Էջ:Անլռելի Պարոյր Սեւակ, Թորոս Թորանեան.djvu/24

Այս էջը սրբագրված չէ

ձագւսնգողներէն մէկը կ ըլլայ ԱԶԴԱԿ օրաթերթը։ Արդարեւ, իր 1971 Յունիս 19-ի թիւր լոյս կընծայէ սեւ շրջանակով առաջին էջին վրայ Պարոյրին դիմանակարով։ Նոյն օրերուն ԱԶԴԱԿ-ի մէջ խմբագրական մը. «...Հայ գրականութիւնը անիծող Աստծոյն վերջին անէծքն էր այս, որ մեր բազմաչարչար սրտին կը վերանորոգէ վերջին հարիւրամեակին ապրած վէրքերու շղթան, կազմուած մեր դպրութեան թէ մէկ, թէ միւս ճիւղին վրայ՝ Դուրեանին, Մեծարենցին, Վարուժանին ու Սիամանթոյին, Ինտրային ու Զարիֆեանին առիթով, դեռ Աբովեանին առիթով, դեռ Չարենցին առիթով։ «Վերջին անիծեալը» եղաւ Պարոյր Սեւակ, միւսներուն հարազատը, տաղանդով անոնց մէկ տարբեր ճառագայթումը, որ առհասարակ նաեւ ճակատագրի ուրիշ գիծով մը կը միանայ իր մեծ նախորդներուն կենսագրական եղերական վախճանին»։ ԱԶԴԱԿ ցաւակցական հեռադիր կը յղէ Հայաստանի Կրողներու Միութեւսն։ ԲԱԴԻՆ գրական ամսագիրն ու Համազգային Մշսւկութային Միութիւնը՝ Նշան Փալանճեան ճեմարանի կողքին, իրենց ցաւակցական խօսքը կը հեռագրեն նոյն հասցէին։ ԱԶԴԱԿ օրաթերթի յաջորդական թիլերը հեղեղուած են գործերովը Սեւակի ու ւսյլյօդուածագիրներու։ 3. Դեղարղ բանաստեղծութեամբ մը հանդէս կու գայ նուիրուսւծ մեծ մտածողին։ ԱԶԴԱԿի մէջ իր մորմոքը ստորագրեց սւսմունքող Յակոբ Կիւլոյեանը, Ֆրանսայէն ժ. Միրիճեանը։ Մահարիին յօդուածը Պարոյրին մասին իր պատուոյ տեղը գրաւեց ԱԶԴԱԿ օրաթերթին մէջ։ Ան Պարոյրին «Հայաստան» բանաստեղծութեամբ հիացած էր. Իմ քաղցրանուն, Իմ բարձրանան, Իմ տառապա՜ծ, Իմ փառապանծ... ...Խօսուն վկայ կոտորածի Ու վճիտ ւսչք ցամքած լացի, Արդարութեան ահեղ ատեան, Արի պատեան, Սիրոյ մատեան - Միշտ հին ու նոր իմ Հայաստան։ Դրեց Քնար ճինպաշեանը տարօրէն յագուած ու գրեց մեծերու պէս։ Շատեր գրեցին ու պիտի շարունակեն գրել մեր մեծ կորուստին, անլսելի Պարոյր Սեւակին մասին։ Սփիւռքի մէջ մամուլ չմնաց, որ ան- 22