Էջ:Աղջկան Մը Յիշատակարանը (Girl's memories).djvu/61

Այս էջը հաստատված է

— Կ՚ամչնամ, շիտակը, դրամական խնդիրի վրայ խօսիլ. գաղափարիս ու սրտիս հակառակ է, սակայն ի՜նչ ընեմ որ այնքան հարուստ չեմ. մասնաւոր դժբախտութիւններ պատրաստի դրամս սպառեցին. եթէ լոկ շահախնդրական նպատակի մը համար ամուսնանալ ուզէի, հազարաւոր ոսկիներով շատոնց ամուսնացած կ՚ըլլայի: Խնդիրը տարբեր է, եւ դուք ալ իբրեւ հայր, ըսածիս իրաւունք պիտի տաք, ուղղակի ձեր աղջկան երջանկութեան կը վերաբերի. այսինքն առած դրամօժիտովս կ՚ուզեմ Եւրոպա երթալ եւ մասնագիտութեամբ մը պարապիլ, միասին տանելով նաեւ ամուսինս: Եթէ այս նպատակս չըլլար՝ դրամի վրայ երբեք խօսք չպիտի ընէի:

— Կը հաւատամ ձեր ըսածին, պատասխանեցի, սակայն մասնաւորապէս կը խնդրեմ որ լոկ դրամի համար չմերժէիք ձեզ սիրող սիրտ մը եւ ինծի պէս պատուախնդիր հայր մը, որուն միակ դժբախտութիւնն եղած է, այլ եւ այլ դէպքերով իր հարստութեան կորսնցնելը. ձեր արժանիքը ձեր ուզածէն տասնապատիկ բարձր է, բայց ի՜նչ օգուտ որ այսօր այդ չնչին գումարը կանխիկ վճարելու պատրաստութիւն չունիմ:

— Ինչպէս յայտնեցի, ըսաւ, կը ցաւիմ որ ստիպուեցայ դրամի վրայ խօսիլ, եթէ դուք մեզի չօգնէք, մեր ապագան մէկ երկու տարի ուշացուցած պիտի ըլլաք, վասն զի Եւրոպա երթալու համար հարկ եղած գումարը մէկ երկու տարուան մէջ հազիւ պիտի կրնամ շահիլ իմ բուն նպատակս՝ ամուսնանալուս պէս՝ միասին ճամբորդել էր:

— Անհոգ եղէք, բոլորովին անտարբեր չեմ գտնուիր, ըսի, մաս մը բան կանխիկ կը վճարեմ, մնացածն ալ տարուէ տարի որոշեալ գումար մը վճարելով կ՚ամբողջացնեմ, ինչպէ՛ս, կը հաւանի՞ք...: