ՍՈՒՐԲ ԳՐՈՑ պատմութենէն կ՚իմանանք թէ՝ Տէր Աստուած տիեզերաց ճարտարապետ երբ մեր բնական աշխարհին շէնքը ու հրաշալի զարդերը բովանդակեց. նախապէս պատրաստելով զայն իբրեւ բնակութիւն եւ սահման թագաւորութեան Մարդոյն։ Աստուած, որ բանիւ միայն կ՚արարչագործէր, Եդեմական դրախտը իւր ձեռքով տնկեց. եւ իբրեւ արքայական պալատ զարդարեց զայն ի պատիւ առաջնաստեղծ Մարդոյն, որ իւր տիրական պատկեր կը կրէր, եւ ինչպէս յերկինս իւր պետական աթոռ դրած էր, երկիրն եւս Մարդոյն պարգեւ տուաւ, եւ դրախտին մէջ հաստատեց Ադամ թագաւորին անմահութեան գահը։

Չգիտեմ, երբ կենդանի շնչով բանականութեամբ հոգիացաւ հողն ու կաւն, ու յանկարծ աչք բացաւ տեսաւ նախ իւր ստեղծող Արարիչն. երկինք, երկիր, եւ իւր բոլոր շրջապատը՝ զարմանազան արարածները. զգա՞ց արդեօք ու համբուրե՞ց այն մեծագործ ձեռք, որ զինքն յանարգ կաւէն մարդ նկարեց. իմացա՞ւ թէ ինքն երկրի թագաւոր էր եւ պիտի իշխէր ծովուն, ցամաքին ու բոոր հպատակ արարածոց։

Այո, այս տիրական իշխանութեան բարձրագոյն հրամանն ընդունեցիր իւր Արարչապետէն. թէ «Աճեցէ՛ք եւ տիրեցէք երկրին». բայց անզոյգ մարդն ի՞նչով պիտի աճէր ու բարգաւաճէր։

Ադամ թագաւոր էր, այլ թագուհի չկար. ուստի, կ՚ըսէ Սուրբ գիրք, թէ Տէր Աստուած համաշխարհական հանդէս կազմեց, բոլոր ազգ թռչնոց ու անասնոց հրաւիրեց դրախտի ծառազարդ սրահը. հրաման տուաւ Ադամայ, որ իւր հպատակ արարածոց վայելուչ անունները ինքը դն. է յորմէ յայտ է թէ մեր մանուկ Նախահայր դրախտի դպրոցի մէջ բնագէտ իմաստուն էր. զի վարժապետն Աստուած էր, որ փչեց նորա երեսը ու ճառագայթեց գիտութեան լուսով։ Երբ կը տեսնէր ու կը դիտէր Ադամ կենդանեաց բոլոր ազգը՝ զոյգ զոյգ իւր առաջ կեցած, կը հանազանդին իրեն համոբյր եւ ընտանի բնաւորութեամբ, թերեւս ինքնին մտախոհ լինելով պահ մը տխրեցաւ իր միայնութեանը վրայ, ու երանի տուաւ անբան կենդանեաց. որ զուգակից ընտանութեամբ քան զինքն երջանիկ էին։ Մանաւանդ երբ կը տեսնար որ սոխակ իւր վարդն ունէր, տատրակ իւր ամուսին, արօրիկ իւր սիրանուէր ընկերը. առաւել եւս վարանեցաւ բանաւոր մարդն Ադամ. եւ այն ինչ նորապսակ թագաւորի մը պէս թագ կապած կ՚իշխէր. հրամայեց Տէր Աստուած, որ ընդհանուր կենդանեաց ազգէն իւր ազատ ընտրութեամբ հաւանելով իրեն համար կենակից ընկեր՝ հարսն ու թագուի ընտրէ, զոր եւ կամի։

Քանի՞ ծանր եւ դժուարին էր անզուգական մարդուն համար, որ նա խնոարհէր ու ստրկանար անբանաւոր կենդանեաց սեռէն իրեն ընկեր ընտրէր։ Եւ միթէ Տէր Աստուած կը փորձէ՞ր զինքն տեսնել թէ՝ իւր բանաւոր նախապատիւ մարդըն, որ տիրական պատկերով կը փայլէր, եւ պատուով ու փառքով բոլոր ձեռակերտաց վրայ իշխան կարգուած էր, կը ճանչնա՞յ իւր ազնուականութեան շնորհ ու մեծութիւն. եւ թէ կը զիջանի՞ հաւասարիլ անասնոց։

Մեծանձն եւ հանճարեղ էր մեր նախահայր. համայն կենդանեաց սեռին մէջ չգտաւ համեմատ ինչ, որ իւր պատուոյն ու ընկերութեան արժանի լինէր։ Թող այս, երս սահմանադիր արարչապետ բոլոր կենդանեաց սեռը զոյգ զոյգ ստեղծեր էր. զրկանք եւ յափշտակութիւն չէ՞ր արդեօք եթէ հաճէր Ադամ մինն առնուլ եւ միւսն թողուլ։ Նա կը տեսնար թէ թէ սիրուն երգիչ էր սոխակ, եթէ զայն խլէր վարդի թփէն, անշուշտ վարդն կը թոռմէր ու կը մեռնէր. թէ տատրակն առնուր, նորա ամուսնասէր ընկերն այլեւս ամուսին չընտրելով՝ այնպէս միայնակ զոր հանապազ կը սգար ու կը հառաչէր։ Զո՞վ ընտրէր Ադամ, զօրաւոր առի՞ւծը, որ կենդանեաց թագաւոր էր եւ անտառ կը սիրէր. զարծի՞ւն, որ բարձրաթռիչ լինելով ձեռք չէր հասներ. կապիկն եւս դիմաց կեցած պըտպտանքով կը խաղար ու կը շողոքորթէր, իբրեւ թէ ինքն մերձաւոր ազգակից է Մարդուն, զայդ եւս թողուց Ադամ, որ երթայ վերջի դարուն իւր բնագէտ ու իմաստակ զաւակներուն հետ ամուսնանայ. որք արհամարհելով մարդուն տիրական պատիւը, բանականութեան գերագոյն շնորհն. եւ դիմաց հրաշագեղ տիպարը, անմտացան կարծել թէ մարդն կապկի սերունդն է, եւ կապիկն է մարդուն նախահաւն։

Այսպէս անընկեր մնաց խեղճ Ադամ ու սկսաւ հոգալ ու տխրել։ Բոլոր Դրախտի գեղազան վայելչութիւնք չկրցին զինքըն սփոփել, նա միայնակ էր, ուստի, Տէր Աստուած փութաց նորա տխրութիւն փարատել, թանձր քուն թափեց նորա աչքին վրայ, եւ նորա կողերուն մի ոսկորն առնելով հրաշապէս նորաստեղծեց Եւան կենդանի հողէն նորահրաշ կենդանի մարդ կերտելով։ Զարթեաւ Ադամ քնաթաթախ աչքով, տեսաւ առընթեր իւր կեցած իւր մահատիպ պատկերը, հիացաւ, հաւանեցաւ, ու խայտալով գոչեց. «Ահա այժմ ոսկր յոսկերաց իմոց, եւ մարմին՝ ի մարմնոյ իմմէ». եւայլն։

Ադամ, որ բոլոր կենդանեաց անունները վայելչապէս յորջորջեց, առանց վարանման գտաւ իւր ընկերին անունը։ Աստուած զայն Օգնական կոչեց. իսկ Ադամ Կին. զոր բացատրելով կը մեկնէ իբր իսկական մասն իւր անձէն առնուած. որով մեղմով իմն կ՚ազդարարէ իւր արարչին, թէ ինչպէ՞ս հնար էր, որ ինքն օտար մարմին եւ օտար ոսկր իւր համար ընկեր ընդունէր, եւ կցէր պատուաստէր զայն իւր մարմնոյն միութեան հետը, որ անբնական էր։

Այսպէս աւարտեցաւ Դրախտին հարսանիքը, որոյ պսակադիր Քահանայն Աստուած էր, Եկեղեցին Դրախտն էր, Խաչ ու Աւետարան Կենաց ծառն էր. Շարական երգող Տիրացուն Սոխակն էր, վկայող ժողովուրդը բոլոր կենդանեաց սեռն էր. հարսնարանին խնճոյք կազմող մատակարարն ու մատռուակ՝ հրեշտակաց դասն էր. անմահ անուշահամ գինին՝ Դրախտի չորս գետերն էին. սուրբ եւ մաքուր առագաստ՝ հովանաւոր ծառաստանն էր։

Ահա այսպէս կազմեց Տէր Աստուած առաջին ընտանիքը. իւր արարչական աջով օրհնեց նորապսակ ամուսինները, եւ սիրոյ անխզելի կապով զիրենք, այնչափ ամուր եւ անբաժանելի, մինչեւ թողուլ հայր ու մայրը եւ ամուսնոյն ետեւէն երթալ. որ կը յայտարարէ դրախտին Քահանայապետն թէ, «Զոր Աստուած զուգեաց, մարդ մի՛ մեկնեսցէ». այսինքն թէ պսակին խորհուրդը վեհ է. եւ թէ զայն Արարչին հզօր ձեռք կապեց, թող ստեղծուած մարդը իւր տկար ձեռքով չհպի յանդգնութեամբ քակել զայն։

Բայց աւա՜ղ, դրախտի ընտանեաց մէջ ուրիշ երկպառակիչ մարդ չմտաւ, զի դեռ չկար. միայն խորամանկ օձը կը նախանձէր երկու սիրելեաց երջանկութեան վերայ. ուստի նենգութեամբ խորհեցաւ երկու անփորձ ամուսինները ապերջանիկ վիճակի մէջ դնել. եւ դրախտին մէջ մահ բերելով, անեղծ մարդոյն անմահ կեանքը մեռուցանել։ Կեղծաւոր ու ստախօս կենդանին իւր պատերազմի ձեռնարկութեան գաղտնի յատակագիծը պատրաստելով՝ յարձակեցաւ նախ տկար կնոջ վերայ այն պահուն, երբ նա միայնակ էր ու առանց իւր մեծ թիկնապահին կը շրջէր. գիտութեան ծառին տակ իւր դարանը լարեց կնոջ նորազգաց ցանկութիւնը գրգռեց դէպի գեղեցիկ պտուղը, գեղեցիկովը՝ գեղեցիկը որսաց։ Նա քաջ մտաբերեց թէ երբ զկին խաբեմ հանեմ դրախտէն, անշուշտ Ադամ անոր ետեւէ կ՚երթայ։ Արարիչն այնպէտ պատուիրեց. կարելի չէ որ նա բաժնուի իւր կենակցէն. եւ թէ չերթայ եւս, դարձեալ ես կը շահիմ. զի ամուսնութիւն առանց աճման կը մնայ եւ Աստուծոյ օրհնութեան նպատակը ի դերեւ կը հանեմ։

Իժ օձն այսպէս յաղթանակեց. եւ իւր յաղթանակ տեւեց ցվեց հազար տարի. մինչեւ հասաւ Աստուածորդին, Խաչի ոտքի տակ ճմլեց դարանակալ օձը, եւ գոչեց՝ «Ո՞ւր է, մահ, խայթոց քո։»

Անխելամուտ մարդիկը դրախտի ընտանեաց եւ արդի Ադամարդւոց վիճակին վրայ կարեկցելով՝ զԱստուած կը դատեն. թէ նա խստութեամբ պատժեց իւր սիրելի ձեռակերտները, մահով եւ արիւնով գրեց նոցա վճռագիրը. փանաքի պտղոյն համար մահ սահմանեց. զոր իբրեւ ծաղր ու կատակ ի դէմս կը բերէր կոյր Յազկերտը՝ Հայոց նախարարաց առաջը։

Ափիբերան պէտք է լռէ աստ մարդոց կեղակարծ դատաստանը. զի անհուն անտակ է Աստուծոյ նախատեսութեան խորը. ո՛վ գիտէ, գերագոյն եւ բարերար դատաւորը՝ դրախտի յանցաւոր ընտանիքը պատժելով առաւել եւս բարերարեց. վասն զի մեր նախածնողք՝ Գիտութեան բարւոյ եւ չարի պտուղ ճաշակելէն յետոյ եթէ յաջողէին Կենաց ծառէն եւս ճաշակել, աներկբայ էր որ այնուհետեւ մեղաց մէջ անմահ կը մնային. որով իրենց եւ իրենց բոլոր սերունդները անիծեալ եւ տատանեալ կեանք պիտի վարէին աշխարհիս վերայ, եւ մահու ցանկանալով չգտնէին զայն։

Խնամակալն Աստուած մահով հանգոյց հողին մէջ իւր պատժապարտ ծառաները. մինչեւ իւր միածին որդին եւս ի գերեզման այցելելու ղրկեց. նա մահով քաւեց իւր նախահօր յանցանքը կրկին անգամ մեղապարտ ծառայն հողէն հանելով գրկեց վերբերեց տարաւ երկնից դրախտը։

Դրախտի տարաբախտ ընտանիքէն պէտք է օրինակ ու խրատ քաղենք նոր դրախտի որդիքներս, զգուշանանք չարանախանձ օձին հրապուրիչ թոյնէն. եթէ նա ջանաց, մահ մտոյց հին դրախտը ու մեր նախածնողքը մահացոյց, պիտի ջանայ նաեւ նոր դրախտի մէջ Ադամայ հաւատացեալ որդիքները երկնից դրախտէն հանել։ Հոն տեսանք. որ բարեխնամն Աստուած թէպէտ մեծագորով, այլ արդարութիւնը ի գործ դնելով չխնայեց երբեք իւր նոր ձեռատունկներուն, զոր վաղ խամրացոյց խորամանկ օձին շունչ։

Արժան է խելամտիլ անցելոյն աղէտներով, դիտել ու տեսնա նենգաւոր օձին դարանամուտ հետքերը, թէ նա ինչպէս կը շրջի ու կը սողայ մեր մէջ. նա աշխարհիս չար մշակն է, որոմնացան թշնամին, նա ատելութիւն կը սերմանէ, նա միութիւն կ՚երկպառակէ, ու վեր ի վար կը խռովէ ընտանեկան կեանքը։ Բայց հզօր մանուկն Յիսուս բռնեց եւ կապեց յաւիտենական շղթայով այդ մահաշունչ վիշապը, եւ խրախոյս կարդաց Եկեղեցւոյն ընտանեաց, որ զօրանան, քաջալերուին, կոխեն ու ջախջախեն նորա գլուխը, որ դրախտի օրէն սկսեալ դրանակալ օձը թշնամի դարձաւ մարդոյն, ու միշտ կ՚սպասէ հարկանել նորա գարշապարը եւ թունաւորել մարդոյն կեանք։