Էջ:Արամ Մանուկյան․ Փաստաթղթերի և նյութերի ժողովածու.djvu/108

Այս էջը հաստատված է

ու տնային ֆիզիքական աշխատութիւններուն՝ իւրաքանչիւր սեռը իր յարմարութիւններուն համեմատ: Աղջիկները իրենց ժամանակին մէկ մեծ մասը պիտի տան կար ու ձևի, ճաշասեղան պատրաստելու, կերակուր եփելու վարժութեանց, սենեակ մաքրելու և յարդարելու աշխատութեանց:

բ. Պարտէզ ու դաշտ.- Մանուկը անձնապէս ուսուցչի օժանդակութեամբ՝ պիտի ծանօթանայ պարտէզի ու դաշտի կենդանիներուն, տունկերուն և աշխատութիւններուն, դպրոցի պարտիզին մէջ մշակելով ածուներ ու բուծանելով հաւ, մեղու, շերամ, այծ, ոչխար կամ կով:

գ. Աշխատանոց.- Տարրական ամէն դպրոցի շէնք պիտի ունենայ արհեստանոց-դասարաններ, ուր օրուան կարևոր մէկ մասը տղայք պիտի զբաղուին արհեստական աշխատութիւններով, պիտի ծանօթանան գործիքներու և անոնց գործածութեանց, պիտի շինեն տնական ու դպրոցական առարկաներ ու զարդարանքներ և գիւղատնտեսական փայտեղէն պարզ գործիքներ ու կահեր: Լայն պատեհութիւն պիտի տրուի տղուն գեղագիտական դրտումներու արտայայտումներուն՝ փայտի, կաւի կամ թուղթի վրայ: Իւրաքանչիւր աշակերտի անհատական նախասիրութիւնները նկատի պիտի առնուին բոլոր այս զբաղումներու մէջ:

դ. Բաւականաչափ ժամանակ պիտի յատկացուի «մշակույթային» անուան տակ բովանդակուած գործունէութիւններու, ինչպէս երաժշտութիւն, թատերական ներկայացումներ, գծագրութիւն, գրական ու երաժշտական հանդէսներ:

ե. Ընթերցանութիւն.- պարտէզի, աշխատանոցի և պտոյտներու մէջ կատարուած այս գործունէութիւններէն բղխող շահեկանութեանց մղիչ ուժով՝ տղան պիտի առաջնորդուի օգտուել նաև ուրիշներու փորձառութիւններէն: Այսպէս կը մտնէ գիրն ու գրականութիւնը տարրական դպրոցին մէջ և ասկից կը ստանայ տղան ընթերցանութեան իր շարժառիթը: Իր դիտած երևոյթները, իր լսած պատմուածները, իր ձեռք բերած արդիւնքները կ՛արձանագրէ տղան գրով կամ պատկերով, աւանդութիւններն ու պատմուածքներ կ՛արտայայտէ, թատերական ներկայացումներով՝ իր արձանագրութեանց տետրակներ կը կազմէ տղան կազմասենեկին մէջ: Այսպէս գործաբանական յարաբերութիւններով իրարու հետ կապակցուած ամբողջութիւն մը կը կազմեն տղուն բոլոր զբաղումներ:

զ. Վարժութիւն.-Օրուան կարևոր մէկ մասը պիտի յատկացուի թուաբանութեան, ընթերցանութեան, գեղագրութեան, ֆիզիքական մարզանքի, գծագրութեան և ուսման ուրիշ ճիւղերու մեքենական այն մարզանքներուն, որոնց ունականալու համար կամ որոնց մէջ ճարտարութիւն ու ճշտութիւն ստանալու համար կը պահանջուի յարատև կրկնում: Բոլոր այս մեքենական բազմակրկնակ վարժութիւններուն շարժառիթը պէտք է բղխի տղուն արհեստական կամ մշակոյթային շահեկանութիւններէն:

է. Ազատ զբաղում․- Օրուան մէկ մասը.- յարմարագոյն է յետ միջաւուր վերջի պահը․-կը տրամադրուի աշակերտաց՝ իրենց նախասիրած զբաղումներով