Էջ:Աղջկան Մը Յիշատակարանը (Girl's memories).djvu/14

Այս էջը հաստատված է

այնպէս ալ հասարակութեան մը բարոյական վէրքերը բուժելու ենք. եթէ ձերինին նման զոհերը մէյմէկ անկիւն քաշուելով մոռացման յաւիտենական անդունդին մէջ կորսուէին, յառաջդիմութիւն ըսուած բանը գոյութիւն չէր ունենար. ազգերը անցեալէն փորձուելով՝ բարեկարգուած են եւ միշտ այսօրը երէկէն պիտի խրատուի ու փորձուի:

— Շիտակը, ձեր դիտողութիւններուն պատասխանելու ո՛չ ոյժ ունիմ եւ ո՛չ ալ կամք. անշուշտ ամէն ողջախոհ մարդ ձեզի պէս պիտի խորհէր, բայց ես ահագին վիշտերու տակ ընկճուած, գրեթէ բնազդական, կեանք մը կը վարեմ: Ձեր հետաքրքրութիւնը գոհացնելու համար կ՚արտօնեմ որ զայն կարդաք, եւ եթէ ձեր խիղճը ներէ՝ ազատ էք զայն հրատարակելու. միայն կը խնդրեմ որ մէջը յիշուած բոլոր յատուկ անունները հասարակութենէն ծածկէք:

Այս անակնկալ յաջողութենէն չափազանց ուրախ՝ պատասխանեցի․

— Կը խոստանամ բոլորովին խղճիս ու ձեր կամքին համեմատ վարուիլ. հետաքրքիրներուն Մտացածին վէպ մըն է ըսելով պիտի բաւականանամ:

— Ձեր խղճին վստահեցայ, բոլորովին ազատ էք, ըսաւ:

Օրուան մէջ որոշեալ ժամեր յատկացնելով՝ մէկ քանի օրուան մէջ ընդօրինակեցի ինձ հետաքրքրութիւն պատճառող Յիշատակարանին հետեւեալ շահագրգիռ մասերը միայն:

Այլ եւ այլ նկատումներով մինչեւ հիմա զայն հրատարակութեան չտուի. մէկ քանի ամիս առաջ այդ բժիշկ բարեկամիս մահուան ցաւալի լուրը ստուգելով նկատումներս ալ իրեն հետ գերեզման իջան: Ուրեմն խղճի կատարեալ անդորրութեամբ այդ Յիշատակարանը այսօր մամուլին կը յանձնեմ: