Էջ:Աղջկան Մը Յիշատակարանը (Girl's memories).djvu/49

Այս էջը հաստատված է

պակաս չեն. վաճառականներէն զատ՝ փաստաբաններ եւ բժիշկներ ալ կը գտնուին. եթէ անոնց մէջէն ամուսնանալ ուզող աղէկ մէկուն յանձնարարէ՝ լաւ կ՚ըլլայ, ճաշակիդ եւ գաղափարիդ համաձայն ամուսին մը ունեցած կ՚ըլլաս եւ բարձր դաստիարակութեամբդ տեղւոյն իգական սեռին, հետեւաբար բոլոր ազգայիններուն օգտակար ծառայութիւններ կրնաս մատուցանել, ինչ որ արդէն փափաքդ է, ինչ որ քեզ հաճելի պիտի թուի:

— Ի՞նչ կ՚ըսէք, կարելի բան է՞ ըսի, իր այս տարօրինակ գիւտին վրայ ծիծաղելով։

— Մի՛ ծիծաղիր, ըսածիս մէջ անկարելի բան մը չկայ, ամենէն պարզ եւ ամենէն գործնական միջոցն է: Ինչո՞ւ կը զարմանաս. երկու տարի առաջ օրիորդ Խ... միթէ գաւառացի վաճառականի մը հետ ամուսնանալով մօտակայ քաղաք մը չգնա՞ց... ես այն ատեն լրագիրներէն տեղեկացայ եւ ջատագովեցի իր այս գործնական ընթացքը։ Քեզ նման նէ ալ միեւնոյն բարձր դաստիարակութիւնը եւ կրթութիւնը ստացած է, եւ հիմա բարեկամուհիններուն գրած նամակներէն կ՚իմանամ թէ իր վիճակէն շատ գոհ է եղեր...:

— Թերեւս ճաշակիս համաձայն մէկը չի պատահիր. այն ատեն ամուսնութիւնը ինձ յաւիտենական տանջանք մը պիտի ըլլայ. ես աւելի կ՚ընտրեմ դաշնակի դասեր տալով ապրիլ. քան թէ սրտիս ու կամքիս հակառակ մէկու մը հետ ամուսնանալով սեւ օրեր ան- ցնել։

— Սխալ կը խորհիս. եթէ երբեք ճաշակիդ չյարմարի՝ կրնաս մերժել, քեզ բռնի տուող չկայ, մանաւանդ որ ամուսինս քեզ անարժան մարդու չի յանձնարարեր:

— Շիտակը, ես իմ վրաս մտածելու կարողութիւն