Էջ:Աղջկան Մը Յիշատակարանը (Girl's memories).djvu/55

Այս էջը հաստատված է

ձեզի ներկայանալու եւ ներկայացնելու իր մէկ գիրը:

Ձեռքս սեղմել եւ թող տալէ վերջը գրպանատետրէն նամակ մը հանելով ըսաւ.

— Աւասիկ:

— Շնորհակալութիւնս կր յայտնեմ, ըսի:

Յետոյ մեքենաբար նամակը բացի եւ կարդալէ վերջը ըսի.

— Շատ ուրախ եմ որ հաճեցաք ձեր այցելութեամբ զիս պատուել:

— Նոյնպէս եւ ես, ըսաւ Տօքթ. Տ...եան էֆ. ձեր վրայ շատ գովեստով խօսեցաւ եւ ես ալ նոյնը հաստատելու բարեբախտութիւնը ունենալուս շատ գոհ եմ:

— Այդ ձեր ազնուութիւնն է, ըսի:

Այնպիսի լուրջ դէմք մը ունէր որ կարծես թէ պարզ այցելութեան մը համար եկած էր. իր ներքին նպատակը երբեք չէր մատներ իր խօսակցութիւնը, թէեւ պարզ՝ այլ շատ հմտալից եւ նպատակաւոր էր:

Ընկերական խնդիրներու վրայ գաղափար փոխանակեցինք. ինձ հետ գրեթէ միեւնոյն համոզումները եւ միեւնոյն կարծիքը կը յայտնէր. գաղափարներու եւ մտածումներու զարմանալի նոյնութիւն մը ունէինք:

Վեհ զգացումներով եւ ազնիւ մտածումներով լցուած էր. իր հոգին մարդկային թշուառութեանց վրայ անսահման գութ ունէր. յառաջդիմական եւ բարոյական բարձր սկզբունքներու կատարեալ սիրահար, վերջապէս ամենաբարձր նկարագրի տէր մէկն էր, գէթ ինծի համար...:

Երկու ժամու չափ նստելէ վերջը, կիրակի կրկին այցելելու խոստումով մեկնեցաւ։

5 Սեպտեմբեր

Այս կիրակի Տօքթ. Բ...եանի այցելութիւնը կրկին վայելեցի:

Համակրութիւնս եւ սէրս երթալով կ՚աւելնայ. անկեղծօրէն