Էջ:Արամ Մանուկյան․ Փաստաթղթերի և նյութերի ժողովածու.djvu/65

Այս էջը հաստատված է

համայնքներու փոխադարձ յարաբերութիւնները տարրական կրթութեան գործին մէջ:

Հաճեցէք, պ. նահանգապետ, Ձեր յարմար դատած միջոցաւ ամենալուրջ նկատողութեան առնել այս գրութիւնը և իւրաքանչիւր յօդուածի մասին կրթական տեսչութեան ալ բացատրութիւնները լսելէ ու հարկ դատւած փոփոխութիւնները կատարելէ վերջ՝ վաւերացնել զայն ու վերադարձնել մեզ ի գործադրութիւն:

Յայտնի է, թէ բացարձակապես անկարելի է կրթական տեսչութեան համար իր պաշտօնին պարտականութիւններն կատարել, առանց առաջնորդուելու վարչութեանդ կողմէ վաւերացուած այսպիսի հիմնական սկզբունքներէ:

Կրթական տեսուչ՝ Մ. Մինասեան

Առաջնորդող սկզբունքներ տարրական դպրոցներ

Ա.- Կառավարութեան ու համայնքներու փոխադարձ

յարաբերութիւնները

1.- Տարրական երկսեռ կրթութիւնը պարտաւորիչ ու ձրի է: Կեդրոնի Կրթական Տեսչութեան կըվերաբերի այս սկզբունքը իրականացնելու պարտականութիւնը:

2.- Տարրական կրթութիւնը երկու սեռին համար ալ կը կը տևէ դպրոցական վեց տարի.- վեց տարեկան հասակէն մինչև 12 տարեկան:

3.- Տարրական կրթութեան ընդհանուր պիւտճէն կը գոյանայ երեք աբղիւրներէ. ա.- տեղական կրթական տուրք, բ.- համայնքներու ունեցած կրթական հասոյթներ և նուէրներ, գ.- կեդրոնի կառավարութեան նպաստ:

Հարիւր տունէ պակաս բնակիչներէ բաղկացած գիւղերու տեղական կրթական տուրքը կը կազմի իրենց դպրոցներու տարեկան պիւտճէին մէկ երրորդ մասը: Պիւտճէին մնացած երկու երրորդ մասը կը վճարուի կեդրոնի կառավարութեան կողմանէ՝ գիւղին ունեցած կրթական հասոյթներէն գոյացած գումարը զեղջուելէ վերջ: Միւս հարիւր տունէ աւելի բնակիչներէ բաղկացած գիւղերու տարեկան պիւտճէին կէսը կ՛ստացուի տեղական տուրքերէ և մնացած կէսը կեդրոնի կառավարութենէն ու կրթական հասոյթներէ:

Հինգ հարիւր տունէն վեր բնակչութիւն ունեցող քաղաքներու կրթական պիւտճէին երկու երրորդը կը գոյացուի տեղական կրթական տուրքերով և մնացած մէկ երրորդը միայն կեդրոնի կառավարութենէն՝ տեղական կրթական հասոյթները զեղջուելէ վերջ: Տեղական կրթական տուրքերու գանձումը կը վերաբերի կեդրոնի կառավարութեան, իսկ մատակարարումը՝ կրթական տեսչութեան: