Էջ:Արամ Մանուկյան․ Փաստաթղթերի և նյութերի ժողովածու.djvu/131

Այս էջը հաստատված է

կխնդրեմք, որ նկատողութեան առնելով, բարեհաճէք վաւերացունել և մեզ վերադարձունել զայն:

Դարձեալ որպէս մեր ժողովին պատկանեալ խնդիր նկատողութեան առնուելով, մօրաթօրիումի130 հարցը միաձայնութեամբ հետևեալն որոշուած է: Ներկայ յունիս ամսոյ մէջ վաճառականական ոևէ վճարում չպիտի լինի, իսկ յուլիս, օգոստոս, սեպտեմբեր երեք ամիսներու մէջ իւրաքանչիւր ամսավերջին տոկոսէն է միայն պիտի վճարուի, յետագայ ամիսներու համար օրուան պահանջին համաձայն նոր տնօրինութիւն կլինի:

Հազար ղուրուշէն պակաս եղած առնելիքներ մօրաթուրիօմի վերոյիշեալ որոշման ենթակայ չեն:

Ի մասին մօրաթօրիումի տրուած ուշ որոշումը ևս վաւերացունելն խնդրելով մնամք յարգանօք՝

Առժամեայ Դիւան ատենադպիր Ա. Լ. Երամեան
Ատենապետ՝ Համազասպ Տեր Պօղոսեան

Առևտրական սենեակի առժամեայ օրինագիծ

1. Առևտրական սենեակ կ՛բաղկանայ վեց անդամէ և մէկ նախագահէ, անդամներէն մին գանձապահի պաշտօն կկատարէ և դուրսին ամսականաւոր քարտուղար մը կ՛ունենայ:

2. Առևտրական սենեակի նպատակն է. վաճառականութեան զարգացման հոգ տանել: Առևտրական զեղծումներ արգելել ամենախիստ կերպիւ, զեղծարարներուն պատիժ յանձնարարել, պէտք եղած դատարան՝ թէ ուղղակի իրեն դրուած և թէ դատարաններու կողմէ յանձնարարուած սահմանադրական հաշիւներ քննել՝ դատեր տեսնել և որոշումներ տալ, այն որոշումներ գործադիր մարմնոյ կողմէն գործադրելի են: Կ՛վաւերացունէ իրեն ներկայացուած ամէն կարգի առևտրական մուրհակներ՝ հաշւոյ թուղթեր, տոմար՝ վկայագիր և կտակագիր, ամէն որոշում ներկայից մեծամասնութեամբ կտրուի:

3. Մէկէն տասը լիրայի թուղթիմ վաւերացումը «հինգ» ղուրուշ տուրք կուգանձէ, տասնէն՝ յիսուն լիրայի «տասը» ղուրուշ, յիսունէն վեր՝ քսան ղուրուշ, նօթարի գործողութիւն կկատարէ «տասը» ղուրուշ գանձելով առաջին օրինակին, իսկ աւելի օրինակներուն՝ «հինգ» ղուրուշ, փրօտեոթոյի թուղթերուն՝ «յիսուն» ղուրուշ և օրինակներուն՝ «տասնական» ղուրուշ: Վկայականի վաւերացման համար «յիսուն» ղուրուշ, մինչև յիսուն լիրանոց կտակին՝ «յիսուն» ղուրուշ, յիսունէն վեր եղածներուն՝ լիրային «քսան» փարայ131:

4. Ժողովս կ՛քննէ և կ՛վճռէ տոմարի եղած հաշիւները, մինչև յիսուն լիրա եղած հաշիւները - որոշումները անվերաքննելի են, իսկ վեր եղած գումարներու համար վերին ատեաններ կրնան քննութեան ենթարկել: Այս