Երկու տերով ծառա մը/Արարուած առաջին

ՏԵՍԻԼ Ա

Մեծ սրահ մը, երկու կողմ սենեակներ

ԱՆՏՈՆ, ԿՈՄԻԿ

Կոմիկը աթոռի մը վրայ կը քնանայ. Անտոնը սիկառ ի ձեռին սենեակէն կ՚ելլէ եւ Կոմիկը չտեսնալով

ԱՆՏՈՆ (չորս կողմ փնտռելով) Ո՞ւր գացեր է թշուառականը. բոլոր գործերս երեսի վրայ թողուցի եւ երկու ժամէ ի վեր է, որ զինքը կը փնտռեմ: (Միշտ փնտռելով) Մարդ մը փնտռել ու չգտնալը բաւական տանջանք է ինձի համար, բայց համբերութիւնս կը հատնի, ո՛հ… (Ուժգնակի) Կոմի՛կ, Կոմի՛կ, Կոմի՛կ:


ԿՈՄԻԿ (մէկէն ի մէկ կ՚արթննայ ու տէրը չտեսնար) Ո՜հ, Աստուած… (Դողալով) ինչ դող… ինչ սոսկում… իշու մը ձայն ըլլալու էր, որ այսքան վախ պատճառեց ինձի: (Տէրը կը տեսնէ) ինչ կը տեսնեմ, տէրս… ինքն է… (Առ Անտոն) տէ՛ր, կարծեմ թէ զիս կանչեցիք, աւասիկ եմ:

ԱՆՏՈՆ Ո՞ւր կորսուեր էիր, երկու ժամէ ի վեր քեզ կանչելէն հոգիս բերանս եկաւ:

ԿՈՄԻԿ (մեկուսի) Եթէ քառորդ մըն ալ կանչէր հոգին բերնէն դուրս պիտի ելլէր: Ի՞նչ կ՚ուզէք, տէ՛ր. հրամաններուդ պատրաստ կամ:

ԱՆՏՈՆ Կ՚ուզեմ որ պապանձի՛ս, եւ աթոռ մը բերես:

ԿՈՄԻԿ Լաւ:

ԱՆՏՈՆ Տակաւին կը խօսի՞ս:

ԿՈՄԻԿ (աթոռը կը դնէ) Հրամմէ՛, տէր, նստեցէ՜ք. հանգչեցէք, որպէսզի հոգինիդ դարձեալ իր տեղը գտնայ:

ԱՆՏՈՆ (կը նստի) Արդէն այսօր քիչ մը տկարութիւն ունէի, այս տկարու­թեանս վրայ երկու ժամ շարունակ քեզ փնտռել եւ պոռալը բոլո­րովին տկարացուց զիս: Ըսէ՛ ուրեմն, ո՞ւր կորսուեր էիր:

ԿՈՄԻԿ Կորսուած չէի, տէր. յոգնութիւն առնելու համար քիչ մը աթոռի վրայ նստայ. ապահո՛վ եղի՛ք, որ ձեր ծառան երբեք չկորսուիր:

ԱՆՏՈՆ Լաւ, զիս փնտռող մը եղա՞ւ:

ԿՈՄԻԿ Մեր պարտատէրներէն բաւական ձեզ փնտռողներ եղան, բայց ես ամէնուն ալ պատասխանեցի. ոմանց քաղաքավարու­թեամբ եւ ոմանց անքաղաքավարութեամբ, ոմանց անուշու­թեամբ եւ ոմանց խստութեամբ. ամէնուն ալ հարցումներուն համեմատ պատասխանելով, երբեմն մարդկօրէն, երբեմն իշօրէն, վերջապէս առանց ձեր պատուոյն արատ մը բերելու՝ ամէնն ալ վռնտեցի. աղէկ չըրի՞, տէր:

ԱՆՏՈՆ Ես ալ ըլլայի քեզի պէս պիտի ընէի. շատ աղէկ ըրեր ես. կրակ մը բե՛ր սա սիկառս վառեմ:

ԿՈՄԻԿ Շատ աղէկ: (Կ՚երթայ):



ՏԵՍԻԼ Բ



ԱՆՏՈՆ (առանձին) Թէպէտ եւ երբեմն երբեմն զիս կը բարկացնէ, բայց դարձեալ շատ գոհ եմ իրմէ: Ճշմարիտը խօսելով ինքզինքս երջանիկ կը սեպեմ այսպիսի ժրաջան ծառայ մը ունենալուս վրայ: Խեղճ Կոմի՛կ, բոլոր օր իմ ետեւէս կը վազէ, կրակ, ջուր եւ այլն բերե­լու համար. ի վերայ այսր ամենայնի այս պաշտօնը լաւ կր­թեց զինքը եւ կը յուսամ, որ քիչ ժամանակէն երեւելի ծառայ մը կրնայ ըլլիլ: Ասկեց ի զատ տնտեսական գիտութեան այնքան հմուտ է, որ անօթութենէ մեռնելու կէտն ալ հասնի, դարձեալ իր եօթն ֆռանք ամսականէն ստակ մը չվատներ. այո՛, այո՛, պէտք է որ իր գովեստը ընեմ: Հագած հագուստները՝ զորս քսան եւ հինգ տարի առաջ իմ հարսանեացս գիշերը իրեն շնոր­հեր էի` այնպէս մաքուր կը պահէ, որ տասնուվեց տարուան օրիորդ մը անգամ չկրնար պահել. եւ եթէ ողջ մնայ, հարիւր տարի ալ կրնայ հագնիլ։ Ասոնց ամէնը մէկդի թողլով, գանք իր մէկ յատկութեանը, զոր նուազ մարդիկ ունին. իր հաւա­տարմութիւնը կ՚ուզեմ ըսել. այո՛, իր հաւատարմութեամբն է, որ այսքան սիրելի եղած է ինձի: Ահա այսպիսի յատկութիւն­ներով զարդարուած ծառայ մըն է: Մրջիւնի պէս ժրաջան, ճագարի մը պէս մաքուր եւ շունէն աւելի հաւատարիմ:


ՏԵՍԻԼ Գ



Կոմիկ եւ նոյն



ԿՈՄԻԿ (վազելով) Տէ՛ր, կրակ չկրցի գտնել. տան մէջ ծակ ծուկ չձգեցի, ամէն տեղ նայեցի, չկայ. եթէ ուզէք երթամ կրակի տեղ պաղ ջուր բերեմ. առողջարար է:

ԱՆՏՈՆ Դու երթալով ապուշ կը լինիս, տեսած ունի՞ս, որ ջրով սիկառայ վառեն:

ԿՈՄԻԿ Ջրով սիկառ մարելնին շատ անգամներ տեսեր եմ, բայց վառածնին դժբախտաբար ո՛չ. աղէկ միտքս կը գայ, ձեր կո­ղակիցը հոգին աւանդած գիշերը, Աստուած ողորմի հոգւոյն, տուփ մը լուցկի առեր էի իր կանթեղը վառելու համար. գործս լմնցնելէն յետոյ զանոնք սա գրպանիս մէջը դրի. կար­ծեմ թէ հոս են. (Կը փնտռէ) վասնզի ես բնաւ բան մը կորու­սած չունիմ, եթէ ուզէք վառեմ, ահա գտայ:

ԱՆՏՈՆ Թող կենայ, Կոմիկ. (Լալով) այս լուցկիները սրտիս մէջ նոր վէրքեր կը բանան. (Լռութիւն) երջանիկ էի ես կողակցիս հետ. իսկ երբ զինքը կորուսի, երջանկութիւնս ալ մէկտեղ կորսուեցաւ, եւ հիմա այսպէս թշուառ… եւ…

ԿՈՄԻԿ Մի՛ լար, տէր, պարապ տեղ մի՛ թափէք ձեր արցունք­ները. հիմա աւելի երջանիկ էք, ինչու որ բոլոր օր կ՚ուտէք, կ՚ըմպէք, կը քնանաք, ասկեց անդին ի՞նչ երջանկութիւն կ՚ուզէք ունենալ. անփոյթ եղէ՛ք, անփոյթ. անցեալը մտքեր­նիդ բերելով ապառնիդ մի թշուառացնէք իզուր. անհոգ եղիր, տէր. ես ամէն բան կարգի կը դնեմ. թէ որ երթաք քիչ մը քնանաք, աղէկ կ՚ընէք:

ԱՆՏՈՆ Լաւ ըսիր, երթամ քիչ մը քնանամ, որպէսզի տխուր յիշատակները մտքէս ելլեն. ժամէ մը կը գամ, հոս գտնալու եմ զքեզ:
 
ԿՈՄԻԿ Միշտ հոս պիտի ըլլամ:

ԱՆՏՈՆ (կ՚երթայ)

ԿՈՄԻԿ (անոր ետեւէն կ՚երթայ մինչեւ սենեկին դուռը)



ՏԵՍԻԼ Դ



Թէոփիլե եւ նոյն



ԹԷՈՓԻԼԷ Ահ, եթէ զինքը գտնամ բզիկ բզիկ պիտի ընեմ, ինչ ըսել է, տէր մը ամբողջ օր իր ծառան փնտռելու ետեւէ ըլլայ (Դէպի Կոմիկ կ՚երթայ):

ԿՈՄԻԿ (ետ կը դառնայ ու տիրոջը հետ կը զարնուի) Ա՜հ, գլուխս… ո՛ւֆ… դո՞ւք էք, տէր… զի՞ս կանչեցիք, աւասիկ եմ:

ԹԷՈՓԻԼԷ Հո՞ս ես. թշուառական. ի՞նչ գործ ունիս հոս:

ԿՈՄԻԿ Ներեցէ՛ք, տէ՛ր. ձեր գալստեանը կը սպասէի:

ԹԷՈՓԻԼԷ Տուած նամակս տեղը տարի՞ր:

ԿՈՄԻԿ Այո՛. գեղեցի՛կ օրիորդի մը յանձնեցի զայն, եթէ ուրիշ մըն ալ ունիք, տուէ՛ք տանիմ:

ԹԷՈՓԻԼԷ Ո՛չ. պատասխանը առի՞ր:

ԿՈՄԻԿ Այո՛, տէր:

ԹԷՈՓԻԼԷ (բարկութեամբ) Ինչո՞ւ չես տար ուրեմն:

ԿՈՄԻԿ Տալու բան չկայ, տէր. պատասխանը բերնիս մէջն է: Ինձի ըսին, որ նամակաւ մը ձեզ պիտոր պատասխանեն:

ԹԷՈՓԻԼԷ Լաւ, թէ որ նամակը բերելու ըլլան, առանց ուշանալու ինձի բե՛ր:

ԿՈՄԻԿ Շատ աղէկ:

ԹԷՈՓԻԼԷ Ես երթամ Մարսիլիայի նամակ գրելու. վասնզի շոգե­նաւը այս իրիկուն կը մեկնի. թէ որ Երուանդը հոս գալու ըլլայ, զրուցէ իրեն թէ զինքը տեսնել կ՚ուզեմ:

ԿՈՄԻԿ Քանի մը գիշեր է, որ պարոն Երուանդը տեսած չեմ:

ԹԷՈՓԻԼԷ Ի՜նչպէս. երէկ գիշեր հոս չէ՞ր:

ԿՈՄԻԿ Ոչ, տէր:

ԹԷՈՓԻԼԷ Երուանդը երէկ չեկա՞ւ:

ԿՈՄԻԿ Ոչ, տէր:

ԹԷՈՓԻԼԷ Առջի իրիկուն հո՞ս էր:

ԿՈՄԻԿ Ոչ, տէր:

ԹԷՈՓԻԼԷ Բայց ո՞ւր է:

ԿՈՄԻԿ Ոչ, տէր:

ԹԷՈՓԻԼԷ Ի՞նչպէս ոչ:

ԿՈՄԻԿ Ո՞ւր ըլլալը կը հարցնէք:

ԹԷՈՓԻԼԷ Այո՛:

ԿՈՄԻԿ Կարծեմ թէ… թէ… թէ…:

ԹԷՈՓԻԼԷ Թէ՞յ կը խմէ, ի՛նչ կ՚ընէ. ըսէ՛ համարձակ, մի՛ վախնար:

ԿՈՄԻԿ Թէյ խմել չէ, տէր. այսինքն օրիորդ Մարգրիտի հետ կ՚անցընէ իր ժամերը, դուք զինքը նամակատուն կը ղրկէք, անիկա շիտակ Մարգրիտի տունը կ ՚ երթայ. միշտ անոր հետ կը նստի:

ԹԷՈՓԻԼԷ Ի՞նչ կը նշանակէ այս ամէնը:

ԿՈՄԻԿ Այն կը նշանակէ, որ կը սիրէ օրիորդ Մարգրիտը:

ԹԷՈՓԻԼԷ Երուանդէն այսպիսի լուր մը երբեք չէի սպասեր. ինչեւիցէ, բայց լաւ գիտե՞ս որ…

ԿՈՄԻԿ Այսքան կ՚ըսեմ, որ անցեալ շաբաթ զինքը Մարգրիտի բազկացը մէջ տեսի. (Մեկուսի) ուր էր թէ ես ըլլայի Երուան­դի տեղ. [(Բարձր)] այո՛, տէր, հիմա կրնաք դատել:

ԹԷՈՓԻԼԷ Շատ աղէկ, պէտք է, որ միշտ ինձի իմաց տաս ասանկ բաները. ես երթամ զինքը տեսնալու. բայց դարձած ժամա­նակս կ՚ուզեմ, որ քեզ հոս գտնամ. ապա թէ ոչ բզիկ բզիկ կ՚ընեմ զքեզ (Կ՚երթայ):



ՏԵՍԻԼ Ե



ԿՈՄԻԿ (առանձին) Բզիկ բզիկ ընել զիս, աս ալ աղէկ. յիրաւի անասունները ինձմէ հարիւր հազար անգամ աւելի երջանիկ են: Անոնք բոլոր օր կ՚աշխատին, իսկ գիշերները կը հանգչին. այլ ես գիշեր ցերեկ շարունակ կ՚աշխատիմ, միշտ արթուն. բնաւ հանգիստ չունիմ. հազիւ թէ մէկ տէրս կը քնանայ, միւսը կ՚արթննայ, մէկը կ՚երթայ, միւսը կը գայ. երկուքն ալ մէկըզ­մէկու ներհակ բնութիւններու տէր. երկուքին ալ քմացը հա­մեմատ խօսելու պարտաւոր եմ. անտանելի վիճակ. մէկը մխիթարել, միւսը շողոքորթել. բայց զարմանալին ալ այն է, որ հազիւ հազ կրնամ մայր մը հոգալ: Թէ որ մէկ տէր մը միայն ունենայի, մայրս անօթութենէ պիտի մեռնէր եւ այն ատեն… (Կը լայ):



ՏԵՍԻԼ Զ



Մարգիտ եւ նոյն



ՄԱՐԳՐԻՏ Կոմիկն է… այո՛, ինքն է, ինչո՞ւ կը լայ արդեօք. Կոմիկ (Գլուխը դպչելով). Կոմի՛կ… Կոմի՛կ…:

ԿՈՄԻԿ Ահ, դո՞ւք էք, օրիորդ:

ՄԱՐԳՐԻՏ Այո՛, ես եմ, ի՞նչ ունիս, ինչո՞ւ կը լաս:

ԿՈՄԻԿ (լալով) Թշուառութեանս վրայ կ՚ողբամ, տիրուհիս. ինչ ընեմ ծա­ռայ մ՚եմ. միս մինակ եմ. մխիթարիչ մը չունիմ. ո՜հ, անմխի­թար պիտի մեռնիմ:

ՄԱՐԳՐԻՏ Մի՛ վախնար, չես մեռնիր դու. երթամ հայրս ղրկեմ, որ գայ քեզ մխիթարէ:

ԿՈՄԻԿ Չէ՛, չէ՛, չէ՛. չեմ ուզեր:

ՄԱՐԳՐԻՏ Շատ աղէկ. քիչ մը գնա հոսկից, վասնզի առանձին ըլլալ կը փափաքիմ:

ԿՈՄԻԿ Լաւ, երթամ. (Խորը կը պահւըտի):

ՄԱՐԳՐԻՏ Ո՜ւր էր, թէ Երուանդը շուտով հոս գար ու խօսակցէինք քիչ մը… ի՛նչ ընեմ, կը սիրեմ զինքը… բայց հայրս տակա­ւին չգիտեր. եւ ի՞նչ, մի՞թէ պիտի բարկանայ, երբ գիտնայ, որ ես Երուանդը կը սիրեմ. չեմ յուսար, վասնզի Երուանդը ազնիւ սիրտ մը ունի եւ մանաւանդ թէ անդիի ծայր սէր իմ վրաս. ոտքի ձայն կը լսեմ… ինքն է… ինչ քալուած… այո՛, չեմ խաբուիր… իմ սիրելիս Երուանդն է… ի՜նչ դէմք… ի՜նչ անուշ նայեցուածք:



ՏԵՍԻԼ Է



Երուանդ եւ նոյնք



ԵՐՈՒԱՆԴ (հազիւ թէ պիտի գրկէ զՄարգրիտ)

ԿՈՄԻԿ Է… է… էյ, պարոն, ի՞նչ կ՚ընես… ո՞ւր ենք:

ԵՐՈՒԱՆԴ Ի… ի… ի՞նչ կայ:

ԿՈՄԻԿ Ի՞նչ կը փնտռես հոս… ինչո՞ւ կը վախցնես օրիորդը:

ԵՐՈՒԱՆԴ Զինքը վախցնելու համար չեկա յ:

ՄԱՐԳՐԻՏ Ես բնաւ չվախցայ:

ԿՈՄԻԿ Անիրաւ. օրիորդը առանձին ըլլալ կը փափաքի եւ դու եկեր իր հանգստութիւնը կը վրդովես. կորի՛ր… կորիր… կ՚ը­սեմ:

ՄԱՐԳՐԻՏ Ո՜հ, Աստուած…:

ԵՐՈՒԱՆԴ Ո՞ւր կորսուիմ. ի՞նչ ընեմ, ապուշ է:

ԿՈՄԻԿ Օրիորդներու սիրտը գրաւելու համար պէտք է որ քիչ մը քիթդ բերանդ շտկես եւ ապա ներկայանաս անոնց. դու ապու­շի մէկն ես, եւ ի՞նչպէս կ՚ուզե՛ս որ օրիորդը քեզ սիրէ… ա՜հ, անիծեալ, գնա՛, գնա՛ չէ նէ…:

ԵՐՈՒԱՆԴ Բայց…:

ԿՈՄԻԿ Բայց մայց չեմ հասկնար, կորի՛ր, կ՚ըսեմ քեզի. եթէ չկորսուիս, կ՚երթամ Մարգրիտի հօրը ամէն բան կը պատմեմ։

ՄԱՐԳՐԻՏ (առ Երուանդ) Գնա՛, գնա՛, ապուշ է:

ԵՐՈՒԱՆԴ (կ՚երթա երբեմն երբեմն յետս դառնալով):