Իր նուիրական կամքը յարգելով զաւակիս անունը Պօղոս դրի. կենդանութեանը այդ փափաքը յայտնած էր, ըսելով:
— Եթէ մանչ ըլլայ՝ պապուս յիշատակին՝ անունը Պօղոս պիտի դնեմ։
Այսօր իր սնտուկը բացի, ո՜հ, իր օժիտը եւ հարսանեկան զգեստները տեսնելով դառն արտասուքներ թափեցի...:
Իր Յիշատակարանը ուղեցի կարդալ եւ իր վերջին օրերը արձանագրել. ինչպէս որ ինքը շատ կը փափաքէր:
Այսօր սկսայ զայն ամբողջացնել, ձգած թուականէն սկսեալ բաց օրերը արձանագրելով։
Ինչպէս որ իր գերեզմանը ձեռքովս կնքեցի, նոյնպէս ձեռքովս կը կնքեմ իր Յիշատակարանը։
Տէրը չկամեցաւ որ միասին երջանիկ օրեր վայելէինք։
Պատահածը ինձ համար ամենամեծ դժբախտութիւն մը, անդարմանելի կորուստ մըն է. միայն իր սիրոյն ու անմեղ հոգիին իբր յիշատակ՝ զաւակ մը թողուց. այսուհետեւ ամբողջ կեանքս անոր երջանկութեանը պիտի նուիրեմ:
Երէկ ողբացեալ ամուսինիս օրագրութիւնը գրելով զբաղեցայ, այս տխուր դէպքէն յետոյ իր գերեզմանէն բաժնուիլ չուզելով մարմարեայ գեղեցիկ շիրիմ մը կանգնել տուի:
Իր այս նուիրական յիշատակը ամէն օր արտասուքներովս պիտի թրջեմ եւ ծաղիկներով զարդարեմ. եթէ Պօղոսիկս քիչ մը մեծնայ, ձեռքէն բռնելով իր իր մօրը գերեզմանը պիտի առաջնորդեմ...: