոնք, որ կ՚աճապարեն, անոնք, որ կարգով կը յառաջանան, ու անոնք, որ կը յապաղին, վասնզի աւելի զօրեղ կապերով զօդուած են անցեալին։ Ծայրայեղներ, միջիններ ու գաղջեր։ Քաղաքական որեւէ կուսակցութեան մէջ կարելի չէ բառնալ[15] այս երեք վիճակները, որ կը համապատասխանեն, ընդհանուր ձեւով, մարդուն բնախօսութեան։ Ձեր կուսակցութիւնը չունի՞ միթէ իր ձախ թեւը, կեդրոնը, որ իշխանութեան տէրն է այսօր, ու աջակողմը։ Մեկնելով հոսկէ՝ հարցում մը կ՚ուղղեմ ձեզի՝ ինչէւ ծառայեց ձեր յարուցած յեղափոխական ուժերու բաժանումը, բաժանմամբ տկարացումը։ Վերակազմուած ու միացեալ Միջազգայինի մը մէջ կասկածէ դուրս է, որ քաղաքական վերիվայրումներու բուրումով իսկ յեղափոխական տարրերը մեծամասնութիւն պիտի կազմեն։
— Ինչ որ հարկ է ապացուցանել,— ընղդիմախօսեց Վանի։
Դանդաղօրէն շարունակեցինք քալել Մօնփարնասի ուղղութեամբ։ Աննա կը յառաջանար մեր երկուքին միջեւ սեղմուած։ Խօսակցութեան տենդին մէջ յեղակարծ շարժումով մը թեւը տուաւ Վանիի, երկվայրկեան մը նայեցաւ աչքերուս ու աջ բազուկն ալ ինձ առաջարկեց։ Մեքենական ճշղութեամբ կը դոփէինք սալայատակը։ Ու Աննա իր դէմքին քաղցր լոյսը պարբերաբար կը ձգէր մեր երեսներուն։ Երբ վրաս կը ծռէր, կը զգայի կուրծքին հեւքը։
— Յամենայն դէպս ինձ համար հետեւեալը պարզ է,— յարեցի.— Երրորդ Միջազգայինի պայմանները, որ բանուորութիւնը ճեղքեցին երկուքի, գուցէ արդարանալի էին այն ժամանակ։ Լենին կը յուսար շնորհիւ ռուսական յեղափոխութեան ճառագայթումին ու առինքնող ուժին ողջ բանուորութիւնը հաւաքել իր դրօշին շուրջ։ Տարիներու փորձը սակայն ցոյց տուաւ, թէ ղեկավարներու մարմնին վրայէն կարելի չէ շարքերուն ձեռք երկարել։ Առնուազն եօթը տարիներէ ի վեր որեւէ բանաւոր[16] հիմք չունի յեղափոխական տարրերու բաժանմամբ տկարացումը։ Փաստօրէն երկու կուսակցութեանց քաղաքականութիւնն ալ արատաւոր եղած է ու հակամարքսեան։
— 0,— բացականչեց Աննա՝ ձգելով թեւս,— մի՞թէ...
— Ընկերվարական քիչ մը ճապաղ ու սովորական սրախօսութիւն մըն է,— ընդմիջեց Վանի։— Վարկաբեկելու համար իրենց ղեկավարներուն դէմ մեր մղած պայքարը՝ կ՚ըսեն, թէ Մարքսի ուսուցման հակառակ կը շարժինք՝ ժխտելով իր կռուի նշանաբանն իսկ՝ ընչազուրկներ բոլոր երկիրներու, միացաք։ Կը պնդեն, թէ զայն փոխարինած ենք ուրիշով մը՝ ընչազուրկներ բոլոր երկիրներու, ջախջսւխեցէք ընկերվարականները։ Կամաւոր շփոթութիւնը բացայայտ է։ Նախ՝ նոյնացնել իրենց արատաւոր ղեկավարութիւնը Երկրորդ Միջազգայինին հաւատարիմ մնացած զանգուածներուն հետ, որպէսզի մեր քաղաքական արդար բանակռիւը հակաբանուորական բնոյթ ստանայ, ու յետոյ այդ հիման վրայ իսկ ձախողեցնել յեղափոխական գետնի վրայ միութիւնը։
Ասուպ մը ինկաւ տանիքի մը վրայ։ Խումբ մը ուսանողներ աղմուկով անցան՝ գրկած իրենց աժան աղջիկները։ Ոստիկան մը ճօճելէն անցաւ դիմացի մայթը։
— Բացարձակապէս գարշելի է,— պնդեց Աննա խուլ ձայնով մը,— քանի որ երբեք պայքար չենք մղած ընկերվարական շարքերու դէմ, ընդհակառակը, մեր կոկորդները պատռած ենք՝ շեշտելով դասակարգային գետնի վրայ, դասակարգային պայքարի հիման վրայ միութեան ու դրամատիրութեան ղէմ ճակատ յարդարելու անհրաժեշտութիւնը։ Ծեր, անկարող ու վերջին պատերազմի ընթացքին թշնամիին կողմը անցած պետերու դէմ մեր մղած կռիւը կը կարծեմ, որ ամէն կերպով արդարանալի էր։ Ի վերջոյ պատմութիւնը անգամ յոգնած է վանտերվելտներէ, Նորին Վեհափառութեանց ծառայութեան մէջ եղող մաքտոնալտներէ, որ...
Խօսքը կիսատ թողուց ու նայեցաւ Վանիի։ Կարծես կը զգուշանար հասարակ տեղիք մը կրկնելէ։ Լռութեամբ կը քերէինք ծառուղին, ու գիշերային հովը մեր երեսները կը
պագնէր։ Խորունկ, անյատակ էր գիշերը, տուները խաղաղութեամբ մակաղած էին կարծես անեզր դաշտագետնի մը վրայ։ Դրական ի՞նչ օգուտ ունէր այս վէճը, երբ կեանքը ստիպողաբար մեզ կը մղէր ինքնապաշտպանութեան ու համերաշխութեան։ Երեք տարբեր երկիրներէ, երեք տարբեր պատմութիւններով ինկած Փարիզի սալայատակներուն վրայ՝ մեր բարոյական ապաւէնը յեղափոխութիւնն էր, ու մեր վիշտը՝ մարդկային բազմութիւններու եղկելի թշուառութիւնը։ Ի՞նչ ունէինք պաշտպանելիք, եթէ ոչ մեր մակընթաց երիտասարդութիւնը։ Ամէն ինչ կը փչէր մեր շուրջը, ու քանի երկիրը կը դառնար անապահով ու դաժան բարձրացող սերունդին համար, այնքան դրամատիրութիւնը իր մագիլները աւելի խորունկ կը մխէր մեր մսերուն մէջ։ Այլեւս ինչ որ կրնայինք վտանգի տակ դնել, մեր կեանքն էր, ու այղ կեանքը քանի մը տարիներէ ի վեր զրկանք էր ու նուաստութիւն, վհատեցուցիչ կռիւ էր բեկոր մը հացի համար։
— Երբեմն,— ըսաւ Աննա՝ խզելով լռութիւնը,— տարակոյսը կը սպրդի հոգւոյս խորը։ Տաժանելիօրէն ապերախտ է աշխատիլ մարդկային տարերքին վրայ, որ աներեւակայելիօրէն յարաշարժ է, յարափոփոխ։ Ի՜նչ զրկանքներ ու ի՜նչ զոհողութիւններ, խանդավառութեամբ ընծայ բերուած որքան ճիգ ու որքան մահ՝ յանգելու համար ինչի՞։ Հսկայ գերման ժողովրդին վրայ իր աղտոտ թաթը դրած է կանացի անգթութեամբ փտած ջղագար մը՝ շրջապատուած թմբիրամոլներէ, միասեռականներէ ու ապասերածներէ։ Կարծես ստրկութիւնն ու նուաստ հպատակութիւնը մաս կը կազմեն մարդկային բնութեան։ Առողջ ժողովուրդ մը կարելի բան է, որ ընղունի նման անկում մը։ Այսուհանդերձ արդարութիւնն ու տրամաբանութիւնը մեզի հետ են։ Կարելի չէ, որ չյաղթենք, եթէ յաղթելու անդրդուելի կամքը ունենանք։
Ռօթօնտի դարպասը նստանք ու լռեցինք։ Երեկոյեան խանդավառութիւնն ու աղմուկը անշուշտ յոգնեցուցած էին մեզ։ Ոչինչ աւելի քաղցր կը թուէր, քան խաղաղութիւնը նստած հաճելի աղջկան մը քով ամրան աղուոր գիշերով։ Գիշերը այնքան քաղցր էր, որ մեր սենեակները վերադառնալը երիտասարդութեան ղէմ մեղք մը կը թուէր։
Մեղմօրէն հայրենի երգ մը կը մռթմռթսւյի, ու հոգիս կը բացուէը արեւելեան ջրառատ ու դալարայեղց[17] պարտէզի մը պէս։
— Վաղը այսուհանդերձ հարկ է աշխատանքի երթալ,— ըսաւ Վանի,— դուք կրնաք նստիլ, ես կամաց մը դուրս սահիմ։
Առաջին անգամ ըլլալով՝ Վանիի բացակայութեան գաղափարը հաճելի թուեցաւ ինձ։ Ատիկա զգացում մըն էը, որուն համար գիտակից անձս գուցէ պատասխանատու չէը։ Զայրոյթէս խածի շրթունքս, որպէսզի որեւէ կեղծաւոր բառ չարտասանեմ։ Կը զգայի, որ ես չեմ, ոը կը փսփաքիմ այդ մեկնումը, այսուհանդերձ ողջ էութիւնս անձկութեամբ կը սպասէր ատոր։
Մանկուհի մը ծաղիկներու կողովով մը անցաւ մեր առջեւէն, յետոյ քանի մը քայլ ետ եկաւ ու ծաղիկ առաջարկեց մեզի։ Զուարթ ու ճերմակ դէմքով աղջնակ մըն էը։ Ակնակապիճներուն տակ ցանի անհամար հատիկներ կային, ու ձայնը թշուառ քաղցրութիւն մը ունէր, երբ ժպտուն մսիէօ կխսէը։ Ամչնալով Վանիէն՝ երեք մեխակներ գնեցի ու հայեացքս պահելով՝ տուի Աննային։ Յետոյ ելանք ու ընկերացանք Վանիին։
Երբ Սէն Միշէլ հասանք, Սորպոնի եկեղեցիին ժամացոյցը երեքը հնչեց։ Յայտնապէս Աննա եւս կը սիրէր գիշերը։ Միասին իջանք գետեզերք ու երկարօրէն քալեցինք։ Մերթ ընդ մերթ կը կռթնէինք քարէ պատերուն՝ դիտելով գետը, ոը մթին հանդիսաւորութեամբ մը կը ննջէր, կամ երկնքի սկաւառակը, ուր աստղերը թաց էին կարծես։ Դիմացէն երկինքն ի վեր կ՝ուրուագծուէր Նօթըը Տամի վիպական ու շքեղ կերպարանքը։ Ինձ կը թուէր, թէ այլեւս աւելի քաղցը հաճոյք մը չէի կրնար սպասել կեանքէն։
— Ֆրանսա գալէ առաջ,— ըսաւ Աննա,— մասամբ կը բաժնէի այս ժողովրդին դէմ մեր հայրենակիցներուն սնուցած վերապահութիւնը։ Չորս տարի առաջ չորս ամիս Փարիզ մնացի, բայց չյաջողեցայ լիովին սիրել Ֆրանսան։ Ֆրանսական գրականութիւնը եւս, որ քիչ շատ կը ճանչնամ, երբեք լիովին չէը յաղթած զգայնութեանս։ Չեմ կրցած բացատրել ինչուն, բայց չկայ ֆրանսերէն գիրք մը, որ քիչ շատ չնեղէ զիս։ Ինձ կը թուի, թէ ֆրանսացի գրողները շատ խելացի են բոլորովին մարդկային ըլլալու համար։ Կը թուէր գէթ։ Այժմ աստիճանաբար ու ամօթահար գորովով մը սկսած եմ սիրել այս երկիրն ու այս ժողովուրդը։
Ճիշդ հոն էր, ուր ես քանի մը ամիս վարանած էի տարիներ առաջ։ Հաւանաբաը կը սխալէր՝ կարծելով, թէ արդէն կը սիրէ Ֆրանսան։ Առաջին ու բուռն սէրէն յետոյ անտարակոյս պիտի ունենար նաեւ առաջին հմայաթափութիւնը։ Իրական գորովը պիտի գար յետոյ միայն՝ երկար ծանօթութենէ մը վերջ։
— Ինչ որ օտարական մը բնաւ չի կրնար իւրացնել, մտածելու եղանակն է,— ըսաւ՝ բազուկները դնելով քարին վրայ,— ժողովրդի մը դէպքերուն հանդէպ ցոյց տուած վերաբերումը, մտածման հակադարձութիւնը։ Նոյն երեւոյթին առջեւ կրնայ պատահիլ, որ ես ու ֆրանսուհի մը նոյն դիրքը ունենանք, բայց կարեւորը մտածման կտրած ճամբան է, կարեւորը հանգրուաններն են։
Վերստին սէրն էր, հեշտութիւնը իրեն հետ ու յետոյ քունը, ոը քաղցը կը թուէին։ Մինակը պիտի վերադառնար տուն, ու իր շռայլ ու անուշ երիտասարդութիւնը գիշեր մը եւս անգործածելի պիտի մնար։ Անմիտ յուզումով մը կ՝երեւակայէի զինքը իր խուցին մէջ։ Կ՝ուզէի դիտել ընտանի առարկաներու դպելու իր ձեւը։ Առանձին պիտի մտնէր անկողին, ու գուցէ իր անցեալէն բեկոր մը պիտի վերադառնար յիշողութեան։ Գուցէ երազ մը պիտի հիւսէր՝ ժպտելով արու դէմքի մը, գուցէ պիտի կարօտնար էակ մը, որ սահմանին միւս կողմը մնացած էը։ Կը ծխէ՞ր արդեօք։ Արդեօք կիսատ մնացած գիրք մը կա՞ր սե–
ղանին վրայ ու ի՞նչ գիրք։ Ի՞նչով պիտի օրօրէր երիտասարդ աղջկան իր տաժանելի առանձնութիւնը օտար քաղաքի մը գիշերուան խորունկը։ Գուցէ գլուխը ափերուն մէջ պիտի որոնէր իր կորուսեալ մանկութիւնը, իր երկիրը, որուն ուժեղ ու կամակոր դէմքը խեղաթիւրուած էր։ Պարզութեամբ գլանիկ մը երկարեցի իրեն։ Մատներուն մէջ դարձուց զայն ու նայեցաւ աչքերուս։
— Խիստ են,— ըսաւ հազիւ լսելի ձայնով մը,— դեռ մերինները կը ծխեմ, թէեւ սուղ են։ երբ մինակ ըլլամ...
Ամչնալով պնդեցի՝ դիտելով բերանը, երկարօրէն դիտելով իր վարի շրթունքը, ու յանկարծ խորունկ ցաւ մը զգացի՝ մտածելով, թէ սիրոյ բառեր ծլած էին անոր վրայ քանի մը ուրիշներու համար։ Այդ մսեղ ու գիրգ շրթունքը գուցէ կրքով համբուրած էր ուրիշ շրթունքներ՝ հծծելով բառեր, որ մարմնին խորունկներէն կուգան, որ կը գլեն կ՚սւնցնին վայրկեանը։
Ուրիշ մը անտարակոյս պիտի ջանար օգտուիլ գիշերուան մեղսակցութենէն՝ քիչ մը աւելի մտերմութիւն շահելու համար։ Համարձակութիւնն էր, որ կը պակսէր, թերեւս ոչ։ Թերեւս ըրածս հաշիւ էր լոկ։ Է'ն ազատ բարքերով աղջիկն իսկ կարօտ է քիչ մը յարգանքի, քիչ մը համբերութեան։ Արդարեւ, միշտ առանց աճապարանքի է, որ ուզածս ստացած եմ, քանի որ գեղեցիկ ու հարուստ մէկը չեմ։ Ի՞նչ ունիմ հաճելի՝ բացի հաւատարմութենէս, որ սիրոյ առաջին բռնկումէն յետոյ ձանձրալի կը դառնայ, ու խորունկ գորովէ մը, որ չեմ վարանիր շռայլել առաջին հանդիպած սիրուն աղջկան, քանի որ ողջ մարդկութիւնն է իր առարկան, քանի որ իր երկարատեւ զսպումը կը տառապեցնէ զիս։
Հեռուն երկինքը սկսած էր ցոլալ, երբ վերստին բարձրացանք ծառուղին։ Լատինական թաղի նոյն հմայական գիշերն է, կ՚ըսէի, օղին մէջ նոյն թունաւոր քաղցրութեամբ։
Նոյն գիշերաշրջիկներն են, կ՚ըսէի, գիշերուան նոյն ախտագին սիրով։ Շուտով թող վերադարձի ժամը գայ, ու գաւառական մեռեալ քաղաքը թող վերստին թաղէ զիս, վասնզի այս մեղմաթաւալ գիշերը կը մոգէ զիս, ու մարմիևս կը վերադառնայ իր հին յազումներուն ու տկարութեանց։
Պանդոկի դրան առջեւ ձգեցի զինքը ու գացի կայարան՝ սպասելու համար առաւօտեան առաջին շոգեկառքին։ Ու յանկարծ բոլոր հոգերս վերադարձան ինձ։ Նախորդ
առաւօտեան մարդը եղայ վերստին, որ առանց մտահոգութեան անկարող է դիմաւորել ծագող օրը, մէկը, որ կը վախնայ իր յապաղող երիտասարղութենէն ու ծերութենէն, որ կը նշմարուի հեռուն։
IV
Նամակս ձգեցի տուփը ու երկմիտ՝ վայրկեան մը կեցայ ծառի մը քով։
— 0՜,— բացականչեց աղջիկը,— պարզապէս անտանելի ես։ Ծանօթ մը բարեւելու իրաւունքն ալ չունիմ երեւի։
Ծառուղիին եզերքը կեցած էին սիրոյ յատկացուած աղջիկ մը ու իր տղան, որ թուխ էր ու հասակագեղ։ Խստութեամբ կը նայէր ընկերուհիին ու ջղաձգօրէն ծխափողին հետ կը խաղար։
— Ո՞վ էր,— ըսաւ խեղդուկ, ոխակալ ձայնով մը։
Աճապարանքով հեռացայ՝ մտովի վերակազմելով միջադէպը։ Ո՞վ էր, կ՚ըսէր տղան։ Պարզապէս ուրիշ մը, պարզապէս հաւանական երրորղ անձ մը։ Թերթերս դրի անութիս տակ ու խոշորաքայլ շարունակեցի ճամբաս։ Ամենուրեք նոյն ողբերգութիւնն է, կ՚ըսէի, նոյն խուլ ու տաժանելի երկիւղը։ Վտանգին սկիզբը սիրոյ առաջին ծիլն է։ Գորովդ մուրհակ մը ու զէնք մըն է այն էակին ափին մէջ, որ տակաւին չի սիրեր քեզ, որ այլեւս չի սիրեր քեզ։ Շաբաթներով, երբեմն ամիսներով կը ճգնիս անջատել զայն բոլոր միւս–
ներէն, իր յուզական սւշխարհը ազատել ուրիշ ազդեցութիւններէ, գրաւել իր ներքին տարածութիւնը։ Ու քանի կը յառաջանաս այս ապօրէն ճիգիդ մէջ, այնքան կը համոզուիս, որ էն առանձին էակն իսկ ընկերային միաւոր մըն է, ու կրնաս ամբողջ կեանքդ սպառել՝ ջանալով խզել այն բոլոր նուրբ ու ծածուկ կապերը, որ զայն յարաբերութեան մէջ կը դնեն մարդոց հետ։ Կանանոցին փոխան՝ արդի մարդը հաստատած է բարոյական բանտը, սիրելի էակի մը շուրջ ամայութեան գօտին։ Երբեմն երբ կործանարար կրքեր երկրէն կը խլեն երիտասարդ զոյգ մը, այս բարոյական մեկուսացումը ունի իր քաղցրութիւնը։ Յետոյ, սակայն, կեանքը կը շարունակէ մակընթացութեան մէջ եղող ջրի տարածութեանց պէս բարձրանալ մեր շուրջը, ու կը սկսի լուռ կռիւներուն էն տաժանելին ու էն վատթարը։
Ամենուրեք նոյն ողբերգութիւնն է, կ՚ըսէի, բացարձակ բաներու նոյն բուռն ծարաւը։ Ո՞ր մթին ու ներքին ակօսէն յանկարծ կը բարձրանայ հեռաւոր զգացման մը ծիլը, ու սիրած էակդ մեղմօրէն կը հեռանայ քեզմէ։ Ջլատիչը հանապազօրեայ անձկութիւնն է, հիւանդ երկիւղը, անկէ յետին բեկոը մը կորսնցնելու գարշելի վախը։ Ձայնին մէջ կրնայ յեղակարծ ու անպատասխանատու քաղցրութիւն մը ըլլալ, երբ կը խօսի ուրիշի մը, ու այդ յետին մանրամասնութիւնը կը բաւէ զայն ատելու համար։
Տարիներ առաջ բարեկամուհի մը ունէի, որուն կուրծքերը միայն գեղեցիկ էին։ Խելացի ու տաքարիւն աղջիկ մըն էր ու խելայեղօրէն կը սիրէր հաճոյքը։ Ամէն անգամ որ սրճարան կ՚երթայինք, կը կախուէր սեղանին վրայ ու կարծես դիտմամբ իր շքեղ կուրծքերը ցոյց կուտար դիմացը նստողին, որ յաճախ ես չէի ըլլար։ Ամիսներ նուրբ ցաւով մը նեղուած եմ այդ պատճառաւ ու հպարտութեամբ դիտողութիւն չըրած։ Այժմ կը մտածեմ, որ եթէ կինս ըլլար, կրնայի ամբողջ կեանքիս ընթացքին լռել ու ոխ կապել դէմը իր անտեղի շարժուձեւը չզգալուն համար։ Մեկնելէն տարիներ յետոյ իսկ այդ չնչին ցաւը դեռ չէ անհետացած։ Պարբերաբար կը յիշեմ զինքը ու կը յիշեմ իր հարուստ կուրծքերը, որոնց սկզբնաւորութիւնը ամէն ոք կրնար տեսնել։
Կիրակին սկսած էր արդէն ծառուղիին վրայ Լիկէոնի պատանիներուն պատճառաւ, որ հետզհետէ կը խճողէին ծառուղին։ Մէկը քովս ի վեր ինքնիրենը կը հաշուէր գրպանի դրամս ու կ՚որոշէր հաւանական ծախքերս։ Անտարակոյս զուարթ չէի այլեւս, քանի որ ներքին յամառ ձայնը սկսած էր վերստին խօսիլ։ Կը քալէի տնտնալով ու խնայելով ժամը։ Եղկելի ու ծիծաղելի է, կ՚ըսէի, Աննան ինձ ներկայացնելէն ի վեր Վանիի եւ իմ միջել գոյութիւն ունեցող յարաբերութիւնը։ Առաջ հաճելի ազատութիւն մը, ջերմին ընտանութիւն մը կար մեր միջեւ, մինչդեռ այժմ երկուքս ալ կը զգանք, որ կորուսեալ հարստութիւն մը կայ, գանձ մը, ոը հարկ է վերստին շահիլ։ Անշուշտ մարղկային էակի մը համակրութիւնն ու գորովը շահելու ճիգը չէ, որ նուաստացուցիչ է, այլ ուրիշի մը հետ աղջիկ մը վիճիլը։ Դառն է անընդհատ լրտեսել ընկերոջ մը շարժումները՝ ջանալով որոնել ըրած նուաճումները։ Պզտիկ քէներ կան, որ կը հինցնեն էն թանկագին բարեկամութիւնը։
Գուցէ երբեք ապրիլ պիտի չկրնամ սորվիլ, կ՚ըսէի՝ օրօրելով գլուխս, խոհեմութեամբ նախատեսել արարքներուս հաւանական արդարացումները ու ըստ այնմ կարգաւորել առօրեան։ Ապրիլը նուրբ արուեստ մըն է, կ՚ըսէի, մինչդեռ ես կը շարունակեմ նախնական մարդու մը պէս մագիլներովս խլել օրուան հաճոյքները։ Ու երբ ուզածս չստանամ, կ՚երկննամ յուսալքումիս եղտիւրներուն[18] մէջ՝ ողբալով կորուսեալ խաղաղութիւնս։
* * *
Վանիի բնակած պանդոկին սանդուխները բարձրացայ՝ համրելով աստիճանները, մտածելով մեծ քաղաքին օթեւաններուն ներքին կեանքին վրայ։ Վանի կը պատմէր, թէ երբեմն կռնակն ի վար կ՚երկննար անկողնին վրայ, դուռը կիսով բաց կը ձգէր ու կ՚ունկնդրէր խորունկ լռութեան մէջ շէնքին յետին ձայները։ Այնքան վարժուած էր այդ խաղին, որ կը յաջողէր ոտքի աղմուկէն զանազանել բարձրացողները։
— Կարծածէն աւելի հաճելի է,— կ՚ըսէր ցուրտ ու անտարբեր ձայնով մը,— այս անմիտ թուող զբաղումը։ Ոչ միայև ոտնաձայնէն բարձրացողը ճանչնալ կարելի է, այլեւ հնարաւոր է իր տրամադրութիւնը հեռազգալ։ Նոյնիսկ տգէտ դռնապանուհիներու քով մարդ կը հանդիպի այս կարողութեան։ Տարիներ լսելէ յետոյ՝ ամէն օր, առաւօտ ու երեկոյ, մարդոց ոտքերուն աղմուկը սանդուխներուն վրայ, ի վերջոյ կը յաջողին զանոնք զատել իրենց ոտքերէն։
Հազիւ երկրորդ յարկը բարձրացած էի, երբ ժամը երեկոյեան վեցը հնչեց։ Ամենուրեք նոյն ողբերգութիւնն է, կ՚ըսէի, ամէն ոք կը ջանայ ազատիլ ինքզինքէն ու ապաւինիլ ուրիշի մը։ Բայց ահա այս փախուստն է, որ կարելի չէ, կը մտածէի յամառութեամբ։ Վիրաւորուած ու հմայաթափ՝ ամէն ոք կը վերադառնալ ինքզինքին՝ աշխարհը գտնելով նեղ ու կեանքը՝ սահմանափակ։ Մարդուն բնական վիճակը առանձնութիւնն է գուցէ, բանտարկութիւնը իր անհատականութեան պատերէն ներս։ Աննան, իրողութեան մէջ, ելք մը կը թուի ինձ ու Վանիին։ Ելք մը այս անել, այս հեղձուցիչ ներքին մթնոլորտէն, ուր կը ծիւրի մեր երիտասարդութիւնը։ Երբ անդրադառնանք մեր սխալին, ժամը ուշ պիտի ըլլայ արդէն։ Ու նոյն խօլ արշաւը վերսկսելու վտանգը միշտ կախուած պիտի ըլլայ մեր գլուխներուն վրայ։ Աննան կամ ուրիշ մը, նոյնը չէ՞ միթէ։ Կարեւորը պատրանքն է, որ մանիշակ ամպի մը պէս կը տատանի մեր վրայ, կարեւորը յուզական մթնոլորտն է, ուր մեր հոգին կը գտնէ իր սնունդը։ Ստորերկրեայ ջրերու պէս, որ գարնան կը յորդին ու խելագար յորձանքներով կ՚ակօսեն երկիրը, կուտակուած գորովներ կան, որ յանկարծ կ՚ողողեն մեզ։
Կորսուած մտածումներուս խորը՝ դուռը բախեցի թեթեւօրէն ու առանց պատասխանի սպասելու՝ մտայ ներս։ Քիչ մը յուզուած ու շուարուն կեցայ դրան մէջ՝ լսելով սրտիս
զարկը։ Լոկ ծիծաղելի է, կ՚ըսէի, այս տարիքին այս անմիտ սրտին հանած աղմուկը աղջկան մը պատճառաւ։ Ու բազմաթիւ հակասական զգացումներ գէշ խոտերու պէս
արագօրէն աճեցան մարմնիս խորը։ Աննա փորի վրայ պառկած էր Վանիի հին բազմոցին խորը ու ծուլօրէն գլանիկ մը կը ծխէր։ Վարսերը խանգարուած կը թուէին։ Աղուոր ու տաք աչքերուն խորը ցոլացում մը կար, որ հաճելի չթուեցաւ ինծի։
Ժամադրութիւնը Վանիի սենեակը չիր, այլ՝ դուրսը։ Ոչ թէ վեցին, այլ՝ եօթուկէսին։ Վեցուկէսէն եօթը պիտի գայի Վանիի սենեակը՝ միասին Լիւքսէնպուրկի պարտէզին
ցանկորմին առջեւ Աննային հանդիպելու համար։ Կրնար ըլլալ միթէ, որ ինձմէ գաղտնի հանդիպիլ ուզած ըլլային։ Գուցէ կէս ժամ կանուխ գալով անակնկալի բերած էի զիրենք։ Րոպէ մը մտածեցի, թէ կրնար լոկ դիպուած մը ըլլալ, բայց Աննայի նուաղուն դիրքը կարծես ամէն կասկած կը փարատէր։ Ողջ հասակովը որովայնի վրայ երկնցած էր բազմոցին խորը, ու իր ամբողջ անձը գոգցես[19] կը մատնէր սիրոյ յաջորդող յոգնութիւնը։
— Ի՞նչ կայ,— ըսաւ Աննա առանց տեղափոխուելու,— դէմքէդ թոյն կը կաթէ, հիւանղ չըլլաս...
«Ի՞նչ կայ»ն արտասանեց ձայնով մը, ուր բարակ հեգնութիւն մը կը ծուարէր կարծես։ Ի ղէպ, զարմանալիք ինչ կար իրապէս։ Ազատ բարքերով ու անկախ աղջիկ մը ըն–
կերոջ մը բազմոցին վրայ գլանիկ մը կը ծխէը։ Եթէ սենեակը իմս ըլլաը, ու եթէ Վանիի տեղը ես ըլլայի, լոկ հաճոյք պիտի զգայի այդ քաղցը ներկայութենէն։ Իրար սիրելու պատրաստ զոյգի մը միջեն ներկայութիւնս ոչ միայն անպատեհ, այլեւ նուաստացուցիչ էր։ Մէկէն բացարձակապէս անախորժ թուեցաւ դիրքս, ու հեռանալու բուռն փափաք մը զգացի։
Զօրեղ յուզում մը կը սեղմէր կոկորդս։ Կ՞ուզէի անտարբերութեամբ ու յեղակարծօրէն հեռանալ, բայց հայեացքս չէի կրնար խլել Աննայի մարմնէն։ Կը տեսնէի ծունկերը ու ջղուտ սրունքները, որ օդին մէջ կը տատանէին։ Կը մտածէի, թէ գուցէ Վանի իրաւունք ունէր մօտենալու Աննային ու ափերուն մէջ գրկելու անոր սիրուն գլուխը։ Բազմոցին պատճառաւ հաւանաբար ծունկի գար ու մեղմաձայն սիրոյ խօսքեր ըսէր։ Իր հաստ շրթունքներով գուցէ հպէր անոր ճերմակ վզին, համբուրէր անոր աղուոր աչքերը։
Նեղուած ակնարկէս՝ Աննա ելաւ ոտքի ու գլանիկը մարեց։ Սենեակին լռութիւնը
տաժանելի էր։ Ես էի, որ ներկայութեանս հետ ներս բերած էի տագնապի ու անձկութեան այդ անշնչելի մթնոլորտը։
— Ինչու չես նստիր,— ըսաւ Աննա՝ մօտենալով ինձ։
Անտարակոյս ոչ մէկ իրաւունք ունէի իր վրայ, այսուհանդերձ իր մտերմութիւնը Վանիի հետ տաժանելի կը թուէր ինձ։ Ամէն անգամ որ միասին ըլլայինք, Վանի ոչ մէկ ջերմութիւն ցոյց կուտար դէպի Աննան, ու այս վերջինը ոչ մէկ տարբերութիւն կը դնէր մեր միջեւ։ Այն գաղափարը, թէ բացակայութեանս տարբեր վերաբերում մը ցոյց կուտային իրարու հանդէպ, արիւնս կը թունաւորէր նուրբ նախանձով մը։ Անարդար զայրոյթ մը կար հոգւոյս խորը մէկուն եւ միւսին հանդէպ, ու դժգոհութեան դառն բառեր կը վառէին շրթունքներռւս վրայ։ Ծիծաղելի ըլլալու երկիւղը թոյլ չէր տար սակայն, որ բանաձեւեմ զանոնք։
— Քիչ մը կանուխ եկայ,— ըսի՝ խօսքս ուղղելով Վանիի,— լուր տալու համար, թէ թատրոն չպիտի կրնամ գալ։ Ժամադրութիւն մը ունիմ,— աւելցուցի ստելով ու պատրաստուելով մեկնիլ,— ցտեսութիւն...
Վանի պատուհանին քովէն, ուր կեցած էր գիրք մը ձեռքը, մօտեցաւ ինձ ու առանց
հայեացքը բարձրացնելու՝ յարեց.
— Լաւ, եթէ մեզի հետ գալ չես ուզեր, մի՜ գար, բայց աւելորդ տեղը մի՛ ստեր...
Աննա կռթնած էր հեշտադարանին՝ անշարժ ու լուռ։ Կը թուէր, թէ կ՚ուզէր միջամտել։ Դէմքին վրայ անորոշ տրտմութիւն մը կար։ Աջ ձեռքով մեղմօրէն մազերը սկսաւ սանտրել։ Իր մատները աւելի ճերմակ կը թուէին վարսերուն խորը։
— Ես ալ երթալ չեմ ուզեր արդէն,— աւելցուց Վանի,— յոգնած եմ ու քնանալու
պէտք ունիմ։
Աննայի դէմքը մէկէն շառագունեցաւ։ Զայրոյթով խածաւ վարի շրթունքը, այսուհանդերձ չկրցաւ զսպել ինքզինքը։
— Քանի որ այդպէս է, ես մինակ թատրոն կ՝երթամ,— ըսաւ,— երկուքդ ալ շատ հաճոյակատար էք շիտակը...
Անձայն ելայ դուրս, աճապարանքով իջայ սանդուխներէն, վազելով գացի մօտակայ
նամակատունը ու Լիւսիին հեռագիր-նամակ մը գրեցի՝ խնդրելով, որ քաղաք իջնէ։
Անձկութիւնս, սակայն, հեռու էր փարատելէ։ Վիրաւորուած անասունի մը պէս տատանելէն կը յառաջանայի, ու պոռալու խօլ փափաք մը կը ցնցէր մարմինս։ Պարզ էր, որ լոկ ես էի յանցաւորը, քանի որ սէրը չեն հայցեր, այլ կը ներշնչեն։
Կը յիշեմ առաջին յուսախաբութիւնս, առաջին վիշտս։ Ատիկա անյիշատակ տարիներ առաջ էր, ու ես բոլորովին վիպական պատանի մըն էի։ Բարտիի մը պէս, որ գարնան առաջին ամսուան հովին էն մեղմ շունչէն կը հեւայ, մարմինս անձկայրեաց էր ու
զգայուն։ Երբ առաջին աղջիկը նախընտրեց ուրիշ մը, ինձ թուեցաւ, թէ այլեւս երբեք սիրտս չպիտի կրնամ վստահիլ ուրիշ էակի մը։ Քաղցր տարիներ էին, երբ սիրոյ վիշտը անգամ թաթխուած էր յաճախ յուզիչ բանաստեղծութեամբ մը։ Այդ տարին էր, որ աստիճանական ու խոր գորովով մը սկսայ սիրել բնութիւնը։ Կը սուզէի գիշերուան խորը ու բարձրահասակ ծառերուն մէջ կը խօսէի լուսնկային, հովերուն ու երկնից աստղերուն։ Երբեմն կը նստէի դալարիքին վրայ ու խորունկ յուզումովմը կ՚ունկնդրէի երկրին ձայները։ Երեւակայութիւնս սրտառուչ մանկութեամբ մը սիրոյ արկածներ կը յօրինէր, ուր ես գլխաւոր ղերը կը կատարէի։
Այդ երազներն անգամ իրենց տարիքը ունին, սակայն, ու կարելի չէ վիրաւորուած սրտով քաղաքին թաւշային գիշերուան խորը ընկղմիլ՝ որոնելու համար հոգւոյս խաղաղութիւնը, վասնզի յանցաւոր եմ սիրով, ու հոգիս կը նմանի հորը ինկած դոյլի մը։
Արդարեւ, յանցաւոր եմ սիրով, կ՚ըսէի, վասնզի ոչ մէկ էակ պարտաւոր է սիրել զիս։ Մինչդեռ հոգիս այդ է, որ կը յուսայ մարդոցմէն ամուլ հպարտութեամբ մը։ Մնաց որ ով ինչ կրնայ սիրել վրաս։ Քանի մը տարիներէ ի վեր արդէն կորսնցուցած եմ առաջին երիտասարդութիւնս ու ինչ որ յատուկ է կեանքի յաղթական շրջանին։ Մարմնիս վրայ ծերութիւնը աստիճանաբար կը ձգէ իր տխուր հետքերը։ Յոգնութեան մթին պատմուճանը կը զգամ ուսերուս վրայ։ Շրթունքներս չեն գիտեր այլեւս սիրոյ բառերուն անուշ համը։
Թերն ու դէմը կշռելէ յետոյ կը զղջայի Լիւսիին գրած ըլլալուս համար։ Ի՞նչ իմաստ ունի, կ՚ըսէի, անընդհատ որոնել աղջիկներուն մօտ ինչ որ ուրիշ էակ մը չի կրնար երբեք պարգեւել մեզի՝ մեր ներքին անդորրութիւնը։ Դանղաղօրէն կ՚ըմբռնէի այժմ, թէ ինչու ծերունի ու հանդիսաւոր մտաւորականներ կ՚ամուսնանան իրենց աղախիններուն հետ։ Ինչ որ այլեւս կը յուսան կեանքէն, տարաժամու, երկրային ու պարզ հաճոյքներ են ու մահը, որ բարի է։ Տագնապն ու անձկութիւնը, սիրոյ վիշտն ու գիշերային կարօտները յատուկ են երիտասարդութեան։ Ձմրան գիշերները բազմոցի մը խորունկը, տան մը ներքին ջերմ մթնոլորտին մէջ անցուած քաղցր ժամեր կաև, երբ խոկումն ու ընթերցումը ապաւէն են ու խաղաղութիւն։ Ինչու համար աղերսել կեանքէն, ինչ որ ան չի կրնար ընծայել մեզի։ Իմաստութիւնը յաճախ ժուժկալութիւն է ու գոհութիւն։ Եսական ու փառատենչիկ հաճոյքներէն անգին, զգայարանքներու սպառիչ բորբոքումներէն անգին կան ներքին խանդավառութիւններն ու անդորր յազումները։
* * *
Ինչ կը պակսէր ինձ հաճելի երեկոյ մը անցընելու համար։ Օգոստոսի ջերմին գիշեր մըն էր։ Պատերուն ու սալայատակներուն վրայ լոյսի ոսկի փոշին կը ցոլցլար։ Քաղաքը կարծես յոգնած էր ու քնատ։ Ու Կիրակին հոս եւս ըրած էր իր մուտքը Շաբաթ իրիկունով։ Մերձակայ բոլոր փողոցներէն խուռն բազմութիւն մը բարակ երիզներով կը հոսէր դէպի կայարանին գլխաւոր հրապարակը։ Կարելի էր կենալ հոդ՝ ցանկորմերուն առջեւ, ու ժամերով դիտել անցորդները, որ տուն կը վերադառնային։ Վայրկեանը անգամ մը կայարանէն կառաշար մը կը խզուէր ու կը խրէր փարիզեան արուարձաններու խորունկը։ Ահա ծերութեան յայտարար նշաններէն մէկը եւս՝ դիտելու հաճոյքը։ Պատանութիւնս ընդմիշտ անգիտացած է այս չէզոք ուրախութիւնը, որ ծուլօրէն կը դեգերի մարդոց մօտ։ Իրողութեան մէջ, ցայժմ չեմ կրցած որոշել, թէ ուր է իրական լիութիւնը՝ հաճոյքին թէ անոր երկարաձգումին մէջ։ Յաճախ հին հաճոյքներու յիշատակն իսկ անդորր բերկրութիւն մը կը պարգեւէ մեզի։
Կռթնած ցանկորմին՝ կը սպասէի Լիւսիին, կը սպասէի անձկանօք փոթորիկին յաջորդող լքումի ու խաղաղութեան ժամուն։ Հոգւոյս խորը, սակայն, պղտոր ջրեր կային,
ու վշտին մրուրը կը յամառէր ողջ էութեանս մէջ տատանիլ։ Մարմնիս խորը կիզիչ վէրքի մը պէս կը բանէր խուլ տուայտանք մը։ Այն գաղափարը, թէ Աննան առանձին էր սենեակի մը չորս պատերուն մէջ Վանիի հետ, կը մտրակէր արիւնս։ Կը թուէր, թէ անցորդները կը դիտէի, կը դիտէի եըկաթուղակառքերը, ոը զուարթ աղմուկով մը կը լեցուէին, շարքային զինուորները, որոնց կապոյտ համազգեստները կը յիշեցնէին Քուրթըլինի շէն պատմութիւնները. իրողութեան մէջ, սակայն, տաժանելի ճշգրտութեամբ մը կը տեսնէի Վանիի սենեակին իրերը։ Աննան հոն էր միշտ՝ բազմոցին խորը, ու իր էն նուրբ շարժումները չէին խուսափեր Վանիի ուշադրութենէն, որ անկասկած սկսած էր շատ սիրել զայն։ Հաւանաբար երկուքին երիտասարդութեան միջել շուքս պիտի ցցուէր՝ խանգարելով ներքին մթնոլորտին քաղցր յուզականութիւնը։ Վանի համբուրած է արդեօք Աննան։ Լռակեաց մարդու շարժումներուն մէջ յաճախ կը զգամ զսպուած կիրքը։ Աչքերուն խորը Աննան դիտած ժամանակ անհամբերութիւն մը կայ, որ կը մատնէ փոխադարձ սիրոյ տուած իրաւունքը։
Աղջիկ մը սահեցաւ քովէս՝ վրաս ձգելով խուզարկող հայեացք մը։ Ինչ որ անհրաժեշտ է, կ՚ըսէի, այլեւս հանդարտ վերապահութիւնն է, որ մարդ ցոյց կրնայ տալ կիներուն հանդէպ, անոնցմէ էն գեղեցիկին առջեւէն առանց յուզումի անցնելու կարողութիւնը, որ մեզ կը փրկէ բազմաթիւ ողբալի արկածներէ։ Դրսէն ստացուած տպաւորութիւններու խուժումին տակ մարմնին յաջորդական լքումները ի վերջոյ կը հինցնեն մեր անհատականութիւնը։ Մեզմէ շատերը գերզգայուն գործիքներու պէս են այս քաղաքներուն մէջ։ Կը ճօճին աջ ու ձախ ու իրենց ողջ կեանքը կրնան սպառել առանց կարենալ զսպելու ապստամբ տարերքը, ներքին ծովը, ոը կ՚ալեկոծի։
Կ՚ուզէի խաղաղութեամբ տուն վերադառնալ ու ննջել։ Կ՚ուզէի ապաստանիլ քունին
խորունկ թեւերուն։ Կը բաւէր երկաթուղակառք մը ցատքել՝ ետեւ ձգելու համար քաղաքը, որ, գլուխը քարափներուն վրայ դրած, չէր կրնար ննջել, որուն երանքներուն մէջ կիրքը կ՚ոռնար՝ արթուն պահհլով անոնք, որ երիտասարդ են մէկ անգամուան համար, ու անոնք, որ երբեք անդորրութեամբ ապրիլ չպիտի գիտնան, վասնզի խենթ արիւններ ունին։
Ինչ որ այլեւս անհրաժեշտ է, կ՚ըսէի, քիչ մը ազատութիւն է, քիչ մը մահ։ Ու յաճախ հրաժարիլ կարենալուն մէջ է ազատութիւնը։ Չէի կրնար չհաստատել, թէ էն աննշան մտածումներուս մէջ իսկ կը ծուարէր ծերութիւնը։ Հոգիս խոնջ էր իր կրած հմայաթափութիւններէն ու կը կարօտէր իր գերեզմանին։ Ծերութեան ախտանշաններէն մէկն ալ, կ՚ըսէի, մեր բարոյական անձին ծայրայեղ շերտաւորումն է, որով մեր անհատականութիւնը կը ջանայ յարմարիլ տարբեր կլիմաներու, տարբեր ներքին միջավայրերու։ Նաեւ բանաձեւուած ու վաւերացուած թուող ճշմարտութեանց հանդէպ արհամարհանքը, որ անբարոյութեան հետ հաշտութիւնը կը դիւրացնէ։
Երիտասարդութիւնս միշտ պահանջած է մարդիկը դատելու բացարձակ իրաւունք
մը, որովհետեւ կը հաւատար իր անխոցելիութեան։ Այժմ, սակայն, ներումը հաճելի է ու ազնիւ կը թուի, քանի որ յաճախ կը զգամ, թէ ամէն ոք պէտք ունի մարդոց բարեհաճութեան։ Ամէն ինչ յարաբերական սկսած է թուիլ երկրի վրայ, ու ամէն երեւոյթ սերտ առնչութեան մէջ ուրիշներու հետ։
Կեանքի էն գլխաւոր վտանգին սկիզբը, կ՚ըսէի, ներքին տեսողութիւնն է, ներքին
հայեացքին անգութ լոյսը, որով մարդ կը սկսի քննել իր արարքները, կշռել իր զգայնութիւնները, տարրաղադրել իր մտածումներուն՝ միակտուր թուող յենքը։ Նեղու կարգապահ կեանքի մը մէջ իսկ լուսանցք մը կայ, ուր արտաքին ոչ մէկ իշխանութիւն, ոչ մէկ տեսական օրէնք կրնան մուտք գործել։ Փաստօրէն մարդիկ իրարմէ կը տարբերին բարոյական գետնի վրայ, ընկերութեան՝ մեզ ժլատօրէն պարգեւած թանկագին ազատու–
թիւնը գործածելու եղանակին մէջ։ Ի՞նչ ըրիր քեզի վստահուած անզուգական հարստութիւնը,— ահա ինչ որ արեւամուտին էութեանս մէկ մասը պիտի հարցնէ միւսին։
Անգամ մը Աննան կ՚ըսէր ինձ, թէ յեղափոխութեան գլխաւոր յառաջադրութիւններէն մէկն ալ մարդկային անհատականութեան ծայրայեղ կոտորակումին դէմ մղուած պայքարը պէտք է ըլլայ։ Ինչ որ խորապէս կը սիրէի Աննային մօտ, արդի մարդուն տառապանքն էր ու այդ մնայուն տուայտանքին կից՝ յեղափոխական ճիգը, որով կը ջանար ազատիլ իր ներքին մթութենէն։ Բազմաթիւ բեկորներու բաժնուած մարդը անընդհատ վիրաւոր է բազմաթիւ կէտերէ։ Ինչ որ կը պակսի մեզմէ շատերուն, ներքին միութիւնն է, կորուսեալ ամբողջութիւնը։ Նոյն մարմնէն ներս պարտագիր համակեցութիւնը սանուազն երկու տարբեր մարդոց, կանգնած երկու հակըննդէմ եզերքներու վրայ, յաճախ կը ջլատէ մեզ։
Ասիկա կռիւ մըն է, որմէ ոչ ոք լիովին յաղթական կրնայ դուրս գալ։ Վասնզի ոչ ոք ուժգնութեամբ կրնայ յառաջանալ կեանքի դերբուկ ճամբանեբէն իր անհատականութեան մէկ մասովը, երբ միւսը կը յամառի անտեղիտալի ընդդիմութիւն մը փորձել։
Երբ գիշերուան խորը կառախումբը կանգ առաւ՝ շտկելով մէջքը ու պրկուելով, ընդոստ արթնցայ մտքի անձկութենէս ու ցատքեցի վար։ Արուարձանը կը պատրաստուէր անկողին մտնել։ Մարդ մը դանդաչելէն կը յառաջանար առջեւէս, ու իր վրայ կեանքը եղկելի էր՝ առանց առինքնող գեղեցկութեան, առանց ներքին հուրի ու վայելչութեան։
* * *
Յաջորդ օրը տրամադրութիւնս աւելի քան գէշ էը։ Առաջին գլանիկին հետ առաջին հազը թակուեցաւ կուրծքէս՝ սարսելով ողջ մարմինս։ Ծուլօրէն իջայ քաղաք, ու քաղաքը եւս թուեցաւ, թէ գէշ արթնցած էր։ Մառախլապատ Կիրակի առաւօտ մըն էր։ Մթին ամպեր կը տատանէին երկրի վրայ։ Աղջիկներուն աչքերուն խորը յառաջիկայ անձրեւին խոնաւ անձկութիւնը կար։
Գրեթէ կը զղջայի քաղաք իջնելուս համար՝ մտածելով յարաճուն կարօտով մը անգլիերէն վէպի մը, որ տունը ձգած էի։ Կրնայի պարտէզը նստիլ՝ հովանոցին տակ, ու դանդաղ վայելքով մը ընթերցումս շարունակել՝ մերթ ընդ մերթ յիշելով կեանքիս քաղցր առաւօտները։ Կրնայի բազմոցի մը վրայ երկննալ՝ ըմբոշխնելու համար հաճոյք մը, որ կեանքը յաճախ չի պարգեւեր մեզի՝ լիովին ինձ պատկանող օրուան մը անդորրութիւնը։ Կրնայի նստիլ դալարիքին եզերքը, խիճերուն վրայ ու դիտել բոյսերը, որ անձրեւը կը հայցէին, արեւածաղիկներուն խոշոր ու դեղին պսակները, ուր կը լողար արեւոտ օրերուն առտուան խարտեաշ լոյսը, դիտել անձրեւը, որ անտարակոյս մեղմօրէն պիտի թափէր քիչ յետոյ՝ թրջելով պարտէզը եւ զիս։
Կը բարձրանայի ծառուղին, ու նոյն նուրբ տառապանքը կը վերադառնար ինձ Աննայի ու Վանիի պատճառաւ։ Մեկնելէ ետք Փարիզէն գուցէ պիտի մոռնայի Աննան։ Բազմաթիւ ուրիշ աղջիկներու պէս ան թերեւս պիտի վերածուէր անորոշ յիշատակի մը, որ կը զարթնու լքումի ժամերուն ու կը լեցնէ ամայութիւնը։ Ինչ որ զիս կը տառապեցնէր, զայն ուշ կամ կանուխ Վանիի կուրծքին վրայ գիտնալու երկիւղս էր։ Մեկնելէս քանի մը օր յետոյ անտարակոյս Վանի իրաւունք պիտի ունենար ազատօրէն իր ուժեղ ձեռքին մէջ սեղմելու Աննայի նուրբ դաստակը։ Իր գինեծարաւ շրթունքներովը պիտի կարենար հպիլ անոր պարանոցին, մինչ ես այդ նոյն պահուն հակած պիտի ըլլայի ապերախտ ու մեքենական աշխատանքի մը վրայ գաւառական խոնաւ քաղաքի մը մէջ։ Բոլոր գիշերները պիտի նմանէին անցեալ տարուան անել գիշերներուն։ Խոնաւութիւնը պիտի թափանցէր երակներէս ներս, պիտի թրջէր ոսկորներս։ Ամէն առաւօտ պիտի արթննայի՝ առանց որեւէ նոր յոյսի, հին երազները պիտի թուէին ծիծաղելի ու մեռեալ։
Օրուան անմիտ աշխատանքը պիտի կատարէի առանց դոյզն սիրոյ։ Գրքերն իսկ պիտի կորսնցնէին իրենց մոգութիւնն ու զօրութիւնը։
Ծառուղիին անկիւնը նստարանի մը վրայ ինկայ, ու գէշ հեգնութիւն մը ծլեցաւ շրթանցս վրայ։ Տարիներ խոշոր գլուխ մը ծռելէ յետոյ գրքերու վրայ ինչի յանգած էի՝ ինքզինքէս տարականոն յոգնութեան մը, գրեթէ անողոքելի թշնամութեան մը ներքին անձիս հանդէպ, որ չէր կրնար հաշտուիլ աոօրեայ կեանքին հետ։ Անտարակոյս, կեանքը գիտութիւն մըն է, կփսէի, ու լոկ սէրը, խանդավառութիւնն ու անձնուիրութիւնը չեն բաւեր տիրանալու համար հանդարտ զօրութեան մը։ Ինչ որ պակսած է միշտ ինձ, շարժումներու ճկունութիւնն է, վերաբերումի նրբութիւնը, դէպքեբուն ու մաբդոց յարաբերական, այլ ճշգրիտ կարեւորութիւն մը ընծայելու կարողութիւնը։
Յանկարծ թեթեւ հով մը ելաւ՝ հաճելի աղմուկ մը յարուցանելով ծաոերուն մէջ։ Վարէն, խորունկէն եկեղեցիի մը զանգակները սկսան հնչել։ Անցորդնեըը սկսան շատնալ ծառուղիին վրայ։ Ծուլութեամբ ելայ ու գացի պարտէզ՝ դիտելով մանուկները ճամբուս վրայ ու մտովի սիրելով զանոնք։ Աւազանին քով՝ աթոռի մը վրայ նստայ ու փակեցի աչքերս։ Լոյսը մեղմ ու հաճելի էր կոպերուս վրայ։ Կը զգայի զով առաւօտեան մը հեշտաւէտ հպումը դէմքիս։ Ձեռքերս, որ դրած էի ծունկերուս վրայ, կը զգային երկրին այգային խաղաղութիւնը։ Յետոյ աստիճանաբար հոգւոյս խորունկներէն ելաւ բանաստեղծութեան մը քաղցր տրտունջը։ Կը թուէր, թէ կրնամ հաշտուիլ օրուան հետ, որ մեղմօրէն կը պայծառանար։
* * *
Քիչ մը գունատ էր դէմքը, ու ձեռքերը շատ ճերմակ էին։ Ափս զգաց անոր մատներուն զով հպումը։ Այդ վայրկեանին իր ձեռքը կը յայտնէր հանդարտ երջանկութիւն մը։
— Յեղափոխական արուեստագէտները,— ըսաւ Աննա՝ հաւաքելով մտքերը, ջանալով ճշդութեամբ բանաձեւել զանոնք,– ինձ կը թուի, թէ հիմնական դժուարութեանց
քովէն սահելով կկսնցնին։ Անշուշտ որքան ատեն որ դրամատիրական իրաւակարգը կանգուն է, արուեստը իր ներշնչումը կրնայ որոնել անտեղիտալի ընդդիմութեան մը
մէջ։ Բայց այս հաստատումէն իսկ չէր հետեւիր միթէ վտանգաւոր առնչութիւն մը։ Այնտեղ, ուր յեղափոխութիւնը յաղթական է, ինչ դեր կրնայ վիճակուիլ արուեստին։ Հանդարտ կամ անհանգիստ օրինապահութիւնը կանխորոշուած սահմանի մը մէջ, արդար ճշմարտութեան մը, անվիճելի դատի մը ծառայութեան գործը ի վերջոյ կը խեղղեն
մարդկային հոգւոյն անհանգստութիւնը։ Արուեստին ենթահողը սրբազան դժգոհութիւնը չի միթէ։ Ու ով է, որ կը կանխէ, կը հեռազգայ, կը պատրաստէ ապագան, եթէ ոչ
արուեստագէտը։ Մեծ արուեստագէտները գրեթէ միշտ մեծ ապստամբներ են։ Պիտի կրնան միթէ առանց իրենց ստեղծագործական կրակը զեղչելու համընթաց կարգապահութեամբ մը յառաջանալ բանուորութեան եւ գիւղացիութեան հետ...
Նայեցաւ աչքերուս՝ որոնելով հոգւոյն խռովքին պատասխանը։ Իսկ ես ինչ որ կը զգայի, իր հայեացքին հաճելի պայծառութիւնն էր։ Թերթերունքները կարծես կը դողային, ու դէմքին կէսը, որ ստուերի մէջ էր, կիտուածային գունատութիւն մը ունէր։ Կը սիրէի այդ ճերմակ ձեռքը, որ կը դեգերէր սեղանին վրայ, ու լոյսը, ոը կը խաղար իր շուրջը, ինչպէս տպաւորապաշտ նկարիչներու պաստառներուն վրայ։
— Օրինակ, Մաքսիմ Կորքին,— ըսաւ՝ կարծես ամչնալով յետոյ ըսելիքներուն համար,— յեղափոխութեան յաղթանակէն ի վեր կարծես այլեւս նոյնը չէ։ Ո՞ւր է իր խուլ
ապստամբութիւնը, իր գրեթէ անիշխանական ու հեղեղային սէրը, որ կը պլլուէր մարղոց ցնցոտիներուն ու կմախքներուն, ուր է մարդոց բութ դաժանութեան դէմ ցցուող իր խօլ յանդգնութիւնը։ Արդի Կորքին զմայլելի մտքի զինուոր մըն է, մինչդեռ ես միշտ ան–
բացատրելի սիրով մը սիրած եմ շառաչաձայն աղմուկով մը իր շղթաները խորտակող Պրոմէթէոսը։ Ռուս ընկեր մը անգամ մը ըսաւ ինձ, թէ Կորքի դառն կը նշանակէ։ Ես խորունկ յազումով մը կը սիրէի Մաքսիմ Կորքին, մինչդեռ այժմ Կոըքի կը նմանի յեղափոխութեան պատրիարքի մը...
— Իսկ դուն,— ըսի,— կը նմանիս աղջնակի մը, որ Կաղանդի տօնը հասարակ կը
գտնէ։ Կասկածէ դուրս է, որ դրամատիրութեան պարտութենէն յետոյ յեղափոխութեան կողէն պիտի ծնի սրբազան դժգոհութեան նոր մանուկը։ Ու միշտ արուեստագէտներն են, որ նման հրաշալի մանուկներու խանձարուրը կը փաթթեն։ Գալով Կորքիին՝ պէտք չէ մոռնալ, ռր ամէն գրագէտ իր մակընթացութեան տարիքը ունի, որմէ յետոյ արարչական յորդահոսան հեղեղատը կը գտնէ իր անկողինը, կը թաւալի խաղաղօրէն։ Ոչ մէկ Կորքի երկու անգամ կրնայ գրել «Սայրը»...
Սրճարանին բարձրադիր պատուհաններէն իրիկուան լոյսը վար կը հեղուր իր տաք
արիւնը։ Աննայի պարանոցին վրայ ու վարսերուն մէջ լոյսը նուրբ ցոլացումներ ունէր, հազիւ զգալի բեկբեկումներ։ Կ՚ուզէի ափս դնել վզին, մեղմօրէն հպիլ իր խարտեաշ մորթին։ Կ՚ուզէի, որ երկարօրէն խօսէր ինձ, ու քաղցր գուրգուրանք մը, ջերմին գորով մը խառնուէր բառերուն։
— Օրէնքն ու իշխանութիւնը ցայժմ կասկածելի թուած են արուեստագէտներուն, բայց ի վերջոյ արուեստը հարկ է որ հաշտուի նուազագոյն կարգապահութեան, մեծամասնութեան օրէնքին հետ։
— Կրնայ իրաւակարգ մը գոյութիւն ունենալ, որ չունենայ իր Ֆոմա-Կորտիէֆը, իր Ռասքոլնիկովը, իր Մասլովան...
Անաղմուկ սուրճերուն դրամը ձգեցի սեղանին վրայ։
— Գուցէ կարելի է,— յարեց անլսելի հծծիւնով մը,— գուցէ կարելի է...
V
Կարեւորը, անդորրութեամբ կարենալ ապրելու համար, ամէն ինչէ ամէն վայրկեան հրաժարիլ կարենալն է։ Մինչդեռ ես կը նմանիմ բոյսերու, որ արագութեամբ արմատ կը ձգեն էն խոպան հողերուն մէջ իսկ։
Քանի մեկնումի օրը կը մօտենար, այնքան բուռն կերպով հոգիս կ՚որոնէր Աննայի
ներկայութիւնը։ Հպարտութիւնս, սակայն, մեծ էր։ Վերջին միջադէպէն ի վեր ոչինչ կ՚ընէի հանդիպելու համար իրեն։ Շաբաթէ մը ի վեր Վանին եւս տեսած չէի։ Յամառութեամբ կը խուսափէի այն բոլոր վայրերէն, ուր կրնայի տեսնել զիրենք։
Օրերը՝ հաճելիօրէն տրտում, կը սահէին՝ ձգելով զղջումի յետին համ մը։ Առաւօտեան կանուխ ճառագայթներու խուրձ մը կ՚արթնցնէր զիս՝ համբուրելով աչքերս։ Ծուլօրէն աչքերս կը բանայի ու քնաթաթախ կը դիտէի արուարձանային հանդարտ փողոցը։ Տան մէջ ամէն ոք իր գործին սկսած կ՚ըլլար։ Սանդուխներէն ցատքելով վեր կը բարձրանար մանուկներուն զուարթ աղմուկը։ Զարթօնքի առաջին պահուև երբեմն կեանքը քաղցր կը թուէր։ Հաւանական էն չնչին հաճոյքն իսկ թեթեւութիւն կը պատճառէր հոգւոյս։ Բայց քիչ յետոյ օրը կ՚երեւար իր ձանձրալի դիմակովը, ու բոլոր հոգերս կը վերադառնային՝ այլեւս մինչեւ անկողին մտնելու ժամը ինձմէ չբաժնուելու համար։
Կ՚երեւակայէի մանաւանդ յառաջիկայ աշունը խոնաւ ու ամայի գիւղաքաղաքին մէջ։
Օրեր կային, երբ անձրեւը կը տեղար օրն ի բուն ու գիշերն ի բուն՝ պարուրելով իր մառախուղին մէջ էն զուարթ էակներն իսկ։ Երբեմն այլեւս չկարենալով տոկալ ներքին անձկութեանս՝ կը յաջողէի գործէս օձիքս ազատել կէս ժամով ու կ՚իյնայի փողոց։ Հազիւ լուսաւորուած ու նեղ սալայատակներուն վրայ անձրեւը կը շառաչէր թախծութեամբ, կը ծեծէր պատերը։ Պատուհանները թրջած կփլլային, լոյսերը՝ եւս։ Մերթ ընդ մերթ սեւ
ստուեր մը կը սահէր՝ պատերը քերելով, ուրուային լռութեսւմբ մը։ Յուսահատ կը վերադառնայի թիապարտութեաես ու կը սպասէի ննջելու ժամուն։
Երկնցած կռնակի վրայ՝ երբեմն ամբողջ ժամ մը հիւանդագին յամառութեանդ մը կը նախատեսէի աշունը ու նախօրօք կը դիտէի յետին շարժումներս գաւառական մթին քաղաքին մէջ։ Յետոյ լռութեամբ կը բարձրանայի՝ զարմանալով, թէ ինչու շրթանցս վրայ որեւէ երգ չի ծլիր։ Օրուան էն հաճելի ժամը գուցէ կայարանի սալայատակին վրայ անցուցածս էր։ Կ՚երթայի կանուխ՝ առաւօտեան թերթ մը ձեռքս տնտնալու համար։ Հապճեպով կը կարդայի օրուան լուրերը՝ միաժամանակ դիտելով ճամբորդները։ Ծեր հասառուներ[20] կային՝ բծախնդիր մաքրութեամբ մը հագուած, որ տունի կատուներու պէս անձայն ու խնամեալ ճշդութեամբ մը կայարանին սանդուխներէն կ՚ելլէին վեր, արեւին մէջ կը կենային ու կը բանային յետադիմական թերթ մը։ Ծածուկ հաճոյքով մը կը դիտէի զանոնք՝ երեւակայելով անոնց տան ներքինը։ 0՜, այդ ծերուկները, որ ձմրան ցուրտ գիշերներուն բրդէ մուճակներով մեղմօրէն ման կուգան հաճելիօրէն տաք սենեակի մը գորգերուն վրայ։ Ընկղմած բազկաթոռի մը խորը՝ կը մրափեն կամ յօրանջելով կը խօսակցին տուն վերադարձող երիտասարդուհիին հետ։ Կը մտածէի խորին ուշադրութեամբ մը անոնց բուսական կեանքին վրայ, ու ծերութիւնը յուսահատական ու եղկելի կը թուէր։
Կը դիտէի նաեւ երիտասարդ կիները, աղջիկները։ Քիչ մը նեղ ու պրկուած հագուստներու մէջ, յաճախ շնորհալի ու յանկուցիչ մարմիններով՝ մանր քայլերով կը չափէին քարափը։ Նոր սնդուսուած անոնց դէմքերը օրուան այդ ժամուն այսուհանդեըձ կը յայտնէին մեղմ յոգնութիւն մը։ Ինչ որ կը նեղէր զիս, անոնց բերաններուն կարմիրն էր։ Ակամայ կը մտածէի կասկածելի պարասրահներու արուեստական բոսոր ծաղիկներուն ու նուաղկոտ թանկօներու։
Փարիզ՝ կայարանին դիմաց, սրճարան մը կար, ուր կ՚երթայի սուրճ մը առնելու։ Սպասեակը հաճութեամբ կը բարեւէր զիս ու օրուան թերթերը կը բերէր։ Հանգստօրէն
կը տեղաւորուէի, գլանիկ մը կը վառէի ու երկար խուզարկու հայեացք մը կը ձգէի շուրջս՝ վայելելով ընդարձակ ու խաղաղաւէտ սրահին անդորրութիւնը։ Որքան յաճախ
մնացած եմ հոդ՝ մոռնալով ժամադրութիւն մը, հաճոյք մը, հաւանական հանդիպում մը։ Կէսօրուան դէմ կեղծաւոր լրջութեամբ մը ու իրարու ետեւէ կը հասնէին քաղքենի
ապօրինի զոյգերը։ Ընդհանրապէս տղամարդը յարգելի ու հարուստ արտաքինով մէկը կ՚ըլլար՝ յաճախ մատանեզարդ ձեռքերով ու շարժումներով, որ կը յայտնէին հրամայելու վարժուած գործի մարդը։ Իրենց ընկերացող կիները, նրբօրէն հագուած, երջանիկ կը թուէին։ Ասոնցմէ մէկը՝ սլացիկ ու առինքնող մարմնով աղջիկ մը, հարաւային գեղեցկութիւն մը ունէր ու աջ ռունգին քով խոշոր ու սիրուն խալ մը։ Կուգար ճիշդ տասնըմէկուկէսին իր բարեկամին առաջ ու կը սկսէր թղթատել նորոյթի պարբերական մը։ Զմայլելի ու ցորենագոյն պարանոց մը ունէր ու շրթունքներ, որ ճեղքուած դեղձի կը նմանէին։ Խորին հաճոյքով մը կը դիտէի իր տաք ու անթերի գեղեցկութիւնը։ Կը զգար հայեացքս ու չէր նեղանար։
Յետմիջօրէի տապը չսկսած՝ կ՚ելլէի դուրս ու քալելով կ՚երթայի լատինական թաղ։ Ինչ տրտում ու հաճելի ժամեր էին։ Ու քանի մեկնումի օրը կը մօտենար, այնքան այդ
ազատութիւնը անփոխարինելի ու քաղցր կը թուէը։ Շուտով պիտի հասնէին մթին օրերը, ու հարկ պիտի ըլլար շաբաթներով տքնիլ՝ քանի մը օրուան արձակուրդ շահելու
համար։ Կ՚ուզէի ամէն վայրկեան ուժգնութեամբ զգալ անկախօրէն դեգերելու հրճուանքը, բայց հոգւոյս խորէն աստիճանաբար կ՚ելլէր անձկութեան, կարօտի ու սիրոյ մէգը
ու կը ծածկէր ողջ անձս։ Հոգիս օրօրելու, պատրելու[21] միջոցներ կ՝որոնէի ու կը զգայի, որ Փարիզէե պիտի հեռանամ՝ հետս տանելով անշիջելի կրակ մը։ Մենութեան ու լռութեան մէջ հոգիս վիրաւոր տատրակի մը պէս պիտի ձայնէ ու գիշերները արթուն պիտի պահէ զիս։ Ձեռքերս քունքերուս՝ պիտի համրեմ եկեղեցիի հսկայ ժամացոյցին հարուածները, պիտի հաշուեմ օրերն ու ժամերը, որ զիս պիտի բաժնեն յառաջիկայ արձակուրդէն։ Յետոյ առաւօտը պիտի ծագի, անձրեւաբեր հովեր պիտի ելլեն, ու վերստին երկիրը պիտի թրջի։ Ողջ մարմինս պիտի հայցէ իր կորուսեալ գարունը, ոը մէկ անգամ կը բողբոջի, որ մէկ անգամ խոխոջելէն կը հոսի։
* * *
Օրը չէր միայն, որ հաճելի էր, ոչ ալ այս հին ու ծանօթ փողոցին մտերմութիւնը։
Երկնքի պատառը, որ կ՝երեւար, ծափ էր ու մաքուր։ Դէպի Լիւքսէնպուրկի պարտէզին կողմը թեթեւ ոսկեգոյն մը կը դողար տուներուն վրայ։ Դիմացէն իր վեհափառ զանգուածովը երկինք կը ցցուէր պանթէոնի մթին շէնքը։ Ձեռքերս գրպաններս՝ կը քալէի ու աւելի ոչինչ կ՝ուզէի կեանքէն այդ օրուան համար։ Մարմինս թեթեւ էր ու դիւրաշարժ։
Վերջին անգամ գալէս ի վեր Սէնթ Ժնէվիէվի գրադարանը կերպարանափոխուած
էր։ Լուսառատ ու ընդարձակ սրահին մէջ առաւօտը զուարթ էր ու մեղմահոս։ Բարձրադիր ու լայն լուսամուտներէն աշնանային արեւը կը լենար ներս՝ ոռոգելով սեղանները։ Մարմինս զգաց այդ արեւը խորին հաճոյքով մը, ու լռութիւնը յամրօրէն պարուրեց զիս։ Նուրբ ու գրեթէ հաճելի նախանձ մը զգացի՝ դիտելով աղջիկներու եւ տղոց սիրուն գլուխները երկար սեղաններուն առջեւ։ Կեանքը չէ՞ր կրնար միթէ քիչ մը շռայլ ըլլալ հետս ու ձգել, որ քանի մը տարի խաղաղութեամբ ապրիմ այս թաղին մէջ՝ ժրաջան յամառութեամբ մը հաւաքելով մտքիս սնունդը։ Կեանքը չէ՞ր կրնար միթէ վերջապէս քիչ մը ժպտիլ երեսիս ու վերստին զուարթ երիտասարդութիւն մը պարգեւել՝ առանց առտնին ու տաժանելի հոգերու։ Այս տղոց պէս յանդուգն վստահութեամբ մը կուգայի հայրենական քաղաքէս՝ տիրելու համար երկրին, բուռն խանդավառութեամբ մը կապտելու[22] համար մարդոց ուշադրութիւնը։
Մեքենական արագութեամբ մը դիմեցի գրապահներէն մէկուն՝ ուրախանալով, որ
մարմինս չէ կորսնցուցած իր գրադարանային փորձառութիւնը։ Մարմինս մինակը կը քալէր սովորութեան հաճելի վերադարձով մը, մինչ հոգիս այլուր էր։ Գրապահը լռութեամբ ուզած գիրքս երկարեց ինձ, հոգիս, սակայն, նոյն յամառ կարօտով կը դեգերէր Աննային շուրջ։ 0՜, այդ խորունկը գաղտնօրէն ու ամօթահար կերպով ծալլապատիկ նստած մարդը, որ օրն ի բուն նոյն մտածումը կ՚որոճար։ Վանին գործը կը ձգէր իրիկուան վեցին ու հետեւաբար չէր կրնար Աննայի հետ ըլլալ։ Աննա առանձին էր անտարակոյս ու եթէ նոյնիսկ ուրիշի մը հետ էր, այդ ուրիշը Վանին չէր։
Այդ ուրիշը Վանին չէր...
* * *
Այդ ուրիշը Վանին չէր...
Ազատ աթոռի մը վրայ նստայ՝ առաւօտեան համբոյրը աչքերուս, ու բացի գիրքս։ Կ՝ուզէի երեկոյեան Իպսէնի «Փէր–Կիւնթ»ը տեսնելէ առաջ թատերախաղը անգամ մը եւս կարդալ, բայց Կրիկի զգայուն ու նուրբ նուագը մեղմ ալիքներով կը բարձրանար մարմնէս։ Սօլվէկի թախծալի երգը քաղցր հծծիւններով կը ծլէր շրթանցս վրայ։ Կը յիշէի
գարուններ երկրի վրայ ու առաւօտներ։ Կը յիշէի, ինչ որ անբանաձեւելի է ու խուսափուկ, ինչ որ մեղմօրէն կը սահի այգային վարդագոյն ժամերու ընթացքին։ Բարակ ու ճերմակ ծաղիկներու շափրակներուն վրայ արշալուսային կաթիլը, որ կը մսի։ Բզէզմը, որ կը ցատքէ ծղօտէ մը, ու երգ մը, որ հեռուէն աղօտ խլեակներով կփյնայ վրադ։
Գրքիս վրայ զուարթ ճառագայթ մը կը խաղար, քիչ մը կը հեռանար ու վերստին կուգար։ Ափովս հաւաքեցի զայն ու անոր բեկբեկուն շառաւիղը տեսայ ափիս մէջ սարսռուն երիզի մը պէս։ Ու հոգիս խորին հաճոյքով մը թրթռաց։ Ինչ որ կ՝ուզէի լռեցնել, այդ անպատեհ ու նսեմ ձայնն էր, որ անընդհատ կը մռլտար. «Այդ ուրիշը յամենայն դէպս Վանին չէ...»։
Այդ պահուն էր ահա, որ գրադարանի դրան մէջ նշմարեցի Աննայի հասակը։ Անմիջապէս աչքերս խոնարհեցի՝ զգալով սրտիս բաբախիւնը։ Ոչ մէկ զնով կ՝ուզէի ցոյց տալ, որ իր ներկայութիւնը հաճոյք կը պատճառէր ինձ։ Մեքենական ուշադրութեամբ մը կը շարունակէի ընթերցումս, ու բառերը ծիծաղելի ու տգեղ թզուկներու պէս կը լղարէին առջեւս։ Ինչ ալ պատահի, ակնարկդ չպիտի բարձրացնես, կ՝ըսէի, ու թող զգայ, որ կրնաս առանց իրեն ալ ապրիլ ու հաճոյք զգալ կեանքէն։ Վստահ էի, որ նշմարած էր զիս ու գուցէ զգացած, որ չէի ուզեր առաջին քայլը ընել։ Աղօտօրէն ինձ կը թուէր, թէ մեր հայեացքները հանդիպած էին իրարու։
Կռուփս քունքիս՝ ջանացի մոռնալ զինքը ու խրիլ ընթերցումիս մէջ։ Ողջ մարմինս
կը դողար, սակայն, ու սիրտս աղմուկով կը տրոփէր։ Սիրով տկար ու սիրով յանցաւոր եմ, կ՝ըսէի, ու ցմահ այսպէս պիտի ըլլամ՝ հարաւային բարտի մը, որ հովին էն չնչին ցունցէն կը դողդոջէ։ Արդեօք որուն գերզգայուն արիւնն է, որ կը կրեմ երակներուս մէջ՝ տենդով թունաւոր, ծարաւով տոչորուն։
Ու մտածել, որ այս բոլորը կրնային տեղի չունենալ, եթէ Քատէի հանդէսին գիշերը գլուխս դարձուցած չըլլայի։ Հոգեկան մակընթացութեան այդ մթնոլորտէն դուրս եթէ Աննային հանդիպած ըլլայի, յաջորդ օրը պիտի կարենայի մոռնալ զինքը։ Որքան չնչին պատահարներէ կախուած է յաճախ կեանքի մը առած ուղղութիւնը։ Ստուգիլ կարեւորը, անդորրութեամբ կարենալ ապրելու համար, ամէն վայրկեան ամէն ինչէ հրաժարիլ կարենալն է։ Մինչդեռ ես կը նմանիմ հաւատարիմ շան մը, որ վարժուած տան սեմէն չ՝ուզեր հեռանալ։
Գիրքս փակեցի ու որոշեցի առանց շուրջս նայելու ինքզինքս փողոց նետել։ Իրողութեան մէջ գուցէ շատ յստակօրէն գիտէի, թէ ինչ է ուզածս։ Գուցէ հոգւոյս որոնած սնունդը սիրոյ մորմոքն էր, անյոյս անձկութիւնը։ Թերն ու դէմը կշռելէ յետոյ նախընտրելի չէ՞ր միթէ երիտասարդ աղջկան մը քաղցր պատկերը կրել հոգւոյս խորը, քաղցր կարօտով մը տուայտիլ՝ փոխանակ նոր հիասթափութեամբ մը վիրաւորուելու։ Յետոյ անխուսափելի կռիւ մը կար՝ տաժանելի ու տմարդի, իմ եւ Վանիի միջել, եթէ մեզմէ մէկը Աննայէն հրաժարելու քաջութիւնը չունենար։ Կարծածէս աւելի խոնջ ու հմայաթափ էի նման կռուէ մը հաճոյք ու հպարտութիւն զգալու համար։ Ու ազատութիւնս, անտարակոյս, աւելի բան թանկագին էր՝ որեւէ յանձնառութեամբ զայն զեղչել կարենալու համար։ Կասկածելի յաղթանակէ մը աւելի կ՝արժէր ձեռնարկած չըլլալու հպարտութիւնը։
Ելայ ոտքի ու ուղղուեցայ դուրս՝ դողահար ու երկմիտ։ Հապճեպով գիրքս վերադարձուցի ու հրեցի դուռը։ Քարէ սանդուխներէն կ՝իջնէի՝ յուսալով, որ Աննա պիտի կեցնէ զիս։ Ոչ մէկ քայլի աղմուկ կար, սակայն, աստիճաններուն վրայ։ Շրթունքս խածի ու ինկայ փողոց։ Ու ծուլօրէն, երկարօրէն դեգերեցայ Լիւքսէնպուրկի պարտէզին արահետներուն վրայ։
* * *
Քանի մը օը յետոյ Վանին ինձ յայտնեց, թէ Աննա յաջողած է աշխատանք ճարել
հարուստ փաստաբանի մը մօտ։ Ըստ Վանիի՝ Աննա հնարաւորութիւն պիտի ունենար համալսարանական վերամուտին իր ընդհատուած ուսումը շարունակելու՝ միաժամանակ շահելով կեանքը։ Պատահմամբ հանդիպած ըլլալով Սէն Միշէլի ծառուղիին կից փողոցի մը մէջ՝ պատի մը տակ կեցած էինք՝ երկուքս ալ քիչ մը սրտնեղ, զգալով գուցէ, որ ճեղք մը բացուած է մեր բարեկամութեան մէջ։ Վանի, որ սովորաբաը խօսիլը չէր սիրեր, ճիգ կ՚ընէր խօսակցութիւնը շարունակելու։ Հարկ եղածէն աւելի սիրալիր երեւալու իր ակներեւ փափաքը յանկարծ անհերքելի ապացոյց մը թուեցաւ ինձ, թէ արդէն մեղանչած էր մեր՝ այնքան դժուարութեամբ շահուած բարեկամութեան դէմ։ Յանդուգն վստահութեամբ մը ու քիչ մը գթութեամբ հայեացքս բարձրացուցի ու երկարօրէն խուզարկեցի դէմքը։ Աչքերուն խորը մառախուղ կար կարծես ու ցաւագին ժպիտ մը շրթներուն բոլորտիքը։ Ողջ ղէմքը մթին տրտմութիւն մը ունէր։
Ինձ թուեցաւ, թէ Վանի խզած էր մեր միջեւ գոյութիւն ունեցող լուռ դաշինքը։ Իրողութեան մէջ, ինչ որ տաժանելի էր, արժանապատուութեանս զգացած վիրաւորանքն էր։ Ինչ որ կրնար սպասել ինձմէ, ստացած չէ՞ր միթէ։ Կամովին հեռացած էի Աննայէն՝ զգալով, որ անոր՝ մեզմէ մէկուն պատկանումը խորապէս պիտի վիրաւորէր միւսը։ Կրնայի յամառիլ ու մնալ, թիզ առ թիզ վիճիլ զայն՝ Աննան, մեր երկուքին քաղցր բարեկամուհին։ Կրցած ըլլալով յաղթել մակընթաց ցանկութեանս՝ այժմ լոկ զզուանք կը զգայի մեր կեղծ վերաբերումէն։ Վանի չէ՞ր կրնար միթէ բարեկամութեան նոյն ապացոյցը տալ, չէ՞ր կրնար միթէ իր սիրոյ ծարաւը ուրիշ աղջկան մը մօտ յագեցնել։
— Ինչ որ տաժանելի է,— ըսաւ Վանի՝ կռթնելով պատին,— մեր անհատականութեան երկուութիւնն է։ Փաստօրէն մեզմէ ոչ ոք յաջողած է լիովին ձերբազատուիլ քաղքենի բարոյականին ծածուկ զօրութենէն։ Մեր առօրեայ, ընթացիկ կեանքին մէջ իսկ հարկ է կիրարկել յեղափոխական սկզբունքները։ Մինչդեռ առաջին իրական դժուարութեան, որեւէ իրական կնճիռի առջեւ մեզմէ իւրաքանչիւրը ցոյց կուտայ իր բուն էութիւնը։ Մեր գաղափարները լոկ տեսական գեղեցկութիւն մը ունին, քանի որ կը շարունակենք ապրիլ՝ ընդունելով արդի վարչաձեւն ու բարքերը։
— Ի՞նչ առթիւ կ՚ըսես այդ բոլորը,— ըսի մեղմ ցրտութեամբ մը,— որու համար...
Անձկութեամբ նայեցանք իրարու, ու ամչնալով տեսայ, թէ ակնարկին մէջ ոչ մէկ
նենգութիւն կար։ Ամէն ինչ պայծառ ու մաքուր էր դէմքին վրայ։ Բայց այդ հանդարտութիւնը կրնար արդիւնքը ըլլալ նաեւ տրամաբանութեան խաղի մը։ Տուայտելով այդ տագնապալի անորոշութենէն՝ կը ջանայի որոնել իր բուն մտադրութիւնը։ Հոգւոյս խորը նոյն նուաստ երկիւղը կար միշտ։ Կը զգայի, որ եթէ Վանի խոստովանէր իր կապը Աննայի հետ, ամէն ինչ նոյնհետայն կրնար վերջանալ մեր միջեւ։ Բարեբախտաբար հանրաքարշ մը իր զանգուածեղ մարմնով ճեղքեց փողոցը՝ սարսելով պատերը։ Քանի մը վայրկեան լռեցինք։
— Օրերէ ի վեր մէջտեղ ելած չունիք,— յարեց Վանի նուրբ ժպիտով մը։— Այսօր
ճաշարանին առջեւ պատահմամբ հանդիպեցայ Աննային, ու ոտքի վրայ քանի մը վայր կեան խօսեցանք։ Մեկնելու վրայ էր, մինչ ես նոր կը հասնէի։ Կարծեմ վաղն իսկ պիտի փոխադրուի այդ փաստաբանին տունը...
Ինչու համար պէտքը կը տեսնէր այդ բոլորը ըսելու ինձ այդ նուրբ ժպիտովը։ Այժմ
ես էի կարծես, որ յանցաւոը կը զգայի ինքզինքս։ Օրերով որոճացած էի մթին կասկածներ ու քաջութիւնը չէի ունեցած բարեկամաբար ղիմաւորելու մէկը եւ միւսը։ Ու այժմ իսկ անընդունակ կը զգայի ինքզինքս կացութիւնը վերահաստատելու։ Անվերաղառնալիօ–
րէն կորուսեալ քաղցրութիւն մը կաը մեր միջեւ։ Կարծես տեղի ունեցած էր, ինչ որ անդարմանելի է։
— Նկատած ես,— ըսաւ Վանի՝ միշտ նոյն ժպիտը շրթունքին,— թէ մեր սերունդին պատկանող տղոց մօտ գաղափարական գետնի վրայ էն հաստատուն թուող բարեկամութիւնն իսկ կեանքի փորձին չի դիմանար։ Ի վերջոյ, մարդ նողկանք կը զգայ այս խախուտ յարաբերութիւներէն, այս կէս սուտերէն, այս մեղսակից լռութիւններէն, չնչին վատութիւններէն։
— Ի՞նչ ըսել կ՚ուզես,– պատասխանեցի՝ կորսնցնելով ինքզինքս,– որու համար կը
խօսիս։ Կրնաս աւելի պարզութեամբ միտքդ յայտնել։
— Ինծի եւ քեզի համար,– յարեց մեղմօրէն։
Լոկ իր արդարամտութիւնն էր, որ զսպեց բարկութիւնս։ Կ՚ուզէի առանց ցտեսութիւն ըսելու հեռանալ, բայց չկրցայ։ Անտարակոյս, չէի ուզեր խզման պատասխանատուութիւնը ստանձնել՝ նախազգալով, որ յետոյ կրնամ զղջալ։ Քով քովի սկսանք քալել՝ զգալով, որ հարկ էր հանդուրժել իրարու ներկայութեան, վիրաւորել ու վիրաւորուիլ՝ քիչ մը խաղաղութեամբ բաժնուիլ կարենալու համար։
— Այս օրերս Աննային հանդիպեցա՞ր,— հարցուց նայելով աչքերուս։
— Ո'չ,— ըսի ստելով։— Մեկնումի պատրաստութիւններ տեսնելու վրայ եմ։ Գործս ալ շատ ապահով չէ։ Դժուար ձմեռ մը ունինք առջեւնիս...
— Քեզ հեռուէն անգամ մը տեսեը է կարծեմ քանի մը օը առաջ։
— Կրնայ ըլլալ,— յարեցի զսպուած զայրոյթով մը.— օրն ի բուն այս կողմերն եմ։
Եթէ հեռուէն զիս նշմարած էր, կրնար մօտենալ կամ նշան ընել։
Մութը վարանելէն կը տատանէր ծառերուն վրայ, ու քաղքենի շուկատ[23] հովը փոքր ալիքներով կ՚ելլէր, շնչատ կը սպառէր սրճարաններուն առջեւ, յետոյ վերստին կը բարձրանար։ Հարաւէն մեծ ու ճերմակ ամպեր դանդաղօրէն կը հոսէին, մինչ բազմութիւնը թեթեւ աղմուկով մը կը յառաջանար՝ անուշադիր ու ընկլուզուած իր յարուցած անորոշ եռուզեռին մէջ։ Ընկեր մը տարիներ առաջ ժպտուն անտարբերութեամբ մը կըսէր ինձ, թէ ոչ ոք ուրիշը կրնայ սիրել, քանի որ ոչ ոք կրնայ լիովին մոռնալ ինքզինքը։ Մեր էն խորունկ գորովներուն իսկ կը խառնուի եսական հաճոյքի յետին համ մը։ Լոկ եղբայրութեան քաղցր փայլատակումներ, լոկ խանդավառութեան հրթիռներ, լոկ զգայարանական բորբոքումներ են, ինչ որ սէր կը կոչենք։ Ես ու Վանին ինչ որ չէինք ներեր իրարու, մեր հաւանական խղճի խայթն էր, մեր ծածուկ շահախնդրութիւնը։ Երկուքս ալ շաբաթներէ ի վեր գարշելի խաղ մը կը խաղայինք՝ ցոյց տալով առերեւոյթ ցրտութիւն մը Աննայի հանդէպ, մինչդեռ կը վառէինք սիրով։ Էն տաժանելին, սակայն, մեր կեղծ վեհանձնութիւնն էր, հեռանալու եւ միւսը ազատ ձգելու մեր սուտ շարժուձեւը։
— Բոլորս ալ կեանքին հետ անպատիւ խաղ մը կը խաղանք,— ըսի տենդով,— քանի որ անընդհատ կը ջանանք ծածկել մեր բուն էութիւնը։ Իրողութեան մէջ, առաւել կամ նուագ ուժգնութեամբ, բոլորս ալ մեր բնազդներուն գերին ենք։ Քաղաքակրթութիւնը ինչ է, եթէ ոչ այս բարբարոս ախորժակները մարդկայնացնելու, կանխորոշուած հունէ մը հոսեցնելու փորձ մը։ Գեղեցիկ կնոջ մը առջեւ մեզմէ էն քաղաքակրթուածին ցոյց տուած վերաբերումը իր էութեան մէջ նոյնն է, ինչ որ նախնական մարդունը...
— Ու բոլոր գեղեցիկ խօսքերը կը ծառայեն միայն այդ ախորժակները տանելի դարձնելու։ Ինչ որ կը պակսի մեզի, իրական եղբայրութիւնն է, արդարութիւնը։ Առաջին որսին դիմաց կը սկսինք սրել մեր ժանիքները ու ամէն ինչ կը մոռնանք՝ գաղափարական պայքար, քաղաքացիական պարտականութիւն եւայլն։ Բարեբախտաբար կեանքը
իր անողոք տրամաբանութեամբ երբեմն կը ստիպէ մեզ տէր ըլլալ մեր գաղափարներուն։
Կուշտ կուշտի կը յառաջանայինք՝ որոնելով հաշտութեան եզր մը, յուսալով, թէ գուցէ կրնանք բարեկամութիւնը փրկել։ Գիշերը զով էր, ու ամպերը, որ կը շարունակէին հոսիլ, կրնային քիչ յետոյ պատռիլ երկրին վրայ։ Տրտում խաղաղութիւն մը կար արդէն մեր միջեւ, բայց ոչ ես, ոչ Վանին կ՚ուզէինք առաջին քայլը ընել։ Աննպատակ կը դեգերէինք ծառուղին ի վար՝ առանց երեկոն միասին անցընել որոշելու կամ բաժնուելու քաջութեան։ Անկեղծութեան ու ջերմութեան այս պակասը երկուքիս համար ալ տաժանելի էր։
— Երբ պիտի մեկնիս,— հարցուց Վանի՝ բարձրացնելով դէմքը։
— Վեց եօթը օրէն, անշուշտ եթէ մինչ այդ Փարիզի շրջակայքը տեղ մը չկրնամ
ճարել...
— Եթէ ժամադրութիւն չունիս, եկուր երթանք Աննան գտնենք, ընթրիքէն յետոյ միասին տեղ մը կ՚երթանք...
Այդքանն իսկ դժուար էր ըսելը։ Դէմքը դարձուց անգին՝ գուցէ յուսալով, որ չպատասխանելու փափկանկատութիւնը կ՚ունենամ։ Կրնայի լռել, կրնայի անորոշ պատասխան մը տալ, բայց մարդը եղկելի էակ մըն է։ Ցոյց տալու համար, թէ իր առաջարկը բացարձակապէս անտարբեր կը թողուր զիս, ճիշդ այդ պահուն անցորդ լրագրավաճառ մը կեցուցի, երեկոյեան թերթ մը առի ու սկսայ աչքէ անցընել զայն։ Կեղծ շահագրգռութեանդ մը կը դարձնէի էջերը, մինչ Վանի ինքզինքին հետ կը կռուէր՝ անախորժ խօսք մը չըսելու համար։ Լռութեամբ քիչ մը եւս քալեցինք ու լռութեամբ ձեռք երկարեցինք իրարու։ Երբ գլուխս դարձուցի, Վանի հեռացած էր արդէն։ Կը տեսնէի քիչ մը կքած ու երկար հասակը, որ կարծես տաժանքով կը կրէր կեանքի բեռը։
Առանձին մնալէ յետոյ է, որ զգացի, թէ հոգւոյս խորը գէշ ուրախութիւն մը կար, ու կ՚ուզէի ժլատօրէն մինակ վայելել զայն։ Ջղային քայլերով կը ճեղքէի գիշերը, ու շրթանցս վրայ կը ծլէին նոյն վատ բառերը՝ ոչ, յամենայն դէպս այդ ուրիշը Վանին չէր։
VI
Հիւսիսի այդ բարակ ու սլացիկ աղջիկը, այդ աստուածային Կրեթա Կարպօն, ինչպէս կը կոչէին զինքը, այլեւս ծերացած էր, ու ատիկա յստակօրէն կ՚երեւէր նոյնիսկ ժապաւէնին վրայ։ Էգ յովագի մը պէս կը նետուէր աոաջ՝ մարմնի տարականոն ճկունութեամբ մը, բայց իր աչքերուն խորը մարդ կը զգար կեանքի յոգնութիւնը, դարանակալ ծերութիւնը, որ օր մը մոխիրի պիտի վերածիր բուռն այլ զսպուած յուզումներու այդ ճերմակ անօթը։ Միշտ նրբօրէն գազան կին մըն էր անշուշտ, որ կրնայ չնչին շարժումով մը ծերերու արիւնը տաքցնել ու երիտասարդները մղել սեռային տագնապի ու անձկութեան։ Բայց անկեալ բան մը կար, անբանաձեւելի զեղչում մը, որ տրտմօրէն վերջնական կը թուէր։
«Գալով Մամուլեանին՝ քաղքենիութիւնը իր մակարդակին իջեցուցեր է նաեւ այս հրաշալի տղան»,– ըսի իւրովի։
Յետոյ հեռուն էի այլեւս՝ երազներու եւ յիշատակներու լճի մը մէջ։ Գարունը նրբօրէն իր դրասանգները կը հիւսէր գաւառական քաղաքին արահետներուն շուրջ։ Ջրանցքէն քիչ մը հեռու աւատական հին դղեակ մը կար՝ դարաւոր պատերով։ Նուրբ ճամբայ մը կ՚եզերէր զայն ու կը կորսուէր հեռուն՝ անտառին խորը։ Ինչ որ թրթռուն ու գարնանային էր իրապէս, բարտիևերուն մատաղ գեղեցկութիւնն էր։ Երեկոյեան հովը վերէև մեղմօրէն կը հպէր անոնց կատարներուն, ու արծաթահունչ հծծիւնով մը բարտիները կը դողային, կը դողդոջէին, կը սարսռային։ Կը սիրէի յենուլ հանդիպակաց պատին ու երկարօրէն դիտել զանոնք։ Լոյսի զանակնհր թեթեւօրէն կը թռչէին տերեւէ տերեւ։ Ճիւղէ
մը թռչուն մը կը խզէր երեկոյեան քաղցը անդորրութիւնը։ Իր սրտակեղեք ճիչը կը զարնուէր դղեակին պատերուն։ Ո՞վ էին դղեակին բնակիչները։ Երբեք հնամեայ ու երկաթապատ դուռը բաց չէի տեսած։ Կ՚երեւակայէի դալարիքով եզերուած ճամբայ մը, որ արտաքին պատերէն կը հասնէր ներքին դրան, ածուներ, ուր ամրան լիութիւնը երանգ առ երանգ պիտի բացուէր։ Այդ պահերուն էր ահաւասիկ, որ հոգիս կը մոլորէր իր յարուցած յազումին շաւիղներուն մէջ։ Հանդարտօրէն կը վերադառնայի՝ բերելով ջրանցքը, ու ողջ գիշերը չէի կրնար խաղաղութեամբ ննջել։
Պաստառին վրայ Կրեթա Կարպօ կը շարունակէր անձնաւորել իր խօլ թագուհին։
Ինչ որ աչքերս պահած էին իրմէն, մարմինը ծայրայեղ զգայնութեամբ մը տեղափոխելու եղանակն էր, եւ ուրիշ ոչինչ։ Աննշան շարժումներ են, ձայնի չնչին յապաղումներ, ակնարկի մը նուաղուն անձնաւորութիւնը, որ յաճախ կ՚արթնցնեն մեր ներքին գազանը։ Խորունկ ու յանցաւոր հաճոյքով մը դիտեցի Լիւսին, ու երբ դէմքը ինձ դարձուց, տեսայ, որ աչքերը թրջած էին։ Մեղմօրէն ծռեցաւ վրաս ու ամչնալով փսփսաց.
— Անմիտ բան մըն է շարժանկարի երիզի մը պատճառաւ լալը, բայց այնքան հաճելի ու սփոփարար է արցունքը յաճախ...
Կիսամութին մէջ որոնեցի ձեռքը ու առաջին անգամ ըլլալով՝ ափիս մէջ երկարօրէն պահեցի զայն։ Կը զգա՞ր արդեօք գուրգուրանքս։ Դողդոջուն կը հետեւէր երիզին, ու իր դէմքը ողողուած էր քաղցր կիսալոյսով մը։ Թաթիկը տաք էր ու կը յայտնէր մարմնին խռովքը։ Յանկարծ իր աղուոր աչքերը բարձրացուց ու երկարօրէն նայեցաւ ինձ։ Գլուխը բրտութեամբ սեղմեցի կուրծքիս վրայ ու յեղակարծ կրքով մը համբուրեցի շրթունքները։ Բերանը մեղմօրէն դողաց համբոյրէս, ու իր ձեռքը ափիս մէջ վիրաւոր թռչունի մը պէս թպրտաց։ Յազումէս խոնջ ու ամօթահար անակնկալ արարքիս պատճառաւ, ծռելով վրան՝ ըսի.
— Լիւսի՛, գուցէ վիրաւորեցի Ձեզ...
Արցունքները սրբեց ու երկարօրէն դիտեց զիս, արտասուքի կայլակ մը դեռ կը պլպլար թարթիչներուն եզերքը։
— Եթէ քիչ մը զիս սիրած ըլլայիք, թերեւս ոչ,— ըսաւ մեղմօրէն։
Չհամարձակեցայ վերստին սեղմել ձեռքը ու յանկարծ յիշեցի Աննան։ Ու քանի Աննայի ստուերը կը պայծառանար, այնքան ցանկութիւնս բուռն ու անյետաձգելի կը դառնար։ Թեւս նետեցի Լիւսիի ուսին, ու անոր լուռ ընդդիմութիւնը մտրակեց արիւնս։
— Օ՜ ոչ,— բացականչեց խուլ ձայնով մը,— ո՛չ...
Առանց բառ մը արտասանելու՝ ձգեցի զինքը։ Յազումէս ու ամօթէս կը դողայի, ու այն գաղափարը, թէ երիտասարդ ընկերուհիի մը վստահութիւնը չարաչար գործածած էի, կր պղտորէր հոգիս։ Արու մը գրեթէ միշտ հասարակ է, կ'ըսէի իւրովի։ Կ'արժէ՞ր միթէ վաղանցուկ հաճոյքի մը համար ղիմաւորել նուաստացուցիչ մերժում մը։ Ձեռքերս ծունկերուս միջեւ ու կծկուած՝ փորձեցի հետեւիլ ժապաւէնին, բայց մարմինս արթուն էր անհանգիստ խղճի մը պէս։
— Օ՜, տեսէ՛ք,— յարեց Լիւսի,— Կարպօն զմայլելէ է հոս...
Մեր ակնարկները արագ փայլատակումի մը մէջ հանդիպեցան իրարու, ու զգացի խորապէս, թէ վշտացուցած չեմ զինքը։ Բիբերուն խորէն արցունքով թրջած ժպիտ մը բուսաւ ու լուսաւորեց դէմքը։
— Գիտեմ որ ծիծաղելի եմ,— ըսաւ,— այս դիւրին յուզումիս պատճառաւ, բայց չեմ կրնար ինքզինքս զսպել։ Երբ պզտիկ էի, չնչին դէպք մը կը բաւէր զիս յուզելու համար...
Տեսնելով վերապահութիւնս՝ զգաց, որ իր մերժումը վիրաւորած է զիս։ Դէմքը դարձուց անդին, ու զգացի իր դողահար ձեռքը ձեռքիս վրայ։ Մեղմօրէն կը շոյէի այդ նուրբ թաթը՝ մտածելով Աննային ու զգալով, որ յանցաւոր եմ առանց սիրոյ աղջիկ մը ցան–
կալուս համար։ Այժմ վստահութեամբ սեղմուած էր ինձ, ու մարմինս մեղապարտ ուրախութեամբ մը կը զգար անոր մարմնին հաճելի բոյրը։ Կ՚ուզէի սիրոյ մեղմ ու հեզ բառեր ըսել, բայց շրթեերս անկարող էին ստել։ Ջերմ համբոյրով մը հպեցայ պարանոցին՝ շնչելով կուրծքերուն բուրումը։
— Առաջին հանդիպման իսկ,— ըսի ցած,— սիրեցի Ձեր մարմնին բուրումը՝ շահպրակի եւ մեխակի խառնուրդ բոյր մը։
— Աժան անուշահոտութիւն մըն է,— ըսաւ՝ փորձելով ժպտիլ։
Ագահ հաճոյքով մը կը դիտէի կուրծքերուն գունդերը։ Աշնանային մութ-մոխրագոյն շրջազգեստին տակ գրաւիչ գեղեցկութիւն մը ունէր մարմինը։
— Եթէ արձակուրդին սկիզբը ըլլար, կրնայի Ձեզ ընթրիքի հրաւիրել,— ըսի
ականջն ի վար։— Մինչեւ կէսգիշեր ծառուղիներուն վրայ կրնայինք դեգերիլ։ Քանի տարիները կը դիզուին իրարու վրայ, այնքան աւելի կը սիրեմ այս քաղաքին ալեկոծ ու խորունկ գիշերները։
Գրեթէ գորովով սեղմուեցաւ կուրծքիս։ Կը զգայի, որ այլեւս պատրաստ էր համբոյրս ընդունելու։ Իր անկեղծ ու հաւանաբար դեռ անփորձառու աղջկան ամօթխածութիւնը խորին ուրախութիւն մը կը պատճառէր ինձ։
— Եթէ տունէն չսպասէին, կը կենայի, բայց եղբօրս կինը կ՚անհանգստանայ։ Չեմ
սիրեր գիշերները ուշ վերադառնալ...
— Պէտք է որ կենաք այս գիշեր,— ըսի մեղմիւ՝ նայելով աչքերուն խորը։
Առանց դոյզն ընդդիմութեան թողուց, որ շրթունքները համբուրեմ։ Մարմինը կը
դողդոջէր, ու կուրծքերը կը հեւային։
— 0՜, ձգեցէք զիս այժմ,— կ՚ըսէր մեքենաբար,— ձգէ զիս...
Երբ սրահը ձգեցինք, փողոցին մէջ գիշերային եռուզեռը սկսած էր արդէն։ Թեւանցուկ կը ճեղքէինք գլխաւոր պողոտաներու մոլար բազմութիւնը, ու գիշերը մեղսակցութեամբ մեզ կը մօտեցնէր իրարու։ Հակառակ շուրջի ժխորին ու բազմութեան՝ Լիւսի տակաւին չէր յաջողած թօթուել ժապաւէնին հմայքը։ Ակնարկը հեռուն՝ կը քալէր, ու իր ողջ անձին վրայ կը զգայի հաճելի խռովք մը։
— Ձմեռը մթին ու տաժանելիօրէն երկար է մեր քաղաքին մէջ,— ըսի շատ մեղմիւ,— օրն ի բուն ու գիշերն ի բուն կ՚անձրեւէ աշնան վերջին, ու յետոյ ձիւնը, որ խոնաւ է ու թաց, որ հիւսիսի ձիւներուն բանաստեղծութիւնը չունի։ Մարդ զայրոյթէն կրնայ դաստակները խածնել գիշերը անկողնին մէջ։
— Իսկ Շաբաթ երեկոները, Կիրակիները...
— Աւելի անտանելի են ու ձանձրալի, քան միւս օրերը։ Հոգիդ կռուփիդ մէջ սեղմած՝ է կը սպասես գիշերուան։ Միայն գիշերը բարի է, միայն անկողինը...
— Եթէ կ՚ուզէք, Ձեզի կանոնաւորաբար կը գրեմ,— ըսաւ մեղմիւ,— ընթրիքէն յետոյ միշտ քիչ մը ազատ ժամանակ ունիմ։
Թեւովս կը հպէի աջ կուրծքին, կը զգայի կուրծքին հաճելի ու գիրգ շնորհը։ Ու միշտ խորունկէն կը յիշէի Աննան, ու ամէն արարք, ամէն բառ յանցաւոր կը թուէր։ Նաւաբեկեալի մը պէս հոգիս կը պլլուէր այս աղջկան վճիտ հոգւոյն։ Կ՚երեւակայէի զինքը գաւառական պզտիկ քաղաքին մէջ՝ քովս ի վեր, լուսաւորելով ձմրան մառախլապատ Կիրակի մը։
— Խոստացէք, որ երբեմն պիտի գաք զիս տեսնելու,— ըսի,— ամբողջ օր մը կրնանք միասին անցընել։ Քաղաքը անշուշտ հաճելի չէ, բայց երկուքով գուցէ կրնանք քիչ մը երջանիկ ըլլալ։
Անկասկած ճշմարիտ չէր ըսածս։ Ինչ որ կը յուսայի իրմէն, իր երիտասարդութիւնն էր ու խաղաղութիւնը, որ կրնար պարգեւել մարմնիս։ Ինչ որ կը յուսայի, հաճոյքն էր՝ առանց ծախքի ու վտանգի։
— Դժուար է,— ըսաւ կանգ առնելով,— մերինները կը ճանչնան բոլոր բարեկամուհիներս...
Անձրեւի կաթիլները զարնուեցան դէմքիս՝ բարակ հովի մը հետ խառն։ Թեւս նետեցի ուսին՝ ուզելով տաքցնել զինքը, փորձելով երջանիկ ըլլալ, մոռնալ Աննան։
— Վաղը չէ միւս օրը Պիւլիէ հաւաքոյթ մը կայ, պիտի երթաք...
Որոշեցինք հանդիպիլ ու միասին երթալ։
— Եթէ ուզէք, կուգամ դպրոցէն Ձեզ կ՚առնեմ,— ըսի հաճոյակատարութեամբ։
Փողոցի մը անունը տուաւ, որուն անկիւնը հարկ էր սպասել։ Անձրեւը սկսաւ շատնալ, գրեթէ կը թրջէինք։ Պատի մը տակ կծկուեցանք տան մը դրան մօտ՝ դիտելով անձրեւը քաղաքին վրայ, դիտելով անձրեւին տակ քաղաքին լուսաթաթախ ու քիչ մը տրտում գեղեցկութիւնը։ 0՜, քաղաքին խորունկ ու հմայական գիշերը, որ ապաստան կուտար բոլոր սիրով տանջուողներուն, անոնց, որ զրկուած էին, ու անոնց, ոը վաստակաբեկ էին օրուան դառն աշխատանքէն։
* * *
Աննա նշմարեց մեզ ճիշդ այդ դիրքին մէջ։
Կուշտ կուշտի ոտքի էինք ես ու Լիւսին՝ գրկած իրար։ Մեր վարսերը կը խառնուէին իրարու, այտիս վրայ կը զգայի իր քաղցր շունչը։ Ու մինչդեո Պիւլիէի ընդարձակ կամարներուն տակ բազմութիւնը կ՚աեկոծէր, ես ու Լիւսին կը գուրգուրայինք իրար։ Ու ճիշդ այդ դիրքին մէջ էր, որ Աննա նշմարեց մեզ։ Երկվայրկեան մը նայեցաւ աչքերուս, ու ես չկրցայ յստակօրէն որոշել, թէ ինչ էր իր կրած տպաւորութիւնը։ Ինձմէ աոաջ, սակայն, ձեռքը բարձրացուց ու բարեւեց զիս։ Հեռուէն տեսայ անորոշ ժպտի մը ծլիլը դէմքին վրայ։
Տեսայ վարակիչ խանդավառութեան ու ժխորին մէջ ջանացի մոռնալ զինքը, բայց
կարելի չէր։ Երկվայրկեանը անգամ մը դէմքս կը դարձնէի ու ագահութեամբ կը դիտէի զինքը։ Կը լսէի սրտիս տրոփիւնը ու զայրոյթէս շրթունքներս կը խածնէի։ Աննա եւս կը դիտէր զիս, ու երբ մեր հայեացքները կը հանդիպէին իրարու, կը փորձէինք ժպտիլ։ Բանախօսին արտասանած բառերը գլխուս վրայէն կը սուրային՝ կարծես առանց հպելու ինձ։ Յուզուած, երջանիկ ու դողահար էի՝ տեսնելով, որ Աննա մինակ էր։ Զայն կը վերագտնէի գեղեցիկ ու թրթռուն։ Կիսադէմքը, որ հայեացքիս շրջանակին մէջ կ՚իյնաը, նրբօրէն գունատ կը թուէր։
Անզգալաբար ձգած էի Լիւսին, որ, հեւ ի հեւ հետեւելով բանախօսութեան, չէր զգար հեռաւորութիւնս։ Երբ հաւաքոյթը վերջացաւ, բնազդարար ուզեցի բազմութիւնը ճեղքել՝ բարեւելու համար Աննան, վասնզի հոգիս զեղուն էր ու անոխակալ, բայց յանկարծ յիշեցի Լիւսին։ Ձգել զայն հոս սուտ պատրուակով մը կարելի չէր։ Բռնադատելով ինքզինքս՝ գրկեցի ուսը, մինչ ան բազմութեան հետ կ՚երգէր։ Իը ձայնը մարզուած ու անուշ էր, կը զգայի իր մատղաշ հոգին երգին ելեւէջներուն մէջէն, ու ողջ մարմինս կը հրճուէր։ Կ՚ուզէի շատ սիրել զինքը արուարձանի խաղաղ տան մը մէջ։ Երեկոները կայարանը կը սպասէինք իրարու, սիրով ամուսնական ողջոյնը կը փոխանակէինք ու կը ցատքէինք կաոաշար։ Գուցէ կարելի երջանկութիւն մըն էր ասիկա, սիրելի գերեզման մը։
Գլխաւոր դրան չմօտեցած՝ բառացիօրէն Աննա վազեց վրաս ու երկու ձեոքերս
թօթուեց։ Իր պայծառ աչքերուն խորը գարուն էր, առաւօտ էր։ Քիչ մը շփոթ՝ զինքը ներկայացուցի Լիւսիին ու վերստին ուսէն գրկեցի այս վերջինը։ Ո՞վ երկրի վրայ կրնայ լիո–
վին տէր ըլլալ իր արարքներուն։ Գուցէ յետին միտքս անպայման Աննայի ցոյց տալ չէր, թէ ուրիշ աղջիկ մը կրնայ աւելի գորովալի ըլլալ հետս։ Մնաց որ Աննա ցոյց չէր տար, թէ կը նշմարէր մեր մտերմութիւնը։
— Իսկ Վանի՞ն,— ըսի մեղմօրէն։
— Լռէ՛,— պատասխանեց ժպտուն,— երկուքդ ալ զիս բացարձակապէս մոռցաք։ Օրերէ ի վեր բանտարկուած եմ տունը։
— Աշխատանքէդ գոհ ես, Աննա։
— Գոհ կամ դժգոհ՝ նոյնը չէ միթէ, ընտրելու իրաւունքը չունենալէս յետոյ ստիպուած եմ համակերպիլ։ Կինը բարեկիրթ ու վերապահ է, իսկ ամուսինը սկսած է արդէն քիչ մը շատ ժպտիլ։ Կը վախնամ, որ հանգիստ չձգէ զիս...
Խառնուած բազմութեան՝ հասանք մինչեւ Մօնփարնաս։ Լիւսի եւ Աննա կը քալէին կուշտ կուշտի։ Հոգւոյս խորը գոհ էի դիպուածէն՝ զիս կեղծ դրութենէ մը փրկած ըլլալուն համար։ Անցեալ տարի ձմրան գէշ օրերուն, կծկտած անկողնիս մէջ, երբեւիցէ յուսացած էի միթէ ասկէ աւելին։ Մէկուն կամ միւսին ժպիտը կը բաւէր՝ լուսաւորելու համար գաւառական քաղաքին մառախլապատ օրը։ Ի՜նչ քաղցր անձկութեամբ պիտի սպասէի սուրհանդակին ու ի՜նչ յուզումով պիտի գրէի իրենց՝ ըսելու համար մթին մենութեան մէջ ապրող մարդու մը անձկութիւնն ու զօրութիւնը։
— Եթէ ձեզ չեմ խանգարեր,— ըսաւ Աննա,— մինչեւ կայարան կ՚ընկերանամ ձեզի. քնանալու ոչ մէկ փափաք ունիմ։
Իրապէս համակրանք կը զգայի՞ն արդեօք իրարու հանդէպ։ Քովքովի, գրեթէ գլուխ գլխի՝ ջղային հապճեպով մը կը հարցաքննէին իրար ու կայարան չհասած՝ արդէն գիտէին, ինչ որ անհրաժեշտ է, ինչ որ մեծ քաղաքի մը մէջ ապրող էակ մը կրնայ ըսել ուրիշի մը։ Շոգեկառքը հասած չըլլալով՝ շուրջ տասը վայրկեան դեգերեցանք սպասման գլխաւոր սրահին մէջ։ Ծայրայեղ շահագրգռութեամբ մը կը դիտէի զիրենք՝ հետեւելով իրենց էն չնչին շարժումներուն։ Անտարակուսելիօրէն աւելի գեղեցիկ էր Աննա, աչքերուն խորը կար կեանքի կրակը, շարժումներուն մէջ՝ յաղթական ու յանդուգն իգութիւն մը։ Շրթունքներուն վրայ եւս կրակ կար ու գարուն։ Քալուածքը քիչ մը արական կը թուէր, բայց կը բաւէր մարմնի պզտիկ ցնցում մը՝ զայն խելայեղօրէն ցանկալու համար։
— Վաղը առաւօտ վեցին հարկ է արթննալ,— ըսաւ Լիւսի,— բարեբախտաբար եղբօրս կինը ձայն կուտայ։ Հինգ ժամ քունը իրապէս անբաւական է...
Ջերմ բարեկամութեամբ մը ձեռքը երկարեց՝ նայելով աչքերուս։ Ուժէս վեր էր զայն առանձին ձգել՝ առանց քաղցր խօսք մը ըսելու։
— Մեկնելէ առաջ անգամ մը եւս պիտի կրնամ Ձեզ տեսնել, Լիւսի՛:
— Երբ որ ուզէք,— ըսաւ մեղմօրէն,— վաղը, միւս օր...
— Վաղը, Լիւսխ նոյն փողոցին անկիւնը, նոյն ժամուն...
Կառաշարը շարժեց իր սեւ մարմինը։ Երկաթուղակառքի դռնակին մէջէն դեո վայրկեան մը տեսանք զայն՝ իր մաքուր ու հաճելի դէմքովը։ Յեւոոյ գիշերը մեզ բաժնեց իրարմէ։ Գիշերը խլեց ու տարաւ զայն։
— Բարեբախտաբար դեռ նման քաղցր էակներ կան երկրի վրայ,— ըսաւ Աննա՝ աչքերը խոնարհած,— ոչ միայն ուրախութիւն, այլեւ խաղաղութիւն ու ապահովութիւն կը զգայ մարգ իրենց ներկայութեան։
Յամրօրէն ելանք դուրս, եւ գիշերը աստեղաթաթախ էր, գիշերը հաճելիօրէն զով էր ու քիչ մը մելամաղձոտ։ Փողոցներուն մէջ անցորդները դեռ շատ էին։ Ծայրամասի թաղերուն մէջ գուցէ քաղաքը կը ննջէր, հոս, սակայն, սրճարաններուն դարպասները ցանուցիր զոյգեր կային դեռ։ Քաղաքը մարդկային մարմնին պէս է, կ՚ըսէի իւրովի, քունը
զայն կը գրաւէ եզերքներէն՝ հոգին ձգելով արթուն, բաբախուն, անձկալի։ Թաղեր կան, որ անհանգիստ մրափով մը կը գոհանան, ու ուրիշներ, որ գիշերն ի բուն կը հսկեն։
Կ՚ուզէի առանձին նստիլ սրճարանի մը յառաջամասը ու քաղաքին գիշերը դիտել,
թող տալ, ոը հոգիս մեղմօըէն հանգստանայ։ Յայնժամ հեռաւոը յիշատակներ կը բարձրանային հոգւոյս խորէն՝ ծաղիկներու պէս, որ անզգալիօրէն կը բուսնին գիշերն ի բուն։ Առաւօտեան մարդ թրթռուն հրճուանքով մը կը դիտէ անոնց պսակները՝ օրհնելով բնութեան՝ ամէն օր նորոգուող ուժը։
Կը քալէինք համընթաց ու վարանոտ քայլերով, ու լռութիւնը մեզ կը վերադարձնէր
մեր էութեան, մեր վշտերուն, մտահոգութիւններուն, որ վաղը առաւօտ կը սպասէին մեզի։ Մարդուն գլխատը հոգը իը խաղաղութիւնն է, կ՚ըսէի, մինչդեռ օրն ի բուն մեր առտնին արարքներով կը պղտորենք զայն։ Ինչ որ հոգիս կը ցանկար այդ վայրկեանին, գիշերուան անդորրութիւնն էր։ Կրնայի մինակս նստիլ անկիւն մը ու ղանղաղ հաճոյքով մը վայելել ազատութեան վեըջին գիշերներէս մէկը։ Յետոյ կ՚ելլէի դուրս՝ ձեռքերս գրպաններս, գլանիկ մը շրթունքիս, ու յամրօրէն կ՚երթայի կայարան՝ վերջին շոգեկառքը առնելու։ Մասնաբաժնին պատուհանը կը բանայի՝ դիտելու համար արուարձաններու մթին ու մետաղային դաշտանկարները։
Աննա կը քալէր քովէս, սակայն, ու անոր մարմնին իւրաքանչիւր շարժումին հետ
սէրս կը զարթնուր անդարմանելի վէրքով մը։ Հպարտութիւնս կուրծքիս տակ կը մռնչէր, ու ցանկութիւնը կը սարսէր մաըմինս։ Ինչ որ զիս կը բաժնէր իրմէն, սիրոյս սաստկութիւնն էր, անյագ ծարաւս։ Ինչ որ տաժանելի էր, հոգւոյս գերութիւնն էր ու մարմնիս յանցապարտ տկարութիւնը։ Ինչու Աննան եւ ոչ Լիւսին։ Այն զուարթ կուրծքերով աղախինը, որ ձմրան վերջերը աղքատիկ մահիճս կը տաքցնէր, չէ՞ր բաւեր միթէ խաղաղեցնելու համար արեանս տենդը։ Կը բաւէր, ոը Աննա վերսկսէր խօսիլ, որպէսզի վերստին հոգիս թաւալգլոր իյնար անձկութեան ու տագնապի գիշերուան մը մէջ։ Կողմնակի ակնարկով մը կը դիտէի իր գիշերային գեղեցկութիւնը, ու ազատութիւնս մանկութեան երգի մը պէս անուշ ու անփոխարինելի կը թուէր։
Փողոցի մը անկիւնը Աննա մօտեցաւ ինձ, կարծես կ՚ուզէր թեւս մտնել։ Փորձելով
չնկատել իր շարժումը՝ ձեռքս դրի գրպանս՝ յագեցնելու համար ծածուկ քինախնդրութիւն մը, որ սիրոյս ուժգնութենէն կուգար։ Զայն արհամարհելու, անուանարկելու ուժեղ փափաք մը կը ցնցէր զիս։ Կ՚ուզէի անարգական բառեր նետել երեսին՝ դիտելու համար դէմքին մռայլ նուաստութիւնը։
— Տասնեւհինգ օր մը կայ, որ քեզ չեմ տեսած,— ըսաւ նայելով աչքերուս,— ոչ ալ Վանին։ Կարծես թէ նախօրօք համաձայնած էիք՝ զիս երեսի վրայ ձգելու համար։ Ամբողջ օրը երկու լակոտներու քմահաճոյքները գոհացնելէ յետոյ մարդ գիշերը գէթ կ՛ուզէ քիչ մը օդ առնել, զգալ, ոը ինք եւս անհատականութիւն մըն է, ապրող էակ մը...
Կրնար ըլլալ միթէ, որ անգիտանար, թէ մեր երկուքին միջեւ իր երիտասարդութիւնը որոգայթ մըն էր ու խրամ մը։ Ի՞նչ կը յուսար մեզմէ։ Գուցէ խաղաղ ու անվնաս բարեկամութիւն մը, որ կը գոհանայ առերեւոյթ մտերմութեամբ, որ կը բողբոջի զսպուած կորովի ու բռնադատուած ցանկութեանց հիւանդ մթնոլորտի մը մէջ։
— Կը կարծէի, թէ դիւրաւ պիտի հաշտուիմ նոր կեանքիս հետ, բայց տաժանելի է ուրիշներու յարկին տակ ապրիլ, ուրիշներու ծառայել։ Ամէն վայրկեան կը թուի, թէ կը նուաստացնեն քեզ։ Առաջին գիշերը չկրցայ քնանալ, թէեւ սենեակս հաճելի էր՝ փայտէ սիրուն անկողին մը, փողոցին վրայ պատուհան, պատերը մէկ քանի նկարներ։ Ոտքի պատուհանին առջեւ՝ ժամերով դիտեցի ննջող քաղաքը ու յիշեցի մանկութիւնս։ Երկար ատենէ ի վեր առաջին ան գամ ըլլալով՝ սկսած եմ անքնութենէ տառապիլ։ Մտածեցի նաեւ քու վրադ։
374 «Դառն հացը»
Սալայատակին եզերքը կեցաւ։ Կիսալոյսին մէջ նրբօրէն գունատ ու թափանցիկ էր դէմքը։ Դէմքս դարձուցի ու գլանիկ մը վառեցի՝ փորձելով ազատիլ իր մթին հմայքէն, իր ներխուժող խռովքէն, փորձելով չլսել անունը, որուն ծլիլը կը զգայի շրթներուն վրայ։
— Ու Վանին,— աւելցուց։
Պէտք չունէր ըսելու ատիկա, քանի որ յստակօրէն կը զգայի ընկերոջս ներկայութիւնը մեր երկուքին միջեւ։ Անտարակոյս, չէր զգար ինձ պատճառած մթին ցաւը։ Գէշ զգացումներ կը ծլէին հոգւոյս խորը ու արագութեամբ կը ծածկէին ամէն գորով։ Իրողութեան մէջ, հասարակ տուայտանք մըն էր, գռեհիկ կռիւ մը։ Վանին եւ ես կը ցանկայինք նոյն աղջիկը, կարծես թէ թանկագին իր մը ըլլար, իսկ ան մեր երկուքին միջեւ կը վարանէր՝ չկրնալով որոշել, թէ ուր է իր խաղաղութիւնը։
Վերջին հանրակառք մը աղմուկով պատռեց գիշերը, կարծես լուսաւորեց զայն։ Յետոյ քիչ մը հեռուն խուլ գոչիւնով մը կեցաւ։ Հազուադէպ անցորդներ իջան վար, ու ուրիշներ ելան վեր։ Ու վերստին գիշերը իր խոնջ գլուխը դրաւ քաղաքին քարափներուն վրայ ու փորձեց ննջել։
— Դժուարը մարդոց հետ հաշտութեամբ ապրիլն է,— ըսաւ Աննա,— բարեկամութեամբ մը, որ կը տոկայ կեանքի ելեւէջներուն։
— Բարեկամութիւներ կան, որ կը տոկան, Աննա՛...
— Գուցէ, բայց աղօտացած, զեղչուած։ Ամէն երեւոյթի պէս մարդոց յարաբերութիւններն ալ որոշ շրջան մը կը բոլորեն, կարգ մը վիճակներէ կ՚անցնին ու հուսկ ապա կը վերածուին խղճալի սովորութեան մը, ձեւականութեան։
Արագ շարժումով մը մտաւ թեւս ու մարմնին հաճելի ծանրութեամբը կախուեցաւ վրաս։ Ի՞նչ ճամբայ կտրած էր իր մտածումը՝ յանգելու համար այդ դառն խորհրդածութեան։ Եզրակացութիւնը չէր, որ կը շահագրգռէր զիս, այլ այն տարրերը, որոնց վրայ կը յենուր՝ դատելու համար զիս ու Վանին։
— Կարծեմ վերջին շոգեկառքդ փախցուցիր։ Ստիպուած պիտի մնաս հետս։ Կը յուսամ, որ չես զղջար տուն վերադարձած չըլլալուդ համար...
— Անտարակոյս ոչ,— ըսի մեղմօրէն,— մանաւանդ որ քանի մը օրէն պիտի մեկնիմ ու հաւանաբար երկար ատեն չկրնամ վերստին տեսնել քեզ։
Հեգնութեամբ նայեցայ աչքերուն։
— Ու Վանին,— աւելցուցի ժպտուն։
Լուռ մեղադրանքով մը դիտեց զիս, ու առաջին անգամ ըլլալով՝ կարմիր ու մսեղ շրթունքներուն վրայ նշմարեցի ցաւագին ժպիտ մը։ Նոյն տրտում ժպիտը բիբերուն խորը կը նմանէր արցունքի պուտերու։
— Մինչեւ ե՞րբ պիտի մնանք, ինչ որ եղած ենք դարերէ ի վեր՝ սիրոյ ու հաճոյքի սահմանուած էակներ։ Շուտով եօթը տարի է, որ շուրջս կը զգամ արուներու նոյն անողոք ու անյագուրդ ախորժակը։ Սկիզբը, երբ ալեկոծ մարմնով պատանուհի մըն էի, քիչ մը հաճոյք կը պատճառէր ատիկա։ Բայց այժմ սկսած եմ պժգանք զգալ։ Տարիներէ ի վեր մարդոց շուայտ ու աղտեղի ցանկութեան դէմ, որ ամենուրեք կը պլլուի ինձ, նո՛յն կռիւն է, նո՛յն յուսահատական մաքառումը։ Ու ցաւագին այն է, որ ինչ քաղաքական դաւանանքի ալ պատկանին, կնոջ հանդէպ իրենց անհատական վերաբերումը կը մնայ նոյնը...
Պատասխանը շրթներուս վրայ էր, բայց զսպեցի ինքզինքս։ Անցնելով Ծերակոյտի շէնքին առջեւէն՝ կ՚եզերէինք ևիւքսէնպուրկի պարտէզը։ Լռին ստուերներ կը սահէին մեր առջեւէն։ Ներսը՝ ցանկորմերէն անգին, մթին ու խորունկ ծառեր թեթեւօրէն կը Վազգէն Շուշանեան
սրսփային նուրբ հովի մը թեւերուն մէջ։ Վեհաշուք ու խորին լոութեամբ պարտէզին արահետները կը ձզուէին հեոուն՝ մեհենական ճամբաներու պէս։ Լուսնկան պայծառ էր ու բառացիօրէն կը լողաը կապոյտին խորը։ Լատինական թաղի լոյսերը կը հրդեհէին պարտէզին վրայ կախուած երկնքին մէկ մասը։ Գիշերը վիպականօրէն խորունկ էր, ու մարդ կյապշէր, թէ ինչպէս օրէնքը կը յանդգնէր կղպել այս զմայլելի պարտէզին դռները գիշերուան մենութեան սիրահարներուն առջեւ։
Բռնելռվ երկաթէ ձողերը՝ երկարօրէն դիտեցինք պարտէզին գիշերը, ու ծառերուն
էն աննշան դողը կարծես ցնցեց նաեւ մեզ։ Ու անգամ մը եւս, հակառակ իր դառն խօսքերուն, հեշտութիւնն էր ու յետոյ քունը, ոը քաղցը թուեցան։ Ողջ մնացեալը անօգուտ խանդավառութիւն էր միայն, անձկութիւն ու տենդ։ Կեանքի որոտին, գահավիժող դէպքերու յորձանքին դիմաց եղկելի չէր միթէ շաբաթներով պտտիլ աղջկան մը շուրջ՝ լոկ խորին լոութեամբ մը ջանալով հիւսել սիրոյ անմիտ մեղեդի մը։ Ո՞վ էր, որ կ՚արգիլէր ինձ այս չնչին յաղթանակը։ Յաղթանակ կամ անփառունակ պարտութիւն. երկու պարագային ալ հաւանաբար վախճանը նոյնը ըլլար՝ քաղցը բարեկամութեան մը կորուստը։
— Եթէ կ՞ուզես,— յարեց Աննա՝ ընդմիջելով մտածումներուս թելը,— կրնանք Վիքինկ երթալ գիշերը անցընելու համար։ Առաւօտ կանուխ կ՚ընկերանաս ինձ մինչեւ մեր տանը դուռը։ Ո՛վ գիտէ, անգամ մըն ալ երբ կը տեսնենք իրար...
Ինքնաշարժ մը պատռեց գիշերը, եղծեց փողոցին հմայական խաղաղութիւնը։ Անոր յարուցած լոյսի գօտիին մէջ՝ դրան մը քով, տեսանք երիտասարդ զոյգ մը՝ պլլուած իրարու, անտարբեր, հեռու այս երկրէն։ Աննա յուզումնահար դիտեց զանոնք, ցնցեց իր զմայլելի գլուխը...
— Կը կարծես, որ Վանին...
Երկարօրէն նայեցաւ ինձ ու վերստին աճապարանքով թեւս մտաւ։ Կը զգայի կուրծքերուն հեւքը։ Մարմնին բուրումը կը զարնուէր ռունգերուս։ Հայեացքը ձգեց գետին՝ առանց խօսքը աւարտելու, ու սկսաւ շատ մեղմօրէն սուլել, շատ տրտմօրէն սուլել եղանակ մը, որ անծանօթ էր ինձ։
— Տարիները կը սահին, մինչ մենք, մտրակուած մեր ապրելու աճապարանքէն, չենք զգար, թէ ամէն երիտասարդութիւն կը հակի իր վախճանին։ Շուտով քսան տարեկան պիտի ըլլամ, ու դեռ մնայուն ոչինչ կայ կեանքիս մէջ։ Ո՞ւր պիտի յանգիմ ու ի՞նչ պիտի ըլլամ, գիտեմ միթէ։ Ու մայրս, որ գրեթէ ծեր է այլեւս եւ որ պէտք ունի ինձ։ Վերջին անգամ հայրս կը գրէր, թէ գիշերները յաճախ կ՚արթննայ ու անկողնին մէջ նստած կը գտնէ զայն։ Առանձին՝ երկու ծերունիներ, թշնամի շրջապատի մը մէջ։ Երբեմն արտասուելու չափ կը տրտմիմ ու ամէն գնով կ՚ուզեմ հայրենի տունս վերադառնալ։
Ուսուվս հրեցի Վիքինկի դուռը։ Հաճելի աղմուկ մը դիմաւորեց մեզ։ Խորունկը ազատ սեղան մը գտանք վերջապէս։ Քիչ մը խոնջ էինք ու անտարակոյս քիչ մը թշնամի իրարու։ Այսուհանդերձ երկու մտերիմ ընկերներու պէս քով քովի նստանք ու լռեցինք երկարօրէն զննելով մեզ շրջապատող զոյգերը։ Կարծես տեղափոխուած էինք հիւսիսային երկիր մը կամ սքանտինավեան նաւու մը մէջ։ Ցած ու փայտաշէն առաստաղէն տաք լոյս մը վար կը հեղուր իր գիշերային բոսոր արիւնը։ Խարտեաշ ու բարձրահասակ կիներ արեւելեան իշխանուհիներու պէս յուլօրէն կը ծխէին՝ նուաղուն ակնարկներ ձգելով իրենց ընկերացող տղոց վրայ։ Աննայի աջ կողմը խորունկ ու քիչ մը անջատ մասնաբաժին մը կար։ Բազմոցին վրայ քով քովի նստած էին ծաւի աչքերով աղջիկ մը ու տղամարդ մը, որ կանաչ հայեացքով մը կը դիտէր զայն։ Իրենց էն չնչին շարժումներէն իսկ կը յայտնուէր սիրոյ ու հեշտութեան անզսպելի ծարաւ մը։ Աննա, նկատելով, որ ես ալ կը դիտեմ զանոնք, հայեացքը պահեց։ Տեսայ իր ճերմակ ու
թրթռուն ձեռքերը, որ թէյը կը սպասարկէին։ Բայց քիչ յետոյ վերստին նոյն հիւանդ հետաքրքրութեամբ կը դիտէինք սիրահար զոյգը։
Աղջիկը երեկոյթի երկար պարեգօտ մը հագած էր՝ թեթեւ ու երկնագոյն։ Վարսերը լոյսին մէջ կը ցոլային ու իր ձուաձեւ, քիչ մը գունատ դէմքին շուրջ կը հիւսէին անէական պսակ մը։ Հակառակ դէմքին ու ձիւնաթոյր պարանոցին նրբութեան՝ մարմինը գրեթէ հարուստ էր ու յայրատ[24]։ Երբ կը կռթնէր ետ, կուրծքերը գրգռիչ գեղեցկութեամբ մը կը ցցուէին։ Ինչ որ կը լսէինք, հիւսիսային անորոշ լեզու մըն էր տղուն զգայնոտ շրթունքներուն վրայ։ Կրքով բան մը կը պատմէր, մինչ աղջիկը կը շարունակէդ անտարբերութեամբ ծխել։ Ողջ մարմինը, սակայն, սիրոյ անձկութեան մէջ կը թուէր։
— 0՜,— բացականչեց Աննա մեղմօրէն,— գէթ լատին ըլլալու արդարացումը ունենային...
Տղուն մեծ ու հաստ ձեռքը կը թափառէր աղջկան ծունկին վրայ։ Երեկոյթի փրփրուն հագուստին փէշը ժողված էր ափին մէջ ու միաժամանակ կը գգուէր այդ շնորհալի ծունկը։ Ջղային ու ագահ ձեռք մըն էր, հաստ ու շէկ աղուամազերով ձեռք մը, որ ի վերջոյ յաջողեցաւ խարտիշահեր կնոջ մերկ ու գիրգ ազդրին վրայ հանգչիլ։ Յայնժամ երիտասարդ կինը անորոշ հայեացքով մը դիտեց զայն, սեղանին տակ դիտեց իր զիստին մերկութիւնը ու ժպտեցաւ։
— Սէրը անընդհատ կը հասուննայ այս քաղաքին մէջ, կը հաշտուի ամէն բարոյականի հետ, կը յարմարի բոլոր բարքերուն ու ամենուրեք կը սողէ իր յաղթական ու քաղցր մեղեդին։ Այսուհանդերձ, էակներ կան, որ կը յաջողին առանց սիրոյ ապրիլ։ Ինչպէ՞ս հանդարտութեամբ կրնան քաղաքը ճեղքել։ Սէրը, հաճոյքն ու հեշտութիւնը փողոցն են, ստորերկրեայ երկաթուղիին, կայարաններուն, պարտէզներուն մէջ...
Վերստին թէյ լեցուց սկահակիս մէջ։ Թերթերունքներուն նուրբ ստուերը դէմքին վրայ քաղցր տրտմութիւն մը կը պարգեւէր իրեն։ Ակնարկը բարձրացուց ու ժպտուն յարեց.
— Զգայնիկ ու միջակ վէպի հերոսուհիի մը պէս անմիտ բաներ կ՚ըսեմ, ու դուն չես ընդմիջեր անգամ...
Խարտիշահեր կինը վերջապէս ծածկեց իր մերկ զիստը ու իր ճերմակ ձեռքով շոյեց տղուն շէկ վարսերը։ Տղան երկիւղած սիրով մը ափին մէջ սեղմեց այդ փափուկ ձեռքը ու ջերմօրէն համբուրեց զայն։
— Աննա, գլանիկ մը կ՚ուզես...
Տրտում ժպիտով մը շրթները բացաւ՝ սպասելով, որ գլանիկը տեղաւորեմ։ Անտարբերութեամբ վառեցի զայն ու կշռելով արտասանած բաոերս՝ ըսի.
— Կնոջ չնչին ու մատնիչ շարժումներ, որ կը յայտնեն սիրային անցեալ մը ու բարեկամութիւններ...
— Եթէ զիս վիրաւորելու համար կ՚ըսես,— հծծեց երկարօրէն դիտելով զիս,— թոյլ տուր ըսել, որ անօգուտ է։ Ինչու համար պեղել անցեալը, երբ ներկան իսկ տաժանելի է ու ցուրտ։ Ի՞նչ կ՚ուզես գիտնալ։ Կը կարծճս, որ հին յիշատակներու ոգեկոչումը կրնայ լուսաբանել մեր ներկան...
— Աննա,— ըսի,— անկեղծօրէն ներողութիւն կը խնդրեմ...
Ձեռքը մեղմօրէն դրաւ ձեռքիս վրայ, մեղմօրէն սեղմեց զայն։ Աչքերուն խորը զգացի մթին տրտմութիւն մը։
— Առաջին անգամն է, որ տհաճելի բան մը կ՚ըսես ինձ,— հծծեց միշտ շատ մեղմօրէն։— Կը զգայի, որ այս գիշեր վշտացնող խօսք մը պիտի ըսես...
Շէկ տղան համբուրեց խարտիշահեր երիտասարդ կինը, բերնին վրայ նրբօրէն
համբուրեց զայն։ Երիտասարդ կնոջ կապոյտ աչքերուն խորը զուարթ ժպիտ մը կար, ժպիտ մը, ոը շնորհակալութիւն կը յայտնէր։
Անձկութեամբ կը սպասէի, ոը Աննա խօսէր գրադարանի միջադէպին մասին, յիշէր
Վանին, ակնարկութեամբ մը լուսաւորէր մեր յարաբերութիւնները։ Անշարժ կը դիտէի իր ձեռքին դողը ձեռքիս վրայ։
— Հաւանաբաը Վանին է, որ անցեալս պատմած է քեզի,– ըսաւ հայեացքը բարձրացնելով։– Յամառ ու սահմանափակ իմացականութեամբ ընկեր մըն էր, միասին սահմանը անցանք, բայց հասնելէ շաբաթ մը յետոյ բաժնուեցանք իրարմէ։ Վանին ինք էր, որ ներկայացուց ինձ։ Համալսարանէն ճանչնալով զիս՝ կը կարծէր, թէ պանդխտութեան մէջ իրաւունք ունէր զիս իր կինը համարելու։ Երբ յոյսերը դերեւ ելան, սւնմռունչ հեռացաւ, բայց հետեւեալ օրը զգացի, թէ Վանի ուրիշ ակնարկով մը կը դիտէր զիս։ Եթէ ըսելիք մը ունէր, կրնար առաջ ըսել։ Գարշելի չէ՞ միթէ տղամարդու մը քով նման վատութիւն մը...
Ժամը առաւօտեան երեքը ըլլալու էր, քանի ոը կը պատրաստուէին սրճարանը փակել: Ստիպուեցանք ապաստանիլ այլուր ու պզտիկ նախաճաշ մը ընել։ Գիշեըը պայծառ էր ու գարնանային։ Ու հետզհետէ ուրիշ զոյգեր քաղաքին զանազան անկիւններէն կը հասնէին՝ չես գիտեր ինչ որոնելով գիշերուան երկարաձգումին մէջ։ Շէն աղմուկ մը կը ծեծէր պատերը։
— Կը յուսայի, թէ քեզի հետ գէթ կարելի պիտի ըլլար հանդարտ բարեկամութիւնը։ Որպէս մեղադրանք չեմ ըսեր ասիկա, քանի որ ես իսկ շուտով զգացի, թէ կեանքը զօրաւոր է բոլորէս։
Կրնայի օգտագործել առիթը ու քաղցր, մեղմ բառերով ըսել հոգւոյս անձկութիւնը։ Գոհացայ մտիկ ընելով զինքը, ապշելով պաղարիւնութեանս վրայ ու գաղտնօրէն
հպարտանալով, որ կը յաջողիմ լռել։
— Ինչ որ այդ տղան պատմած է Վանիին, մօտաւորապես ճիշդ է,— հծծեց խաղալով մոխրամանին հետ։— Բայց մեր դատումը կախուած չէ՞ միթէ դէպքերու մեկնաբանութենէն։ Ով որ աղօտ գաղափար մը ունի Գերմանիոյ յետպատերազմեան սանձարձակ բարքերուն շուրջ, գուցէ քիչ մը չքմեղացնէ մեզ։ Խելագար արշաւ մըն էր դէպի դիւրին հաճոյքը, դէպի մոռացումը։ Այն միջավայրին մէջ, ուր կ՚ապրէի, ամուսնութիւնը ծիծաղելի կը թուէր։ Աւելի ուշ՝ համալսարանին մէջ, առանց ընկերոջ աղջիկը գրեթէ արհամարհանքի առարկայ էր։ Ինձ պէս աղջիկ մը կրնա՞ր միթէ առանց սիրոյ ապրիլ։ Առաջինը, երկրորդը, եւ այսպէս յաջորդաբար. ընկեր տղաք, որ քանի մը ամիս երջանիկ եղան հետս։ Ո՞վ իրաւունք ունի դատելու զիս։ Հաւատացած եմ, որ այլապէս չէի կրնար վարուիլ։
Ապշահար կը նայէի իր հմայիչ դէմքին ու կ՚ըսէի՝ ինչպէ՞ս կ՚ըլլայ, որ չեմ տառապիր։ Տարիներ ուրիշ տղաք համբուրած էին իր կարմիր ու մսեղ շրթունքները, զայն տեսած էին մերկ ու շատ երիտասարդ։ Պագած էին անոր կուրծքերը։ Տենդահար ձեռքերով հանուեցուցած էին զայն ու իրենց բազուկներուն մէջ գրկած անոր խռովիչ ազդրերը։ Ականջն ի վար փսփսացած էին սիրոյ ու հեշտութեան բառեր, որ անգիր երգերու պէս են՝ ողոքող ու տարապայմանօրէն քաղցը։ Աննա հաճոյքով բացած էր իր սրունքները ու ընդունած էր առաջինը, երկրորդը, ու այսպէս յաջորդաբար. ընկեր տղաք, կ՞ըսէր, որ քանի մը ամիս երջանիկ էին հետը։ Ու ես չէի տառապեր ատոր համար, այլ անդորրութեամբ մտիկ կ՚ընէի զինքը՝ քիչ մը զարմանալով իր անաղարտ ու պայծառ երիտասարդութեան վրայ։
— Ուրիշ աղջիկներ չեմ գիտեր ինչպէ՞ս կը հաշտուիե, ի վերջոյ, իրենց երիտասարդութեան արկածներուն հետ։ Հոգւոյս խորը ոչ մէկ խղճի խայթ մնացած է այդ օրերէն, ու ինչ սոփեստութեան ալ որ դիմեմ, չեմ յաջողիր այժմու կեանքս աւելի բարոյական համարել, քան միւսը։ Պարզապէս տարբեր եմ այսօր։ Այժմ բացարձակապէս կը նեղուիմ, երբ մէկը նրբանցքի մը մէջ կը ջանայ հասակս գրկել, երբ փողոցը արուի մը ցանկութիւնը կը զգամ վրաս։ Մինչդեռ առաջ կ՚ախորժէի պզտիկ յարձակումներէն, յանդգնութիւններէն ու իմ ընդդիմութիւներէս։ Երբեմն նոյնիսկ գիտակցաբար կը գրգռէի զիս շրջապատողներուն ցանկութիւնը՝ իգութեամբ մը, որ կը զայրացնէր զանոնք։
Գիշերը կարծես կը լուսնար դուրսը։ Կաթնավաճառի կառք մը դանդաղօրէն կը յառաջանար։ Օրը ծագելու վրայ էր։
— Կը զգամ, որ չես արհամարհեր զիս,— յարեց խորին քաղցրութեամբ մը։
Ջերմօրէն սեղմեցի ձեռքը։ Յետոյ լռեցինք։
* * *
Ու միայն բաժնուելէ յետոյ է, որ սկսայ նուրբ ցաւով մը տառապիլ։ Մարմինս խուլ ու բուռն ցանկութեամբ մը կը զգար Աննայի ծլարձակ ու հարուստ գեղեցկութիւնը ու իր յետին բջիջներովը կը տոչորէր։ Կը զղջայի կորսուած պատեհութեան համաը՝ ապշելով, թէ ինչպէս կրցած էի հեռանալ՝ ձեռքերս գրպաններս ու գլանիկ մը շրթունքիս։ Ուժգնօրէն սեղմած էր ձեռքս ու հեռացած՝ մեղմօրէն շարժելով իր մոգիչ մարմինը։ Չեմ գիտեր ինչու, մեկնելէ առաջ շնորհակալութիւն էր յայտնած ու չեմ գիտեր ինչ առնչութեամբ, յիշած էր Վանիի անունը։ Առաջինը, երկրորդը, ու այսպէս յաջորդաբար, կ՚ըսէր, ընկեր տղաք։
Շոգեկառքը ծանրօրէն կը յառաջանար։ Կոպերուս վրայ կը զգայի առաւօտեան լոյսը ու կ՚ըսէի. «Առաջինը, երկրորդը, ու այսպէս յաջորդաբար»։ Ու Աննան հաճոյքով ընդունած էր զանոնք։
VII
Ոչինչ աւելի կը ծերացնէ մեզ, քան աղքատութիւնն ու պանդխտութիւնը։ Մարդուն՝ մթին դարերու ընթացքին ըլած է՛ն կարեւոր նուաճումներէն մէկը ազատութիւնը չէ՞ միթէ։ Արդ, այս իրաւակարգին մէջ աղքատն ու պանդուխտը երկու շղթայեալներ են՝ զեղչուած անհատականութեամբ։ Արմատախիլ այն երկրէն, ուր ծնած են, զրկուած ու հպատակութեան մէջ, ուր որ կ՚ապրին, կրնան միթէ երկարօրէն պահել մարդ էակին յատուկ բարձրագոյն արժանաւորութիւնը։
Անկողնիս մէջ ջղայնութեամբ կը դառնայի մէկ կողմէն միւսը՝ զայրանալով, որ այգուն առաջին լոյսին հետ, մարմինս կ՚արթննայ նման բարոյալքիչ խորհրդածութիւններով։ Աշնան արեւը գաղջ ու հաճելի էր սակայն սենեակին մէջ։ Ճառագայթ մը կը խաղաը բարձիս վրայ, եւ ուրիշ մը՝ աթոռին վրայ, ուր բաց մնացած էր ֆրանսական զուարթ վէպ մը։ Մինչեւ ուշ առաւօտ շարունակած էի ընթերցումս՝ յուսալով քիչ մը թեթեւնալ, բայց վէրքս ներքին էր։ Գիշերուան ընթերցումէս աղօտ յիշատակ մը իսկ չէր յապաղած մարմնիս մէջ։ Ու վերստին կը ղիմաւորէի օըը ծեր բանուորի մը պէս, որ մառախուղին մէջէն կայարան կ՚երթայ՝ լծուելու համար իր տարապարեակ[25] աշխատանքին։
Այսուհանդերձ ելայ ոտքի՝ փորձելով սուլել կորուսեալ ու քաղցր երգ մը, որ մեր գիւղաքաղաքին նախրապանները կը սուլէին աղբիւըին գլուխը։ Շրթունքներս, սակայն,
անվարժ էին, ու մարմինս տրտում էր։ Կեանքիս մէջ անտարակոյս կորուսեալ բան մը կար, ու ատիկա գուցէ երիտասարդութիւնս էր։ Այլեւս ինչ կարելի էր յուսալ կեանքէն։ Իրական յաղթանակները, որ յորդահոսան լոյսերու պէս կը պայծառացնեն հեռանկարը, մնացած էին ասդին կամ անդին կարողութիւններռւս նեղ շրջանակէն։ Այն մարդոցմէն չէի, որ խորունկ ու զօրաւոր ջրերու պէս կը ննջեն՝ սպասելով յորդումի ժամուն։ Ամէն ինչ այլեւս պարզ ու սովորական էր ինձ համար։ Վերադարձող մըն էի, որ քիչ մը բարձրէն, մելամաղձիկ հաշտութեամբ մը կը դիտէ իր հաւանական գերեզմանը։
Աննա անգամ մը կ՚ըսէր ինձ իր վճիտ ու յուզումնահար ձայնովը, թէ իրական երիտասարդութիւնը ներքին է։ Գուցէ իրաւունք ունէր, երբ բացառիկ անհատականութիւններէ կը խօսէր։ Իրողութեան մէջ, մարմնին անկեալ ուժերուն հետ կը սկսի նաեւ հոգւոյն տեղատուութիւնը։ Այս պատճառաւ է, որ այլեւս ծեր գեղեցիկներ ապշեցուցիչ յամառութեամբ մը կը ջանան երկարաձգել պատրանքը։ Պատրանքը լեղի մանանայ մըն է, սակայն, պատրանքը կեանքի դառն հացն է։
0՜, պզտիկ հաճոյքներ, սիրելիներ, որքան ծիծաղելի ու որքան քաղցր էք միաժամանակ։ Երբ ամէն ինչ բուռն ու տարերային էր կեանքիս մէջ, չէի կրնար երեւակայել անգամ ձեր մտերիմ ու համեստ գոյութիւնը։ Երբեմն կը տեսնէի ծեր բանուոր մը, որ գործէ վերադարձին կը յապաղէր սրճարանի մը հաշուեսեղանին առջեւ՝ շատախօսելռվ սպասեակի մը հետ։ Ուսերս կը թօթռւէի ու կ՚անցնէի։ Չէի ըմբռներ, թէ օրուան խոնջէնքէն յետոյ՝ տուն վերադառնալէ առաջ, այդ յապաղումը իր հաճոյքն էր, իր պզտիկ մեղքը։ Գաւառական անդորր քաղաքի մը մէջ, ուր գիշերօթիկ էի, Կիրակի առաւօտներ կային՝ գարնավերջին կամ ամրան, երբ ողջ երկիրը կը խնդար։ Խումբով կ՚ինայինք փողոց, կը լեցնէինք սրճարանի մը դարպասը ու միշտ քիչ մը կը ժպտէինք, երբ ծեր հասառու մը մեղմ քայլերով կուգար, կ՚ապսպրէր իր ախորժըմպիկը, ակնոցը կը տեղաւորէր քթին վրայ ու կը բանար առաւօտեան թերթը։ Ո՞վ կրնար երեւակայել, թէ օր մը մենք եւս պիտի զգայինք դանդաղ շարժումներուն ու դժուարաւ շահուած հանգիստներուն
ծածուկ հրապոյրը։
Ուշադրութեամբ շտկելէ յետոյ փողկապիս հանգոյցը, մտածելով նոյն ատեն, թէ երբ
երիտասարդ էի, սանդուխներէն աճապարանքով կը գլորէի վար ու գլորելով կը կապէի փողկապս, գլանիկ մը վառեցի ու իջայ վար։ Ծուլութեամբ նստայ սուրճի սկահակիս առջեւ՝ ափիս մէջ դարձնելով այդ նամակը։ Պզտիկ հաճոյք մըն ալ ասիկա էր։ Մէկը մտածած էր վրաս ու գրած էր ինձ։ Ինչ լուր ալ որ բերես, կփսէի մտովի, հաճոյքի խոստում մը կամ հոգ, խաղաղութեամբ պիտի ընդունիմ քեզ։ Ինչ փոյթ, թէ ուրկէ կուգաս, ինչ փոյթ, թէ ինչ կը պահես քառակուսի պահարանիդ մէջ. թոյլ տուր շնորհակալութիւն յայտնել քեզ ղրկողին ու քեզ բերողին։ Իրապաշտ վէպի մը պայմանադրական մէկ հերոսին պէս հազալով բացի զայն, ու հակառակ յոգնած խորհրդածութիւնևերուս՝ նուրբ դող մը ցնցեց մարմինս։ Կը ջանայի ամէ՛ն գնով զսպել ինքզինքս ու չէի կրնար։ Յազումը կոկորդիս մէջ էր ու ձեռքերուս վրայ։ Աննշան երկտողի մը պատճառաւ ըմբռնելի էր միթէ այս զարմանալի խռովքը։ Կրնար ըլլալ միթէ, որ այսքան քաղցր մանկութիւն ծուարէր մարմնիս խորը։
Աճապարանքով ելայ փողոց՝ ափիս մէջ սեղմած Աննայի նամակը, ինչպէս մանուկ
մը նախանձով կը պահէ իրեն նուէր տրուած առաջին արծաթէ դրամը։ Ու միայն կայարանին սալայատակին վրայ էր, որ բացի զայն։ Ու առաջին բառը, որռւն հանդիպեցայ, Վանիի անռւնն էր։ Բռունցքներս սեղմած՝ կը դողայի յեղակարծ զայրոյթէս ու կ՚ըսէի՝ մեղաւորը միայն ես եմ։ Արիւնս սիրով կը տոչուրի, ու մարմինս զարնուած է սիրով։ Շաբաթներէ ի վեր նաւաբեկեալ ու ոգեկորոյս կը դեգերիմ փողոցներուն մէջ՝ վէրքս չուզե–
լով խոստովանիլ։ Անօթի ու ծարաւ եմ սիրով, ու միայն նախանձին սեւ բոցն է, որ կը լափլիզէ էութիւնս։ Գիշերներս խռովեալ են, ու օրերս անձկալի։
Կ՚ողբայի աւելորդ անգամ մը եւս կորուսեալ ներքին անդորրութիւնս, մինչ կառաշարը խուճապահար կը ճեղքէր տարածութիւնը։
* * *
Պանդոկին գրասենեակը նստած էի՝ կորսուած մտածումներուս խորը, երբ Վանի վերադարձաւ գործէն։ Թեթեւօրէն գլուխը ծռեց, նաեւ իր լայն ուսերը՝ դուռէն ներս
մտնելու համար։ Լռութեամբ ձեռքը երկարեց, սենեակին բանալին վերցուց ու մէկ կողմ քաշուեցաւ՝ թոյլ տալով, որ անցնիմ առաջ։ Լռութեամբ բարձրացանք սանդուխները։ Երկրորդ յարկի աստիճաններուն վրայ քիչ մը կեցանք աղախնին պատճառաւ, որ բազրիքի փոշին կ՚առնէր։ Աղջիկը իր առողջ դէմքը բարձրացուց մեզի ու ժպտեցաւ։ Վանի խորին լռութեամբ մը զայն գրկեց ուսերէն ու բերնին վրայ համբուրեց։ Ձեռքերուն մէջ բռնեց անոր ապշահար դէմքը ու երկարօրէն նայեցաւ աչքերուն։ Յետոյ աչքերը եւս համբուրեց։
— Է՛հ,— ըսաւ քիչ մը բիրտ յազումով,— լաւ աղջիկ մըն ես...
Աղջիկը յարդարեց աւրուած վարսերը։
— Անշուշտ,— ըսաւ խնդալով,— բայց ատիկա պատճառ մը չէ, որ զիս համբուրէք...
Տախտակամածին վրայ յետամնաց արեւու ճառագայթ մը կար, երբ ներս մտանք,
աշնան աքսորական ճառագայթ մը՝ դողդոջուն, վտիտ, նուրբ։ Աշունը մեղմիւ կը տեղաւորուէր քաղաքին վրայ՝ մասնաւորաբար քանի մը օրերէ ի վեր։ Ու քիչ մը յուսալքիչ էր զայն գտնել նոյնիսկ սենեակի մը անկիւնը, ընկերոջ մը աչքերուն խորը, միջոցին մէջ։
Տանը խորունկէն խուլ ալիքներով կը բարձրանար դաշնակի մը մորմոքը։ Դրան
ճեղքէն այդ տրտմաթաւալ եղանակը կը լենար ներս ու կը պլլուէր մեր սրունքներուն, կը գրկէր մեզ։ Ամէն ինչ հին էր ու սովորական մեր շուրջը։ Սենեակին իրերուն վրայ տարիներուն անջնջելի հետքը կար։ Կեանքին գարնանային գեղեցկութիւնը գուցէ կախուած է, կ՚ըսէի, մեր հայեացքէն։ Մեր ներքին լոյսն է, որ թափանցիկ պայծառութեամբ մը կ՚ոռոգէ երկիրը, մարդիկն ու իրերը։
Վանի թիկնոցն ու փողպատը նետեց աթոռի մը վրայ, շապիկը հանեց ու կիսամերկ
ծռեցաւ ծորակին առջեւ։ Որքան շնորհալի ու ուժեղ էր խարտեաշ տղամարդու այդ կիսանդրին։ Ջուրը պզտիկ աղմուկով մը կը հոսէր անոր թեւերուն, պարանոցին ու ուսերուն վրայ։ Այդ պահուն դժուար էր երեւակայել, որ այդ առոյգ մարմնին տէրը Վանին է, մռայլ հայեացքով տղայ մը, որ փողոցներէն կ՚անցնի ուսերը քիչ մը կքած, շարժումները դանդաղ։
— Մեր տառապանքներուն, հոգերուն, դժուարութիւններուն բուն հեղինակը չես
կարծեր, որ յաճախ մենք իսկ ենք։ Ազատութիւնը հարկ է շահիլ նախ մեր ներքին անձին վրայ իսկ։ Կասկածէ դուրս է, որ արտաքին պայմանները կրնան աւելի յստակութիւն մտցնել մեր էութեան մէջ, բայց բուն պայքարը անհատը հարկ է մղէ իր ներքին, ստորերկրեայ ու բռնակալ ուժերուն դէմ։ Որքան յաճախ կը հանդիպինք մարմնական զգայնութեան մը, բնազդական ցունցի մը, որեւէ զգացական տպաւորութեան, երբ կը պեղենք մեր արարքներուն ենթահողը։ Ինձ կը թուի, որ ներդաշնակութիւնն ու անդորրութիւնը լոկ բանականութիւնն է, ոը կրնայ ապահովել, բայց մեր կեանքին մէջ յաճախ զգացական էակն է, որ որոշիչ դերը կը կատարէ։
Ուժգին ու արագ շարժումներով կը չորցնէր վարսերը, պարանոցն ու ուսերը։ Հազիւ թէ գողտր ու բաց-ոսկեգոյն աղուամազեր կը ծածկէին կուրծքը։ Ուսերը լայն էին,
ողորկ, ու կուրծքը՝ ընդարձակ։ Տղայ մըն էը, որ կրնար սէր ներշնչել էն ցրտարիւն աղջկան իսկ։ Տղայ մըն էր, որ իրապէս կը վայլէր Աննային, որ կրնար անոր արուագեղ զոյգը ըլլալ։
— Ծիծաղելի է ու բարոյալքիչ, օրինակ, ոեւէ աղջկան մը պաաճաոաւ սիրով տառապիլ։ Ինչու ոչ այս աղախինը ու ուրիշ մը։ Անշուշտ կարելի է առարկել, թէ սէրը ընտրութիւն է։ Բայց ով է, որ կ՚ընէ ընտրութիւնը, յամենայն դէպս՝ ոչ բանական էակը։ Տպաւորութիւններու, զգայնութիւններու, զգացական ցնցումներու հոսանք մըն է, որ կը ստեղծէ մթնոլորտը։ Բանական էակը միշտ տեղի կուտայ, հազիւ թէ չնչին ընդդիմութիւն մը փորձելէ յետոյ...
Սիրուն, նոր արդուկուած շապիկով մը վերջապէս ծածկեց իր մերկ կիսանդրին, վարսերը յարդարեց ու գլանիկ մը վառեց։ Շաժումներուն մէջ յեղակարծ ու խախուտ զուարթութիւն մը կար։ Կարծես շատ կարեւոր որոշում մը տուած էր, որոշում մը, որ չէր ուզեր յայտնել ինձ։ Շուրջը կը դեգերէր, կողմնակիօրէն կ՚ուզէր զայն զգացնել ինձ, կ՚որոնէր երկդիմի տարազ մը, որ հարկ եղածին չափ բացայայտ ըլլար՝ առանց յստակ ըլլալու։
— Երբ աւելի երիտասարդ էի,— յարեց,— եղանակի ամէն փոփոխութեան հետ արիւնս կը խենթենար։ Մայրս, քոյրս, ընկերներս կը խնդային վրաս։ Գլխաբաց կ՚իյնայի փողոց ու լուսնկայ գիշերներուն հիւանդ անասունի մը պէս կը թափառէի՝ յաճախ առանձին, երբեմն ալ ինձ նման մէկ երկու խելայեղ տղոց հետ։ Շաբաթներով, երբեմն ամիսներով աղջկան մը շուրջ կը դեգերէի՝ առանց սէրս յայտնել համարձակելու։ Անգամ մը սիրահարեցայ քրոջս ընկերուհիներէն մէկուն։ Թուխ ու նուրբ աղջիկ մըն էր՝ հիւծախտաւորի թաւշային աչքերով։ Գրեթէ ամէն երեկոյ կուգար մեր տունը ու մինչեւ ընթրիքի ժամը կը յապաղէր։ Վերստին եղանակի փոփոխութիւն էր։ Գարունը այդ տարին աղմկայարոյց ջրերովկը վազէր փողոցներէն։ Մեր պարտէզին մէջ իրիկունը երազային գեղեցկութիւն մը ունէր սպիտակ ու թրթռուն նշենիներուն պատճառաւ։ Կը բաւէր, որ այդ աղջիկը երեւէր ծառի մը տակ իր ճերմակ շրջազգեստովը, որպէսզի հաւասարակշռութիւնս կորսնցնէի։ Գլխահակ կը նստէի անկիւն մը ու կը դիտէի անոր ճկուն, սլացիկ հասակը։ Մեղմօրէն կը ժպտէր իր խոշոր ու մելամաղձիկ աչքերովը՝ սպասելով գուցէ, որ խօսիմ իրեն...
Արագ, ջղային շարժումներով կը շարունակէդ հագուիլ ու երբ կը նայէր ինձ, աչքերը կը շողային։ Ուսերը վերստին քիչ մը կքած էին, քիչ մը ինկած՝ ողջ անձիև տալով տրտում լրջութիւն մը։
— Բայց պատանեկան սէրերուս գլխաւոր յատկանիշը լռութիւնն էր։ Մանկօրէն կը կարծէի, թէ շուրջիններս չէին նկատեր սէրս, ու կարելիս կ՚ընէի՝ խուսափելու համարն այդ աղջկան խօսք ուղղելէ։ Փաստօրէն ներքին խանդավառութիւնս ու անձկութիւնս կը բաւէին ինձ։ Տագնապալի անհանգստութեամբ մը կը սպասէի քրոջս եւ իր ընկերուհիին վերադարձին։ Ինչ որ զիս կը հրապուրէր ու կը յուզէր, այդ նուրբ աղջկան քաղցր ժպիտն էր, շարժումներուն հանդարտ տրտմութիւնը։ Ձայնը մեղմ էր ու քնարական։ Աչքերուն խորը վաղահաս վիշտ մը կար։
Տանը խորունկէն կը հնչէր միշտ դաշնակին մորմոքալի աղաղակը։ Դուրսը երեկոն կը յառաջանար։ Բազմոցին վրայ երկնցայ՝ մտածելով անգամ մը եւս գաւառական
մռայլ քաղաքին վրայ, որ ողջ տարի մը վերստին գերեզմանս պիտի ըլլար։ Ու գէշ տաշուած, դաժան, անարտայայտիչ, մթին, խոնջ ու աւերակեալ դէմքեր կարգով սկսան տողանցել աչքերուս առջեւէն։ Մտածեցի խոնաւ ու անհրապոյր անձրեւներուն վրայ, որ կը տեւէին օրն ի բուն ու գիշերն ի բուն, ու արիւնս աստիճանաբար զգաց գիշերային
մէգն ու անյոյս խաւարը։ Գէթ կարելի ըլլար վերադառնալ սիրային յաղթանակով մը, թեւերուս մէջ կարենալ գրկել Աննայի աղուոր ու զգայուն մարմինը։
— Յետոյ աշունը եկաւ,— յարեց Վանի,— ու թափառական, մոլար հոգիս այլուր փնտռեց իր գերագրգռութեան առարկան։ Վաճառականի մը աղջիկն էր՝ ոսկեգոյն,
ինչպէս աշունը, ու լի, հարուստ մարմնով։ Աչքերուն խորը ոսկի բիծեր կային ու այտերուն վրայ՝ ցանի ոսկի հատիկներ։ Պայուսակը թեւին տակ ու իր շքեղ մարմինը օրօրելով՝ գերազանց հպարտութեամբ մը կ՝անցնէր՝ զուարթ, կենարար, հեշտաւէտ ակնարկ մը ձգելով վրաս։ Ձմրան մեր ծխնելոյզէն բարձրացող ծուխի սիւներուն պէս կը ղողղոջէի ու գիշերը բարձին վրայ կ՝արտասուէի անդարմանելի, անսրբագրելի մանկութեանս վրայ։
Համակրութեանդ մտիկ կ ընէի զինքը, բայց հոգիս այլուր էր։ Կը մտածէի կորսուած պատեհութիւններուն վրայ, կորսուած օրերուն։ Բանտուած, արգելափակուած ներքին անձկալի մթնոլորտի մը մէջ՝ որքան յաճախ զղջումը գէշ թրթուրի մը պէս պիտի սողոսկէր մարմնիս վրայ։ Պիտի ըսէի՝ յուզումով թրթռուն ու սրտառուչ պահեր կային, երբ ամէն սիրոյ արարք դիւրին կը թուէբ, ու դուն չկրցար օգտուիլ պատեհութենէն։ Իր զմայլելի մարմնին ծանրութեամբը կը ծռէր վրադ, կողքերուդ վրայ կը զգայիր իր անուշ հեւքը, ձայնին ջերմ մաքրութիւնը կը պագնէր դէմքդ, ու դուն չգիտցար անհրաժեշտ շարժումը ընել։ Եղկելիօրէն հպարտ կամ ողբալիօրէն վերապահ եղար, ու այժմ արդար է, որ դիտես անհորիզոն ու մառախլապատ գիշերը, որ անանուն աղէտի մը պէս կ՝ինայ մեռեալ քաղաքին վրայ։
— Թերն ու դէմը կշռելէ յետոյ,— ուզեց եզրափակել Վանի,— այժմ հարկ է միթէ զղջալ այս անուղղայ պատանութեան վրայ։ Ո՞վ է, որ առաւելագոյն տենդով ու գեղեցկութեամբ կ՝ապրի։ Ա՞ն, որ կը գոհանայ զգայարանական դիւրին յագեցումներով, թէ՞ միւսը, որ կը նախընտրէ իր հոգւոյն բռնկումն ու հրդեհը եղանակի փոփոխութեան հետ։ Ո՞ւր է իմաստութիւնը...
Ձեռքերը գրպանները՝ կեցած էր սենեակին մէջտեղը՝ չես գիտեր որմէ սպասելով իր հարցումին պատասխանը։ Վարի շրթունքը թեթեւօրէն քինոտ ու ուռած կը թուէր։ Ողջ անձին վրայ կար անորոշ յաղթանակի մը ակներեւ հպարտութիւնը։ Նրբանցքէն կը լսուէր աղախնին ձայնը։ Քիչ մը բիրտ ու տաք ձայն մըն էր, ժողովրդական գեղջուկ երգերու յարմարող պարզ ու զգայնական ձայն մը։
Վանի մեղմօրէն բացաւ դուռը։
— Մօն,— ըսաւ անսպասելիօրէն քաղցր ողոքումով մը,— պզտի՛կ Մօն, վայրկեան մը հոս կուգա՞ս։
Ու Մօն եկաւ ներս։ Կռուփները դրած թիկունքներուն վրայ՝ երկվայրկեան մը սպասեց, որ Վանի խօսի իրեն։ Անտարակոյս, կարելի չէր պնղել, թէ գեղեցիկ աղջիկ մըն էր, բայց իր իգութիւնը գրգռիչ էր։ Հաստ կտաւէ կրծկալին տակ կուրծքերը ամոլը ու գողտրիկ կը թուէին։ Ու շրթներուն վրայ, այտերուն փոսիկներուն ու բիբերուն մէջ շատ անառակ ժպիտ մը կար, ժպիտ մը, որ կը խոստանայ է՛ն արգիլուած հաճոյքներն իսկ։
— Մտիկ ըրէ, Մօն,— ըսաւ Վանի նոյն անսպասելիօրէն ողոքիչ ձայնովը,— այս գիշեր եթէ ուզես, քեզ շարժանկարի կը տանիմ։
Ամէն ինչ պարզ էր այլեւս ինձ համար։ Վանի կը հրաժարէր Աննայէն։ Վանի զիս կը ձգէր առանձին վերջին գիշերը։ Ցուցականօրէն կը գոցէր դուռը ու կը հեռանար՝ յայտնելով անուղղակիօրէն իր խորունկ ցաւը։ Ի՞նչ կը մնար ընել ինձ։ Ընդունիլ կատարուած իրողութիւնը՝ պզտիկ վատութիւն մը չէ՞ր միթէ։ Ընդօրինակել զինքը՝ կը նշանակէր վերադառնալ նոյն անել կացութեան, նոյն ապարդիւն զղջումներուն։
Ու Մօն կը դիտէր մեզ աշխատաւոր ու պարզ աղջկան իր զուարթ հայեացքովը՝ մեղմօրէն տատանելով, քմահաճ շարժումով մը շտկելով վարսերը։
— Կը հասկնամ,— ըսաւ նշանակալից կերպով ժպտելով ինձ,— պարոնը աւրուած է իր բարեկամուհիին հետ, պարոնը կ՚ուզէ մոռնալ իր բարեկամուհին...
Նեղուած անակնկալ կերպով ստեղծուած կացութենէն ու երկմիտ՝ մօտեցայ պատուհանին։ Աշունը սկսած էր իր ցուրտ համբոյրովը հպիլ ծաոերու կատարներուն։ Մութը լայն խաւերով կ՚իյնար տուներուն վրայ։ Բարակ մէգ մը կը ծածկէր փողոցը։
— Ճիշդ ատիկա է, Մօն,— ըսաւ Վանի խորին քաղցրութեամբ մը։
Անզգալիօրէն մօտեցած էր աղջկան ու ձեռքը դրած ուսին։ Ինձ կը թուէր, թէ վերստին կրնար համբուրել զայն, գգուել անոր վարսերը։ Այս հաւանականութիւնը տաժանելի ու նուաստացուցիչ էր ինձ համար։ Կ՚ուզէի մեկնիլ, բայց կը զգայի, որ ատիկա պատեհ ու կարելի չէր։ Ի՞նչ պիտի մտածէր Աննա։
— Գործդ քանիի՞ն կը վերջացնես, Մօն։
— Երբեմն ընթրիքէն անմիջապէս յետոյ օձիքս կ՚ազատեմ, երբեմն ալ մինչեւ գիշերուան տասնուկէսը ստիպուած կը մնամ։ Իննուկէսին սպասեցէք փողոցին անկիւնը, բայց եթէ քառորդ ժամէն մէջտեղ չելլեմ, իմացէք, որ չեմ կրնար գալ...
Վանի զայն գրկեց ուսերէն։ Հայեացքը անօրինակ կերպով քաղցր էր, համբոյրի մը պէս մտերիմ ու ջերմին։
— Պէտք է անպայման գալ, Մօն...
— Աղէկ, քանի որ կը պնդէք...
Այդ րոպէին էր ահա, որ Աննա դուռը բախեց, մտաւ ներս ու երկարօրէն դիտեց Վանին։ Այս վերջինը իր զօրեղ ձեռքը վերցուց Մօնի ուսէն՝ սեղմելու համար Աննայի երկարած թաթիկը։ Հաւանաբար Աննա աղօտօրէն զգաց կացութիւնը, բայց կնոջական նուրբ բնազդով մը նախընտրեց չնկատել։ Հաճոյակատարութեամբ ժպտեցաւ Մօնի աչքերուն, ժիր շարժումով մը սեղմեց ձեռքս։
— Պզտիկներէն մէկը հիւանդ էր,— ըսաւ աճապարանքով,— քիչ մնաց որ չկարենայի գալ։ Բարեբախտաբար մեծ մայրիկնին եկաւ։ Եթէ քիչ մը արագ շարժինք, լաւ կ՚ըլլայ։ Անօթի ալ եմ...
— Տրամադրութիւնդ բարձր կ՚երեւի, Աննա,— ըսի մօտենալով։
Մօն սահեցաւ դուրս, Վանի՝ եւս։ Նրբանցքին մէջ վայրկեան մը ցած ձայնով խօսեցան իրարու հեւո։ Յետոյ վերստին Մօնի երգին ձայնը հնչեց՝ միօրինակօրէն զուարթ ու գլգլան։ Գեղջուկ երգ մըն էր, սիրուն՝ հակառակ իր բրտութեան, մարդոց հոգիներուն բխող եղանակ մը։
— Եթէ պիտի ուշանանք, վերարկուս հանեմ։
Գուցէ շրջազգեստը ցոյց տալու համար էր։ Բրդէ երկար ու գորշ շրջազգեստ մըն էր՝ մէջքը գօտիով, որ կը կաղապարէր մարմինը, որ մօտէն կը գրկէր կուրծքերը՝ ցոյց տալով անոնց քիչ մը շուայտ գեղեցկութիւնը։ Երեկոյեան լոյսին մէջ մազերը քիչ մը մթնած էին կարծես ու հաճելի ստուեր մը կը ձգէին դէմքին վրայ։ Բերանը մեղմօրէն բոսոր էր ու զուարթ՝ ցորենի հասուն արտերուն մէջ բռնկող հարսնուկի բաժակի մը պէս։
— Աննա, շրջազգեստդ իրապէս սիրուն է ու կը վայլէ դէմքիղ։ Շատ գեղեցիկ աղջիկ մըն ես այս երեկոյ...
Ստահակ զուարթութեամբ մը, որ բնական չէր թուեր, դիտեց զիս։
— Գուցէ ի պատիւ քեզի է,— ըսաւ մեղմօրէն,— որպէսզի լաւ յիշատակ մը պահես ինձմէ...
— Եթէ իրաւ այդպէս է, անկեղծօրէն շնորհակալ եմ, Աննա։
Վանի լռութեամբ եկաւ ներս ու ծուլօրէն գլանիկ մը վառեց։ Մեզմէ ոչ ոք կը համարձակէք յիշեցնել, թէ թատրոն երթալու ժամը կը մօտենար։
— Կը յուսամ, ոը չես մոռնար մեզ,— ըսաւ Աննա,— ու կը գրես...
— Ապահով եղիր, Աննա։
— Գարնան Վանիին հետ անգամ մը քեզի այցելութեան կուգանք,— յարեց,— Կիրակի մը...
— Անպայման,— պատասխանեցի՝ փորձելով հրահրել խօսակցութիւնը,— գարունը հաճելի է, ու նկարագեղ շրջակայքը։ Յետմիջօրէին անտառին մէջ կրնանք երկար պտոյտ մը ընել։
Վանի սեղանին եզերքը նստած էը՝ ոտքերը կախած օդին մէջ, ակնարկը գետնին։
Ուսերը աւելի քան կքած էին։ Ի՞նչ պատրուակ պիտի գտնէր արդեօք մեզի չընկերանալու համար։ Սենեակին խորունկ լռութեան մէջ կը լսուէր մատներուն հանած միօրինակ աղմուկը սեղանին վրայ։
— Աննա՛,— ըսաւ՝ անսպասելիօրէն խզելով լռութիւնը,— կը ներես՝ այս երեկոյ չպիտի կրնամ ձեզի ընկերանալ...
— Ինչո՞ւ համար, Վանի՛...
Ինձ կը թուէր, թէ Վանի յեղակարծ րրտութեամբ մը պիտի լուսաբանէր կացութիւնը, պիտի բանաձեւէր բարձրաձայն, ինչ որ երեքս ալ գիտէինք արդէն, ինչ որ անըմբռնելի յամառութեամբ մը կը ջանայինք ծածկել իրարմէ։ Դէմքը մռայլ էր՝ գրկուած ըլլալով այն խաբուսիկ պայծառութենէն, որ քիչ առաջ կը լուսաւորէր զայն։ Կը յիշէի իր ձայնը, երբ խորին քաղցրութեամբ մը կ՚ըսէր. «Պէտք է անպայման գալ, Մօն»։ Ընդհակառակն, շատ հանդարտօրէն ոտքի ելաւ ու մօտեցաւ ինձ։ Դէմքին արտայայտութիւնը կերպարանափոխուած էր։ Աչքերուն խորը տարօրինակ քաղցրութիւն մը կար։
— Վաղը չեմ կարծեր որ քեզ կրնամ տեսնել,— ըսաւ մտերիմ ձայնով մը, ուր յուզումի յետին երանգ մը կար,— ուրեմն՝ ցտեսութի՛ւն...
Իր զգայուն ու քիչ մը խոշոր ձեռքը երկարեց։ Յուզումնահար՝ երկարօրէն թօթուեցի զայն ու յանկարծ ուսերուս վրայ զգացի իր եղբայրական ու զօրեղ թեւերը։ Լռութեամբ համբոյր մը փոխանակեցինք։
— Ընկեր ու բարեկամ՝ առաջուան պէս,— յարեց մեղմօրէն՝ նայելով աչքերուս,— հակառակ կեանքի խաղերուն...
— Ընկեր ու բարեկամ՝ ինչպէս միշտ, Վանի։
— Իրողութեան մէջ, ո՞ւր է կեանքի գլխաւոր դժուարութիւնը,— աւելցուց՝ գլխարկը դնելով,— դէպքերուն հանդէպ մեր սխալ վերաբերումին մէջ։ Յաճախ կեանքի թոհուբոհին մէջ կը մոռնանք, թէ ուր է կարեւորութիւնը։ Կ՚ըմբռնե՞ս,— պնդեց շատ մեղմօրէն,— կը մոռնանք, թէ ո՛ւր է կարեւորութիւնը...
Աննա անշարժ կը դիտէր մեզ, ու ինձ կը թուէր, թէ լաւագոյն ղերը խաղացողը այդ աղջիկն էր՝ մեր երկուքին քաղցր բարեկամուհին։
VIII
Յաղթանակը կը նմանի հնձանէն նոր դուրս եկած փրփրուն գինիի, կ՚ըսէի՝ ճեղքելով առաւօտը, արբեցուցիչ է ու վաղանցուկ զօրութեամբ։ Ու դառն է, վասնզի իր մթին ծոցին մէջ ծածուկ ու նախանձով մը կը դիեցնէ պարտութեան առաջին սաղմը։ Ձգելով հոս հոգւոյս անդորրութիւնը՝ այս գիշեր պիտի հեռանամ՝ ընկղմելով վերստին մենութեանս մառախլապատ քաղաքին մէջ։ Իրական խաղաղութիւնը լոկ կեանքէն կրնայ գալ, կ՚ըսէի, մինչ ես պարտաւորուած պիտի ըլլամ ապաստանիլ գիշերուան հմայաթափ լռութեան՝ ամէն օր ինքզինքս վերագտնել կարենալու համար։ Ու վերստին երազին լե–
ղի կերակուրը գլխաւոր սնունդս պիտի ըլլայ։ Յիշատակի մռայլ ամպեր սուգի դրօշներու պէս պիտի տատանին վրաս։ Ու առտուան առաջին ժամը կրկին անել պիտի ըլլայ։ Հոգիս պիտի վերագտնէ իը խորունկ գիշերը։
Ընդմիշտ կորուսեալ գեղեցկութիւն մը կայ կեանքիս մէջ, ընդմիշտ եղծուած հրապոյը մը։ Եթէ այս անշօշափելի ու անբաղադրելի գեղեցկութեան հետ կորսուած ըլլար նաեւ այս նուրբ ու հիւանդագին զգայնութիւնը, կրնայի գուցէ խորին համակերպութեամբ մը ընդունիլ հողին օրէնքը։ Էութիւնս վայրագ կամակորութեամբ մը կը մերժէ հանապազօրեայ մահը, ու մարմինս կ՚ընդունի զայն։ Խաղաղութիւնը ուր է՝ գեղեցկութեան անյագ ծարաւին թէ աստիճանական ու բարի մահուան մէջ։ Կորուսեալ մէկն եմ գիշերուան մթին ճամբաներուն վրայ, որ կ՚երկնչի լոյսին հեթանոսութենէն։ Սէրը չէ միայն, որ կը յատկանշէ ներքին ողբերգութիւնս։ Գլխաւոր վէրքս հիմնականօրէն ներքին է։ Ինչ որ անհրաժեշտ է ինձ, հաշտութիւնն է ներքին անձիս ու արտաքին իրականութեան հետ։ Ու այս հաշտութիւնն է, որ կարելի չէ։
Ի սկզբանէ կեանքիս օրէնքը այս է եղած, կ՚ըսէի՝ տենդահար արագութեամբ մը ճեղքելով առաւօտը՝ ներհակութիւնը։ Երբեք պատահած է միթէ, որ հաշտուած ըլլամ կեանքին հետ։ Հաշտ ու ուշադիր ակնարկով մը կը դիտեմ շուրջիններս ու կը զարմանամ անոնց կեանքերուն իրական խաղաղութեան վրայ։ Ծնած եմ խռովեալ աստղի մը տակ, ու հոգիս կը նմանի ալեծածան դրօշի մը, որ ժամանակին ու տարերքին դէմ կը յանդգնի խորհրդանշել կիրք մը, գաղափար մը, խանդավառութիւն մը։ Մինչդեռ խաղաղութիւնը հաշտութիւն է։
Խոշոր քայլերով կը կտրէի արուարձանային առտուն, ու հոգիս խուլ դժգոհութեամբ մը կը մերժէր կեանքը։ Շուրջս ոչ ոքի մօտ նշմարած եմ, կ՚ըսէի, այս սահմռկեցուցիչ ներհակութիւնը իմացականութեան եւ զգայնութեան միջեւ, հաճոյքին ու անդորրութեան ծարաւին միջեւ։ Նաւաբեկեալ ու տարագնաց, առագաստներս վիրաւոր, կողերս ջարդուփշուր՝ կը տատանիմ մթին վիհի մը վրայ՝ զարմանալով, թէ ինչպէս տարիներէ ի վեր կը յաջողիմ վերջնականապէս չխրիլ։
Կ՚ըսեն, թէ մահը մէկ է։ Տարիներէ ի վեր տառապելով կ՚ուսանին, սակայն, տարբեր մահերու տարբեր քաղցրութիւնները։ Երբեմն գիշերուան կիսուն կը նստիմ անկողնիս եզերքը, գլանիկ մը կը վառեմ ու կը ձգեմ, որ հոգիս դալարիքին մէջ ծածկուած աղբիւրի մը պէս իր ցայգային տրտմութիւնը գլգլայ։ Մահը մէկ չէ, ու փառաւոր վախճաններ կան, որ երբեք իմս պիտի չըլլան։ Եղկելիօրէն պիտի մեռնիմ՝ կրելով այս կմախքին վրայ անաւարտ ու աղարտեալ կեանքի մը բեռը։ Ինչ որ կ՚ողբամ, վիրաւորուած հպարտութիւնս է, ինչ որ կ՚ողբամ, յաղթանակներն են, որ անդին մնացին, մանկութիւնները, որ գարնանային ամպերու պէս սուրալով հեռացան, երգերը, որոնց տարափոխիկ ու թանկագին յուզումը երբեմն կը թրթռայ արեանս մէջ, աղջիկները, որ առանց զիս տեսնելու ընկղմեցան առտնին հոգերու մառախուղին մէջ, ծաղիկները, որ այլեւս երբեք նոյն առաջին զուարթութեամբ ինձ համար պիտի չծաղկին։ Ինչ որ կ՚ողբամ, յաւերժական մարմարն է, որ կերպընկալ կաւի պէս կրնար ափերէս ընդունիլ իր զմայլելի ձեւը եւ որ անողոք ցրտութեամբ մը պիտի ծածկէ զիս։ Ինչ որ կ՚ողբամ, արարչական տենդերն են, որ դիւրին կրակներու պէս շիջեցան, բառերը, որ կրնային որոտալ եւ որ խղճալիօրէն կը վարանին գրչիս տակ, առաւօտեան ճառագայթները, որ ձեռքերուս վրայ կը մսին, ճամբաները, որ փակ են, ու երիտասարդները, որ առանց երախտագիտութեան պիտի դիտեն զիս։
Ծերութիւնը հաւատարիմ շան պէս կը հետեւի քայլերուս ու կրունկներս կը լզէ։ Աւա՜ղ, աւա՜ղ, ինչ որ թանկագին էր, կորուսի, ու ինչ որ անփոխարինելի էր, սպառսպուռ վատնեցի։ Ինչ որ մնաց զիս որպէս նշխար, աներկբայելի օր էն չնչին է։ Պզտիկ հաճոյք–
ներ, սիրելիներ, կեանքի անյագ ու սարսափելի ծարաւս կրնայ միթէ գոհանալ ձեզմով։ Երբ լատինական թաղը կ՚ապրէի, ամէն օր նոյն ժամուն նստարանի մը վրայ կը հանդիպէի մանր ծերունիի մը, որ կը գոհանար դիտելով քաղաքը։ Անկեալ բանաստեղծ մըն էր, որ մեղմօրէն կը փակէր կեանքի կծիկին վերջին թելը։ Ո՞ր կատարէն ինկած էր հող՝ փողոցի այդ նստարանին վրայ, ու աչքերուն խորը քանի՞ օրուան համար դեռ կը վառէր օրուան լոյսը։ Հոգիս, որ անձկայրեաց է ու խռովեալ, կրնայ միթէ ընդունիլ իր վախճանական գահազրկութիւնը։
Անգամ մը եւս կառաշարը մեքենական ճշդութեամբ կը ճեղքէր առաւօտը, ու ես՝ արտաքնապէս շատ հանդարտ, կ՚ողբայի ինչ որ մէկ անգամ կը տրոփ մեզի՝ առաջին երիտասարդութիւնը։ Ոչ մէկ յեղափոխութիւն, կ՚ըսէի, ինձ կրնայ վերադարձնել առաջին գարնան առաջին տրոփը։ Հանդիսաւոր վայելչութեամբ մը կամ աղմկելէն կը յառաջանայ գետը՝ կտրելով տարածութիւնը, փորելով իր անկողինը։ Իր ուղղութիւնը, սակայն, մէկ է՝ անվերադարձ, ճակատագրական։ Կեանքիս հեղեղը խոնջ վեհափառութեամբ մը կ՚անցնի աշնանային ու մառախլապատ տափերէն։ Ինչ որ կը ծածկէ իր արտաքին անդորրութիւնը, կորուսեալ գարնան տիղմն է, ստեղծագործութեան աղտեղութիւնը։ Մարմինս այժմ գերեզմանն է իր առաջին ու կամրջընկեց խոյանքներուն։ Ու ոչ մէկ յեղափոխութիւն ինձ կրնայ վերստին պարգեւել անփոխարինելի բանաստեղծութիւնը հայեացքիս, որ գաղտնի մոգութեամբ մը կը կերպարանափոխէր իրերը, որ առաջին ու սարսռուն լոյսերուն նուրբ ու կիսաթափանց շղարշը կը ձգէր էն անհամբոյր էակներուն վրայ իսկ, որ աստուածօրէն կը լուսաւորէր երկիրը։
Աւա՜ղ, աւա՜ղ, կ՚ըսէի՝ շատ մեղմօրէն սուլելով ակռաներուս մէջէն, սիրով չէ, որ վիրաւոր եմ, այլ սիրոյ անօգուտ յոգնութեամբ։ Արարչական ու աոողջ տենդը չէ, ստեղծագործութեան ու ներքին բռնկումևերու ընկերացող ջերմութեան սաստկութիւնը չէ, որ կը բանի անդամներուս մէջ, այլ՝ ախտագին ու հիւանդ ջերմը։ Շրթներուս վրայ կեանքը լեղի է, ու հացը, որ կը կրծեմ, դառն կը թուի քիմքիս, վասնզի ան կորսնցուցած է իր առաջին ճաշակը։
* * *
Պայուսակս ձգեցի կայարանը ու բազմութեան խառնուելով՝ իջայ պողոտան։ Տարագնաց ամպեր դանդաղօրէն կը սահէին՝ կարծես շատ ցածէն, մթնելով քաղաքին վրայ։ Ցուրտ ու անձրեւաբեր հով մը կը լուար սալայատակը։ Վերարկուիս օձիքը բարձրացուցի ու արագացուցի քայլերս։ Ու յանկարծ ջերմօրէն երազ մը պլլուեցաւ մարմնիս, իր քաղցր թեւերուն մէջ գրկեց իրանս։ Արեանս տաք թաւալումը զգացի երակներուս մէջ։
Ծովեզերեայ ու նկարագեղ մեր քաղաքին մէջ գարունը ալեկոծ էր։ Մատղաշ շաքիլներով, ծիլերով ու վարդագոյն ծաղիկներով գարունը կը դողդոջէր մեր տանը վրայ։ Ոչինչ փոխուած էր ու ոչինչ պատահած տարիներէ ի վեր։ Հայրս քիչ մը ծերացած էր ու քիչ մը աւելի նրբացած։ Ես ու եղբայրս երկու երիտասարդներ էինք՝ բոլորովին տարբեր իրարմէ, բայց յարմար իրարու։ Երեկոյեան մութին հետ կուգայինք տուն ու սարփինային[26] տակ կը գտնէինք մայրիկը, որ գեղեցիկ ու մարմնագեղ կին մըն էր միշտ։ Գուցէ ներսէն կը լսուէր քրոջս երգին ձայնը։ Յետոյ հայրս պիտի գար տուն, ու յարգանքով բոլորս պիտի ելլէինք ոտքի՝ բարեւելու համար զայն։ Աստեղաթաթախ գիշերուան խո—
րունկէն պիտի ելլէր գորտերուն կեղերջը, եկքանիկ մը պիտի սրտամորմոք ճիչ մը արձակէր։ Ու խաղաղութիւնը տանը վրայ պիտի ըլլաը անեզր ու անէական։
Այս երջանկութեան տարրերը եթէ գոյութիւն ունեցած չըլլային բնաւ, կրնայի գուցէ ընդունիլ կեանքը։ Եղբայրս հասակագեղ էր ու խարտեաշ՝ Վանիին պէս։ Անոր աչքերը կապոյտ էին՝ թեթեւ ոսկեգոյն երիզներով։ Գիշերը մեղրագոյն քաղցրութիւն մը կար անոնց խորը։ Գլուխս մահուան մահիճին վրայ, վերջին ժամուն իսկ, դժուար թէ կարենամ ազատիլ այս գլխատուած տեսիլքէն։ Քովս ի վեր կ՚ուզէի տեսնել զայն, փողոցի մը մէջ՝ իր քիչ մը նուրբ ու ազնուական գեղեցկութեամբը։ Այժմ գիտեմ, որ շատ պիտի սիրէի զայն, վասնզի տղայ մըն էր, որ սահմանուած էր յաղթելու կեանքին եւ աղջիկներուն։ Իր շարժումներուն մէջ հաճելիօրէն կամակոր ու տիրական քաղցրութիւն մը կար։ Վարսերուն մէջ առաւօտը ոսկի ցոլացումներ ունէր։
Պիտի ուզէի տեսնել մայրս՝ մեր երկուքին միջեւ, փողոցին մէջ կամ դաշտի ճամբումը վրայ, գարնան։ Ինչ որ կը սպասէր կեանքէն, գուցէ ատիկա էր ու այդ էր, որ չտրուեցաւ իրեն։ Անապատի ընկլուզող աւազին խորը թաղեցին զայն իր զսպուած ու բանտարկուած երիտասարդութեամբը, իր վիրաւորուած ու անեզր մայրութեամբ։ Ու մանուկ՝ զրկուեցայ ամէն առաւօտ դէմքիս վրայ իր անասելիօրէն քաղցր հայեացքը ընդունելու շնորհէն։
Կ՚ուզէի տեսնել քոյրս՝ իր շռայլ ու ոսկի գեղեցկութեամբը, խարտիշագեղ եղբօրս քով, ծովեզերքի իրիկնամուտին դէմ։ Որքան գեղեցիկ ու երիտասարդութեամբ թրթռուն պիտի ըլլային, օ, մռայլ արարչութիւն։Կ՚ուզէի զանոնք տեսնել գիշերը պարտէզին լուսաթաթախ երկնքին տակ, մատղաշ ու ցօղաթուրմ բուսականութեան քով։ Խորին հպարտութեամբ մը պիտի սիրէի զանոնք՝ զմայլելով բնութեան վրայ, որ կեանքի անփոխարինելի հմայքովը օժտած էր զանոնք։
Երբեմն գիշերուան կիսուն կ՚արթննամ, անկողնիս եզերքը կը նստիմ, գլանիկ մը կը վառեմ ու թոյլ կուտամ, որ ներկան սուգի մշուշին մէջ։ Յայնժամ ժամանակին ահարկու անիւը կը դառնայ ետ, ու մեր քաղաքին վրայ առաւօտը կը բացուի հանդիսաւոր վայելչութեամբ մը։ Երեւակայութիւնս կը յաջողի վերստեղծել, ինչ որ իրողութեան մէջ գուցէ երբեք կորսուած չէ ու չպիտի կորսուի բնաւ, քանի որ մարմինս կը պահէ իր բաբախուն յիշատակը՝ մեր հայրենի տունը։ Ամէն ոք կը շարունակէ ապրիլ, մեծերը՝ յաւելեալ խաղաղութեամբ մը, ու երիտասարդները՝ յարաճուն տենդով։ Ինչո՞ւ համար հոգիս կը շարունակէ այսքան խորունկ հաւատարմութեամբ մը պլլուիլ էն չնչին մանրամասնութիւններուն իսկ։ Ռունգերս կը յիշեն պարտէզին էն նուրբ բուրումներն իսկ։ Կը յիշեմ արեւին ընթացքը օրուան տարբեր ժամերուն։ Այս ածուն ստուերի մէջ էր առտուն, ու միւսը՝ յետմիջօրէին։ Թզենիին մութ տերեւներուն վրայ լոյսը մածուցիկ կը թուէր, մինչդեռ սալորենիին վրայ ան կը պլպլար հարիւրաւոր երեսակներով, նախշուն բիւրեղներու պէս։ Կը յիշեմ մեզմէ իւրաքանչիւրին ապրելու եղանակը այդ նահապետական ու խորունկ տան մէջ։ Սիրով բաբախուն համբերութեամբ մը կը սպասեմ տարիներու թաւալումին՝ ձգելով, որ մեզմէ իւրաքանչիւրը իր կեանքը լրումին տանի։
Մեռելներ չեն, ինչ որ կը կրէ հոգիս, այլ՝ անփոխարինելի էակներ, որ կը շարունակեն ապրիլ ուրիշ կեանքով մը, որոնց թրթռուն ներկայութիւնը կը զգամ յաճախ գիշերային ու երազային պահերու։ Այդ ներկայութիւնը միայն հոգեկան չէ։ Վայրկեաններ կան, որ յիշատակը մարմին կ՝առնէ։ Ձայն մը կը դողայ կիսամութին մէջ. մայրս է, որ կը կանչէ զիս։ Ի՜նչ հրաշալի զարթօնք է ասիկա։ Պատուհանին առջեւ գարունը կը հիւսէ իր ծաղկային մանեակը, ու զուարթ, կարկաչուն, դողդոջուն մեղեդի մը սարսռուն վանկերով կը դեգերի ծառերուն մէջ։ Աչքերս կը բանամ, ու լոյսը կ՝օծէ կոպերս։ Աւելի քաղցր
րս անկորնչելի բերկրութիւն մը կրնայ գոյութիւն ունենալ միթէ. ընդունիլ օրուան առաջին պահուն իսկ լուսաթաթախ դէմքիդ վրայ մօրդ հայեացքին բարի գգուանքը։
Գլուխս մահուան մահիճին վրայ, վերջին ժամուն իսկ, մարմինս պիտի յիշէ կորուսեալ ու անվերագտնելի անդորրութիւնը, որ իմս կրնար ըլլալ։ Կեանքիս առաւօտը զուարթ էր ու կը խոստանար բեղուն միջօրէ մը։ Երբ արիշին տակ նստած, թոթովախօս ու անհանգիստ մանուկ, կը հեգէի մարդոց առաջին իմաստութեան ու բարբառին առաջին վանկերը, կրնայի՞ միթէ երեւակայել, թէ ափէ ափ մոլար թափառականի կեանք մը վերապահած է ինձ ճակատագիրը։ Ի վերջոյ, կ՚ուզեմ յստակօրէն գիտնալ, թէ ինչ կը հետապնդեմ այս երկրին վրայ։ Կեանքի լուսանցքին վրայ կարելի չէ անպատիժ կերպով հետապնդել, ինչ որ առյաւէտ կորուսեալ է, ինչ որ ստուերներու թագաւորութեան կը պատկանի, ինչ որ մեռեալ գեղեցկութիւն մըն է այլեւս։
* * *
Ընդմիշտ կորուսեալ գեղեցկութիւն մը կայ կեանքիս մէջ, ընդմիշտ եղծուած հրապոյր մը, կ՚ըսէի ջղային արագութեամբ մը՝ բարձրանալով ու յետոյ իջնելով ծառուղին, ընդմիշտ շիջած լոյս մը։ Խաղաղ հմայաթափութեամբ մը կ՚անցնիմ մարդոց բնակութեան վայրերէն, ու կը թուի, թէ այլեւս ոչինչ կրնայ զիս ոդբերգականօրէն յուսալքել։ Ծեր ստոյիկեանի մը պէս, որ քաղցր օրուան մը վախճանին ընդունակ է հեշտին փիլիսոփայութեանդ մը հրաժարիլ կեանքէն, կը թուի թէ կրնամ պարզութեամբ դուռը բանալ ու մեկնիլ։ Կը թուի միայն։ Վասնզի կեանքի խուլ կիրքը հաստատած է իր իշխանութիւնը վրաս, ու հաճոյքի մռայլ ծարաւը թունաւորած է արիւնս։ Կորստաբեր սիրով մը կը դողդոջեմ ի տես երկրի թրթռուն շքեղութեան։ Հովին հետ, որ կ՚ելլէ երեկոյեան, մարմինս կը զգայ թեթեւոտն ու նուրբ էակներու շղարշային ու կիսաթափանց շնորհը։ Տենդը հայեացքիս մէջ է, ու յուզումը՝ ձեռքերուս վրայ։ Էն չնչին ու խուսափուկ զգայնութիւններէն արագութեամբ կը յանգիմ մտքի հիւանդ հաճոյքներու։ Զգայնութիւններու այս յարատեւ տարբաղադրումն ու կերպարանափոխումը ժամէ ժամ կը ծերացնէ զիս։ Էն զուարթ ու մաքուր հաճոյքիս կը խառնուի յուսալքումի մրուրը։
Տենդը հայեացքիս մէջ է, ու յուզումը՝ ձեռքերուս վրայ։ Ժամեր կան, երբ տաժանելիօրէն կը տուայտիմ երիտասարդ կնոջ մը մարմնին պատճառաւ, որ երբեք իմս պիտի չըլլայ։ Կինը կը խրի քաղաքին գիշերուան մէջ, իսկ ես խոշոր գլուխս ծռած կը յառաջանամ՝ ողբալով կորուսեալ անմեղութիւնս։ Անգամ մը կայարանի մը սպասման սրահին մէկ անկիւնը աղջիկ մը մեղմօրէն ծռեցաւ, շրջազգեստը բարձրացուց ու անհանգստութեանդ շուրջը նայելով՝ ծնրակապը շտկեց։ Իր մերկ ազդրէն աւելի, որ երկվայրկեան մը շողաց, աչքերուն խռովքը սիրեցի, երբ շուրջը կը դիտէր։ Զգալով, որ ծերութիւն է ասիկա, հայեացքս դարձուցի անդին՝ խածնելով շրթունքս, բայց ողջ գիշերը մարմինս պահեց այդ հպանցիկ տեսարանին յիշատակը։
Օրն ի բուն ու գիշերն ի բուն հաճոյքի անխնայ ծարաւը գոռ թաւալումներով կ՚ելլէ մարմնիս խորունկներէն ու կը սարսէ զիս, ու երբ այլեւս խոնջ հակիմ գրքի մը վրայ, խաղաղութեան կարօտը անդամներուս մէջ կը կաղկանձէ։ Այս որոտընդոստ ու յղի տարիներուն, երբ քաղաքներու ընդերքներուն մէջ կենարար ու ազևիւ դժգոհութիւնը մեծաշռինդ աղմուկով մը կը թաւալի, երբ յաղթանակը զսպուած ու զարհուրելի սաստկութեանդ մը կը բախի իր գառագեղին[27] պատերուն, երբ մարդկութիւնը, մռայլ երկունքի մը ցաւով ինքն իր վրայ ծալլուած, ահագնադղորդ գոչիւններ կ՛արձակէ, ահա ես, մարդ մը, գեղեցկահմայ ու մոգեալ, իր հաճոյքէ տոչորող ափերը պարզած, կը հայցէ խաղա–
ղութեաե անկարելի մանանան։ Ամենուրեք մրրիկ կայ ու կռիւ։ Ասիական երկիրներու մէջ ծովածաւալ բազմութիւններ, խուլ ընդվզումներու փոթորիկը իրենց երանքերուն մէջ, կ՚որոնեն ճշմարտութիւնը։ Երկիրը ալեկոծ է։ Վայել է միթէ ինձ, ես, ոը մարդոց անլուր տառապանքը գիտեմ, անտարբեր հմայաթափութեամբ մը փողոցներէն անցնիմ՝ որոճալով սիրոյ մելամաղձիկ մեղեդի մը։
Ո՞վ պիտի փրկէ զիս ինձմէ, ով պիտի ազատէ զիս իմ վէրքերէս, իմ արիւնէս։ Աննա՛, Աննա՛, ինչ որ կը հայցեմ քեզմէ, հոգւոյս կորուսեալ անդորրութիւնն է, վասնզի կուզեմ լրիւ անձնատուութեամբ մը վերադառնալ երիտասարդութեանս։ Գաղափարներուն փառքը ու հաւաքական արու յազումներուն զօրեղ գինին, ահա ինչ որ մարմինս կը տենչայ այժմ։ Վէճը վարանոտներուն ու հրամանը պետերուն։ Կորովի ու կարգապահ երթն է, որ անհրաժեշտ է ինձ կեանքի խժալուր աղմուկին մէջէն։ Օրէնքս պիրկ ու առօրեաս ձերբազատեալ կ՚ուզեմ, կ՚ուզեմ մէկդի ձզել, ինչ որ հաճոյական է, ինչ որ բարոյալքիչ է, ինչ որ շատ քաղցր է իրապէս զօրեղ ըլլալու համաը։ Տաժանքով կ՚ուզեմ յառաջանալ, քանի որ դերբուկ են կեանքի ճամբաները։ Բնազանցական մարզանքներէն ու զգայնական յորդազեղումներէն անդին յեղափոխութիւնը կը ճանչնայ իր արուագեղ ու անձնուրաց զաւակները։ Արիութեամբ ու հպարտութեամբ ծառայելու իրաւունքը կուզեմ խլել ես ինձմէ՝ փոխանակ սիրային յուզումներու զգայուն անօթի մը վերածուելու։
Աննա՛, Աննա՛, եթէ քեզ շատ սիրեցի, որովհետեւ աչքերուդ խորունկը խանդավառութիւններուս ջեըմ պատասխանը կար ու ձայնիդ մէջ յաճախ յեղափոխութեան որոտ, մարմինդ, սակայն, զիս վերադարձուց սիրոյ տոչորումներուն։ Յաճախ կը բաւէր, որ տեղափոխէիր զայն, որպէսզի արիւնս բռնկէր։ Կուրծքերուդ պիրկ գիծը կը մտրակէք ապերասան երեւակայութիւնս։
Յետոյ, վերջապէս, մութը ինկաւ քաղաքին վրայ։ Գիշերուան մոգութիւնը վերստին փողոցներուն պարգեւեց խռովեալ գեղեցկութիւն մը։ Գիշերը տուներուն շուրջն էր ու մանուկներուն աչքերուն խորը։ Գիշերը խորին քաղցրութեամբ մը կը թափանցէք զիս։ Ձեռքերս խրեցի գրպաններուս մէջ՝ կարծես վերստանալու համար ներքին անձիս վրայ կորսուած իշխանութիւն մը, ու ողղուեցայ կայարան։
Ու մէկէն գաւառական քաղաքը լիովին ենթարկեց զիս իր մանր-քաղքենի օրէնքներուն։ Պարտադիր ու մեռեալ աշխատանքը վերստին դարձաւ կեանքիս անյեղլի օրէնքը։ Վաղը առաւօտ՝ ժամը վեցին, կ՚ըսէի՝ դառն հեգնութիւն մը շրթներուս վրայ, կլափիդ վրայ պիտի զգաս գերութեանդ երկաթեայ երախակալը։ Ոչ աջ, ոչ ձախ, կ՚ըսէի զզուանքով։ Կառաշարին պէս, որ քիչ յետոյ սահմռկեցուցիչ կանոնաւորութեամբ մը պիտի սուրայ միշտ նոյն նեղ ու երկաթեայ գծին վրայէն, ողջ տարի մը պիտի քալես՝ ծռած խոշոր գլուխդ, ընդունելով բռնութիւնը։ Անընդհատ մեռեալ մաս մը պիտի ըլլայ կեանքիդ մէջ։ Ինչ որ էն բաբախուն, էն արժանավայել առաքելութիւնն է մարդուն, պիտի ըլլայ էն նողկալին ու էն տաժանելին։ Վերստին գիշեըը ապաստանդ պիտի ըլլայ։ Հիւանդ անասունի մը պէս պիտի կծկտիս որջիդ մէջ՝ սպասելով առաւօտեան ծագումին։
Ո՛հ, յաւիտենական ու վարդամատն առաւօտ, առաջին զուարթութեամբդ երբեւիցէ պիտի ծագի՞ս վերստին։ Աշնան մառախլապատ այգը պիտի տատանի վրաս, ու խոնաւութիւնը պիտի թափանցէ ոսկորներս, մինչ հոգիս թեւաթափ ծիծեռնակի մը պէս պիտի չուէ ջերմին ափեը։ Օրն ի բուն ու գիշերն ի բուն բարակ ու մթին անձրեւնեը պիտի թրջեն երկիրը։ Երբեմն տարածութեան խորէն պիտի հնչէ տէրունական ղօղանջը, ու մարմինս պիտի հեռազգայ կորուսեալ Կիրակիներ, երբ մանկութիւնս գառնուկի մը պէս կ՚ոստոստէր ծաղկեալ մարգերուն վրայ։ Յետոյ գիշերը պիտի իյնայ վրաս, պիտի տապալէ զիս։ Երկնցած անկողնիս վրայ՝ լոյսը պիտի փակեմ, վասնզի մութը սեւ պալատի մը պէս է իր խորունկ նրբանցքներով։ Յայնժամ շրթներուս վրայ մեղմօրէն պիտի ծլին
գարնանային ու խոխոջուն մեղեդիներ։ Ինչ որ կորուսեալ էր, վերագտնոււսծ պիտի թուի, ու մանիշակ ամպերու մէջէև մեղեսիկեայ[28] պատերով պիտի ցայտէ երազին պայծառ տաճարը։ Ճերմակ աղաւնիներ պիտի թոին ու պիտի վերադառնան՝ թառելու համար ուսիս։ Թաւուտի մը խորէն սրինգ մը սրտակեղեք քաղցրութեամբ մը պիտի հեծկլտայ։
Աննա՛, Աննա՛, ինչ ոը կը հայցէի քեզմէ, գեղեցկութեանդ անաղարտ մաքրութիւնն էր։ Ինչ որ կը տանիմ քեզմէ, պայծառ տեսիլք մըն է, շատ քաղցր ու շատ խանդավառ ներկայութիւն մը։ Կրնայի գուցէ զգայուն ու կարմիր շրթներուղ վրայ ճաշակել գարնան բոյրերը, ուսիդ վրայ վայրկեան մը հանգչեցնել խառնակ ու ծանը գլուխս։ Կրնայի գուցէ ափերուս մէջ զգալ կուրծքերուդ զուարթ տրոփիւնը։ Վայրկեաններ կային, երբ աղուոր աչքերուդ խորը հեզ համաձայնութիւն մը կը ցոլար։ Մարմինդ պատրաստ էր ընդունելու զիս, ինչպէս որ էի՝ մռայլ ու տոչորուն սիրով։ Գիշերներ կային, երբ խաղաղութիւնը տաժանհլի կը թուէը, վասնզի ողջ մաբմինս կը հնչէր խելայեղ նուագարանի մը նման։ Նախընտըեցի, սակայն, ինչ ոը անշօշափելի էր ու անհպելի, ինչ որ չի կորսուիը՝ հայեացքիդ լոյսը ղէմքիդ վրայ, բերնիդ կծկումը, երբ կը տխրէիր, ձայնիդ մեղմ գգուանքը,
երբ հակած վրաս՝ կը խօսէիր անցեալէդ, վարսերուդ անկումը պայծառ ճակտիդ վրայ։ Ինչ որ պիտի չկորսուի բնաւ, երիտասարդութեանդ յիշատակն է։ Աննա՛, Աննա՛, քաղցր երիտասարդ կին մըն ես, վասնզի շռայլ ու մաքուր էր գեղեցկութիւնդ, վասնզի խորապէս մարդկային էիր։
Վ Ե Ր Ջ
- ↑ յուլօրէն — դանդաղ, անշտապ
- ↑ 2 դէգ — խենթ, զայրացկոտ, անհամբոյր
- ↑ 3 յեղակարծ — յանկարծակի, անսպասելի
- ↑ 4 անոպայ — կոպիտ, բիրտ, վայրի, դաժան
- ↑ 5 անձկայրեաց — կարօտակէզ
- ↑ 6 նաշիհ (ասոր.) — զտած, մաքրած
- ↑ 7 արեւայեղց — արեւապատ
- ↑ 8 երանք — արական սեռական անդամներ, արանք
- ↑ 9 դանդաչել — երերալ, տատանուել, տարուբերուել
- ↑ 10 դերբուկ — խորդուբորդ
- ↑ 11 արոյր (պարսկ.) — դեղին պղինձ
- ↑ 12 սնդուս (պարսկ.) — մետաքսեայ նուրբ կերպաս, դիպակ
- ↑ 13 անոք — ոչ ոք չունեցող, անօգնական
- ↑ 14 բարբարիկ — բարբարոսական
- ↑ 15 բառնալ — վերացնել
- ↑ 16 բանաւոր — իմաստային
- ↑ 17 դալարայեղց — կանաչապատ
- ↑ 18 եղտիւր — ջրարբի, ջրառատ տեղ, մարգագետին
- ↑ 19 գոգցես — համարեայ թէ, ասես թէ
- ↑ 20 հասառու — դրամագլխով կամ կալուածներէ եկամուտներով ապրող
- ↑ 21 պատրել — խաբել, մոլորեցնել
- ↑ 22 կապտել — այստեղ սեւեռել
- ↑ 23 շուկատ — խաբեբայ
- ↑ 25 յայրատ — ցանկասէր, պագշոտ, վաւաշոտ
- ↑ 26 տարապարեակ —յարկի տեսակ, անձնական ձրի պարտադիր աշխատանք
- ↑ 27 սարփինայ — սարի, երկու ել աւելի մետր բարձրութիւն ունեցող ձող, որ դնում են վազերն ամրացնելու համար
- ↑ 28 գառագեղ — վանդակ, զնդան
- ↑ 29 մեղեսիկ — ամեթիսւո, թանկագին քար, մանուշակագոյն, որ կվարցի բաղադրութիւն ունի