Էջ:Աղջկան Մը Յիշատակարանը (Girl's memories).djvu/66

Այս էջը հաստատված է

Տուն հանդիպելով երեկոյէն Գատըգիւղ վերադարձանք։

Այս գիշեր միասին աշակերտուհիիս այցելեցինք՝ ամենէն շատ ուրախացողը ինքն եղաւ:

1 Հոկտեմբեր

Այսօր խօսեցեալս մեկնեցաւ, իր հրաժեշտի վերջին ողջոյնը եւ վերջին համբոյրը տալով:

Ա՜խ, այս բաժանումը ամբողջ արիւնս սառեցուց. գիշերն ի բուն արտասուեցի։

Առաւօտուն կանուխ զիրար ողջագուրելէ յետոյ՝ ետեւէն մինչեւ դուռը իջայ, քայլերս կը կասէին, ոտքերս իրարու կ՚անցնէին. երկար տարիներ զինքը չտեսնելս մտաբերելով կը խենթենայի...։

Ո՜հ, վերջապէս, դրան առջեւ վերջին անգամ ձեռքս սեղմելով յուզուած ձայնով ըսաւ.

— Մնա՜ս բարով, հոգիս, քաջ եղիր, ցտեսութի՜ւն:

Նոյն պահուն արտասուքներս չկրցի զսպել...:

Հօրս հետ կառք մտնելը միայն տեսայ...:

Դրան առջեւ, բակին մէջ մարեր ինկեր եմ, սպասուհիս աշխատեր է զիս ուշաբերել...:

Երբ աչքերս բացի, մահճակալիս մէջ էի:

Քնատ ըլլալուս՝ անկողինէս չելայ. բաւական քնանալէ յետոյ արթննալով սկսայ օրագրաթիւնս շարունակել...:

ԺԲ.

26 Հոկտեմբեր

Այսօր խօսեցեալիս անդրանիկ գիրը ստացայ. հոկտ. 17ին ողջամբ իր պաշտօնավայրը հասնիլը կ՚իմացնէ:

Ի՜նչ անուշ գրիչ, ի՜նչ բանաստեղծական ներշնչումներ. բոլոր սիրտը ու հոգին այդ նամակին մէջ դրած է. իր այնքան եռանդալից սիրոյն ի՜նչսլէս պատասխանելս չեմ գիտեր:

Վերջապէս սրտիս պէս պարզ գրիչ մը գործածելով