Մարմարայի ջինջ ջրերուն մէջ կապոյտ երկնային կամարը կը նշմարեմ. օդը թէեւ ցուրտ եւ ձիւնը ամէն ինչ սպիտակցուցած է, ընդհակառակը բնութիւնը հանդարտ է, արեւուն շողշողուն ճառագայթները ջրին հարթ մակերեւոյթէն անդրադառնալով հայելիի նման լուսաւոր ցոլքեր կ՚արձակեն։ Սրտիս կրակէն՝ արտաքին ցուրտը չեմ սեպեր, ու բաց պատուհանիս առջեւ նստած՝ օրագիրս կը շարունակեմ։
Ե.
Այս գիշեր մեր բարեկամներուն երեկոյթ մը պիտի տանք. քրոջս հետ սենեակները եւ պարասրահը ճաշակաւոր կերպով զարդարելու զբաղեցանք. լաւ ընդունելութեան մը համար ամէն բան պատրաստ է:
Երբ կը մտածեմ թէ Մ... ալ ներկայ պիտի գտնուի, անսահման ուրախութիւն կ՚զգամ, կարծես աշխարհ իմս պիտի ըլլայ:
Երէկ գիշերուան երեկոյթը յուսացածէս աւելի փայլուն եղաւ. այցելուները շատ գոհ մնացին, մանաւանդ Մ...ը. կարծես հրեշտակ մըն էր, նրբաճաշակ հագուստը բարձր հասակին շատ վայլած էր: Կիրակի ցերեկին կրկին այցելել խոստացաւ: Աստուած իմ, գիշերները ի՜նչպէս պիտի լուսցնեմ։
Չգիտեմ թէ ուրիշներուն սէրը ի՞նչպէս կը ծնի. կարճ միջոցի մը մէջ ան ինձմէ բոլոր մտածումերս կորզեց, վայրկեանի մը մէջ բոլոր հոգիիս տիրեց: Եթէ աղջիկներու համար սիրոյ մէջ նախայարձակ ըլլալը ամօթ չսեպուէր, այսօր սիրտս իրեն բանալով զինքը սիրելս պիտի յայտնէի. բայց աւա՜ղ, պատշաճութեան