Էջ:Աղջկան Մը Յիշատակարանը (Girl's memories).djvu/72

Այս էջը հաստատված է

Թէեւ հիմա այնչափ հոգ չեմ ըներ. ամուսինս բաւական փորձառու եւ հմուտ բժիշկ մըն է. արդէն հարկ եղած դարմանները գործադրել սկսաւ. քիչ օրէն կը յուսամ օգուտը տեսնել։

20 Ապրիլ

Ամուսինս ճամբորդութեան նպաստաւոր ըլլալը յիշելով կարծիքս հարցուց։

Արդէն Պոլսոյ կեանքէն ձանձրացած եմ, հետեւաբար սրտահատորիս ըսի․

— Գաւառական կեանքը շատ կը գովէիր, բնութիւնը վայելել ուզողը թո՛ղ գաւառները պտտի կ՚ըսէիր. արդ քանի որ ճամբորդութիւն մը, օդափոխութիւն մը անհրաժեշտ է, կարելի՞ չէ որ մօտակայ քաղաքները շրջագայինք։

— Շատ լաւ կ՚ըլլայ, պատասխանեց անպատմելի ուրախութեամբ մը. արուեստիս շնորհիւ դրամ ալ կը շահիմ. միասին ձիով դաշտերը, անտառները կը պտտինք, ջրերու եզերքները կը շրջինք, գիւղագնացութիւններ կ՚ընենք. ասոնք այնպիսի հաճոյքներ են որ հոս ձեռք չի բերուիր։

— Ուրեմն, այս շաբաթ ճամբայ ելլենք, ըսի։

— Ամենայն ուրախութեամբ, պատասխանեց։

Կաշիէ փոքր պայուսակներու մէջ վիրաբուժական գործիքները եւ անհրաժեշտ ազդու դեղերը զետեղելով ըսաւ.

— Ահաւասիկ, ես պատրաստ եմ, դուն ալ քու պատրասաութիւններդ տես։

Ես ալ միեւնոյն ատեն կաշիէ երկու մեծ ճամբորդութեան յատուկ սնտուկներու մէջ դրի ճերմակեղէն, հանդերձեղէն եւ առօրեայ կեանքի վերաբերեալ անհրաժեշտ նիւթեր։

Ուրեմն ճամբորդելու համար ամէն բան պատրաստ