է. բնութիւնը իր մերկութեան մէջ վայելելու փափաքը եւ ուրախութիւնը այժմէն իսկ իմ վրաս լաւ ներգործեցին։
ԺԴ.
Այսօր Հայտար Փաշայէն երկաթուղի նստելով Իզմիթ հասանք։
Պանդոկ մը իջնելով այսօր հանգիստ ըրինք. վաղը ձիերով քաղաքին նշանաւոր եւ գեղատեսիլ վայրերը պիտի այցելենք մանկան մը պէս ուրախ եւ զուարթ եմ:
Այսօր քաղաքին շուրջը պտտեցանք եւ շրջակայ գիւղերը այցելեցինք։ Ի՜նչ ախորժելի բնական տեսարաններ եւ զմայլելի գիրքեր...։
Ձիերով մօտակայ անտառները պտոյտ մը կատարեցինք։ Հիանալի ու խորհրդաւոր պատկերներ, որոնց գգուանոյշ տպաւորութեան տակ հիւանդութիւնս գրեթէ անհետացաւ։
Սիրելի ամուսինս բաւական թուով հիւանդներու այցելութիւնը ընդունելով այսօր դուրս չկրցինք ելլել։
Այսօր մէկուն աչակոպին վրայ գործողութիւն մը կատարեց։ Ո՜հ, առաջին անգամն էր որ դանակ բռնելը կը տեսնէի, արհեստին մէջ ո՜րչափ քարսիրտ է եղեր, երբեք չէի յուսար թէ իր ազնիւ ու փափուկ սիրտը այսքան խիստ ըլլայ․․․։
Ամուսինս Իզմիթի մէջ քանի մը օր մնալով բաւական գործ տեսաւ։ Զարմանալի՜ բան. Պոլսոյ էպս