Էջ:Աղջկան Մը Յիշատակարանը (Girl's memories).djvu/47

Այս էջը հաստատված է

Բայց, ափս՜ոս, մայրիկիդ ու քրոջդ հիւնդութիւնները եւ հրդեհը զիս փճացուցին։

— Պատուական հայր, երբեք դժգոհ չպիտի ըլլամ, ճակատագրիս առջեւ. անտրտունջ պիտի խոնարհիմ. եթէ ամէն բան կարգադրելով «ձեռքդ տուր» ըսես, պիտի տամ. հակառակ պարագային՝ առանց ցաւելու. սեւ բախտիս պիտի համակերպիմ, ըսի, խեղճ հայրս մեղքնալով:

16 Հոկտեմբեր

Գործնական եղանակով ամուսնանալու յոյսս ալ ջուրը ինկաւ:

Աստուա՜ծ իմ, այս ո՛րչափ տառապանք եւ սիրտմաշուք է որ կու տաս ինձ. երիտասարդական ծաղիկ հասակիս մէջ եւ կեանքի գարունը չվայելած, գրեթէ պառաւցայ:

Ձեռքս խնդրող Գ. Ս...եանը 500 ոսկի դրամօժիտ պահանջեր է. հայրս որչափ որ պարտք ընելով 100 ոսկի կանխավճար մը ընել եւ մնացածն ալ տարին 50 ոսկի վճարելով գոցել խոստացեր է, սակայն չէ ընդուներ: Շահամոլ եւ անձուկ մտքի տէր, հոգիի ազնուութիւն չունի եղեր...:

Ա՜խ, այս անիծեալ դրամօժիտը... ինձ նման քանի՜ ծաղիկ կեանքեր արդեօք ցուրտ գերեզման առաջնորդեր է...:

Միթէ ժամանակիս երիտասարդութեան համար ստացած լաւ եւ լուրջ կրթութիւնս մեծ դրամօժիտ մը չէ՞... տան մը բարոյական եւ նիւթական հիմը միթէ կնոջ մը դաստիարակութենէն կախեալ չէ՞:

Չեմ ըսեր թէ դրամականն ալ մեծ տեղ մը չի բռներ, բայց քիչ շատ կարողութիւն ունեցող երիտասարդներ, ինչպէս Գ. Ս...եանը, կնոջ մը բարոյական արժանիքը նախապատուելու չե՞ն...:

Այս ընթացքով' ամուսնանալու երբեք յոյս ունենալով