Սխալ առաջացավ էջը սրբագրելիս
Աստղերու Ճամբան․ Բանաստեղծություններ, Թորոս Թորանեան.djvu/12
ԳԱԼԻՔՆ ԱՅՍՕՐ ԱՊՐԻԼ Կ՚ՈՒԶԵՄ
Եւ որպէսզի մարդեր մոռնան դարբնել զէնքեր,
Մոռնան կռիւ ու պատերազմ, մոռնան աւար,
Ատելութիւնն անգամ մոռնան որպէս սեւ յուշ,
Սէրը միայն ովկէանանայ երկրի վրայ:
Ես, գրոհալ դասակարգի մէկ հետեւակ,
Աշխարհակերտ մեր բանակին զինուորը պարզ,
Այս մեծ գարուն պայքարներուն մէջ հրավառ
Զէնքը ծեոքիս արթուն մնալ կ՜ուխտեմ այսօր:
Ես, շարքային զինուորը պարզ դասակարգիս,
Հազարամեայ հեղեղներէն վերջ արիւնի,
Անհունացող միլիոններուն ձայնակցելով
Գալիքն այսօ՜ր ապրիլ կ՜ուզեմ:
9