պաշտօնը ես կատարեմ, բժիշկներն ալ նոյնը խնդրեցին. չկրցի մերժել․ պարապ ժամերուս միշտ իր քով պիտի գտնուիմ, Տէրը յաջողէ ։
Այս ազնիւ գերդաստանը իմ նեղ օրերուս զիս միշտ մխիթարած է. թէ՛ երախտագիտական փոխադարձ պարտականութիւն մը եւ թէ մարդասիրական գործ մը կատարելու համար յանձն առի։
Ս․․․եան էֆէնտիին վէրքերը գոցուելու եւ առողջութիւնը վերստանալու վրայ է․ շատ ուրախ եմ. Աստուած մի՜ արասցէ , խեղճ մարդուն եթէ վնաս մը գար, երեք փոքրիկ զաւակներ իր մանկամարդ կնոջ հետ թշուառ պիտի ըլլային․ գրեթէ միշտ աղօթքներուս մէջ զինքը կը յիշեմ։
Ցերեկները իր քով վէպ մը, բանաստեղծութիւն մը կարդալով ժամանակ կ՚անցնեմ․ ինքն ալ գրասէր է եւ այս կարգի գրուածքներէ մեծ հաճոյք կ՚զգայ ։
Այսօր Գ․․․ քաղաքէն տօքթ․ Տ․․.եանէ նամակ մը ստացայ․ իր խոստմանը վրայ հաւատարիմ մնալով, ինձ յարմար եւ արժանի ընտրելի մը գտած ըլլալը կ՚իմացնէ, այսպէս վերջացնելով գիրը․
«Ուրեմն, սիրելիս, այս թռչունը ձեռքէ չփախցնես, Պոլսոյ մէջ փնտռած ու չգտածդ է. արուեստով, մտքով, սրտով, հոգւով եւ եթէ կ՚ուզես, հասակով բարձր երիտասարդ մըն է ․․․։
Այնչափ ազնիւ է որ եթէ հասուն աղջիկ մը ունենայի՝ իրեն կու տայի․ չմոռնամ յիշելու թէ իր բժիշկի բարձր արուեստէն եւ գիտնականի համբաւէն զատ, գրագէտ մըն ալ է․․․։»
«Քեզի ուղղեալ նամակ մը յանձնեցի իրեն․ կը ներես որ կանխաւ իրեն կարդացի․ դուն երբեք գիտցած մի՛ ըլլար, որովհետեւ քեզ բացէն գրելս չի գիտեր։
Աղջկան մը Յիշատակարանը