Էջ:Արամ Մանուկյան․ Փաստաթղթերի և նյութերի ժողովածու.djvu/80

Այս էջը հաստատված է

Արարատեան, Սեպուհ Խանճեան, Վարդան Յովակիմեան: Ժողովը պիտի շարունակուի վաղը ժամը 5-ին Տնտեսական մարմնի իրաւասութեան խնդիրը վերջացնելու համար:

Ներկայութիւն. Տիգրանեան Ս., Ջիտէչեան Գ., Թէրզիպաշեան Ա., Մինասեան Մ., Արարատեան Ս., Համբարձումեան Կ., Մէօչեան Պ., Այեճեան Կ., Համբարեան Ա., Փափազեան Դ.:

Նիստ 2-րդ. 28 մայիս 1915 թ.

Օրակարգներ.
1. Տնտեսական մարմնի իրաւասութեան ճշտումի շարունակութիւն
Որոշումներ.- Դիստողութիւններ եղան այն մասին, թէ Տնտես. մարմինս լքուած կալուածներու հասոյթները վարձու տալու գործողութեանց մէջ ընդհանրապէս աճապարանք ցոյց տուած է և երբեմն ալ չէ կրցած լրիւ յարգել պահանջուած օրինական ձևակերպութիւններ: Որոշուեցաւ քանի մը օր դադրեցնել հասոյթներու վարձակայութեան գործը, և որ այսուհետև ինք՝ Տնտ. մարմինը վաճառելի գոյքերու, ինչպէս նաև վարձու տրուելիք կալուածներու արժէքը ինքը գնահատէ և ապա վարձու հանէ կամ վաճառէ: Այս նպատակով նախ պէտք է կազմել լքուած կալուածներու ցուցակ: Քաղաքի և շրջակայքի կալուածներու ցուցակ և արժեքը կրնայ կազմել ինքը՝ Տնտ. մարմին, իսկ միւս գաւառներուն՝ պէտք է կազմել յատուկ պաշտօնեաներու ձեռամբ: Իւրաքանչիւր գաւառի համար պիտի ղրկուի մէկ-մէկ պաշտօնեայ, որ իրաւունք պիտի ունենայ նաև վաճառման իր շրջանի կալուածներու հասոյթը գաւառապետներու օժանդակութեամբ: Իսկ աճուրդի գործողութեան համար անհրաժեշտ դատուեցաւ վաճառման յայտարարութիւնը 48 ժամ փակցնել կառավարութեան պաշտօնատան դռան վրայ:

Տնտ. մարմնի կողմէ կատարուած վաճառման կամ վարձակալութեան որոշումները պէտք է ենթարկուին վարչ. մարմնի վաւերացման:

Նիստ 3-րդ. 4 յունիս 1915թ.

Բացականեր պ.պ. Տիգրանեան, Համբարձումեան, Արարատեան
Օրակարգներ.
Տնտեսական մարմնի իրաւասութեան խնդիրը, (շարունակութիւն)
Որոշումները.- Նախորդ ժողովի մէջ որոշուած էր գաւառներու լքուած կալուածներու հասոյթի վաճառումը կատարել իւրաքանչիւր գաւառի մէկ պաշտօնէյի ձեռքով, սակայն այս մասին կրկին կայացած մտքերու փոխանակութեամբ նպատակայարմար դատուեցաւ մարմիններու յանձնել գործը, իւրաքանչիւր մարմինը պիտի ունենայ 3 անդամ, որոնցմէ մէկը նախագահի հանգամանքով 60 ր. ռոճիկ ստանայ, իսկ միւսները 45-ական րուբլի, բացի այդ իւրաքանչիւրը պիտի ստանայ հասոյթի 5%: