Վսեմ նահանագպետութեան Վանայ
Տիար!
Ռուս և քիւրդ յարաբերութիւնները ինչպէս կ՛երևի տակաւին վերջնական հանգամանք չ՛ստացան, երէկ յանձնւող քիւրդերը ռուսական գումարտակի մը հետ, իրենց բնակատեղին գացած են, անցնելով Քռէլ գիւղէն, ուր Պէհրի պէկը շատ խիստ լեզու գործածած է նոյն գիւղի գիւղապետի և ժողովրդի հանդէպ: Ռուս գումարտակի հրամանատարը նոյնպէս ամենախիստ կերպով պատւիրեր է եղբայրաբար ապրելու քիւրդերու հետ, որոնք շուտով պիտի վերահաստատուին իրենց բնիկ գիւղերուն մէջ: Այս առթիւ Ձեր բանակցութիւններու եզրակացութիւնը, անշուշտ, բարի կ՛լինէք փութով տեղեկացնելու:
Յունիս 21-ին Քռէլ գիւղէն անցնող ռուս պահակախումբը, որ կերթար դէպի քիւրդերու բանակավայրը․ իր հետ կ՛վերցնէ Քռէլ գիւղ գտնւող երեք քրդուհիներ և երկու երախաներ: Սոյն պահակախումբը Պհանց գիղէն անցնելու ատեն աւարի կ՛մատնէ նոյն գիւղը հաստատուած քռէլցի Օհաննէսի տունը: Աւարուած գոյքերու ցանկը մեր արձանագրութեան տոմարին մէջ կ՛մնայ, ի հարկին պատրաստ եմ Ձեզի ղրկելու:
Յունիս 22-ին երեկոյ ժամ 8 ½ (ը.ե.) Հիւրթիկ գիւղէն վերադարձող մեր ոստիկաններէն երկուքը Խաչ գիւղին քով կպատահին զինուած անծանօթերու, հակառակ ոստիկաններու կողմէ տրւած օրինական հարցումներուն, չարագործներն կ՛պատասխանեն կրակով, ոստիկաններ կ՛պարտաւորուեն ինքնապաշտպանութեան դիմելու, մէկ քառորդ ժամ փոխանակւած հրացանաձգութիւններէ վերջ չարագործները մութէն օգտւելով, կ՛փախչին: Ոստիկաններ արձակած են 15 պէրտանկի և 5 մօդէլի փամփուշտ:
Գիղային պահակախմբերը տակաւ կ՛կազմուին անոնց...144 հաճեցէք ուղարկել:
Զինւոր-ոստիկաններուն յարմար հրազէն հայթայթել անկարելի է, քանզի եղածները արդէն նախապէս գրաւուած է նախորդ իրաւասու[թեան] կողմէ, այս մասին անմիջական կարգադրութեամբ:
Շրջանային կնիքը ցարդ չ՛ղրկուեցաւ:
Դժբախտաբար ռուսերէնի թարգմանի պէտքը այնքան պարտաւորիչ կ՛դառնայ, որ խնդրելով միայն չենք կրնար բաւականանալ:
Քիւրդերու վերադարձի և կարգ մը այլ վարչական խնդիրներու մասին անձամբ տեղեկութիւններ հաղորդելու և հրահանգներ ստանալու պէտքը անհրաժեշտ կ՛գտնեմ, այս մասին Ձեր հրամանը կ՛խնդրուի: Չմոռնամ յիշելու, որ ոստիկաններու ներկայ կազմով և թւով իսպառ անհնար է սոյն ընդարձակ սահմաններով և խիստ կնճռոտ խնդիրներով լեցուն շրջանակը ոևէ կերպով, պէտք եղածին չափով ղեկավարել:
Յարգանօք՝