հաւկիթ, թէ հաց, սուղ սուղ ծախելով, և լուացքի համար ալ, 12 կտոր լաթին 15 դահեկան կ՛առնեն:
2. Հիւանդներ և վիրաւորներ Նորաշէնու դպրոցին կետրոնականի մէջ և այլուր ըստ արժանւոյն չեն հոգացուեր, ոչ պետք եղած սնունդ և ո՛չ ալ հիւանդապահ կայ: Ճիշտ ատենն է, որ բոլորս ալ ցոյց տանք` ո՛չ միայն կրնանք համբերատարութեամբ ու զոհողութեամբ կռուել ազատութեան համար, այլ ապրել ազատ կեանք:
Արդեօք յարմար պիտի չ՛ըլլայ, որ ամբողջիս վրայ ալ տուրք դրուի ըստ կարողութեան և այդ եկամուտէն հոգացուին թէ կամաւորներ և թէ հիւանդներն ու որբեր:
Կը յուսամ, որ այս հապճեպօրէն գրուած կէտերը ներողամտօրէն նկատողութեան պիտի առնուին, եթէ արդէն առնուած չեն:
ՀԱԱ, ֆ. 242, ց. 1, գ. 14, թ. 10, բնագիր, ձեռագիր:
N59
ԿՐԹԱԿԱՆ ՏԵՍՈՒՉ Մ. ՄԻՆԱՍՅԱՆԻ ԳՐՈՒԹՅՈՒՆԸ Ա. ՄԱՆՈՒԿՅԱՆԻՆ` ԿՐԹԱԿԱՆ ԿԱՆՈՆԱԳԻՐՔ ՍՏԵՂԾԵԼՈՒ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏՈՒԹՅԱՆ ՄԱՍԻՆ
Պ. նահանգապետ
Յառաջիկայ տարեշրջանին նահանգիս դպրոցներն բանալ կարողանալու համար անհրաժեշտ է այժմէն ձեռնարկել կարգ մը անյետաձգելի կարգադրութիւններու:
Բայց, կրթական տեսչութիւնս բնականաբար չպիտի կրնար գործի ձեռնարկել, առանց ձեռք բերած ըլլալու Ձեր կամ վարչական խորհրդոյ կողմէ վաւերացուած առժամեայ կրթական կանոնագրութիւն մը:
Կրթական ժողովս պարտականութիւն կըզգայ մշակել նպատակայարմար կրթական կանոնագրութիւն մը և ուսումնական ծրագրեր ու ներկայացնել զանոնք վաւերացման համար:
Այս աշխատութեանց սկսելէ առաջ` կարևոր նկատեցինք մշակել հիմնական սկզբունքներ, որոնցմէ պիտի առաջնորդւենք մեր բոլոր գործառնութեանց մէջ:
Յարմար դատեցինք տարրական դպրոցներու վրայ կեդրոնացնել նախ մեր ամբողջ ուշադրութիւնը ու յետոյ անցնել բարձրագոյն կրթութեան վերաբերեալ հարցերու:
Ներփակ կը ներկայացնենք մեր մշակած առաջնորդող սկզբունքներու առաջին մասը, ուր ջանացած ենք ճշտել կառավարութեան ու