Էջ:Աղջկան Մը Յիշատակարանը (Girl's memories).djvu/60

Այս էջը հաստատված է

Խըլավուզ է եղեր, միշտ աղջիկը կը գովէր, բայց երիտասարդը դիւրաւ խաբուող մէկը չէր երեւար. ասոր դէմ «դուն գիտես որ Ճ...եանին աղջիկն ալ 1,000 ոսկի ունէր, ուսեալ չըլլալուն համար չառի»

Կառապանին շնորհակալութիւնս յայտնելով ճամբեցի:

Խնդիրը գիշերը հօրս բացի:

— Աղջիկս, ըսաւ, քանի որ նիւթականէն աւելի բարոյականը, արտաքինէն աւելի ներքինը կը փնտռէ, ան քուկդ է. վաղը իրեն նամակ մը գրելով գրասենեակս կը հրաւիրեմ եւ գործը կը վերջացնեմ. յաջողութեանս մասին փոքր կասկած մը իսկ չունիմ:

— Ո՜հ, հայրիկ, յաւիտեան երախտապարտ պիտի մնամ, եթէ յաջողիս, ինձ վերստին կեանք տուած պիտի ըլլաս. ըսի, վիզը նետուելով:

— Անհոգ եղիր, աղջիկս, պատասխանեց խեղճ հայրիկս, աչքերը թրջելով:

Հիմա ուրախ եւ գոհ՝ անկողինս պիտի մտնեմ:

ԺԱ.

12 Սեպտեմբեր

Հայրս այսօր տեսակցութիւն մը ունեցեր է Տօքթ. Բ...եանի հետ. երեկոյին երբ տանը սեմէն ներս ոտք կոխեց, առաջին խօսքը հետեւեալը եղաւ.

— Աչքդ լո՜յս, աղջիկս, ամէն բան կամքիդ ու փափաքիդ համաձայն կարգադրեցի:

— Ո՜հ, հայրիկ, կեանքս փրկեցիր, ըսի, երեսները համբուրելով:

Հայը ու աղջիկ շատ ուրախ ենք:

— Նամակիս վրայ, այսօր գրասենեակ եկաւ, շարունակեց հայրս, երկար բարակ խօսեցանք. գերազնիւ հոգի մը ունի, երբ խնդիրը դրամօժիտի վրայ եկաւ, ան ըսաւ.