Էջ:Արամ Մանուկյան․ Փաստաթղթերի և նյութերի ժողովածու.djvu/84

Այս էջը հաստատված է

Դուք ինձմէ լաւ ծանօթ էք նահանգիս կրթական պէտքերուն: Դպրոցական շէնքեր այրուած են, ուսումնական պիտոյքներ ու գոյքեր գրեթէ բոլորովին փճացած, պիւտճէներ բոլորովին անորոշ, ուսուցչական դասակարգ կազմալուծուած և ուրիշ պաշտօններու ու զբաղումներու հետամուտ և այլն:

Որպէսզի յառաջիկայ տարեշրջանին կարողանանք վերաբանալ այսպէս հիմնովին քայքայած դպրոցներ, անյետաձգելիօրէն իսկոյն ձեռնարկելու ենք անհրաժեշտ կարգադրութիւններու, անշուշտ ի ձեռին ունենալով վարչական ժողովոյ կողմէ վաւերացուած առժամեայ օրէնքներ՝ որոնցմէ առաջնորդուինք մեր կարգադրութիւններու մէջ:

Պ. նահանգապետ, քաջ գիտէք, թե ապրել ու զարգանալ ձգտող ժողովուրդի մը կառավարութեան ամենէն հիմնական մտահոգութեանց մէջ առաջին տեղը կը գրաւէ ապահովել նոր սերնդի դաստիարակութիւնը՝ ուսուցչական կարող կազմի մը ու մանկավարժական ողջամիտ սկզբունքներու համաձայն: Ուրեմն, թոյլ տուէք ինձ ստիպողաբար խնդրել Ձեզմէ, որ վարչական ժողովին մէջ իսկոյն կազմուի կրթական յանձնախումբ մը, որ կրթական տեսչին ներկայութեան ուսումնասիրելով ցարդ ներկայացուած ու ներկայացուելիք կրթական օրէնքներու այս նախագծերն և հարկ տեսնուած բարեփոխումներն կատարելով՝ յանձնէ վարչական ժողովին ի վաւերացում:

Խորին յարգանքներով՝

Կրթական տեսուչ՝ Մ. Մինասեան

Առաջնորդող սկզբունքներ

Ուսուցիչներու դասաւորում, աստիճանաւորում և վարձատրութիւն 1. Դասաւորում. - Չորս դասի կը բաժնուի տարրական դպրոցի ուսուցչութիւնը։

ա. Արտօնուած օգնական ուսուցիչ․- Թեկնածուն յաջող գրաւոր քննութիւն անցնելու է հետևեալ նիւթերուն մէջ. ուղղագրութիւն, գեղագրութիւն, շարադրութիւն և տարրական թուաբանութիւն, իսկ բերանացի քննութիւն՝ կրօնի, ընթերցանութեան, թուաբանութեան, աշխարհագրութեան, հայոց պատմութեան, քաղաքացիական կրթութեան, երաժշտութեան և ուսումն բնութեան մէջ: Թեկնածուն ոչ 18 տարեկանէն վար և ոչ 21 տարեկանէն վեր ըլլալու է:

Բարձրագոյն նախակրթարաններէ շրջանաւարտներ կրնան առանց քննութեան արտօնուած օգնական ուսուցչի վկայական ստանալ կրթական տեսչութենէն՝ երբ իրենց ընթացաւարտութեան և դիմումին միջև երկու տարիէ աւելի ժամանակ չէ անցած:

Արտօնուած օգնական-ուսուցչի մը միայն երկու տարի պաշտօնավարելու վկայագիր կը տրուի: