Էջ:Ազգ և հայրենիք, Յովհաննէս Քաջազնունի.djvu/3

Այս էջը հաստատված է

Յ. Քաջազնունիի «Ազգ եւ Հայրենիք» աշխատասիրութիւնը սռաջին անգամ սկսած է տպուիլ «Հայրենիք» ամսագրին մէջ, ուր սռաջին ինը գլուխները լոյս տեսած են Մայիս–Յուլիս 1923-Յունուար 1924 թիւերուն մէջ, մնալով անաւարտ։

Հետագային, 1965ին, Քաջազնունիի անտիպ գրութիւնները (պատմուածներ, յուշեր, յօդուածներ, նամակներ) «Համազգային»ի կողմէ հրատարակուեցան «Յետ Մահու» անունով հատորով, զոր հրատարակութեան պատրաստեց Ս. Վրացեան։

«Յետ Մահու» հատորին մէջ տպագրուած է նաեւ «Ազգ եւ Հայրենիք» աշխատասիրութեան շարունակութիւնը, զոր կու տանք այս հատորին մէջ, Ս. Վրացեանի կողմէ դրուած ծանոթագրութեամբ միասին (էջ 209):

Ուրեմն, ներկայ հրատարակութիւնը կընդգրկէ Յ. Քաջազնունիի աշխատասիրութեան ամբողջութիւնը: