Էջ:Աղջկան Մը Յիշատակարանը (Girl's memories).djvu/52

Այս էջը հաստատված է

«Եթէ յաջողիս, բախտաւորութիւնդ զարմանալի զուգադիպութեան մը կը պարտիս։ Մէկ քանի անգամ իրեն հետ տեսակցելէ վերջը, թէ՛ ամուսնանալու եւ թէ հիւանդ մայրը տեսնելու համար Պոլիս իջնել ուզելը ինձ իմացնելով, խնդրեց որ մինչեւ վերադարձը իր պաշտօնին փոխանորդեմ․ այսինքն ապօնէներուն նայիմ։ Իր առաջարկը սիրով յանձն առի, եւ միեւնոյն ատեն քու խօսքդ բացի․ հարկ չկայ ըսելու թէ երկար բարակ բարեմասնութիւններդ յիշելով՝ շատ գոհ մնաց։

Վաղը տեղէս ճամբայ պիտի ելլէ, սուրհանդակը իրմէ քանի մը օր առաջ կը հասնի․ հետեւաբար սոյն գիրս ստանալէդ երկու շաբաթ վերջը, հազիւ կրնայ քեզ տեսնելու գալ։ Քեզ նայիմ, լաւ որս մըն է, գնդակդ մի՛ վրիպեցներ․ իր այցելութիւնը գաղտնի եւ ծածուկ աղջիկտես մը ըսել է․․․։

Արդիւնքը շուտով գրէ ինձ։

Ուժգին սեղմելով ձեռքդ եւ կատարեալ յաջողութիւն մաղթելով։»

«կը մնամ եւայլն ․․․»

Կեանքիս էն գերագոյն վայրկեաններէն մին պիտի ըլլայ այն օրը եւ թերեւս վերջինը․․․ երջանկութիւնս կամ ապերջանկութիւնս իր կամքէն կախեալ է․․․։

Ինձ ներկայանալիք բժիշկը Բ.․․եանն է, անուամբ շատ ծանօթ եւ համակրելի մէկը․ իր գրութիւնները եւ առողջաբանական հրատարակութիւնները մեծ ախորժով կարդացած եմ. ազնիւ հոգի մը, բարի սիրտ մը ունենալը իր գրիչէն յայտնի է։

Այս առթիւ թէ՛ ուրախ եւ թէ տրտում եմ․ ուրախ՝ վասն զի բարեկամիս նկարագրածին պէս ինձ յարմարագոյն տիպար ամուսին մը կրնայ ըլլալ. տխուր՝ վասն զի կը վախնամ թէ կամ զիս չի հաւնիր եւ կամ ոեւէ առարկութիւն կ՚ունենայ...։