Էջ:Ազգ և հայրենիք, Յովհաննէս Քաջազնունի.djvu/4

Այս էջը սրբագրված է

ԵՐԿՈՒ ԽՕՍՔ


Իբրեւ Ուսանողական Միութիւն, եւ առաւել
իբրեւ դաշնակցական ուսանողներ, մենք լաւապէս
կը գիտակցինք, թէ յատկապէս հայ երիտասարդութիւնը
գաղափարական ինչպիսի ղժուարութիւններ
կը դիմակալէ ու փոխարէնը գաղափարական
ինչպիսի մթնպորտ մը կապրի։

Քսաներորդ դարու ներկայ շրջանին, գաղափարներու
հոլովոյթը եւ անոնց նկատմամբ կեցուածքներու
բախումը գրաւած է միջազգային թատերաբեմը։
Ծայրայեղ գաղափարներէն մինչեւ
չափաւորական, նաեւ անտարբերութեան տանող
տեսութիւններ կը շրջապատէն մեզ։ Հայ երիտասարդութիւնը՝
առանց յստակ ուղղութեան եւ հունաւորումի,
անտարակոյս ուծացումի եւ կորուստի
կերթայ գաղափարական նման ճախճախուտի մէջ։

Անշուշտ, մեր համեստ աշխատանքով, նման
կացութիւն մը հիմնովին յեղափոխել յաւակնութիւնը
չունինք։ Սակայն կը հաւատանք, որ կա–