Էջ:Արամ Մանուկյան․ Փաստաթղթերի և նյութերի ժողովածու.djvu/107

Այս էջը հաստատված է

քաղաքիս վնասուած եկեղեցիներու և դպրոցներու նուիրել շինութեան ծառեր, իսկ անդին գիւղերու այրած դպրոցներու շինութեանց մասին ոչ մէկ կարգադրութիւն եղաւ ցարդ: Չէ՞ր կարելի արդեօք մասնաւոր պայմաններով և վստահելի միջոցներով դիւրութիւն ընծայել գիւղական դպրոցներու ալ կառուցման:

Կը յուսամ, թէ պիտի կարողանանք երկրորդական հարցերով զբաղուիլը վստահել օգնականներու, իսկ Ձեր ժամանակն ու ջանքերը խնայել հիմնական կարևորութիւն ունեցող խնդիրներու կարգադրութեան համար, որոնց կարգին առաջին տեղ կը գրաւէ կրթականը:

Յարգանօք կրթական տեսուչ՝ Մ. Մինասեան

Ուսումնական ծրագրի հիմքեր

1․-Նպատակ տարրական դպրոցի

Տարրական դպրոցի նպատակը պիտի ըլլայ՝
ա.-Մանկութեան այդ հասակին ինքնաբուղխ շահագրգռութիւններէն առաջնորդուելով համակիր ու գործօն հաղորդակցութեան դնել տղան բնութեան հետ և այսպէս յառաջ բերուած գործունէութեանց միջոցաւ հաստատել անոր մէջ հնարիմացութեան, ձեռնէրէցութեան ու ձեռական աշխատութեան ունակութիւնները, ինչպէս նաև բնութեան գեղեցկութիւններն վայելելու սէր և արհեստական ճարտարութիւն ու ճաշակ:

բ. Բնութեան հետ եղած այս ներգործական յարաբերութիւններու ընթացքին, տղան զգացած պէտքերէն առաջնորդուելով՝ անձնական փորձառութեան միջոցաւ հաղորդել անոր տարրական ծանօթութիւններ բնական ուժերու, անոնց գործելակերպերու և տուած արդիւնքներու մասին:

գ. Կարողացնել տղան հասկնալու իր մայրենի լեզուով գրաւորապէս արտայայտուած խորհուրդները և բերանացի ու գրաւոր մաքուր կերպով արտայայտելու բուն իր խորհուրդներ, ինչպէ նաև մշակել անոր մէջ ընթերցանութեան ճաշակ և ունակութիւն:

դ. Տղան ընկերական բնազդներէն առաջնորդուելով՝ ստեղծել ընկերական գործունէութիւններ ու այսպէս մշակել գործակցական ոգի, ընկերական ու քաղաքացիական առաքինութիւններ, ինքնավարութեան կարողութիւն և բարեկիրթ ունակութիւններ:

ե. Հայրենագիտութեան, ազգային թէ օտար, աշխարհիկ թէ կրօնական մեծ դէմքերու ու դէպքերու պատմուածոց և գրականութեան ազդեցութեամբ տոգորել տղուն սիրտը հայրենասիրական ու բարոյական զգացումներով:

2. Դպրոցական զբաղումներ

ա. Տուն և դպրոց.- Տղան առաջին տարիներու ամենագլխաւոր զբաղումներէն՝ մէկը պիտի կազմէ տան և դպրոցի ուսումը: Անձնական փորձառութեամբ պիտի ծանօթանայ ան տան ու դպրոցի շէնքի մասերուն․ կահ կարասիներուն և զարդարանքներուն, պիտի մասնակցի դպրոցական