Էջ:Աղջկան Մը Յիշատակարանը (Girl's memories).djvu/59

Այս էջը հաստատված է

— Կը ցաւիմ որ ձեզմէ բաժնուելու ստիպուած եմ, ընկեր ունիմ:

Եւ արդէն նոյն պահուն շոգենաւը Գատըգիւղի մօտեցած էր:

Երբ Գատըգիւղի նաւամատոյցը ելայ, նշմարեցի որ ընկերներէն մին կին եւ միւսը էրիկ մարդ էր:

— Անոնց հետ բարեկամի մը այցելութիւն տալ ի՞նչ կը նշանակէ, ըսի ինքնին:

Մանաւանդ իրեն ընկերացող կնոջ հագուստէն ու կապուստէն կը կասկածէի:

Երեքը միատեղ կառք մը վարձելով Ս. Թագաւոր եկեղեցիին առջեւէն քշեցին:

Կառապանը ինձ նախածանօթ հայ մըն էր. երեկոյին զինքը կանչելով հարցուցի:

— Այսօր ցերեկին կառքին մէջ տարիքոտ կին մը եւ երկու էրիկ մարդ առիր, անոնք ո՞ւր տարիր:

— Փ...եաններու, պատասխաներց:

Կասկածս կամաց կամաց կ՚իրականանար. այդ ընտանիքը կը ճանչնայի:

— Այցելութեան նպատակնին հասկցա՞ր, ըսի:

— Ինչպէս չէ, պարզ աղջիկտես մըն էր, ըսաւ խնդալով:

Վերջին խօսքը զիս շանթահարեց:

— Հասկցա՞ր, աղջկան հաւներ է՞, ըսի:

— Չէ հաւներ: Դարձիս կառքին մէջ կը խօսէին. լսեցի որ երիտասարդը աղջկան չէ հաւներ:

Այս յայտնութեան վրայ՝ գոհունակութեան մեծ շունչ մը առի:

— Ի՞նչ պատճառաւ. թրախօմայի՞ համար, հարցուցի, աւելի հետաքրքրուելով:

— Չէ՛, աղջիկը պանքան 600 ոսկի ունի եղեր, բայց ուսեալ չըլլալուն համար, չէ հաւներ:

— Քովի տարիքոտ կինը ո՞վ էր: