Էջ:Աղջկան Մը Յիշատակարանը (Girl's memories).djvu/58

Այս էջը հաստատված է

Իցի՜ւ թէ այս ձայնը զիս խաբած չըլլար. հայրս հոգւով մարմնով գործին յաջողութեան կ՚աշխատի:

10 Սեպտեմբեր

Այսօր չափազանց յուզուեցայ. ցերեկէն սկսեալ մինչեւ ներկայ վայրկեանս՝ աչքերէս արցունքները չդադրեցան. սրտիս նեղութենէն՝ սենեակիս մէջ առանձինն հեծկլտալով կ՚արտասուեմ:

Աշխարհիս վրայ արդեօք ինձ նման տարաբախտ եւ թշուառ մը եւս կա՞յ...:

Երէկ գիշեր Պօյաճըգիւղ ազգականներէս մէկուն հիւր էի. այս առաւօտ Վոսփորէն մեկնող երկրորդ շոգենաւով կամուրջ իջայ. ցերեկուան դադարէն առաջ. Քատըգիւղ մեկնող վերջին շոգենաւը կրցի մտնել:

Շոգենաւը Գըզգուլէսիի առջեւէն անցած պահուն գլուխս մէկ կողմ դարձնելով Տօքթ. Բ...եանը կողմնակի խցիկներէն մէկուն մէջ տեսայ:

— Ո՜հ, ան ալ Գատըգիւղ պիտի ելլէ, անշուշտ մեզ այցելելու համար, ըսի մտովի:

Ուրախութիւնս անսահման էր:

Կօշիկ ներկող տղայ մը ղրկեցի ու զինքը քովս հրաւիրեցի:

— Անմիջապէս քովս եկաւ. բաւական յուզուած, շնորհալի կերպով մը ձեռքս սեղմեց:

— Անշուշտ, մեզի այցելելու միտք ունիք, միասին կ՚երթանք, բարեբախտ հանդիպում եղաւ, ըսի:

— Կը ներէք որ այսօր ձեզ չպիտի կրնամ այցելել, ուրիշ բարեկամի մը խօսք տուած եմ, ըսաւ:

— Պիտի գիշերէ՞ք, հարցուցի:

— Ոչ, վերջին շոգենաւով պիտի մեկնիմ:

— Ուրեւմն, անկից քիչ մը կանուխ մեկնելով, կրնաք ձեր այցելութեամբը մեզ ալ պատուել:

— Եթէ միջոցս ներէ, կը խոստտանամ, ըսաւ:

Յետոյ ոտքի ելլելով աւելցուց.