Յարգելի կառավարիչ
Պատիւ ունեմ ներկայիւս իմացնելու Ձեզ, որ՝ ստորագրեալս, լինելով ամերիկեան «Սինկէր» կարի մեքենաներու ընկերութեան Վանի մասնաճիւղի պատասխանատու գործակալը սոյն ընկերութեան անունով կուգամ խնդրելու Ձեզ, որ հաճէիք պաշտօնական վաւերաթուղթով մը հաստատել, թէ անցնող 7/20 ապրիլէն մինչ 3/16 մայիսը տիրող հայ-թրքական կռիւներու ընթացքին, «Սինկէր» կարի մեքենաներու ընկերութեան Վանի վաճառատան և «Տէնիօ»-ին մէջ պատրաստ գտնուած 125-էն աւելի «Սինկէր» կարի մեքենաները իրենց թէ՛ ոտքի և թէ՛ ձեռքի ամբողջական մասերով, պարագաներով և գործիքներով, ինչպէս նաև նոյն վաճառատան կահ-կարասիները, որոնք սոյն ընկերութեան սեփականութիւններն էին, ամբողջութեամբ թալանւած ու հրդեհւած են թիւրքերա կողմէ, որպէսզի տրուելիք Ձեր այս պաշտօնական վաւերաթուղթին միջոցով կարողանամ ընկերութեան քով ապագային պատասխանատու չմնալ:
Սպասելով Ձեր շուտափույթ և որոշ կարգադրութեան, մնամ յարգանօք։
«Սինկեր» կարի մեքենաներու ընկերութեան Վանի մասնաճիւղին կողմէ՝
ՀԱԱ, ֆ. 242, ց. 1, գ. 7, թ. 6 և շրջ., բնագիր, ձեռագիր:
N 61
ԽՈՇԱՊԻ ԳԱՎԱՌԱՊԵՏ ԱՐՄԵՆԱԿ ՏԵՐ-ՊՈՂՈՍՅԱՆԻ ԿԱԶՄԱԾ ՏԵՂԵԿԱԳԻՐԸ' ԳԱՎԱՌԻ ԳՅՈՒՂԵՐԻ ՎԻՃԱԿԻ ՄԻԱՍԻՆ
.
Վսեմ նահանգապետ Վանայ
Տէ՛ր
Խօշապ գաւառի մի քանի գիւղերը այցելելու առիթը ունեցած ըլլալով, պարտք կ’համարեմ ներկայ տեղեկագիրը հաղորդել Ձեզ:
Նախ քան այցելածս գիւղերու մասին տեղեկութիւնները տալ, կարևոր կը գտնեմ ընդհ. տեղեկութիւններ մը արձանագրել և Ձեր ուշադրութիւնը հրաւիրել:
Ա. Հայ գիւղացիները տակաւ կվերահաստատուին իրենց գիւղերուն մէջ:
Բ. Բոլոր հայաբնակ և քրդաբնակ գիւղերու մէջ հրդեհում տեղի ունեցած չէ բնաւ, սակայն անխնայ կ՛քանդուին փայտերը իբրև վառելիք գործածելու համար:
Գ. ժողովուրդը ընդհանրապես տարուած աւարառութեան բնազդներէն՝ ընդ[հանուր] լքած է իւր իսկ ցանքսերը, արտերը առանց ջրելու կփճանան: Թէպէտ քրդապատկան գիւղերէն բաւական շատ հացահատիկ բերած են, այնուամենայնիւ երկանաքարերով կ՛մանրեն և կուտեն,