Էջ:Արամ Մանուկյան․ Փաստաթղթերի և նյութերի ժողովածու.djvu/167

Այս էջը հաստատված է

Յունիս 26 թուակիր և 1294 թուահամար պաշտօնագրով մը, պաշտօնավարութեանս օրէն սկսեալ մինչև ներկայիս տեղի ունեցած գործառնութեանս գրաւոր զեկոյցը մատուցանել յանձնարարուած էր, որ կը փութամ պատասխանել:

Հանդէպ պաշտօնատուներու: Ընդհ. քննիչի իրաւասութեան սահմանը ճշտող օսմ. օրէնսգիրքի թարգմանութիւնը, առաջին առթիւ յանձնարարուած ըլլալով, ընդ այնմ բնագրէն թարգմանելէ և կարևոր յաւելուածներ աւելացնելէ յետոյ 1915 մայիս 12 և յունիս 2 ամսաթիւ պաշտոնագրերով ներկայացուցած էի առ ի վաւերացում:

Եւ որովհետև օսմ. օրէնքներու նոյնութեամբ գործադրութիւնը առայժմ յանձնարարուած էր պաշտօնատուներուն, 21 մայիս թուակիր պաշտօնագրերով յանձնարարեցի վարչութեան բոլոր պաշտօնատուներու, որպէսզի իրենց գործառնութիւններու տեղեկագրերն ամսէ ամիս ղրկուեն մեզ, և յետ քննութեան, ամփոփ տեղեկագիրը, հանդերձ մեր դիտողութիւններով և թելադրութիւններով, նահանգապետութեանդ ուշադրութեանը պիտի ներկայացնէի, սակայն ցարդ և ոչ մէկ պաշտօնատուն պատասխանեց, և այս առթիւ՝ 22 մայիս թուականով մատուցած պաշտօնագիրն արժանի է լուրջ նկատառութեան:

Պաշտօնավարութեանս օրէն սկսեալ մինչև ներկայիս դատ[ական], տընտես[ական] և ոստիկանական գործառնութիւններու հանդէպ եղած զանազան բողոքներու առթիւ պատկանեալ պաշտօնատուներէն բացատրութիւններ ընդունելով, կարգադրուած և վերջացած են ոմանք: Սոյն ժամանակամիջոցին ընդհանրապէս տնտեսական մարմնոյ գործառնություններու երբեմն օգտակար թելադրութիւններ ընելէ զատ, օսմ. օրէնքի համաձայն անշարժ կալուածներու յատուկ և տասանորդի վերաբերյալ վարձագիր, պայմանագիր, ծանուցագիր, երաշխաւորագիր, մուրհակով և ալն խմբագրելով յանձնուած է նոյն մարմնոյ:

Նահանգապետութէնէդ 461 թուահամարաւ հաղորդուած պաշտօնագրով մը, դատական ընթացիկ գործերու շուտափոյթ լուծման համար ոստիկանութեան մէջ վարչային դատարան մը կազմուած ըլլալը ծանուցանելով, մեր կողմէ բողոքագրերը քննելէ ետք, պատկանեալ դատարանին յանձնել յանձնարարուած էր ըստ որոշման: Սոյն պաշտօնագրի համաձայն ատէն մը այդ պարտականութիւնն ալ կատարեցի ձեռնհասօրէն և գրէթէ մասամբ նոյնը կը շարունակուի այժմ դիւանին մէջ:

Պ. նահանգապետ, նշանակեալ գործառնութիւններէն աւելին և օգտակարը կարելի էր ընել, եթէ պաշտօնատուները հաճէին իրենց գործառնութեան տեղեկագրերը ղրկէին մեզ:

Ինչպէս յիշեցի, մինչև որ պաշտօնատուներն իրաւասութեան սահմանները ճշտող օրինագիծերը չներկայացուին և կամ պաշտօնիս վերաբերեալ օրինագիծը վաւերացնելէ վերջ չհաղորդուի պաշտօնատուներու, կարելի չպիտի ըլլայ մեր գործառնութիւնները փափաքելի եղանակով մը