շրջաններուն։ Շրջանի պարագան առաջին իմացողներէն եղաւ Պարոյր Սեւակ, բայց հարկ էր ճիշդ ընկալել սաղմնաւորուող խորհուրդը, իւ¬ րացնել այն ոգին, որ կը շրջէր թաղէ–թաղ, գիւղէ-գիւղ։ Ամէն տեղ էր եւ ոչ մէկ տեղ, կար ու չկար։ Հարկ էր գտնել զայն, մարմին տալ ու դնել պատուանդանի վրայ։
|
«Անլռելի Զանգակատուն»ը հանդիպման բախտաւոր կայան մըն է
վառ երեւակայութեան եւ նոր ասքի, նիւթի եւ ոճի երջանիկի ներղաշ–
նակման։
1963-ին, ժամանակին ձայնը լսելի դարձաւ բանաստեղծին 6-րդ քերթուածագիրքով, որ կոչուեցաւ «Մարդը ափի մէջ», ուր Պարոյրին խօսքը կ՛արձագանգէ մերթ արագ ու հատու, մերթ ծանծաղելով ու բեկ¬ բեկելով, յաճախ ծաղրով ու ծանակով։ Երբեմն կը դառնայ հեղեղ, ձեւի ճոխութիւն եւ իմաստի ուժգնութիւն, քիչ անդին ապաւինելու համար շընկշընկան բառերու լոկ հնչականութեան, բոժոժումին։ Ընդհանրա– պէս արցունքի խոնաւութեամբ տաքցած տաղեր, ուր երբեմն կը զգաս հեգնանքի ժպիտին ծաղիկը՝ ըստ պատկերի իւրում, իր խառնուածքին ու անձին պէս, որ եղաւ արցունքի, հոգեբաշխութեան եւ չոր տրամաբա¬ նութեան սերտ կենակցութեան բնակարան։
«Մարդը ափի մէջ»–ը դալար ու զովաշունչ անտառ մըն է, ուր ծառերը չունին նոյն վիթխարի հասակն ու խիտ սաղարթը։ Ոմանք չեն յաջողած իրենց գագաթները հասցնել որեւէ սահմանի եւ մնացած են թզուկ։ Կան նաեւ օտար տնկարաններէ եկածներ, որոնք սակայն ենթարկուած են վարպետ պարտիզպանի յարդարանքին ու խնամքին, ներդաշնակուած ընդհանուր ֆոնին՝ ըսել կուզեմ, խորապէս կը կրեն սեւակեան դրոշմ։ Կան քնարական բազմաթիւ քերթուածներ։ Առհասարակ, իմացապաշտ է Սեւակ։
Օննիկ Սարգիսեան շատ ըսելիքներ ունի, ըսած ալ է, բայց կ՛եզրա– կացնէ.
-Բայց ափսո՜ս այն բոլոր տաղարաններուն, որոնք պիտի գային,
ասկէ ետք, աւելի կատարեալ արուեստով, իմաստի առաւե՛լ խտութեւսմբ։
16