Էջ:Աղջկան Մը Յիշատակարանը (Girl's memories).djvu/12

Այս էջը հաստատված է

էր ուրեմն. չունէր ինձ համար այն շահեկանութիւնը՝ զոր առաջին անգամ զգացեր էի. պարզ վէպ մը ի՞նչ կարեւորութիւն ունէր, թէեւ ըլլար շատ լաւ գրուածք մը։ Բայց անհաւատալի կը թուէր. անկարելի է որ պարզ վէպ մը ըլլար ան, մտածումս այսպէս առաջ կը տանէի. այն նուրբ գրերը կնոջ մը հեղինակութիւնը ըլլալը կը մատնեն. ուրեմն ո՞վ կրնայ ըլլալ անոր հեղինակուհին, եթէ ոչ բարեկամիս վաղամեռիկ կինը:

Մտածումներուս վերջ տալով՝ միամտաբար հեղինակին անունը հարցուցի:

— Ասիկա է, պատասխանեց, մատովը շքասեղանին վրայ դրուած մանկամարդ կնոջ լուսանկարը ցուցնելով:

Աւելի հեռուները երթալու հարկ չմնաց. բուն խնդրոյն մօտեցեր էինք:

— Անկասկած, ձեր հոգելոյս ամուսինն է, ըսի, վիպագրելու լաւ յարմարութիւն մր ունեցած ըլլալու է:

— Չէ՛, սիրելի վիպագիր մը չէր, կեանքին երեւոյթները պարզ կերպով ի գիր առնող կենսագիր մըն էր. իր անձնական Յիշատակարանն է աս՝ որ դամբանի մը պէս մեր բարքերուն զզուելի ու գարշելի պատկերները, մեր ընկերական կողմնակերպութեան յոռի ու տգեղ կողմերը կը բովանդակէ:

— Վերնագիրը ինձ շատ տարօրինակ կ՚երեւայ:

— Ամուսնանալէս առաջ իր կեանքին մէջ պատահած անձնական դէպքերը յիշատակեր է, որուն մէջ մեծ բաժին մըն ալ ես ունիմ. իր կենդանութեանը չէ ուզած որ կարդամ: Ո՜հ թշուառ արարած, իր անմեղ հոգին ի՜նչ տառապանքներ կրեր է. ապերախտ ընկերութեան, խաբեբայ ու կեղծաւոր մարդկութեան զոհ եղած է... կրած յուսախաբութիւնները