Երկու ձայներ
Հրապարակվել է «Հայ կին» (Կ. Պոլիս)՝ 1919, № 1 (նոյեմբերի 1):

Պատմութիւնը կ՚ըսէ մեզի.

Տառապանքի լուծին հետ եղբայրացած հէ՛ք զաղփաղփուն էակ, որ տիեզերքիս մէջ քու տեղդ ունիս՝ որպէս մարդ եւ քաղաքացի, լսէ՛: Անոնք որ ոճիր ու նախճիր սփռած են քու շուրջդ, անոնք որ իրենց աշխարհակալութեան եւ արիւնի ծարաւը յագեցնելու համար գործիք ըրած են լէգէոններ քեզի պէսներու, անոնք, որոնց սեւ թաթին տակ ժողովուրդներու կեղեքուիլը տեսած ես, եւ, անարդար ու բռնաւոր ըլլալնին ճանչնալով՝ վախէդ չե՜ս ընդվազած եւ չե՜ս իսկ ուզած գիտնալ ինքնութիւննին, - քու ծոցէդ ծնած, քեզմո՛վ սնած հասարակ մահկանացուներ են բոլոր: Դու տկարութիւնդ, տգիտութիւնդ եւ կորովէ զուրկ նկարագիրդ երկար ատեն ծառայած են իբր պատուանդան՝ անոնց անիծապարտ ջահերուն:

*
* *

Ու բարոյախօսը կը ձայնէ անդիէն. –

Զգօն ու պարկե՛շտ քաղաքացի, Չարիքը քու լռութեամբդ է որ կ՚ուռճանայ, կ՚արմատանայ: Ամբարտաւաններու, անիրաւներու եւ խղճմտանքէ զուրկ սինլքորներու վոհմակին գտած յաջողութիւնն ու փառքը քու ներողամտութեամբդ է որ կը գտնեն ասպարէզ: Անոնց դէմ յանդիման՝ ըմբոստացում, անաչառ եւ յիշաչար ոգի. ահա գերագո՜յն ազդակներ՝ որոնք ատակ պիտի ըլլան վարկաբեկելու եւ ինքնաճանաչումի բերելու սուտի, կեղծի ու կեղտի այդ ապիրատ կարգախօսները, անարդարութեան բոլո՜ր հերոսները որ կը վխտան քու շուրջդ: Ցորչափ շարունակես լռութիւնդ եւ անտարբերութիւնդ, քաջալերած պիտի ըլլաս անոնց մահասփիւռ շահատակութիւնը: Ծառայի՛ր անոնց դէմ. մէկդի՛ վանէ ողոքը, արդարութեան ձա՛յնը շեփորելու համար ամենուրեք: Կայծին դէմ բո՛ց եղիր, եւ ամպին մէջ՝ շանթ, գոռալով եւ որոտալով անդուլ, մինչեւ որ սկսի Իրաւունքի փրկարար անձրեւը: