Էջ:Ազգ և հայրենիք, Յովհաննէս Քաջազնունի.djvu/5

Այս էջը սրբագրված է

րեւորը ձգտումն է, եւ իբրեւ այդպիսին, առածին
քայլերը՝ նախապայման են։

Ճիշդ այս մտահոգութեսւմբ կը հրատարակենք
Ցովհաննէս Քաջազնունիի «Ազգ եւ Հայրենիք»
աշխատասիրութիւնը, որուն մէկ բաժինը լոյս տեսած
է «Հայրենիք» ամսագրին մէջ յաջորդական
թիւերով 1923 Մայիսէն մինչեւ 1924 Յունուար, եւ
մէկ մասը աւելի ուշ, Քաջազնունիի «Յետ Մահու»
հատորին մէջ, զոր խմբագրած է Ս. Վրացեան։
«Ազգ եւ Հայրենիք» աշխատասիրութիւնը ի
մի խմբելով, կուզենք հայ երիտասարդութեան
փոխանցել այնքան չարչարուած, սխալ ըմբռնւած
եւ չարափոխուած ազգութեան եւ հայրենիքի
գաղափարի դաշնակցական մտաւորակւսնի մը մօտեցումը...

Գիտական նոր հետազօտութիւն մը չէ այս
աշխատանքը, ոչ ալ գոյութիւն ունեցող ուսումնասիրութիւններու
համադրումը։ Այսուհանդերձ, հեղինակը
կատարած է երկար փնտռտուք, հետեւած
է ազգային բնոյթ ունեցող երեւոյթներուն իր շրջապատին
մէջ եւ դուրս, սողա երկար մտածումներէ
ետք ծնունդ տուած է այս հատորին։

Բնականաբար պակասաւոր եւ երբեմն ալ տկար
հիմնաւորումներու գաղափարներ զարգաց–