3.- Մաքրութեան և լուսավառութեան տուրքը:
4.- Քաղաքի մէջ ներմուծուող զանազան իրեղէններէն և անասուններէն առնուած տուրքը (տուխալիէ) (մինչև այսօր քաղաքիս մէջ այս կէտը գործադրուած չէ):
5.-Արտօնուած տուգանքները:
6.-Կշիռի, քաշի, քօնթրաքթի, մորթուածքի անասուններու առուծախսի տուրքը։
7.- Ժողովրդին կողմէ քաղաքապետարանի վարչութեան տրուելիք նուէրներն ու նպաստները:
Պատժական բաժին
1.- Իրենց պարտականութեան մէջ թերացող գործակատարները Ա. անգամ նախագահէն կը յանդիմանուին, Բ. Վարչութեան տուած որոշումին համաձայն անոնց ամսականի 1/4 մասը կը զեղջուի Գ.-1/2, իսկ Դ. անգամին պաշտօնանկ կըլլան:
Նախագահին կողմէ անկարող համարուած գործակատարները ուղղակի անոր տուած վճռով պաշտօնանկ կը լինեն և ատոնց փոխարէն կարողներ կընտրուին:
Անկարող քարտուղարն ընտրելն ու հրաժարցնելն քաղաքապետին իրաւասութիւնը կը կազմեն: Իրենց գործերուն մէջ զեղծում գործող քարտուղարն ու գանձապահը նախագահին կողմէ պաշտօնանկ կըլլա և պէտք եղող քննութեան ենթարկուելով, փաստաթղթերով քաղաքապետարանի վարչութեան կը յանձնուի:Քննութիւններէ վերջ վարչութեան կողմանէ պէտք եղող օրինական պատիժը կը տնօրինուի։
Քաղաքապետարանի առնելիքներու գանձման մասին
Քաղաքապետարանի 5000 ղուրուշէ վեր եղող առնելիքները ըստ օրինի դատարանին դիմելով կը գանձուին, իսկ 5000 ղուրուշէ վար եղողները ուղղակի հաշտարար դատարանի միջոցով: Տուգանքներէ գոյացած առնելիքները գանձելու համար նախ քաղաքապետարանի կողմէ տեղեկագիր մը կուղարկուի պարտատէրին: Եթէ որոշուած պայմանաժամին մէջ այն իւր պարտքը չի վճարէ, նոյն ատէն վարչութեան կողմէ տեղեկագիր մը կուղարկուի նահանգապետին, ապա սոյն տեղեկագիրը ընդհ. դատախազին կը ճամբուի: Պարտատէրը բանտարկութեամբ և կամ գործադիր պաշտօնեայի միջոցաւ ոստիկանութեան յանձնուելով պարտքը կը գանձուի:
Քաղաքապետարանի ութամսեայ ելևմտից պիւտճէն պատրաստուելով ի քննութիւն պիւտճէի յանձնախումբին յանձնուած է:
Ոստիկանութեան պարտականութիւնն քաղաքապետարանի հանդէպ
l.-Նոր շէնք շինողներէն քաղաքապետարանի արտօնագիր պահանջել: