Էջ:Աղջկան Մը Յիշատակարանը (Girl's memories).djvu/54

Այս էջը հաստատված է

Հոգը իմ վրաս ձգէ. անձամբ զինքը չեմ ճանչնար, բայց իր գրիչը ինձ ծանօթ է. անշուշտ իրարու ըսածնիս լաւ պիտի հասկնանք։

— Ո՛հ, հայրիկ, եթէ այս անգամ ալ չյաջողինք, ինքզինքս պիտի կախեմ. չեմ ուզեր որ թշնամիներս վրաս խնդան. քաշածս ա՛լ բաւական է...:

— Անհոգ եղիր. այդ յաջողութիւնը ինձմէ սպասէ, ըսաւ խեղճ հայրս յուզուելով:

— Արդեօք Պոլիս հասեր է՞, լուր մը առի՞ր, հարցուցի:

— Դեռ չէ հասեր. շատերուն հարցուցի, բնիկ Պոլսեցի ըլլալով մայր մը, եղբայրներ, քոյրեր, քեռորդիներ, ինչպէս նաեւ երկու խանութ եւ Սամաթիա տուն մը ունի եղեր:

Անհամբերութեամբ գալուն կ՚սպասեմ:

Ժ.

1 Սեպտեմբեր

Վերջապէս այնքան անhամբերութեամբ սպասած hիւրս այսօր եկաւ. երբեք չէի յուսար թէ ասանկ լուր օր մր կ՚այցելէ։

Ս...եան էֆ.ի քովն էի, երբ սպասուհիս եկաւ իմացնել Տօքթ. Բ...եանի այցելութիւնը. անմիջապէս ցատկեցի. կեանքիս մէջ այսօրուան չափ յուզուած չեմ. տիկին Ս...եան, որուն խնդիրը բացած էի, սրտանց յաջողութեանս համար կ՚աղօթէր:

Հագուստներս փոխելով հիւրասենեակ մտայ։

Աստուա՜ծ իմ, ինչ տեսնեմ... անուշ աչքերով, փոքր շրթունքներով, սեւ մազերով, գեղեցիկ կլորիկ մօրուքով եւ նուրբ պեխերով, համակրելի եւ գրաւիչ տեսքով բարձրահասակ երիտասարդ մըն էր հիւրս:

Ներս մտնելուս պէս՝ ոտքի ելաւ եւ ձեռքը երկնացնելով լուրջ այլ խիստ քաղաքավարի ըսաւ.

— Տօքթ. Տ...եան էֆ.ի շնորհիւ պատիւ ունիմ