Էջ:Աղջկան Մը Յիշատակարանը (Girl's memories).djvu/36

Այս էջը հաստատված է

Բոլոր բարեկամներուս եւ համայն մարդկութեան երջանիկ ու բարեբաստիկ նոր տարի մը կը մաղթեմ։

Այսօր նոր տարւոյ առթիւ ազգականներէս ու բարեկամներէս իբր նուէր ստացայ Տօտէի Ճէքը։ Բօլ Ֆէվալի Կավոթը , Մոնսըլէի Մոռցուածները եւ Արհամարհեալները, եւ Մաքսիմ տիւ Գանի Անձնասպանի մը Յիշատակարանը ու բազմաթիւ խորհրդաւոր ծաղկանկարներ, Քրիսթմըսներ եւայլն։

Է․

5 Փետրուար

Պ․ Մ․․․ առաջին անգամ ըլլալով այսօր տունէն դուրս ելաւ․ պատուհանէն. գալը տեսնելով ուրախութեամբ դուռը վազեցի․ իր նախկին առողջութիւնը վերստացեր է։

Զիս տեսնելուն պէս՝ առաջին շարժումը անոյշ ժպիտ մը եղաւ, մին այն սիրատարփ ժպիտներէն որ մարդ կ՚զգլխեն։

— Առաջին այցելութիւնս քեզի կու տամ, ըսաւ, ձեռքս սեղմելով․ անշուշտ սրտիս մէջ առաջին տեղը դուն բռնած ես։

— Շատ ուրախ եմ, պատասխանեցի, ոչ միայն առաջին այցելութիւնդ ինձ տալուդ, այլ ցանկալի առողջութիւնդ վերստանալուդ համար։

— Զառանցանքներուս մէջ միշտ քեզմով զբաղելուս, մայրս զարմանքը կը յայտնէ․ մինեօն լուսանկարդ ժամացոյցի շղթայիս միտալիօնին մէջ տեսեր է, բայց ինծի բան մը չըսաւ։

— Հապա ե՜ս, վիճակդ մտաբերելով, օրերով անքուն անցուցի։

— Կը հաւատամ, եւ այդ գիտնալովս աւելի հոգ կ՚ընէի․ ինձմռվ ո՛ր աստիճան անհանգիստ ըլլալդ կը