Չմերժեցի. յետոյ մազերէս փնջիկ մը ուզեց, ան ալ նուիրեցի:
Երկար ատեն մեր ապագայ միութեան վրայ խօսեցանք. խոստացաւ զիս երջանիկ ընել: Իսկ ես, ո՜հ, բոլոր հոգիս պիտի զոհեմ իր երջանկութեանը համար. պահապան հրեշտակի մը նման վրան պիտի հսկեմ:
Կասկածներս իրեն յայտնեցի.
— Կը հաւատա՞ս, ըսաւ, որ քեզ ունենալէս վերջը ուրիշ մը սիրեմ. ո՛չ, այդպէս մտածելդ բոլորովին անգթութիւն է․․․։
Այս բացատրութենէն շատ գոհ եմ:
Բոլորովին վստահեցայ:
Ա. եան ընտանիքին կից է մեր տունը. հետեւաբար անոնց հետ սերտ մտերմութիւն մը ունենալնիս բնական է: Տասնըչորս տարեկան գեղանի աղջիկ մը ունին որուն դաշնակի մասնաւոր դաս տալ յանձն առի. պարապ ատեններուս՝ իրեն պիտի դասախօսեմ․ խնդրեցի որ վարձք տալերնին ուրիշի չյայտնեն:
Հայրս օժիտիս համար ամսական գումար մը յատկացուցած էր. դասախօսութեանս իրրեւ վարձք ստացածս ալ նոյն նպատակին պիտի յատկացնեմ. արդէն սկսայ մաս մաս ձեռքովս պատրաստել:
Դաշնակի աշակերտուհիս շատ ուշիմ եւ փութաջան է. գերմանական մեթոտով կը դասախօսեմ. եթէ այսպէս շարունակէ՝ գալ տարի դժուարին կտորները բաւական յաջողութեամբ պիտի կրնայ ածել:
Հայրը հարուստ ըլլալով հարսանեկան օժիտը այժմէն պատրաստած է. թէեւ միջակ կրթութիւն մը ստացած է, սակայն իր խոհեմ բնաւորութիւնը եւ հոգեգրաւ