Էջ:Արամ Մանուկյան․ Փաստաթղթերի և նյութերի ժողովածու.djvu/62

Այս էջը հաստատված է

Ինչպէս նախորդ կառավարութեան ատէն՝ նոյնպէս հայկական կառավարական կազմակերպութեան մէջ, պարտականութիւնը զգացած էի, պաշտօնատուներու գործառնութիւնը յատուկ տեղեկագրով՝ հանդերձ դիտողութիւններով, նահանգապետութեանդ հաղորդել այդու իրաւասութեամբ պարտք համարեցի 21 մայիս թուակիր գրութեամբ մը յանձնարարել պաշտօնատուներու, որ հաճեն գործառնութիւնների տեղեկագրերն ղրկել պաշտօնէութեանս։ Բացառութիւն ըլլալով՝ միմիայն պ. քաղաքապետը հաղորդուած գրութեան պաշտօնագրի մը հանգամանք ունենալը առանց ի նկատի ունենալու, որպէս թէ բոլորովին անկախ և միևնոյն ատէն անհամարատու մարմին մը իր գործառնութեանց մէջ, անպատշաճօրէն վերադարցուցած էր:

Երկրորդ անգամ 14 թուահամար պաշտօնագրի իբր պատասխան, նահանգապետութէնէդ պաշտօնէութեանս պարտականութիւնը (անշուշտ իրաւասութիւնը ըսել կուզէ) ճշտուած չըլլալը առարկելով, չէ ուզած ճանչնալ ընդ. քննիչի մը հանգամանքը, նոյն իսկ ընդ. քննիչ բառին տառական իմաստն կարենալ ըմբռնելու:

Եթէ փափաքելի է ունենալ անաչառ և միևնոյն ատէն պարտականութեան գիտակից պաշտօնէութիւն մը, որուն կասկած չունիմ երբէք, պ. քաղաքապետին ուղղեալ 5 և մակագրեալ 14 թիւ պաշտօնագրերն Ձեր բարձր նահանգապետութեան ուշադրութեանը յանձնելով՝ պարտուպատշաճ տնօրինութեանը կըսպասեմ:

Ընդ. քննիչ Կ. Այեճեանց

ՀԱԱ. ֆ. 242, ց. 1, գ. 20, թ. 4 և շրջ., բնագիր, ձեռագիր:

N56

ՀՐԱՆՏ ԳԱԼԻԿՅԱՆԻ ԴԻՄՈՒՄԸ Ա․ ՄԱՆՈՒԿՅԱՆԻՆ՝ ԸՆԴՀԱՆՈԻՐ ԴԱՏԱԽԱԶՈՒԹՅԱՆ ՊԱՇՏՈՆԻՑ ՀՐԱԺԱՐՎԵԼՈՒ ՄԱՍԻՆ

N 1032

22 մայիսի 1915թ.

Պ. նահանգապետ
Ի նկատի ունենալով, որ երեկուայ նահանգային ժողովի որոշումով ընդհանրապէս դատարանի և մասնաւորապէս ընդհ. դատախազութեան անկախութիւնը խախտուեցաւ, նաև վերջինս անկարող համարելով անկախապէս գործելու, ընդհ. քննիչը խնամակալ կարգուեցաւ՝ այդ որոշումը դեմ համարելով արժանապատուութեան՝ որով միայն պայմանաւորուած է հանրային օգտակար գործունէութիւն մը, ներկայիս ստիպուած եմ հրաժարվելու ինձի տրուած ընդհ. դատախազութեան պաշտօնէն և կը խնդրեմ անմիջապէս փոխանորդ նշանակել, որպէս զի թուղթերս ըստ օրենի իրեն փոխանցեմ:
Յարգանօք՝