Էջ:Աղջկան Մը Յիշատակարանը (Girl's memories).djvu/62

Այս էջը հաստատված է

— Արդէն խօսեցայ ձեզի թէ դրամականը երկրորդական տեղ մը կը բռնէ, ձեր կամքը չեմ մերժեր. միայն ամուսնութիւննիս մէկ երկու տարի վերջը տեղի կրնայ ունենալ, այդ գումարը Եւրոպա ապրելու չի բաւեր:

— Դուք գիտէք, այդ մասին բոլորովին ազատ էք, ըսի:

— Այո՛, դեռ պէտք է մէկ երկու տարի գաւառները մնալով հարկ եղած գումարը հայթայթել եւ ամուսնանալէ վերջը միասին Եւրոպա անցնիլ:

— Շատ լաւ կը խորհիք, բայց խնդրեմ որ զինքը ապահովէք, ձեր հաւանութիւնը յայտնելով, ըսի:

— Լաւ կ՚ըլլայ, ըսաւ. ինչպէս որ կամիք՝ պատրաստ եմ:

— Շնորհակալ եմ, պարզ խօսքկապ մր բաւական է, ըսի:

Վերջապէս, ինչպէս կը տեսնես, խնդիրը բոլորովին սրտիդ համաձայն վերջացուցի. վաղը գիշեր ինծի հետ պիտի գայ ձեռքդ ուզելու:

Հօրս այս ուրախառիթ լուրին վրայ հանդարտելով սկսայ երջանիկ ու խաղաղ ապագայ մը, ամուսնական կեանք մը երեւակայել...:

14 Աեպտեմբեր

Երէկ գիշեր հօրս հետ միասին եկաւ ապագայ ամուսինս Տօք. Բ...եան:

Ո՜հ, երթալով աւելի գեղեցիկ ու աւելի համակրելի կ՚երեւայ ինձ. կ՚զգամ թէ տակաւ սրտիս խորերը սուրբ եւ անկեղծ սէր մը կը ծնի:

Միասին ճաշեցինք. ճաշէն վերջը հայրս ոտքի ելաւ եւ ձեռքս անոր ձեռքին մէջ դնելով սկսաւ մեր միութիւնը օրհնել:

Այլ եւս խօսեցեալս էր, խնդրեցի որ զիս դուդէ: