Խուժան ասկեար զօրք է ժողուեր
Եկեր Մշոյ դաշտն է պատեր։
Սուլթան կ՚ուզէ ջնջել մզի.
Զարթի՛ր, լաօ, մռնիմ քզի։
Խեղճ մշեցին մեռաւ լալով,
Օտար երկիրներ ման գալով
Մեռաւ թուրքի հարկը տալով.
Զարթի՛ր, լաօ, մռնիմ քզի։
Ի՞նչ անիծեմ թուրք ասկեարին,
Որ սպաննեց ջոջ Աբոյին։
Մեր յոյս թողեց օրօրոցին.
Զարթի՛ր, լաօ, մռնիմ քզի։